Հայաստան Հռոմ-Պարթեւական Հակամարտութեան Միջեւ
Մեծն Տիգրանի մահէն ետք քաղաքական նոր կացութիւն ստեղծուեցաւ: Հայաստան ինկաւ երկու հզօր կայսրութիւններու հակամարտութեան ոլորտին մէջ։ Ան ի վիճակի չէր այլեւս նոր երկիրներ նուաճել, այլ ստիպուած էր պայքարիլ իր անկախութիւնը պահպանելու համար: Հռոմէացիները Պոմպէոսի օրերէն արդէն ամուր կերպով հաստատուած էին Հայաստանէն արեւմուտք ինկած երկիրներուն՝ Փոքր Ասիոյ մէջ եւ Միջերկրականի արեւելեան ափերուն: Կարգը եկած էր պարթեւներուն, որոնց հետ բախումը անխուսափելի դարձած էր։ Պարթեւները, իրենց կարգին, ազատելով Մեծն Տիգրանի հզօրութեան շրջանի ճնշումէն, վերագտած էին իրենց ուժերը եւ կը ձգտէին ընդարձակել իրենց տիրապետութեան սահմանները:
Արտաւազդ Բ.ի Պայքարը Հայաստանի Անկախութեան Պահպանման Համար
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայաստան Երկու Հզօր Պետութեանց Միջեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հռոմի եւ պարթեւներուն միջեւ իբրեւ երրորդ կարեւոր պետութիւն կար Հայաստանը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կ'ուզէր իբրեւ դաշնակից կամ հպատակ՝ իր կողմը քաշել զայն: Հայաստան ունէր թէ՛ ռազմագիտական եւ թէ տնտեսական մեծ կարեւորութիւն: Հայկական բարձրաւանդակը հին աշխարհի ռազմագիտական առաջնակարգ դիրք ունեցող երկիրներէն էր։ Իր բարձրաբերձ լեռներով ու խորունկ կիրճերով ան բնական իսկական ամրոց մըն էր։ Հայաստանին տիրել կը նշանակէր իշխող դիրք ունենալ դրացի երկիրներուն վրայ։ Մեծ տէրութիւններուն համար Հայկական լեռնաշխարհը կը ներկայացնէր ապահովութեան գօտի մը իրենց կայսրութեան սահմաններուն պաշտպանութեան համար. միւս կողմէ, ան ամուր յենարան էր եւ մեկնակէտ նոր նուաճումներ կատարելու:
Տնտեսական առումով եւս Հայաստանի նշանակութիւնը մէծ էր։ Արեւելքը Արեւմուտքին հետ կապող միջազգային առեւտուրի կարեւոր ճամբաները կ'անցնէին Հայաստանէն: Ինչպէս գիտենք, դարեր առաջ պարսից Դարեհ Ա.ի բացած «արքունի պողոտան», որ Իրանի հարաւը կը միացնէր Փոքր Ասիոյ եւ միջերկրականեան երկիրներուն, աւելի քան 300 քմ. երկարութեամբ կ'անցնէր ճեղքելով Հայաստանի հարաւային նահանգները: Արարատեան դաշտէն կ'անցնէր նոյնպէս միջազգային առեւտուրի ուրիշ մեծ ճամբայ մը, որ Սեւ ծովու ափերէն կը մեկնէր դէպի Իրան եւ Միջին Ասիա:
Ռազմագիտական եւ տնտեսական կարեւոր այս դիրքը պատճառ պիտի ըլլար, որ մրցակից մեծ կայսրութիւնները ամէն ջանք թափէին տիրելու համար այս լեռնաշխարհին: Այս պայմաններուն մէջ Հայաստան պիտի ջանար չէզոքութիւն պահել հակամարտ կողմերուն միջեւ։ Սակայն այդ չէզոքութիւնը ձեռնտու չէր ո՛չ պարթեւներուն համար եւ ոչ ալ Հռոմի: Անոնք Հայաստանէն կը պահանջէին դաշնակցիլ իրենց եւ պատերազմին մասնակից դառնալ, այլապէս կը սպառնային երկիրը դարձնել իրենց կռիւներուն ասպարէզ:
Մեծն Տիգրանի յաջորդ Արտաւազդ Բ.էն (55-34) սկսեալ քանի մը դար շարունակ այս էր կացութիւնը Հայաստանին, որ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի երկու հզօր կայսրութիւններուն միջեւ սեղմուած՝ կը պայքարէր իր անկախութեան պահպանման համար:
Կրասոս Արեւելքի մէջ եւ Արտաւազդ Բ.
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 55 թուականին Մեծն Տիգրանի յաջորդեց իր որդիներէն Արտաւազդ, որ հօր ծերութեան վերջին տարիներուն կ'ենթադրուի որ գահակից էր իրեն: Ան հելլենական բարձր կրթութիւն ստացած եւ յունական մշակոյթին քաջածանօթ մարդ էր։ Յոյն յայտնի պատմիչ Պղուտարքոսի վկայութեամբ Արտաւազդ յունարէնով գրած է պատմութիւն, ճառեր եւ թատերախաղեր, որոնք մեզի չեն հասած:
Արտաւազդ Բ.ի թագաւորութեան տարիներուն քաղաքական սուր պայքար սկսաւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի երկու մեծ տէրութիւններուն միջեւ։ Հռոմ նոր թափ տուաւ իր ծաւալապաշտ քաղաքականութեան Արեւելքի մէջ, ուր իրեն դէմ գտաւ նոյնպիսի աշխարհակալական ծրագիրներ հետապնդող պարթեւական հզօրացած կայսրութիւնը:
Հռոմի իշխանութեան վերին խաւերուն մէջ տեղի ունեցած էին յատկանշական փոփոխութիւններ: Հանրապետական կարգերը սկսած էին թուլնալ եւ զօրացած էին դրամատէր հարուստ դասակարգի եւ զինուորական պետերու փառատենչ ձգտումնեը՝ իշխանութեան տիրանալու համար:
- 60 թուականին կազմուած էր արդէն այսպէս կոչուած առաջին եռապետութիւնը (triumvirat), որուն անդամները՝ Պոմպէոս, Յուլիոս Կեսար եւ Կրասոս իրենց ձեռքերուն մէջ կեդրոնացուցին պետութեան գործադիր իշխանութիւնը: Ապա, ընդարձակածաւալ կայսրութիւնը իրարու մէջ բաժնելով՝ Պոմպէոս առաւ Հռոմն եւ Եւրոպան, Յուլիոս Կեսար՝ Գաղիան, իսկ Կրասոսի բաժին ինկաւ Արեւելքը:
Կրասոս մեծահարուստ եւ ընչաքաղց վաշխառու մըն էր, որ հռչակ հանած էր ժամանակին՝ Սպարտակի գլխաւորած ստրուկներու ապստամբութիւնը դաժանօրէն ճնշելուն համար:
- 54-ի սկիզբը ան Արեւելք եկաւ Պարթեւաստանը նուաճելու մտադրութեամբ: Անոր երազն էր՝ հարստանալ Լուկուլլոսի պէս եւ փառքի տիրանալ Պոմպէոսի նման: Ուստի մէկ կողմէ պատերազմ հրահրեց պարթեւներուն դէմ՝ անոնց սահմանէն ներս հռոմէական զօրագունդեր մտցնելով, միւս կողմէ՝ զբաղեցաւ Ասորիքի եւ Պաղեստինի քաղաքներուն ու տաճարներուն կողոպուտով:
Հռոմ-պարթեւական այս պատերազմին պիտի մասնակցէր նաեւ Հայաստան: Արտաւազդ Բ., որ ժառանգած էր հօրը «արքայից արքայ» տիտղոսը, Արտաշատի դաշնագրին համաձայն կը համարուէր Հռոմի դաշնակիցն ու բարեկամը: Այդ պատճառով հայոց թագաւորը իր 6000նոց թիկնապահ հեծելագունդով եկաւ Ասորիք եւ յառաջիկայ պատերազմին համար Կրասոսին խոստացաւ, բացի իր թիկնապահ գունդէն՝ նաեւ 10 հազար հեծեալ եւ 30 հազար հետեւակ զօրք: Միաժամանակ Արտաւազդ առաջարկեց պարթեւներուն դէմ յարձակումը կատարել Հայաստանի լեռնոտ շրջաններուն վրայէն: Այդ պարագային ան պիտի ապահովէր հռոմէական բանակին պարենաւորումը: Արտաւազդ ջանաց համոզել Կրասոսը, որ Հայաստանի ճամբան աւելի ապահով է եւ երկրին լեռնային խորտուբորտ տեղերը կը կաշկանդեն շարժումները պարթեւական հեծելազօրքին, որ անոնց բանակին ամէնէն ուժեղ զօրամասն է: Այս ձեւով հայոց թագաւորը կ'ուզէր բնականաբար Հայաստանը եւս պաշտպանել պարթեւներու հաւանական ներխուժումին դէմ: Սակայն Կրասոս չուզեց հետեւիլ Արտաւազդի խորհուրդին յայտնելով, որ ինք որոշած է Միջագետքի ճամբով քալել պարթեւներուն դէմ: Այն ատեն հայոց թագաւորը վերադարձաւ իր երկիրը:
Մինչ այդ պարթեւներու Օրոդէս թագաւորը տեղեկանալով հռոմէացիներու մտադրութեան՝ իր բանակը բաժնեց երկու մասի: Հեծելազօրքը՝ Սուրէն զօրավարի հրամանատարութեամբ ղրկեց Կրասոսի դէմ, իսկ հետեւակազօրքով ինք արշաւեց Հայաստան: Այն ատեն Արտաւազդ Բ. պատուիրակներ ղրկեց Միջագետք գտնուող Կրասոսին իմացնելու համար անոր պարթեւ թագաւորին յարձակումը Հայաստանի վրայ եւ իր անկարելիութիւնը օգնական զօրք ղրկելու հռոմէացիներուն: Անգամ մը եւս ան կ'առաջարկէր, որ Կրասոս ճամբան փոխելով միանայ իրեն Հայաստանի մէջ եւ միասին յարձակին պարթեւներուն վրայ։ Այլապէս, խորհուրդ կու տար Արտաւազդ Բ., հռոմէական բանակը պէտք է բանակատեղի հաստատէ բարձրունքներու վրայ՝ խուսափելու համար թշնամի այրուձիին յարձակումներէն: Կրասոս հայ պատուիրակներուն ամբարտաւանօրէն յայտնեց, որ «ժամանակ չունի այժմ Հայաստանի համար, բայց յետոյ Արտաւազդի հաշիւը կը տեսնէ իր դաւաճանութեան համար»: Կրասոսի այս բացասական պատասխանին վրայ, Արտաւազդ Բ. որոշեց խաղաղութեան բանակցութիւններ սկսիլ պարթեւներուն հետ, որոնց զօրքերը արդէն կ'ասպատակէին Հայաստանի հարաւային շրջանները: Օրոդէս եւս, որ Հայաստան մտած էր Արտաւազդի հռոմէացիներուն հասցնելիք օգնութիւնը խափանելու նպատակով, կողմնակից էր հայերուն հետ հաշտութեան: Ուստի, Արտաշատի մէջ կնքուեցաւ հայ-պարթեւական բարեկամական դաշիննքը, որ ամրապնդուեցաւ Արտաւազդ Բ.ի քրոջ ամուսնութեամբ պարթեւներու գահաժառանգ Բակուր իշխանին հետ:
Հռոմէացիներու Պարտութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նոյն այս ժամանակ Կրասոս 42 հազարնոց բանակով մը, որուն միայն 4000ը ծանր եւ 4000ը թեթեւազէն հեծեալներ էին, անցաւ Եփրատը ու խորացաւ Միջագետքի տափաստաններուն մէջ, առանց որեւէ տեղեկութիւն ունենալու թշնամիին զինական ուժին մասին: -53 թուականի Մայիսին ան հասաւ Խառան քաղաքին շրջակայքը, ուր տեղի ունեցաւ արիւնալի ճակատամարտ մը:
Պարթեւական զօրքը, որ բաղկացած էր գլխաւորաբար զրահապատ այրուձիէն եւ ձիաւոր նետաձիգներէ, նախապէս լաթերով եւ կաշիով ծածկած էր զէնքերն ու զրահները՝ անոնց փայլքը մեղմելու եւ զինուորներուն մեծաթիւ ըլլալը ցոյց չտալու համար: Կռուի սկսելով, պարթեւները կը յարձակին նետերու անվերջանալի տարափ մը տեղացնելով հռոմէացիներուն վրայ, յետոյ կարճատեւ բախումէ մը ետք կեղծ նահանջ կը ձեւացնեն իրենց կողմը քաշելով թշնամիին հեծելազօրքը: Ապա, յանկարծակի կանգ առնելով կը շրջապատեն ու կը կոտորեն ամբողջ զօրքը ներառեալ անոնց հրամանատարը, որ Կրասոսի տղան էր։ Ասկէ ետք պարթեւական հեծելազօրքը, տէգի մը վրայ անցուցած Կրասոսի տղուն գլուխը, կ'անցնի ընդհանուր յարձակողականի հռոմէական ահաբեկուած եւ բարոյալքուած լեգէոններուն դէմ, որոնք նոյնպէս կ'ենթարկուին սոսկալի ջարդի մը: Խառանի ճակատամարտին հռոմէական բանակը ունեցաւ 20 հազար կորուստ, 10 հազար վիրաւոր եւ բազմահազար գերիներ, որոնց մէջ կը գտնուէր հռոմէացի գոռոզ զօրավարը՝ Մարկոս Կրասոս: Սուրէն զօրավար Կրասոսի գլուխը ղրկեց Օրոդէս թագաւորին, որ կը գտնուէր Արտաշատ եւ Արտաւազդ Բ.ի հետ կը տօնէին իրենց նոր բարեկամութիւնը: Պարթեւներու ձեռքը անցաւ հարուստ աւար, որուն մէջ կը գտնուէին հռոմէական արծուեկիր դրօշակները:
Խառանի ճակատամարտը պարզորոշ կերպով ցոյց տուաւ պարթեւական հեծելազօրքին մարտավարական գերակշռութիւնը հարթ ու տափարակ տարածութիւններու վրայ մղուած ճակատամարտերու ընթացքին: Անիկա նաեւ հռոմէական լեգէոններու առաջին լուրջ բախումն էր պարթեւներուն հետ, որոնց զրահապատ այրուձին պատճառած սարսափը հռոմէացի քանի մը սերունդներու յիշողութեան մէջ ուժեղ կերպով դրոշմուած մնաց:
Պարթեւները հակայարձակողականի անցնելով՝ փորձեցին առաւելագոյն չափով օգտուիլ իրենց յաղթանակէն: Հայ-պարթեւական բանակները գահաժառանգ իշխան Բակուրի հրամանատարութեամբ մտան Սուրիա: Բակուրին խորհրդատու եւ օգնական կարգուած էր Վասակ հայ իշխանը: 51-50 թուականներուն անոնք ասպատակեցին Ասորիքը, բայց Անտիոքը գրաւելու իրենց փորձերը ապարդիւն անցան: Այս կռիւներու ընթացքին Վասակ զօրավար ծանրօրէն վիրաւորուելով մեռաւ, իսկ դաշնակից զօրքերը ետ քաշուեցան Եփրատի սահմանը:
Քաղաքացիական Պատերազմ Հռոմի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կրասոսի մահէն ետք եռապետութեան միւս երկու անդամներուն միջեւ պայքարը սուր բնոյթ ստացաւ: Պոմպէոս՝ ծերակոյտին եւ հանրապետական կուսակցութեան կռթնած, կ'ուզէր առանձինն վարել կայսրութիւնը եւ Յուլիոս Կեսարը հեռու պահել Հռոմէն: Այս վերջինը, որ փայլուն յաջողութիւններ ունեցած էր Գաղիոյ նուաճման մէջ ու մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէր բանակայիններուն մօտ, անտեսելով իր դէմ դրուած արգելքը 49-ին իր զօրքերով անցաւ Իտալիա: Պոմպէոս՝ անկարող կասեցնելու անոր յառաջացումը Հռոմի վրայ, քաշուեցաւ հիւսիսային Յունաստան, ուր 48-ին տեղի ունեցաւ վճռական ճակատամարտ երկու եռապետներուն միջեւ։ Պոմպէոս պարտուեցաւ եւ փախաւ Եգիպտոս, ուր սպաննուեցաւ հազիւ Աղեքսանդրիա հասած: Յուլիոս Կեսար եւս եկաւ Աղիքսանդրիա, հալածեց հանրապետականներու կուսակիցները եւ Հռոմի հպատակեցուած այս երկրին գահին վրայ բազմեցուց Պտղոմեան վերջին թագաւորին աղջիկը՝ գեղանի Կղոպատրան, որ իր սիրուհին էր դարձած: Այստեղէն անցաւ Փոքր Ասիա, ուր Հռոմի մէջ ծագած քաղաքացիական պատերազմէն օգտուելով՝ վերադարձած էր Միհրդատ Եւպատորի տղան՝ Խրիմի թագաւոր Փառնակ: Այս վերջինը պարտութեան մատնելով Փոքր Ասիոյ հռոմէական զօրքերը, գրաւած էր Պոնտոսը, Կապադովկիան, Փոքր Հայքը եւ վերականգնած՝ իր հօր երբեմնի թագաւորութիւնը: Փառնակի այս յաջողութիւնները կրկին սարսափի մատնած էին Հռոմը, որովհետեւ իր հօր նման ան եւս անխնայօրէն կոտորել կու տար հազարաւոր հռոմէացիներ եւ կը կողոպտէր այդ երկիրներուն քաղաքներն ու տաճարները: Յուլիոս Կեսար ջախջախիչ պարտութեան մատնելով Փառնակը՝ իր յաղթանակին լուրը հռոմէացիներուն աւետեց հետեւեալ երեք բառերով. եկայ, տեսայ, յաղթեցի («veni, vidi, vici»):
Այնուհետեւ Կեսար վերադարձաւ Հռոմ ու իր վերջին ընդդիմադիրները ընկճելէ ետք սկսաւ միահեծան վարել Հռոմի գործերը: Փաստօրէն հանրապետական կարգերը վերջ գտած էին եւ Հռոմի ծերակոյտը, որ նախապէս պետութեան ղեկավար բարձրագոյն հաստատութիւնն էր, վերածուեցաւ պարզապէս Յուլիոս Կեսարին խորհրդատու մարմինի մը:
Հռոմի քաղաքացիական այս պատերազմական ընթացքին պարթեւներուն եւ Հայաստանի համակրանքը Պոմպէոսի կողմը եղած է: Թէ' մեծ Հայք եւ թէ' Փոքր Հայք Յունաստան օգնական ուժեր ղրկած են անոր, իսկ հայ-պարթեւկաան զօրքերը կրկին ասպատակած են Ասորիքը: Այդ պատճառով Յուլիոս Կեսար կը պատրաստուէր արեւելեան մեծ արշաւանքի մը, երբ 44-ին դաւադիրներու կողմէ սպաննուեցաւ ծերակոյտի ժողովասրահին մէջ եւ Հռոմ դարձեալ մխրճուեցաւ իշխանութեան համար մղուող պայքարներու մէջ:
43-ին կազմուեցաւ երկրորդ եռապետութիւնը բաղկացած Օկտաւիանոսէ, Մարկոս Անտոնիոսէ եւ Լիպիդոսէ, որոնք իրենց հակառակորդները պարտութեան մատնելէ ետք իշխանութիւնը բաժնեցին իրենց միջեւ։ Անտոնիոս ստացաւ Արեւելքը, ուր եկաւ մեծ բանակով: Կիլիկիոյ Տարսոն քաղաքին մէջ հռոմէացի եռապետին այցելութեան եկաւ Եգիպտոսի Կղէոպատրա թագուհին, որուն սիրականը դարձաւ Անտոնիոս եւ հետը մեկնեցաւ Եգիպտոս: Այս միջոցին պարթեւական բանակը, հայկական զօրքերու ընկերակցութեամբ, յարձակեցաւ եւ նուաճեց Ասորիքն ու Փիւնիկէն, ապա Պաղեստին անցնելով աւարի մատնեց Երուսաղէմն ու շրջակայքը: Հոս, յաղթական զօրքերը գերեվարեցին մեծ թիւով հրեաներ, որոնց մէկ մասը տարուեցաւ Հայաստան, ուր անոնք բնակութիւն հաստատեցին երկրի տարբեր քաղաքներուն մէջ:
Այսուհանդերձ, Անտոնիոսի տեղակալները օգնական նոր ուժեր ստանալով յաջողեցան պարտութեան մատնել պարթեւները եւ վերագրաւել իրենց կորսնցուցած երկիրները: Այս կռիւներուն ընթացքին սպաննուեցաւ պարթեւներու գահաժառանք իշխանը՝ Բակուր:
Ասորիքի վերագրաւումէն ետք Անտոնիոս մեծ պատրաստութիւններ տեսաւ պարթեւներուն դէմ քալելու համար: Եւ քանի որ այս արշաւանքը պիտի կատարուէր Հայաստանի վրայով, իր ուղարկած դեսպանին միջոցով ան Արտաւազդին պարտադրեց մասնակցիլ պատերազմին:
Անտոնիոսի Արշաւանքը Պարթեւներու Դէմ եւ Հայաստան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]36-ին հռոմէական 100 հազարնոց բանակը մտաւ Հայաստան, ուր անոր միացաւ հայոց թագաւորը միայն 6000 հեծեալ եւ 7000 հետեւակ զօրքերով: Կարնոյ գաւառէն ճամբայ ելած այս հսկայ բանակը կ'ուղղուէր դէպի հարաւ՝ նպատակ ունենալով նախ նուաճել պարթեւներուն դաշնակից Ատրպատականի թագաւորութիւնը: Տեսնելով որ բանակին ընկերացող պաշարողական մեքենաները կը դանդաղեցնեն անոր ընթացքը, Անտոնիոս երկու լեգէոններու վստահելով այդ գործիքներուն փոխադրութիւնը՝ որոշեց սրընթաց շարժիլ դէպի Ատրպատական ու նախքան աշուն գրաւել անոր Փրասպա մայրաքաղաքը: Այս վերջինը, սակայն, ուժեղ դիմադրութիւն ցոյց տուաւ: Շուտով մարերուն օգնութեան հասաւ պարթեւական բանակ Հրահատ Դ.ի գլխաւորութեամբ: Պարթեւական զօրքերուն մէկ մասը անցաւ հիւսիս, յարձակեցաւ հռոմէական երկու լեգէոններուն վրայ եւ հրկիզելով ոչնչացուց պաշարողական մեքենաները: Արտաւազդ Բ., որ ակամայ մասնակից էր այս պատերազմին, տեսնելով որ հռոմէական այս արշաւանքը եւս ձախողութեամբ պիտի վերջանար, իր փոքրաթիւ զօրքերով վերադարձաւ Հայաստան, որպէսզի աւելի չմխրճուէր կռիւներուն մէջ եւ իր երկիրը հեռու պահէր աւերումէ:
Ատրպատականի մայրաքաղաքին մօտ պարթեւական զօրքերու երեւումը նոր թափ տուաւ պատերազմական գործողութիւններուն: Մղուեցան բազմաթիւ ճակատամարտեր, որոնց ընթացքին հռոմէացիները հսկայական վնասներ կրեցին: Պարենաւորումի դժուարութիւնները, վրայ հասնող ցուրտը եւ հռոմէական բանակին ծանր կորուստները պատճառ եղան ի վերջոյ, որ Անտոնիոս նահանջի դիմէ:
Նահանջի ժամանակ եւս պարթեւները հանգիստ չտուին հռոմէական պարտուած զօրքերուն: Անոնք կրնկակոխ կը հետեւէին եւ ամէն յարմար առիթով կը յարձակէին Անտոնիոսի բարոյալքուած ուժերուն վրայ։ Հռոմէացիներու ճաշակած դառնութիւնները վերջ գտան, երբ անոնք Արաքս գետը անցնելով ոտք դրին Հայաստանի հողին վրայ։ Հայոց թագաւորը դիմաւորեց Անտոնիոսը եւ հռոմէական զօրքերուն տրամադրեց անհրաժեշտ սննդամթերքը: Հռոմէացի զօրավարը, առանց անդրադառնալու Արտաւազդ Բ.ի վարմունքին, բարեկամութիւն ցոյց տուաւ անոր մինչեւ որ իր զօրքերը ապահով դուրս հանեց Հայաստանէն:
Հայաստանէն հեռանալէ ետք Անտոնիոս իր ձախողութիւնը արդարացնելու համար քաւութեան նոխազ դարձուց հայոց թագաւորը, որ պատերազմէն քաշուելով իբր թէ դաւաճանած էր եւ պատճառ եղած իր պարտութեան: Հռոմէացի այս եռապետը, ինչպէս իր նախորդը՝ Կրասոս, իրաւունք չէր տար Հռոմի դաշնակից ու բարեկամ համարուած թագաւորին հոգալու իր երկրի ապահովութեան մասին: Ան պէտք է ստրկօրէն ծառայէր հռոմի ծրագիրներուն՝ ի հարկին զոհելով սեփական հայրենիքին շահերը: Մինչդեռ երկու պարագաներուն ալ Արտաւազդ Բ. շարժած էր ամէնէն առաջ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի շահերէն թելադրուած:
Արտաւազդ Բ.ի Գերեվարութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուստի, Կղէոմատրայի, իր բարեկամներուն եւ մանաւանդ Հռոմի աչքին ինքզինք արդարացնելու եւ հեղինակութիւնը փրկելու համար Անտոնիոս փորձեց ամէն գնով ձեռք անցնել Արտաւազդը: Նախ իր մօտ հրաւիրեց զայն՝ պարթեւներուն դէմ ձեռնարկելիք նոր արշաւանքին մասին խորհրդակցելու: Արտաւազդ Բ. զգալով, որ ծուղակ է՝ չգնաց: Ապա, ան հայոց արքունիք խնամախօս ղրկեց՝ Արտաւազդի քրոջ ձեռքը խնդրելու Կղէոպատրայէն ունեցած իր տղուն համար, որ հազիւ վեց տարու էր։ Այս փորձն ալ ձախողելէ ետք, Անտոնիոս 34-ին բանակով յանկարծակի մտաւ Հայաստան, յառաջացաւ մինչեւ Արտաշատ ու կրկին Արտաւազդը իր մօտ հրաւիրեց: Հայոց թագաւորը, որ անակնկալի եկած էր ու պատրաստ չէր պատերազմի, իր երկիրը փրկելու համար բանակցելու գնաց Անտոնիոսի մօտ: Հռոմէացին նենգօրէն ձերբակալեց զայն: Ձերբակալուեցան նոյնպէս թագուհին եւ արքայազուն երկու իշխանները՝ Տիգրան եւ Արտաւազդ: Միայն գահաժառանգ իշխանը Արտաշէս յաջողեցաւ խոյս տալ եւ ազատիլ հայոց թագաւորական ընտանիքին դէմ լարուած այս թակարդէն:
Անտոնիոս ասկէ ետք Արտաւազդը հետը առած շրջագայեցաւ քաղաքէ քաղաք ու ամրոցէ ամրոց փրկագին գանձերու պատրուակով: Հայոց մեծամեծները այս անգամ խաղի չեկան ու ամուր փակեցին իրենց դուռները հռոմէացի նենգամիտ յափշտակիչին առջեւ: Աւելի'ն. անոնք համախմբուեցան արքայազն Արտաշէսի շուրջ եւ զայն հրջակեցին Հայաստանի թագաւոր: Փորձ մը եղաւ նոյնիսկ հռոմէացիներուն դէմ ճակատ յարդարելու, բայց ուժերու անբաւարարութեան պատճառով ըմբոստները պարտուեցան եւ Արտաշէս Բ. փախստական ապաստանեցաւ պարթեւներու թագաւորին մօտ:
Անտոնիոս անխնայ կողոպտեց երկիրը եւ Հայաստանէն հեռացաւ հետը տանելով հայոց թագաւորն ու թագուհին իրենց զաւակներով, ինչպէս նաեւ հսկայական աւար, որուն մաս կը կազմէին Եկեղեաց գաւառի Երիզա աւանին մեհեանին հարստութիւնները՝ Անահիտ աստուածուհիին ոսկեձոյլ արձանով: Ան Հայաստանը յայտարարած էր նուաճուած, անոր թագաւոր հռչակած էր իր վեցամեայ տղան՝ Աղեքսանդրը եւ երկրին մէջ ձգած էր հռոմէական գրաւող բանակ:
Ահա այսպիսի նենգ ու խաբեբայ միջոցներով է, որ հռոմէացի եռապետը կը ջանար ծածկել պարթեւներէն կրած պարտութիւնը: Աղեքսանդրիոյ մէջ, ուր վերադարձած էր ան իր արքայական գերիներով, Հռոմի օրինակով Անտոնիոս կազմակերպեց յաղթանակի շքերթ, որուն ընթացքին իր կողոպտած հարստութիւններուն եւ գերիներուն հետ ժողովուրդին պիտի ցուցադրէր Հայաստանի արքայից արքան իր ընտանիքի անդամներուն հետ: Արծաթապատ բեմին կեդրոնը ոսկեզօծ գահի վրայ բազմած էր Կղէոպատրա թագուհին, որուն ի պատիւ սարքուած էր այս հանդէսը: Բանտէն հանուած էր Արտաւազդ եւ իր արծաթեայ շղթաները փոխարինուած էին ոսկեայ շղթաներով: Ան կը քալէր շքերթին առջեւէն, թագուհիին եւ իր զաւակներուն հետ: Խոստացուած էր, որ եթէ խնդրանքի եւ մեծարանքի խօսքերով դիմեն Կղէոպատրային, ազատութիւն պիտի տրուի իրենց: Սակայն Արտաւազդ եւ իր ընտանիքը բեմին առջեւէն անցան թագաւորավայել հպարտութեամբ, առանց աղերսանքի խօսք արտասանելու եւ ոչ ալ գլուխ խոնարհեցնելու: Ինչ խօսք, որ ասիկա բազմահազար հանդիսատեսներուն վրայ ուժեղ տպաւորութիւն թողուց եւ, ինչպէս յոյն պատմիչը՝ Դիոն Կասիոս կը գրէ, «անոնք վեհամիտ անձերու համբաւ ստացան, բայց եւ նոյն այդ պատճառով անգութ վերաբերմունքի արժանացան»:
Այս դէպքերէն ետք Հռոմի եռապետներէն Օկտաւիանոսի եւ Անտոնիոսի յարաբերութիւնները հետզհետէ թշնամական դարձան: Անտոնիոս երկար ատենէ ի վեր կը գործէր ինքնագլուխ: Կղէոպատրայով տարուած՝ ան իր կապերը խզած էր Հռոմի հետ եւ Եգիպտոսն ու Աղեքսանդրիան դարձուցած կեդրոն իր հիմնելիք սեփական պետութեան: Արձակած էր նոյնպէս իր ամուսնացած Կղէոպատրայի հետ: Բախումը երկու անհաշտ եռապետներուն միջեւ այլեւս անխուսափելի էր։ 31-ին տեղի ունեցաւ նաւամարտ Յունաստանի Ակտիում քաղաքին մօտ: Օկտաւիանոս ջախջախիչ յաղթանակ տարաւ: Կղէոպատրա կռուի տաք միջոցին քաշուած էր եգիպտական նաւատորմով, իսկ Անտոնիոս հետեւեցաւ անոր Աղեքսանդրիա, ուր անձնասպան եղաւ։ Կղէոպատրա եւս, Օկտաւիանոսը հրապուրելու զուր փորձէ մը ետք, դիմեց նոյն միջոցին: Բայց ճակատագրական այդ քայլը առնելէ առաջ ան չմոռցաւ Արտաւազդը, զոր սպաննել տուաւ բանտին մէջ:
Անտոնիոսի եւ Կղէոպատրայի որդին՝ Հայաստանի թագաւոր նշանակուած մանկահասակ Աղեքսանդր Հայաստանը չտեսաւ: Արտաւազդ Բ.ի զաւակներուն հետ ան եւս տարուեցաւ Հռոմ՝ Օկտաւիանոսի յաղթահանդէսի ցուցադրուելու համար:
Այսպէս, եղերական վախճան մը կ'ունենար հայոց Արտաւազդ Բ. թագաւորը, որ Հայաստանի անկախութեան պահպանման համար ստիպուած էր տարուբերիլ Հռոմի եւ պարթեւներու ծաւալապաշտական քաղաքականութեան միջեւ։ Հակառակ իր բոլոր ջանքերուն, ան չյաջողեցաւ Հայաստանը հեռու պահել հակամարտ երկու տէրութիւններուն մրցակցութենէն: Այսուհանդերձ, ազատութեան գաղափարը եւ անկախութեան ձգտումը ժողովուրդին հոգիին մէջ վար պահող հայ մեծ թագաւորներէն է ան, որ գերութեան մէջ իսկ եւ իր կեանքին գնով ոգեկան արիութիւնը ունեցաւ բարձր պահելու իր երկրին եւ ժողովուրդին արժանապատուութիւնը:
Արտաշիսեան Հարստութեան Անկումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արտաշէս Բ.
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հռոմի երկու եռապետներուն միջեւ բորբոքած պատերազմի ընթացքին, Արտաւազդ Բ.ի անդրանիկ որդին՝ Արտաշէս Բ. (30-20) պարթեւական օգնական զօրքերով եկաւ Հայաստան: Ան պարտութեան մատնեց նախ մարերը եւ գերի բռնեց անոնց թագաւորը, որ ներխուժած էր Հայաստան: Ապա ջախջախեց Հայաստանի մէջ մնացած հռոմէական զօրքերը եւ հաստատուեցաւ Հայաստանի գահին վրայ։ Անտոնիոսի նենգ վարմունքը եւ Արտաւազդ թագաւորին սպաննութիւնը հակա-հռոմէական ատելութիւնը սաստկացուցած էին: Հօր վրէժը լուծելու համար հայոց թագաւորը հրամայեց բնաջինջ ընել Հայաստանի մէջ գտնուող հռոմէացիները:
Հայաստան ազատագրուած էր եւ վերագտած իր անկախութիւնը: Արտաշէս Բ.ի գերիշխանութեան տակ ինկած էր նաեւ Ատրպատական: Ան դեռ ընդարձակ ու զօրաւոր պետութիւն էր եւ Արտաշէս Բ. իր կտրած դրամին վրայ ինքզինք կը կոչէ «մեծ թագաւոր»:
Հայոց թագաւորը փորձեց իր յարաբերութիւնները բարելաւել Հռոմի հետ եւ պատուիրակներ ղրկելով Օկտաւիանոսին՝ խնդրեց, որ Հայաստան ուղարկէ իր գերեվարուած եղբայրները: Օկտաւիանոս մերժեց՝ հռոմէացիներուն կոտորածը պատճառաբանելով: Հռոմի նոր տիրակալը այլ միջոցներով կ'ուզէր վերջ տալ Հայաստանի անկախութեան եւ ընկճել հայերու ըմբոստ ոգին, որ կը պոռթկար ամէն անգամ, երբ Կրասոսի եւ Անտոնիոսի օրինակով, Հռոմ դաւադրաբար կամ բիրտ միջոցներով կը փորձէր տիրել անոր: Հռոմէացի ժամանակակից բանաստեղծ Վիրգիլիոս «Ենէական»ի մէջ օտարի լուծին չենթարկուող Հայաստանին ակնարկելով պատկերաւոր ձեւով կ'ըսէ՝ «կամուրջներ չհանդուրժող Արաքս»ը:
Անտոնիոսին յաղթելէ ետք Օկտաւիանոս դարձած էր Հռոմի տէրն ու տիրականը՝ իր ձեռքերուն մէջ առնելով բանակն ու կառավարութեան ղեկը: -27-ին ծերակոյտը անոր շնորհեց Օգոստոս (սրբազան) տիտղոսը, որ այնուհետեւ դարձաւ իր անունը: Այս թուականէն սկսեալ վերջ կը գտնէին հանրապետական կարգերը, եւ Օգոստոսի միանձեայ իշխանութեամբ կը սկսէր կայսրութեան շրջանը Հռոմի համար:
Արեւելքի նուաճումին համար Օգոստոս մշակեց նոր ծրագիր: Պարթեւները եւ հայերը Հռոմին ենթարկելու համար, բացի զէնքի ուժէն, ան պիտի օգտագործէր նաեւ այլ միջոցներ: Անոնցմէ առաջինը՝ ձեռքի տակ ունենալ էր այդ երկիրներու արքայական ընտանիքին պատկանող անձեր, որոնք հռոմէական դաստիարակութիւն ստացած ըլլալով պիտի պարտադրուէին իրենց ժողովուրդներուն: Այս ձեւով օրինականութիւնը յարգուած կ'ըլլար եւ դրածոյ այդ թագաւորները հլու կամակատարները կը դառնային Հռոմի իրենց տէրերուն ձեռքը: Արեւելքի իրեն հպատակ երկիրներուն մէջ Հռոմ հինէն կը կիրարկէր արդէն այս քաղաքականութիւնը: Օգոստոս փորձեց զայն տարածել Հայաստանի եւ Պարթեւաստանի վրայ։ Այս նպատակին համար ան Հռոմի մէջ պատրաստ ունէր Արտաւազդ Բ.ի Տիգրան եւ Արտաւազդ որդիները: Շուտով նման թեկնածուներ ան ձեռք պիտի անցընէր նաեւ պարթեւներու գահին համար:
Իբրեւ երկրորդ միջոց հռոմէական թափանցումի, Օգոստոս՝ գործակալներու, դրամական կաշառքի եւ քարոզչութեան ճամբով աշխատեցաւ պառակտել հայ աւագանիին ներկայացուցիչները: Այսպէս, երկրին մէջ ստեղծուեցաւ հռոմէասէրներու խմբաւորում մը, զոր կը գլխաւորէին կարգ մը հայ մեծամեծներ եւ որոնք պատրաստ էին աջակցելու Հռոմի առաջադրած թեկնածուն գահ բարձրանալու համար: Հռոմէացիներուն տրամադրած լայն միջոցներով գործող այս խմբակցութեան հակադրուեցաւ պարթեւասէրներու հոսանքը: Այս ձեւով հայ աւագանին բաժնուեցաւ քաղաքական երկու հակադիր կողմերու: Հայոց թագաւորը եւ հայ իշխաններու մեծամասնութիւնը հակած էին աւելի պարթեւներու կողմը, որոնցմէ Հայաստանի անկախութեան դէմ վտանգ չէր սպառնար: Բացի ատկէ, դարաւոր դրացնութեամբ, ինչպէս նաեւ բարքերու, նիստ ու կացի, կրօնքի, քաղաքական ու զինուորական կազմակերպութեան նմանութեամբ՝ հայերը շատ մօտ էին պարթեւներուն:
Հռոմ-պարթեւական մրցակցութեան այս ոլորտին մէջ, Արտաշէս Բ. յաջողեցաւ իր գահակալութեան տասը տարիներուն պահպանել երկրին անկախութիւնը եւ զայն կառավարել խաղաղութեամբ: Կացութիւնը փոխուեցաւ, սակայն, 20 թուականին, երբ Օգոստոս կայսր Արեւելք եկաւ մեծ բանակով: Նախ պատերազմի սպառնալիքով պարտադրեց, որ պարթեւները վերադարձնեն 24 տարի առաջ Կրասոսի պարտութեան ժամանակ հռոմէացիներէն գրաւուած դրօշակներն ու գերիները: Ապա, իբր թէ ընդառաջելով հայ մեծամեծներու պահանջին, իր որդեգիր Տիբերիոսը զօրքով ճամբայ հանեց դէպի Հայաստան՝ Արտաշէս Բ.ը գահընկէց ընելու եւ տեղը բազմեցներու անոր կրտսեր եղբայրը՝ Տիգրան, որ 11 տարիէ ի վեր պատանդ կը պահուէր Հռոմի մէջ։ Բայց հռոմէական բանակը Հայաստան չհասած՝ Արտաշատի մէջ հռոմէասէր կուսակցութեան կողմէ դաւադրութեամբ սպաննուեցաւ Արտաշէս Բ.: Տիբերիոս առանց դժուարութեան մուտք գործեց հայոց մայրաքաղաքը եւ հանդիսաւոր կերպով թագադրեց Տիգրան Գ.ը:
Արտաշիսեան վերջին թագաւորներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արտաշէս Բ.ի մահէն ետք Հայաստանի քաղաքական կացութիւնը չափազանց անկայուն դարձաւ եւ թագաւորական տոհմին սպառումով վերջ գտաւ Արտաշիսեան հարստութիւնը:
Արտաշէս Բ.ի սպաննութիւնը եւ Տիգրան Գ.ի (20-8) գահակալութիւնը մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորուեցաւ Հռոմի մէջ։ Օգոստոս առանց պատերազմի յաջողած էր Հռոմի գերիշխանութեան տակ առնել Հայաստանի նման մեծ երկրի մը թագաւորութիւնը: Ատրպատականը եւս անջատելով Հայաստանէն՝ կայսրը վերականգնած էր մարական թագաւորութիւնը, որուն գահը յանձնած էր նոյնպէս հռոմէական դաստիարակութիւն ստացած Արիոբարզան թագաւորին: Մեծ յաղթանակ համարելով այս բոլորը՝ Հռոմի մէջ հատած էին յատուկ դրամներ «Հայաստանի նուաճուած» եւ «Հայաստան վերանուաճուած» գրութիւններով:
Տիգրան Գ.ի եւ իր գործերուն մասին մասնաւոր տեղեկութիւն հասած չէ: Իրեն յաջորդեց որդին Տիգրան Դ.՝ իր քրոջ՝ Էրատոյի հետ: Այս յաջորդութիւնը տեղի ունեցած է առանց Հռոմի հաւանութիւնը առնելու եւ իր դրամներուն վրայ Տիգրան Դ. ինքզինք կը կոչէ «արքայից արքայ» ի նշան Հայաստանի անկախութեան: Արդարեւ ան Հռոմէն անկախ քաղաքականութիւն կը վարէր եւ իր կապերը սերտացուցած էր պարթեւներուն հետ: Օգոստոս չհանդուրժեց այս փոփոխութիւնը. զօրք ուղարկեց Հայաստան եւ Տիգրան Դ.ն ու Էրատոն հեռացնելով՝ գահը յանձնեց Արտաշէս Բ.ի միւս եղբօր՝ Արտաւազդին (5-2), որ 25 տարիէ ի վեր պատանդ կը մնար Հռոմ: Արտաւազդ Գ.ի իշխանութիւնը եւս երկար չտեւեց: Հայերը դարձեալ ապստամբեցան եւ երկրէն վտարելով Արտաւազդ Գ.ն եւ զայն պաշտպանող հռոմէական զօրքերը՝ երկրորդ անգամ գահ բարձրացուցին Տիգրան Դ.ն ու Էրատոն: Սակայն քանի մը տարի ետք, հիւսիսէն ներխուժած լեռնականներուն դէմ պատերազմի մը ընթացքին Տիգրան Դ. կը սպաննուի: Ասոր վրայ Էրատօ թագուհին կը հրաժարի գահէն:
Այսպէս, Քրիստոսի 1 թուականին վերջ կը գտնէ Արտաշիսեան հարստութիւնը, որ տեւեց շուրջ 200 տարի եւ Հայաստանին տուաւ Արտաշէս Ա.ի, Մեծն Տիգրանի եւ Արտաւազդ Բ.ի նման լուսամիտ եւ մեծ գահակալներ: Այս հարստութեան օրով Հայաստան մեծապէս ընդարձակուելով ու հզօրանալով՝ մուտք գործեց միջազգային քաղաքական բեմէն ներս: Ստեղծուեցաւ շէն ու բարգաւաճ Հայաստան, ուր բարձր զարգացման հասան հայկական քաղաքակրթութիւնն ու մշակոյթը, հայոց լեզուն եւ ազգային գիտակցութիւնը:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայոց Պատմութիւն, Երուանդ Փամպուքեան (Վլադիմիր Բարխուդարեան), Է. Կարգերու, Պէյրութ, 1998