Խաչակիրներու Բ․ Արշաւանք

Խաչակիրներու Բ․ Արշաւանք
Խաչակիրներու Բ. արշաւանք
Մերձաւոր Արեւելքի՝ ձեռքով գծուած քարտէս: Վերը Բիւզանդական Կայսրութիւնն է, որ շրջապատուած է սելճուք-թուրքերով արեւմուտքէն եւ հարաւէն: Այս երկու երկիրներու վարը Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութիւնն է՝ արեւմուտքը եւ Եդեսիոյ կոմսութիւնը արեւելքէն: Քարտէսին վարը Ֆաթիմեան Խալիֆայութիւնն է:
'
Թուական 1147-1149
Վայր Փիրենէեան Թերակղզի, Մերձաւոր Արեւելք (Անատոլիա, Լեւանտ, Պաղեստին), Եգիպտոս
Արդիւնք իսլամներու յաղթանակ
  • Խաչակիրներու յաղթանակ
    Փիրենէեան թերակղզիին մէջ
    եւ Մերձպալթիքայի մէջ
  • Եդեսիոյ վերականգման անյաջողութիւն
  • Խաղաղութեան պայմանագիր
    Բիւզանդական կայսրութեան
    եւ Սելճուք թուրքերու միջեւ
  • Եգիպտոսի Խաչակիրներու արշաւանքի սկիզբ
Հակառակորդներ
Հրամանատարներ
* Երուսաղէմի
թագաւորութիւն

* Իկոնիոյ Սուլթանութիւն

Արեւմտեան ռազմաճակատ


Վենդեր

Խաչակիրներու Բ. Արշաւանք, ռազմական հակամարտութիւն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Խաչակիրներու պետութիւններու եւ Զանգիներու ամիրայութեան միջեւ՝ 1147-1149-ին։ Պատերազմի կոչով հանդէս եկած էր Հռոմի Եւգինէոս Գ. (1145-1153) պապը։ Արշաւանքին նպատակն էր իսլամներէն ետք գրաւել Եդեսիան ու վերականգնել տեղի Խաչակիրներու կոմսութիւնը:

Խաչակիրներու զօրքերը ղեկավարած են Պալդուին Գ. (Երուսաղէմ), Լուի Է. (Ֆրանսա), Ալֆոնսo Է. (Քասթիլիա), Քոնրատ Գ. (Գերմանիա), Ստեֆան (Անգլիա) արքաները եւ իրենց հպատակ ազնուականները։ 1148-ին արշաւանքին կը միանան դանիական, ֆլանտրիական, իտալական, չեխական ու լեհական ջոկատները։

Անցնելով Բիւզանդիոնի տարածքով դէպի Փոքր Ասիա` ֆրանսական ու գերմանական բանակները պարտութիւն կը կրեն սելճուքներէն: Արեւմտեան քրիստոնէական հիմնական աղբիւրի մը համաձայն ` Օտօ Տեյլացիի եւ Սիրիակ Քրիստիանսի առջեւ Բիւզանդիոնի կայսր Մանուէլ Ա. Քոմնենոս գաղտնի խոչընդոտներ կը ստեղծէր խաչակիրներու յառաջխաղացքը կանխարգիլելու համար, յատկապէս Անատոլի մէջ եւ սելճուքներուն հրամայած էր գրոհել անոնց վրայ։ Լուիի եւ Քոնրատի մնացած բանակները Երուսաղէմ կը մեկնին եւ կը նախապատրաստուին 1148-ին չկազմակերպուած գրոհին, որ տեղի պիտի ունենար Դամասկոսի վրայ։ 13.000-նոց միացեալ Խաչակիրներու բանակը, որ պէտք էր Անգլիայէն նաւերով ուղեւորուէր Սրբազան երկիր, կանգ կ'առնէ Լիզպոնը գրաւելու եւ իսլամները վտարելու համար։

Խաչակիրներու երկրորդ արշաւանքը չի կրնար իրականացնել եւրոպացի միապետներու նպատակը՝ ազատագրել Եդեսիան անհաւատներու ձեռքէն։ Խաչակիր ասպետներն ու միապետերը այդ մէկուն իբրեւ պատասխան Երուսաղէմի թագաւորին զօրքերուն կը միանան՝ Դամասկոսի անյաջող գրոհին ատեն։

Եդեսիոյ անկում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խաչակիրներու Ա. արշաւանքէն եւ փոքր Խաչակիրներու արշաւանքէն ետք արեւելքի մէջ երեք Խաչակիրներու պետութիւններ կը հիմնեն` Երուսաղէմի թագաւորութիւնը, Անտիոքի դքսութիւնը եւ Եդեսիոյ կոմսութիւնը: Չորրորդը` Թրիփոլիի կոմսութիւնը կը հիմնադրուի 1109-ին։ Եդեսիա հիւսիսի մէջ կը գտնուէր եւ ամենաթոյլն էր ու ամենաքիչ բնակեցուածը եւ յաճախակի յարձակումներու թիրախ կը դառնար իսլամական ժողովուրդներուն կողմէն, որոնցմէ էին Արտուքիները, Դանեշմանդները եւ Սելճուքները[1]: Կոմս Պալդուին Բ.(Երուսաղէմի արքան) եւ ապագայ կոմս Ժոսլէն Ա. (Եդեսիոյ կոմս) գերի կ'իյնան Հառանի ճակատամարտէն ետք՝ 1104-ին։ Պալդուին եւ Ժոսլէն երկրորդ անգամ գերի կ'իյնան 1122–ին, եւ Եդեսիան չի վերականգնիր: 1125–ի Ազազի ճակատամարտէն ետք, Ժոսլէն կը սպաննուի պատերազմի դաշտին վրայ 1131-ին։ Զինք փոխարինող Ժոսլէն Բ. (Եդեսիոյ կոմս) դաշինք մը կը կնքէ Բիւզանդական կայսրութեան հետ, սակայն 1143-ին Բիւզանդիոնի կայսր Յովհաննէս Բ. Կոմնէնոս եւ Երուսաղէմի թագաւոր Ֆուլկ (Երուսաղէմի արքայ) կը մահանան։ Ժոսլէն նաեւ յարաբերութիւնները կը խզէ Անտիոքի արքայազնին եւ Թրիփոլիի կոմսին հետ՝ Եդեսիան առանց ուժեղ դաշնակիցի ձգելով[2]:

Մինչդեռ սելճուք Իմատ ալ-Տին Զանգին, 1128-ին իր տիրապետութիւնը կը հաստատէ Հալէպի մէջ՝ իր ձեռքը առնելով Սուրիոյ հիմնական իշխանութիւնը։ Զանգին եւ Պալդուին Բ. կը փափաքէին տէր դառնալ Դամասկոսի։ Բալդուին կը պարտուի Դամասկոսի մօտակայքը՝ 1129-ին[2]: Դամասկոս Բուրիներու տոհմին կը պատկանէր, աւելի ուշ դաշնութիւն կը կնքէ Ֆուլկ արքային հետ, երբ Զանգի կը պաշարէ քաղաքը 1139-ին եւ 1140-ին[3][4]:

1144-ի վերջը, Ժոսլէն Բ. դաշնութիւն կը կնքէ արտոքիդներու հետ եւ դէպի հարաւ կը շարժի, որպէսզի օգնէ արտքիդներուն ընդդէմ Հալէպի։ Զանգին Ֆուլկի մահէն ետք, 1143-ին, օգտուելով առաւելութենէն դէպի հիւսիս կը շարժի եւ կը պաշարէ Եդեսիան, որ մէկ ամիս ետք կ'իյնայ 24 Դեկտեմբեր 1144-ին։ Երուսաղէմէն օգնութեան համար զօրք կը ղրկուի, սակայն արդէն ուշ էր։ Ժոսլէն Բ. կը շարունակէ երկիրը կառավարել Տուրբեսելէն, սակայն կամաց–կամաց մնացեալ տարածքները կ'անցնին իսլամներուն կամ Բիւզանդիոնի։ Զանգին ինքզինք կը հռչակէ «կրօնի պաշտպան» եւ ալ-Մալիք ալ-Մանսուր, «յաղթանակող արքայ»: Ան չի շարունակեր գրոհը Եդեսիոյ մնացեալ տարածքներուն կամ Անտիոքի դքսութեան վրայ, քանի որ վախցած էր։ Մուսուլի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները կը ստիպեն զինք տուն վերադառնալու եւ ան կը ցանկար անգամ մը եւս փորձել նուաճելու Դամասկոսը։ Սակայն ան կը սպաննուի ստրուկի մը կողմէ 1146-ին եւ իրեն կը յաջորդէ իր որդին՝ Նուր ալ-Տինը[5]:

Արշաւանքի որոշում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եդեսիոյ անկման մասին առաջին հրովարտակը կը հասնի Եւրոպա 1145-ին Անտիոքէն, Երուսաղէմէն եւ Հայաստանէն։ Հռոմի Պապ Եւգինէոս Գ. պապական ժողով մը կը գումարէ նոյն տարուան 1 Դեկտեմբեր–ին եւ կոչ կ'ուղղէ խաչակիրներու Բ. արշաւանքի մը[6]: Եւգինէոսը Հռոմը չէր վերահսկէր եւ Վիթէրպոյի (Viterbo) մէջ կ'ապրէր[7], սակայն հակառակ անոր, ան կ'որոշէ, որ Խաչակիրներու Բ. արշաւանքը պէտք էր աւելի լաւ կազմակերպուած ըլլար եւ բանակները պէտք էր գլխաւորէին Եւրոպայի ամէնէն ուժեղ արքաները, իսկ ուղղութիւնը պէտք էր սկիզբէն ծրագրաւորուած ըլլար։[8]:

Նոր արշաւանքի կոչին ձգած արձագանքը թոյլ էր, հակառակ անոր, որ Լուի Է. արշաւանքին մէկ մասը ինք պիտի ստանձնէր։ Լուի Է. նոր արշաւանքի մասնակից նշանակուած էր Պապէն անկախ՝ Պուրգոս կոմսին կողմէն 1145-ին։ Կարգ մը տեղեկութիւններ ալ կը նշեն, թէ Լուի ինք որոշած էր արշաւանքին մասնակցիլ, իր եղբօր՝ Ֆիլիփի խոստումը կատարելու համար, որն էր՝ արշաւել Սրբազան երկրին վրայ։ Ֆրանսայի ազնուականներէն շատեր չէին ողջուներ Լուիի այս որոշումը, քանի որ ան գահէն քանի մը տարի պիտի հեռանար։ Լուիի ցանկութիւնը իմանալով՝ Եւգեն խանդավառութեամբ կ'աջակցի անոր։

Ս. Պեռնար Տը Կլերվօ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պապը կը պատուիրէ Պեռնար Տը Կլերվոյին օրհնել Խաչակիրներու Բ. արշաւանքը, ինչպէս որ Ուրպանոս Բ. Պապը ըրած էր Խաչակիրներու Ա. արշաւանքէն առաջ[9]: Խորհուրդը կը հրաւիրուի Պուրկանտիի (Burgundy) Վազլէյ քաղաքը եւ Պեռնար կը քարոզէ այդ մասին։ Լուի Է. Երիտասարդը, անոր կինը՝ Էլիանորը, եւ լորտեր Պեռնարէն կը խնդրեն, որ ուխտագնացի խաչը իրենք ստանան։ Այնուհետեւ Պեռնար Գերմանիա կը մեկնի եւ կը յայտարարէ, որ ան ուխտաւորի խաչը կը յանձնէ նաեւ Գերմանիոյ արքայ Քոնրադ Գ.-ին եւ անոր զարմիկ Սրբազան հռոմի կայսր Ֆրետերիք Ա. Շիկամօրուսին[10]: Հռոմի Պապ Եւգինէոսը անձամբ կը մեկնի Ֆրանսա, որպէսզի խրախուսէ գործընթացը[11]:

Իր ամբողջ նախանձախնդրութեամբ հանդերձ Պեռնարը էապէս ոչ մոլեռանդ էր, ոչ ալ հալածող։ Ինչպէս առաջին արշաւանքներէն առաջ պատահած էր, նոյնպէս ալ այս քարոզարշաւին կը յաջորդեն հրեաներու վրայ յարձակումներ։ Ռուտոլֆ անունով ֆրանսացի մոլեռանդ քահանայ մը կը կազմակերպէ հրեաներու ջարդեր Հռենոսի շրջանին, Քյոլնի, Մայնցի, Վորմսի եւ Սփէյերի մէջ, քանի որ ըստ Ռուտոլֆի, հրեաները նիւթական նպաստ չէին ապահովեր արշաւանքներուն։ Այս յարձակումներուն դէմ էին Քյոլնի արքեպիսկոպոսը եւ Մայնցի արքեպիսկոպոսը, իսկ Պեռնար Ֆլանտերէն Գերմանիա կը մեկնի, որպէսզի ջարդերուն վերջ տայ։ Պեռնար Մայնցի մէջ կը գտնէ Ռուտոլֆը եւ զայն իր մենաստանը կը հրաւիրէ[12]:

Սլաւոնական Խաչակիրներու արշաւանք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երբ Խաչակիրներու Բև արշաւանքին կոչը կ'ուղղուի, բազմաթիւ հարաւ- գերմանացիներ կամաւոր կ'արձանագրուին այս արշաւանքին, դէպի Սրբազան երկիր։ Հիւսիսային Գերմանիոյ սաքսոնները չեն փափաքիր միանալ արշաւանքին։ Անոնք Պեռնարին կը յայտնեն իրենց մտադրութիւններուն մասին, արշաւելու սլաւոններու դէմ եւ 13 մարտ 1147-ին իրարու կը հանդիպին Ֆրանքֆորթի մէջ։ Հռոմի Պապ Եւգինէոս, 13 Ապրիլին հաւանութիւն կու տայ սաքսոններու նախագիծին։ Պապի յայտարարութիւնը կ'ընդգրկէր այն իրողութիւնը, որ խաչակիրներու արշաւանքներու մէջ ոչ մէկ հոգեւոր տարբերութիւն չկար։ Սլաւոններու դէմ Խաչակիրներու արշաւանքներուն կը կամաւորագրուին դաները, սաքսոնները եւ լեհերը[13], ինչպէս նաեւ պոհեմիացիներ[14]: Պապական ներկայացուցիչ՝ Գերմանացի Անսլամ անունով մէկը գլխաւոր հրամանատար կը նշանակուի։ Արշաւանքը այնպիսի սաքսոնական ընտանիքներ կը ղեկավարեն, որոնցմէ էին ասկանիացիները եւ Վեթինները[15]:

Զայրանալով գերմանացիներու կողմէն Խաչակիրներու արշաւանքներուն մասնակցութենէն՝ օբոդրիտները, Յունիս 1147-ին կը ներխուժեն Հոլշտայնի Վագրիա քաղաքը, խաչակիրներուն ստիպելով արշաւանքը սկսիլ 1147-ի ամրան վերջը։ Դուրս քշելով օբոդրիտները քրիստոնէական տարածքներէն, խաչակիրները նշանառութեան տակ կը դնեն անոնց նաւահանգիստ Թոբինը եւ Լիւտիչական նաւահանգիստ Դեմմինը: Թոբինի վրայ յարձակող զօրքերու մէջ էին դանիացի Կնուդ Ե.-ը եւ Սուէն Գ.-ը, Բրեմենի արքեպիսկոպոս Աբելպըրթ Բ.-ը եւ դուքս Հէնրի Լիոնեացին։ Երբ բազմաթիւ խաչակիրներ կ'աւերէին երկիրը, ուրիշներ իրենց հարց կու տային,-«Արդեօք այն հողերը, որ մենք կ'աւերենք, մեր հողերը չե՞ն, իսկ ժողովուրդը, որ կը կոտորենք, մեր ժողովուրդը չէ՞»[16]: Հէնրիի գլխաւորութեամբ սաքսոնական բանակը կը նահանջէ, երբ հեթանոսներու առաջնորդ Նիկլոտ կը համաձայնի, որ Դոբինի կայազօրը քրիստոնեայ դառնայ։

Դեմմինի անյաջող պաշարումէն ետք խաչակիրները կ'արշաւեն Պոմերանիոյ ուղղութեամբ։ Անոնք արդէն հասած էին քրիստոնէական Ցեցին քաղաքը, մտափոխելով՝ կը հանդիպին Եպիսկոպոս Աբելպըրթ Պոմերանացիին եւ արքայազն Ռատիպոր Ա.-ին։ Ըստ Պեռնարի Խաչակիրներու արշաւանքին նպատակն էր կամ կրօնափոխել սլաւոնները կամ ոչնչացնել զանոնք[17]:

Խաչակիրներու արշաւանքներուն իբրեւ արդիւնք կրնանք ըսել, որ անոնք չեն յաջողիր կրօնափոխութեան ենթարկել սլաւոններու մեծ մասը։ Սաքսոնները կրնան կրօնափոխ դարձնել Դոբինի ժողովուրդը, սլաւոնները իրենց կրօնին կը վերադառնային երբ խաչակիրները կը նահանջէին։ Ալբերթ Պոմերանացի կը բացատրէ, որ քրիստոնէութիւնը բռնի ուժով կարելի չէ տարածել[18]:

Արշաւանքի աւարտին Մեկլենպուրկի եւ Պոմերանիոյ տարածքները կը թալանուին եւ կ'աւերուին, խաղաղ բնակչութիւնը կը կոտորուի, հիմնականին մէջ Հէնրի Լիոնեցիի զինուորներուն կողմէն[19]: Այս մէկը կ'օգնէ քրիստոնէաներուն, որ ապագային նոր յաղթանակներ ձեռք բերեն, քանի որ սլաւոնական բնակչութիւնը կը կորսնցնէ իր մարդկային եւ նիւթական աղբիւրներու մեծ մասը եւ դժուարութեամբ կը յաջողին զայն վերականգնել[20]:

Ռեկոնկիստա եւ Լիզպոնի անկում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիզպոնի պաշարումը Դ. Աֆոնսօ Հէնրիկեսի կողմէ գծուած Եոակիմ Ռոդրիկեսի կողմէ (1840):

1147-ի գարնան, Պապը թոյլ կու տայ խաչակիրներու արշաւանքին, որ ընթանայ դէպի Փիրենեան Թերակղզի, որպէս Ռեկոնկիստայի մաս։ Ան նաեւ թոյլ կու տայ Քաստիլիոյ եւ Լէոնի արքայ (Քաստիլիա եւ Լէոնի արքայ) Ալֆոնսօ Է.-ին իսլամաներու դէմ արշաւանքը համարելու Խաչակիրներու Բ. արշաւանքի մաս[10]: 1147-ին խաչակիրներու առաջին զօրախումբը դուրս կու գայ Դարտմութէն եւ դէպի Սրբազան Երկիր կ'ուղղուի:Եղանակի վատ պայմաններուն պատճառով անոնց նաւերը կը ստիպուին Փորթուկալի ափին գտնուող Պորտու քաղաքը ուղղուիլ, 16 Յունիս 1147-ին։ Անոնք այնտեղ կը հանդիպին Փորթուկալի թագաւոր Աֆոնսօ Ա.-ին[21]:

Խաչակիրները կը համաձայնին օգնել թագաւորին, որ Լիզպոնի վրայ յարձակի, պայմանով որ խաչակիրներուն մնան քաղաքին բարիքները եւ գերիներուն իբրեւ փրկագին վճարուած գումարները։ Լիզպոնի պաշարումը կը տեւէ 1 Յուլիս 1147–էն մինչեւ 25 Հոկտեմբեր։ Չորս ամիս ետք իսլամ կառավարիչները կը համաձայնին յանձնուիլ՝ սովին չդիմանալով։ Խաչակիրներէն շատեր նոր նուաճուած քաղաքին մէջ կը բնակին, իսկ ուրիշներ կ'որոշեն շարունակել ճամբան դէպի Սրբազան երկիր[21]: Անոնց մէկ մասը հեռացած էր աւելի կանուխ, որպէսզի գրաւէին Սանտարեմը։ Աւելի ուշ, անոնք կ'օգնեն նուաճելու Սինտրան, Ալմատան, Պալմելան եւ Սետուպալը եւ թոյլ կու տան անոնց, մնալու նուաճուած տարածքներուն մէջ, ուր անոնք բնակութիւն կը հաստատեն եւ ժառանգներ կ'ունենան։

Փիրենեան թերակղզիին միւս մասին մէջ, Ալֆոնսօ Է., Պարսելոնայի կոմս Ռամոն Պերենկեր Դ. եւ Քաթալոնա-ֆրանսական միաւորուած բանակը կ'արշաւեն դէպի հարուստ նաւահանգիստ մը՝ Ալմերիա։ Ճենովայի եւ Փիզայի նաւատորմին օգնութեամբ քաղաքը կը գրաւեն 1147–ին[10]:

Ռամոն Պերենկերը այնուհետեւ կը ներխուժէ Ալ-Մորաւիներու գերիշխանութեան տակ գտնուող Վալենսիա եւ Մուրսիայի թագաւորութիւններ (տաիֆա

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Riley-Smith, 2005, էջեր 50-53
  2. 2,0 2,1 Tyerman, 2006, էջեր 185-189
  3. Runciman, 1952, էջեր 227-228
  4. Ousâma ibn Mounkidh, un émir syrien au premier siècle des croisades, p.182 (in BnF)
  5. Runciman, 1952, էջեր 225-244
  6. Tyerman, 2006, էջեր 273-275
  7. Tyerman, 2006, էջ 289
  8. Tyerman, 2006, էջ 298
  9. Bunson, 1998, էջ 130
  10. 10,0 10,1 10,2 Riley-Smith, 1991, էջ 48
  11. Tyerman, 2006, էջեր 275-281
  12. Tyerman, 2006, էջեր 281-288
  13. Davies, 1996, էջ 362
  14. Herrmann, 1970, էջ 326
  15. Herrmann, 1970, էջ 328
  16. Christiansen, 1997, էջ 55
  17. Christiansen, 1997, էջ 53
  18. Christiansen, 1997, էջ 54
  19. Barraclough, 1984, էջ 263
  20. Herrmann, 1970, էջ 327
  21. 21,0 21,1 Runciman, 1952, էջ 258

Ստորոգութիւններ:Խաչակիրներու Արշաւանք