Ֆրանսայի Թագաւորութիւն
Ֆրանսայի թագաւորութիւն (ֆրանսերէն՝ Royaume de France), միջնադարեան աւատատիրական պետութիւն Արեւմտեան Եւրոպայի մէջ: Անիկա Եւրոպայի հզօրագոյն տէրութիւններէն մէկն էր եւ մեծ տերութիւն էր մինչեւ Ուշ միջնադար։ Անիկա նաեւ վաղ գաղութատիրական կայսրութիւն էր՝ գաղութներ ունենալով ամբողջ աշխարհի մէջ։
Եղեր է Եւրոպայի հզօրագոյն պետութիւններէն մէկը ուշ միջնադարուն։ Երկրի դերն ու նշանակութիւնը աւելի բարձրացաւ այն ժամանակ, երբ 1337-1453 թուականներուն տեղի ունեցած հարիւրամեայ պատերազմի ժամանակ Ֆրանսան պարտութեան մատնեց Անգլիոյ թագաւորութիւնը։
Միջնադարու աւարտին Ֆրանսայի թագաւորութիւնը ունեցեր է գաղութներ նաեւ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ։
Ֆրանսան սկիզբ առած է Արեւմտեան Ֆրանկիայէն (Francia Occidentalis), որ Գարոլինկեան կայսրութեան մէկ մասն էր՝ ըստ Վերտենի պայմանագրին (843)։ Գարոլինկեան հարստութեան ճիւղը շարունակեց կառավարել մինչեւ 987 թուականը, երբ Հուգօ Կապեն ընտրուեցաւ թագաւոր եւ հիմնեց Կապեան հարստութիւնը։ Տարածքը շարունակեց յայտնի ըլլալ որպես Ֆրանկիա եւ անոր ղեկավարը՝ rex Francorum («ֆրանկներու թագաւոր») մինչեւ Բարձր միջնադար։ Առաջին արքան, որ ինքզինք կոչեց Roi de France («Ֆրանսայի թագաւոր») Ֆիլիպ II-ն էր 1190 թուականէն։ Ֆրանսան շարունակեցին ղեկավարել կապեանները եւ անոնց դուստր ճիւղեր Վալուաներն ու Բուրբոնները մինչեւ միապետութիւնը տապալեցաւ 1792 թուականին, ֆրանսական յեղափոխութեան ընթացքին։
Ֆրանսան միջնադարուն ապակեդրոնացուած աւատատիրական միապետութիւն էր։ Բրիտանի դքսութեան եւ Գաթալոնիայի իշխանութեան մէջ (այժմ Սպանիայի մաս) Ֆրանսայի ազդեցութիւնը աստիճանաբար թուլցաւ։ Լոթարինգիան եւ Պրովանսը Սրբազան Հռոմէական կայսրութեան կազմին մէջ պատութիւններ էին եւ Ֆրանսային մաս չէին կազմեր։ Սկիզբը Արեւմտեան Ֆրանկիայի թագաւորները կ'ընտրուէին մագնատների կողմէ, սակայն յետագային հիմնուեցաւ թագաւորի մեծ տղային ժառանգական մեխանիզմը, որ հաստատուեցաւ Սալիական իրաւունքով։ Ուշ միջնադարուն Անգլիայի թագաւորները պահանջներ ներկայացուցին ֆրանսական գահին, որու հետեւանքով տեղի ունեցան շարք մը հակամարտութիւններ, յայտնի որպէս հարիւրամեայ պատերազմ (1337–1453)։ Հասնելով յաղթանակի՝ Ֆրանսան արագօրէն ծաւալեց իր ազդեցութիւնը Իտալիայի մէջ, սակայն պարտութիւն կրեց Սպանիայէն՝ իտալական պատերազմներուն (1494–1559)։
Վաղ ժամանակակից Ֆրանսայի մէջ իշխանութիւնը կեդրոնացուած էր, ֆրանսերէնը սկսաւ փոխարինել այլ լեզուները պաշտօնական գործածման մեջ եւ միապետը հասաւ բացարձակ իշխանութեան։ Կրօնական առումով Ֆրանսան բաժնուեցաւ կաթոլիկ մեծամասնութեան եւ բողոքական փոքրամասնութեան միջեւ ի դէմս Հուգենոտներու, որոնք կազմակերպեցին շարք մը քաղաքացիական պատերազմներ եւ կրօնական պատերազմներ (1562–1598)։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ֆրանսան քաղաքական քարտէզի վրայ յայտնուեցաւ այն ժամանակ երբ Ֆրանքական պետութեան կայսր Քարլոս Մեծի մահէն յետոյ անոր պետութիւնը պառակտուեցաւ։
843 թուականին կնքուեցաւ Վերտենի դաշնագիրը, որու համաձայն առաջացան Ֆրանսայի, Գերմանիայի եւ Իտալիոյ պետութիւնները։
Հակառակ անոր, որ Ֆրանկական պետութիւնը վաղուց կործանուեր էր, սակայն իշխանութեան նախկին տէրերը՝ Քարոլինկները, կը շարունակէին կառավարել Ֆրանսայի մէջ մինչեւ 987 թուականը[1][2]։
Ֆրանսայի թագաւորութիւնը միջնադարեան ժամանակահատուածին եղեր է աւատատիրական պետութիւն։
Նոր շրջանը Ֆրանսայի թագաւորութեան պատմութեան մէջ կը նշանաւորուի անով, որ 1791 թուականին ընդունուեցաւ համաֆրանսական առաջին սահմանադրութիւնը։
Ֆրանսական մեծ յեղափոխութենէն յետոյ երկիրը գնաց դէպի կործանում։