Jump to content

Արմենուհի Գեւոնեան

Արմենուհի Գեւոնեան
Ծննդեան անուն հայ.՝ Արմենուհի Տեր-Կարապետյան
Ծնած է 1902
Ծննդավայր Մուշ
Մահացած է 20 Յունիս 2002(2002-06-20)
Մահուան վայր Փարիզ
Մասնագիտութիւն երգչուհի
Ծնողներ հայր՝ Գեղամ Տէր Կարապետեան

Արմենուհի Գեւոնեան (ծնեալ՝ Տէր Կարապետեան, 1902, Մուշ - 20 Յունիս 2002(2002-06-20), Փարիզ), հայ երգչուհի, կրթական, մշակութային գործիչ, Մշոյ աշխարհի դուստր եւ «Տարօնի սոխակ»։

Դուստրը գրող, ազգային գործիչ, լրագրող, Օսմանեան խորհրդարանի երեսփոխան, ՀՅԴ անդամ՝ Մշոյ Գեղամի (1856-1918) եւ Կիւլիզարի, որ նոյնպէս պատմական դէմք եղած է:

Արմենուհիի դուստրն է ֆրանսահայ նշանաւոր պատմաբան, Ֆրանսայի «Լեժիոն տ՚Օնէօր» պետական պատուոյ շքանշանակիր Անահիտ Տէր Մինասեան (ծնեալ՝ Գեւոնեան), իսկ որդին է Գեղամ Գեւոնեան:

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Մուշ: 1914 թուականին փոխադրուած է Պոլիս, շրջանաւարտած է Էսայեան վարժարանէն, ուր ետքը ուսուցչութիւն ըրած է, ինչպէս նաեւ պաշտօնավարած է Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ գաղթականաց դպրոցին մէջ։

Պոլսոյ շրջանը եղած է անոր երաժշտական ունակութիւններու բացայայտման ժամանակը: Իբրեւ սկսնակ երգչուհի սկսած է երգել ձեռնարկներուն, աշակերտած է Գրիգոր Սիւնիին, իսկ յետոյ դարձած է մեներգիչ՝ Կոմիտասի նորակազմ երգչախումբին մէջ:

1925 թուականին Արմենուհի Տէր Կարապետեան իբրեւ հայ գաղթականներու խումբի մը ղեկավար, գաղթած է Փարիզ։

Արշակ Չօպանեանի յանձնարարութեամբ ան Փարիզի մէջ երգեցողութեան դասեր առած է դաշնակահարուհի, երգչուհի եւ մանկավարժ Մարգարիտ Բաբայեանէն, մօտէն առընչուած է Արմենակ Շահմուրատեանի երգարուեստին։

Փարզրի մէջ ամուսնացած է Լեւոն Գեւոնեանին հետ, ունեցած՝ զաւակներ։

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1930-ական թուականներուն երգչուհին նուիրուած է Տարօնի ժողովրդական երգերու հաւաքման, մշակման, տարածման գործին։ Փարիզի մէջ աշխատած է Կաթողիկոսական Պատուիրակութեան գրասենեակին մէջ, Գրիգորիս Եպսկ. Պալաքեանի մօտ, ապա «Յառաջ»ի խմբագրատան մէջ:

1948 թուականին Փարիզի մէջ ունեցած է իր անդրանիկ համերգը, կրկին աջակցութեամբ Արշակ Չօպանեանի: Իր յաջորդ փարիզեան համերգները տեղի ունեցած են 1960-70-ականներուն:

1964-1978 թուականներուն երգահանդէսներ ունեցած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հայաշատ քաղաքներուն մէջ, նաեւ՝ Սուրիա, Լիբանան, Պոլիս, Վենետիկ, Հայաստան։ Թղթակցած է սփիւռքահայ մամուլին:

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տարօնի իր գրի առած երգերը «Տարօնի եւ այլ ժողովրդական երգեր» խորագրով թողարկուած է ձայնասկաւառակով, նոյն երգերէն հաւաքածոյ մըն ալ 1978 թուականին թողարկուած է Երեւանի մէջ:

1992 թուականին Երեւանի մէջ կը հրատարակուի «Կիւլիզար (Յուշեր)» աշխատութիւնը: Իր մօր՝ Կիւլիզարի պատմութիւնը ան գրած է ֆրանսերէն, հրատարակած է «Կիւլիզարի սեւ հարսանիքը» գիրքը, ինչպէս նաեւ 1946 թուականին Փարիզի մէջ, Շաւարշ Նարդունիի հետ հրատարակած են «Կիւլիզար. Նշխարներ Մշոց Գեղամին» գիրքը[1]:

Արմենուհի Գեւոնեանի երգերը այսօր թուայնացուած եւ համացանցին վրայ են: Այդ երգերը կենդանցուցած են նահապետական գիւղը, անոր խրախճանքները, առօրեան, ընտանիքները, ցաւերն ու հերոսական պայքարները[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «- Արմենուհի Գեւոնեան»։ avproduction.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-02-01-ին։ արտագրուած է՝ 2023-02-01 
  2. «120-Ամեակ Արմենուհի Գեւոնեանի …եւ իր մէկ գրութիւնը» (en-US)։ 2022-12-27։ արտագրուած է՝ 2023-02-01 [permanent dead link]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]