Jump to content

Գրիգորիս Պալաքեան

Գրիգորիս Պալաքեան
Ծննդեան անուն հայ.՝ Գրիգորիս Պալագեան
Ծնած է 4 Փետրուար 1877(1877-02-04)[1]
Ծննդավայր Եւդոկիա, Սեբաստիոյ Նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 8 Հոկտեմբեր 1934(1934-10-08)[2] (57 տարեկանին)
Մահուան վայր Մարսէյլ
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[3]
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Ուսումնավայր Սանասարեան Վարժարան
Երկեր/Գլխաւոր գործ Հայ Գողգոթան
Մասնագիտութիւն քահանայ, գրագէտ
Աշխատավայր Այգ
Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Վարած պաշտօններ Եպիսկոպոս եւ գլխաւոր խմբագիր

Գրիգորիս Եպս. Պալաքեան (4 Փետրուար 1877(1877-02-04)[1], Եւդոկիա, Սեբաստիոյ Նահանգ (վիլայէթ), Օսմանեան Կայսրութիւն - 8 Հոկտեմբեր 1934(1934-10-08)[2], Մարսէյլ), եկեղեցական, ազգային եւ հասարակական գործիչ։ Ապրիլ 24-ին ձերբակալուած ու աքսորուած դէմքերէն մէկը[4]։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պալաքեան եղած է իր սերունդի հայ առաջատար մտաւորականներէն: Գերմանիոյ մէջ ուսանելէ ետք, 1901-ին ձեռնադրուած է կուսակրօն եկեղեցական եւ ծառայած է Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ` իբրեւ պատուիրակ Եւրոպայի եւ յատկապէս Ռուսիոյ համար:

Ան դարձած է Հարաւային Ֆրանսայի առաջնորդ եպիսկոպոսը: Մահացած է 1934-ին,  Մարսէյի մէջ:

Ապրիլ 24-ին, Գրիգորիս վրդ. Պալաքեան ձերբակալուած է Կոստանդնուպոլսոյ հայ համայնքի շուրջ 250 այլ մտաւորականներու եւ ղեկավարներու հետ: Այս ձերբակալութիւնը Պալաքեանի համար սկիզբը եղած է չորս տարուան անսահման տառապանքի, որուն ընթացքին ան դարձած է արիւնալի դէպքերու ականատեսն ու մասնակիցը:

Աշխատութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պալաքեան հեղինակ է բազմաթիւ գիրքերու, որոնցմէ քանի մը հատը կը բռնագրաւուին Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ 1915-ին, քանի մը հատն ալ կորսուած են այդ տարուան իրադարձութիւններուն պատճառով:

Ան յաջողած է Մեծ Եղեռնին վերապրիլ եւ տարագրութեան իր փորձառութիւնը արձանագրել «Հայ Գողգոթա»յի երկու հատորներուն մէջ, որոնցմէ երկրորդը լոյս տեսած է յետմահու[4]։

Հայ վարդապետը կենդանի պատկերներով ներկայացուցած է վերապրողներու, օտար ականատեսներու, կոտորածներուն մասնակից դարձած թուրք պաշտօնատարներու գործերն ու խօսքերը[5]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]