Արա Սայեղ

Արա Սայեղ
Մարտիրոս Արա Սայեղ (Marderos Ara Sayegh)
Ծննդեան անուն Մարտիրոս Արա
Ծնած է 16 Յունուար 1960
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Քաղաքացիութիւն Լեհական եւ Սուրիական
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Առաքելական
Կարողութիւն Երդմնեալ թարգմանիչ Արաբերէն-լեհերէն լեզուներու, Երդմնեալ Մեքանիքի մասնագէտ Հալէպի դատարանի
Մասնագիտութիւն Մեքանիքի ճարտարագէտ, ուժանիւթի մասնագէտ, Հալէպի Պետական Համալսարանի Մեքանիքի բաժանմունքի դասախօս - գիտաշխատող, Լեհաստանի՝ Վրօցլաւի պետական կենսոլորտի ճարտարագիտութեան բաժանմունքի մէջ դասախօս, գիտաշխատող
Աշխատավայր Վրօցլաւի պետական կենսոլորտի ճարտարագիտութեան գիտաշխատող եւ դասախօս
Վարած պաշտօններ Դոկտոր Փրոֆեսէօր
Ամուսին Դանիա Հապիպեան
Ծնողներ Ճորճ Սայեղ, Մարի Սանոսեան-Սայեղ
Երեխաներ Գէորգ եւ Արամ

Արա Սայեղ (Marderos Ara Sayegh), Սուրիոյ բարձրագոյն կրթութեան նախարարի հրամանագրով 4 Դեկտեմբեր 1999-ին ստացած է օգնական փրոֆ․ (Associated Professor), իսկ Յունուար 2006 թուին Լիիրաւ (Professor) փրոֆ․ տիտղոսներu։ 19 Նոյեմբեր 2012 թուականէն ի վեր կ'ապրի Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքը, ուր գիտաշխատող եւ դասախօս է Վրոցլաւի պետական կենսոլորտի ճարտարագիտութեան բաժանմունքին մէջ։ 14 Յունուար 2021-ին Սուրիայէն վերջ երկրորդ անգամ ըլլալով փրոֆեսէօրի տիտղոս ստացած է Լեհաստանի Նախագահի՝ Անտժէյ Տուտայի հրամանագրով։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դոկտոր Փրոֆ. Մարտիրոս Արա Սայեղ (Marderos Ara Sayegh) ծնած է 16 Յունուար 1960 Հալէպ, Սուրիա: Շառաւիղն է հօրենական կողմէ սասունցի եւ մօրենական կողմէ՝ այնթապցի Սանոսեան ընտանիքներուն։ Սուրիական ներքին պատերազմի պատճառով ընտանիոք փոխադրուած է Հայաստան ապա Լեհաստան։ Ամուսնացած է Դանիա Հապիպեանի հետ, երկու մանչ զաւակ ունի՝ Գէորգ (2000) եւ Արամ (2001)։

Ուսում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դոկտոր Փրոֆ. Մարտիրոս Արա Սայեղ նախնական կրթութիւնը ստացած է Հալէպի Նոր գիւղի Վարդանեան՝ Յիսուսեան եւ ապա Հայ Աւետարանական Էմմանուէլ նախակրթարանէն ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1972 թուին։ Միջնակարգ եւ երկրորդական ուսումը աւարտած է Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանէն 1978 թուին։

Բարձրագոյն ու մասնագիտական ուսում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

- 1979 - 1984 թ. Բարձրագոյն ուսումը ստացած է Հալէպի Պետական Համալսարանի Մեքանիքի բաժանմունքէն։ Գերազանց աւարտելէ ետք 2.փետրուար․1985 թուին իբրեւ օգնական դասախօս կը նշանակուի նոյն բաժանմունքին մէջ մինչեւ նոյեմբեր 1987։

- Նոյեմբեր 1987 – Սեպտեմբեր 1993 Սուրիական պետութեան կողմէ մասնագիտական ուսում ստանալու համար կրթաթոշակ ստացած է, որուն շնորհիւ Դոկտորական (PhD) աստիճանը աւարտած է Լեհաստանի՝ Վրոցլաւ քաղաքի պետական Ճարտարագիտութեան բաժանմունքէն 30.սեպտեմբեր․1993 թուին, վերականգման ուժանիւթի (Renewable Energy) մասնագիտութեամբ։

Դասախօս եւ գիտաշխատող

Դոկտորականը աւարտելէ ետք Հոկտեմբերին կը վերադառնայ ծննդավայր: Հալէպի Պետական Համալսարանի Մեքանիքի բաժանմունքին՝ մէջ դասաւանդելու։ Սոյն բաժանմունքի Էներկեթիքի բաժնի վարիչ նշանակուած է երեք նստաշրջան (07.06.2003 էն - 15.09.2005) – ( 11.09.2007 էն - 10.09.2009) – (11.09.2009 էն - 06.09.2011):

Նոյեմբեր 1993 – Սեպտեմբեր 2012 եղած է Հալէպի Պետական Համալսարանի Մեքանիքի բաժանմունքի գիտաշխատող, դասախօս:

19․նոյեմբեր․2012 թուականէն ի վեր կ’ապրի Լեհաստանի Վրոցլաւ քաղաքը, ուր գիտաշխատող եւ դասախօս է Վրոցլաւի պետական կենսոլորտի ճարտարագիտութեան բաժանմունքին մէջ։[1]

Գիտական համագումարներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մասնակցած է զանազան գիտական համագումարներու ներկայացնելով Հալէպի պետական համալսարանը ինչպէս՝ Պէյրութ, Ռիատ, Պահրէյն, Ամման, Բեքին, Շթութկարթ, Օլտենպուրկ եւ այլն։

Գիտական հետազօտութիւն գործուղում՝ Քանատա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

- Հալէպի պետական Համալասարանի մէջ իր պաշտօնավարութեան շրջանին գիտական հետազօտութեան համար պետական կրթաթոշակ ստացած է եւ գործուղուած է Քանատայի Մոնթրէեալ քաղաքի École de technologie supérieure (ÉTS) ի Quebec ի համալսարան 5 ամսուան տեւողութեամբ (Յունիս - Հոկտեմբեր.2007) թուական, հետազօտութեան նիւթ ունենալով՝ «Thermal Energy storage by (PCM) phase change materials for solar assisted heating and cooling of residential buildings»:

Փրոֆեսէօրի տիտղոս[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

14 Յունուար 2021 թուին Սուրիայէն վերջ երկրորդ անգամ ըլլալով (Professor) փրոֆեսէօր տիտղոսը ստացած է Լեհաստանի Նախագահի՝ Անտժէյ Տուտայի հրամանագրով։ [2][3]

Երդուեալ թարգմանիչ արաբերէն-լեհերէն լեզուներու[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հալէպի պետական Համալասարանին մէջ իր պաշտօնավարութեան կողքին, եղած է երդուեալ թարգմանիչ Արաբերէն-լեհերէն լեզուներու 1995-2012։

Երդուեալ Մեքանիքի մասնագէտ Հալէպի դատարանի։ Հալէպի դատարանի զանազան կառույցներու մէջ եղած է մեքանիքի երդուեալ մասնագէտ 1997-2012 ժամանակաշրջանին, Սուրիոյ պետական շահերը պաշտպանելով միջազգային դատարանի՝ Զուիցերիոյ Լոզանի մէջ Յունուար 2012 թուականին։

Հեղինակային եւ համահեղինակային հրատարակութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

- Իր հեղինակութեամբ թէ համահեղինակութեամբ հրատարակած է արաբերէն լեզուով հինգ դասագիրքեր, իսկ Լեհաստանի Գիտութիւններու Ակադեմիան (PAN), Սեպտեմբեր 2019 թուին լոյս ընծայած է իր անգլերէն լեզուով գիտական ուսումնասիրական մենագրութիւնը՝ «Operational flexibility of heat pumps in smart district heating» վերնագրով:

«2022-ը՝ Սփիւռքի Տարի» Արամ Ա վեհափառի Կաթողիկոսական կոնդակով հռչակագիրը յանձնառու եւ պարտաւորիչ համարելով՝ Յունուարի վերջին օրերուն առաջ բերած էի գործնական ծրագրի մը մտայղացումն ու նախաձեռնութիւնը: Խմբագրական խորհուրդ ունենալով՝ առակագիր Եզնիկ Բալայեանը, գրողներ` Գէորգ Պետիկեանը, Ռուբէն Յովակիմեանը, գեղանկարիչ՝ Վիգէն Շարոյեանը, իսկ հատորին խմբագրութիւնը ստանձնած էր՝ Փրոֆ. Արա Սայեղ եւ Շաքէ Մանկասարեան։ Առ այդ, Յունիս 2022 թուականին Երեւանի մէջ, հրատարակուեցաւ քսան մտաւորականներու կողմէ առաջարկուած լրջամիտ ծրագիրներու հատընտիր մը` խմբագրութեամբ Փրոֆ. Արա Սայեղ եւ Շաքէ Մանկասարեանի՝ «ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ Ընկալուածէն Դէպի Ապագայատեսիլ Սփիւռք, Ի՞նչ Բարեփոխել եւ Ինչպէ՞ս Վերակազմակերպել» խորագրեալ հատորը, որ կը բաղկանայ 150 էջէ։ Մամուլի տարբեր հարթակներու վրայ լոյս տեսաւ նշեալ գիրքին փրոֆ. Արա Սայեղի գրախօսականը:[4]

Հալէպի մէջ հայ ազգային, մշակութային, միջ-եկեղեցական կեանքի գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բերիոյ թեմի ուսումնական խորհուրդի ատենապետութեան պաշտօնը վարած է յաջորդական երկու շրջան (1997 – 2001), ապա երրորդ շրջանի համար (Օգոստոս 2004 - Յունիս 2005) դարձեալ հրաւիրուած է վարելու Բերիոյ Թեմի ուսումնական խորհուրդի ատենապետութիւնը:

Բերիոյ թեմի Դատաստանական խորhուրդի փոխ ատենապետի պաշտօնը վարած է (Հոկտեմբեր 2003 - նոյեմբեր 2005 թ․): - Եղած է Հալէպի Ազգ. Քարէն Եփփէ ճեմարանի խնամակալութեան փոխ ատենապետ Սեպտեմբեր 2001 – Յուլիս 2003 թ․, ապա յաջորդող տարիներուն իբրեւ խորհրդական անդամ մինչեւ 2012 թուական:

Երկար տարիներ եղած է Հալէպի Սրբ. Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամ՝ ուրարակիր, դպրաց դասի վարչութեան ատենապետ ընտրուած է (Նոյ. 2003 էն մինչեւ 10 Յունուար 2008 թուական, ապա վերընտրուած ու այդ պաշտօնը շարունակած է մինչեւ Հալէպէն մեկնումը Հոկտեմբեր 2012 թ․):

Եղած է Բերիոյ Հայոց թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու խորհուրդի փոխ ատենապետ (Ապրիլ 2006 էն - Ապրիլ 2007): Դասախօսութիւններ տուած է Կիրակնօրեայ դպրոցներու խորհուրդի տարեկան համագումարներուն՝, Ա) 8/8-10/8 2005 թ․ Եագուպիէի (Սուրիա) Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ մէջ դասախօսութիւնը տրուած է Չորեքշաբթի 10 Օգոստոս 2005-ի կէսօրէ ետք ժամը 4-ին դասախօսութեան վերնագիր ունենալով՝ «Սփիւռքահայ Երիտասարդութեան տեղն ու դերը 21 դարու Հայ Եկեղեցւոյ Կեանքին մէջ»: Բ) 13/9-14/9 2006 թ․ Քեսապի (Քալատուրան - Սուրիա) Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Խորհուրդի Բ. Համագումարին Յոյն կաթողիկէ Սայիտէթ Ֆարահ վանքին մէջ վերնագիր ունենալով՝ «Համաշխարհայնացման ազդեցութիւնները ընդհանուր ազգերու կեանքին եւ յատկապէս՝ հայ երիտասարդին վրայ»:

- Մասնակցած է միջ-եկեղեցական զանազան խորհրդակցական ժողովներու ներկայացնելով Բերիոյ հայոց թեմը։ Իբրեւ ուսումնական խորհուրդի ատենապետ 2000 թուականին Հալէպի մէջ միջքրիստոնէական միացեալ համալսարան մը հիմնելու ծրագրի մը առնչութեամբ միացեալ գիտական յանձնախումբի անդամ նշանակուած է Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Սուրէն Արք․ Գաթարոյեանի կողմէ, խորհրդակցութիւններ վարելու քրիստոնեայ քոյր համայնքներու հետ, սոյն ծրագիրը կեանքի կոչելու նպատակով։ -

Մասնակցած է Միջ-եկեղեցական խորհուրդի Հալէպի մասնաճիւղի Քրիստոնէական կրթութեան Ընտանիք յանձնախումբի միօրեայ Ա Սեմինարին՝ Հալէպ 4 Փետրուար 2002, ապա նոյն յանձնախումբի Բ Սեմինարին՝ Հալէպ 17 Փետրուարէն – Ապրիլ 2003 թուական։ Նոյնպէս մասնակցած է միջ-եկեղեցական Կազմաւորման Բ. Սեմինարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն՝ Անթիլիաս – Լիբանան 24 - 29 Նոյեմբեր 2003։ Մասնակցած է նաեւ միջ-եկեղեցական խորհուրդի Սուրիոյ մասնաճիւղի Կեանք եւ Ծառայութիւն յանձնախումբի սեմինարին՝ Դամասկոս 21 - 23 Հոկտեմբեր 2004-ին ներկայացնելով Բերիոյ Հայոց թեմը:

Հրապարակախօս՝ պատմական, գիտական, մշակութային ժառանգութեան թեմաներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իբրեւ հրապարակախօս զանազան յօդուածներ գրած է Հայ մամուլի մէջ, հայկական սփիւռքի գիտական, ընկերային, պատմական եւ մշակութային, հայ եկեղեցւոյ ու այլ նիւթերու մասին, իր ստորագրած յօդուածներուն մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն լեհահայոց` պատմական, մշակութային ժառանգութեան թեմաները, որոնք հրատարակուած են՝ Հասկ, Երթ, Գանձասար, Ազդակ, Զարթօնք, Արարատ, Ալիք, Նոր Յառաջ, Պայքար, Հայրենիք,[5][6] Տարբերակ21 [7][8] եւ այլ թերթերու եւ պարբերականներու մէջ։

Հայերէնի լեզուով հրատարակուած իր գրութիւններու կողքին հեղինակ է նաեւ մեծ թիւով գիտական հրատարակութիւններու՝ արաբերէն, անգլերէն եւ լեհերէն լեզուներով:[9]

Պարգեւներ եւ շքանշան[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իր ակնառու գիտական, կրթական եւ կազմակերպչական գործունէութեան համար պարգեւատրուած է Հալէպի համալսարանի նախագահին կողմէ, ինչպէս նաեւ ի (Լեհաստան) պետական Ճարտարագիտութեան «Փոլիթեքնիքա»յի նախագահին կողմէ:

Առ ի գնահատութիւն լեհահայ համայնքի մէջ իր մշակոյթային եւ ընկերային կեանքի գործօն մասնակցութեան եւ մատուցած ծառայութիւններուն համար արժանացած է Լեհաստանի Նախագահ Անտժէյ Տուտայի կողմէ շնորհուած «Ծառայութեան Արծաթեայ Խաչ» շքանշանին 7Վրոցլաւ Մարտ 2017 թուին։

Լեհաստանի մէջ հայ ազգային, մշակութային կեանքի գործունէութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2012 թուականէն սկսեալ գործոն մասնակցութիւն ունի լեհահայ համայնքային հասարակական, ընկերային եւ մշակոյթային կեանքին մէջ, մանաւանդ Վրոցլաւի եւ Քրաքովի մէջ։

Հայկական սփիւռքի, հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած լեհերէն լեզուով յօդուածներ ստորագրած է Քրաքովի «Հայ Մշակութային Ընկերութեան» տեղեկագրի մէջ որ լոյս կը տեսնէ 1993 թուականէն սկսեալ, ուր երկար տարիներէ ի վեր անդամ է սոյն միութեան մէջ։

Հայ մշակոյթի, սփիւռքահայ կեանքի, հայոց ցեղասպանութեան մասին իր բազմատասնեակ գրութիւնները լեհերէնով լոյս տեսած են նաեւ Վարշաւայի մէջ 2009 թուականի աշունէն հրատարակուող «Աւետիս» եռամսեայ պարբերականի մէջ, ինչպէս նաեւ սոյն պարբերականի խմբագրական կազմի անդամ է:

Մասնակցած է ՀԲԸՄ Եւրոպայի մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ արեւելեան եւ կեդրոնական Եւրոպայի հայկական շրջանակներու մէջ գործող հայ ղեկավարներու, ներկայացուցիչներու առաջին խորհրդաժողովին Լեհաստանի մայրաքաղաք՝ Վարշաւայի, Պրիսթոլ պանդոկին մէջ 6 եւ 7 սեպտեմբեր 2013-ին, ուր կը մասնակցէին մօտաւորապէս 30 ներկայացուցիչներ Լեհաստանի, Ուքրանիոյ, Չեխիո, Ռումանիոյ, Պուլկարիոյի, Շուէտի, Գերմանիոյ, Պելարուսիոյ հայկական գաղութներու մէջ ներդրում ունեցող ու գործող հայ ազգային գործիչներ՝ մշակոյթային, ընկերային, գիտական, տեղեկատուական եւ այլազան մարզերու մէջ։

Լեհաստանի Հայ դատի ղեկավար[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մարտ 2014 թուականէն կը ղեկավարէ Լեհաստանի Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքները, Լեհաստանի ժողովուրդին ու անոր հանրային կարծիքն ու քաղաքական ղեկավարութիւնը մօտէն ծանօթացնելու մեր հայկական հիմնահարցերուն, հայոց ցեղասպանութեան ու մեր պահանջատիրութեան հոլովոյթը։ Հայոց ցեղասպանութեան 100 ամեակին նուիրուած դասխօսութիւններով հանդէս եկած է Լեհաստանի զանազան քաղաքներու՝ Վրոցլաւի, Բոզնանի համալսարաններուն մէջ, քարոզչական հանդիպումներով, հրատարակութիւններով, դասախօսութիւններու կազմակերպչական աշխատանքներով, միջոցառումներով կը շարունակէ հայ դատի եւ ազգային շահերու պահանջատիրութեան իր գործունէութիւնը:

Գիտական խորհուրդի անդամ է Քրաքովի Եակելոնեան դարաւոր համալսարանի[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիտական խորհուրդի անդամ է Քրաքովի Եակելոնեան դարաւոր համալսարանի մէջ 21 Սեպտեմբեր 2019 թուականէն գործող «Լեհաստանի մէջ Հայկական մշակոյթի ուսումնասիրութիւններու կեդրոն»ին մէջ, խորհուրդը բաղկացած է սփիւռքի զանազան երկիրներէ կազմուած 15 գիտաշխատողներէ:[10]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]