Բերիոյ Հայոց Թեմ

Բերիոյ Հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարան

Բերիոյ Հայոց թեմ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան երկրորդ մեծ եւ հնագոյն թեմն է։ Առաջնորդանիստը Հալէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց Մայր Եկեղեցին է (15-րդ դար)։ 1660-ական եւ 1920-ական թուականները Հալէպը եղած է Կիլիկիոյ կաթոդիկոսութեան վարչական եւ հոգեւոր կեդրոնը։ Բերիոյ թեմին մէջ կը գործէ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդութիւնը, իսկ մնացած հայաբնակ շրջաններու եւ Հալէպի թաղերու եկեղեցիները կը կառաւարուին թաղական խորհուրդները։ Թեմի հնագոյն եկեղեցիներէն է Հալէպի Սուրբ Աստուածածինը (առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ տարածքին, այժմ՝ Զարեհեան թանգարան), որ եղած է ուխտատեղի ոչ միայն հայերուն, այլ այլազգիներուն համար։

Հալէպի մէջ գործող եկեղեցիները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հալէպի մէջ կը գործեն Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Սուրբ Վարդան, Սուրբ Գէորգ, Սուրբ Յակոբ, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիները, կը պաշտօնաւարեն 14 քահանաներ։ Թեմի տարածքին կը գտնուին՝ Արամոյի

մէջ՝ Սուրբ Ստեփանոս (12-րդ դար, նորոգուած է 1958-ին), Գամիշլիի մէջ՝ Սուրբ Յակոբ, Լաթաքիոյ մէջ՝ Սուրբ Աստուածածին (10-րդ դար), Քարատուրանի մէջ՝ Սուրբ Աստուածածին (նորոգուած է 1960-ին), Հասիչէի մէջ (Հասաքէ)՝ Սուրբ Յովհաննու Կարապետ, Եագուպիէի մէջ՝ Սուրբ Հռիփսիմէ (նորոգուած է 1954-ին), Քեսապի մէջ՝ Սուրբ Աստուածածին (19-րդ դար), Ռաս ուլ Այնի մէջ՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիները, Եագուպիէի մէջ՝ Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին եւ Սուրբ Աննա ուխտատեղի-մատուռը, Մարկատէի մէջ՝ Սուրբ Յարութիւն մատուռը (1995), Քէորքէանէի մէջ՝ Սուրբ Ստեփանոս ուխտատեղի-մասաաը (գործած է մինչեւ 19-րդ դարու սկիզբը)։ Տէր Զօրի մէջ գործած է Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցին (1931), որ նորոգումէն ետք վերաօծուած է եւ վերանուանուած Սուրբ Նահատակաց եկեղեցի (1990)։ Ճեզիրէի առաջնորդական փոխանորդութիւնը հիմնուած է 1943-ն։ Կեդրոնը Գամիշլի Սուրբ Յակոբ եկեղեցին է։ Առաջին առաջնորդական փոխանորդը եղած է Խորէն վարդապետ Բարոյեանը (յետագային՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս)։ Բերիոյ թեմի հովանիի տակ կը գործեն «Զարեհեան» գանձատունը (1991), «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տունը (բաղկացած է ներքնայարկի «Սպիտակ» երիտասարդական սրահէն, «Լեւոն Շանթ» մշակութային սրահէն, «Անի» ճաշասրահէն, «Դալար» սրճարանէն)։ Առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ կից են «Օշական» գրատունը (1989), «Արեւելք» տպարանը (1946) եւ այլն։ Կը գործեն նաեւ ուսումնական, դատաստանական, առողջապահական, ընկերային ծառայութեան, կրօնական դաստիարակութեան, թաղական խորհուրդները, կալուածներու հոգաբարձութիւնը, վերաքննիչ ատեանը, շինարարական խորհրդատու մարմինը, հոգաբարձական եւ խնամակալական կազմերը, «Յովսէփ եւ Անահիտ Մարգարեան» փոխատուութեան եւ «Կեանք մը փրկենք» հիմնադրամները։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։