Jump to content

Եզնիկ Բալիկ (Բալայեան)

Եզնիկ Բալիկ (Բալայեան)
Ծնած է 1940
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն Ամերիկա
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Հայ Առաքելական եկեղեցի
Մասնագիտութիւն Մտաւորական
Աշխատավայր առակագիր

Առակագիր Եզնիկ Բալիկ (Բալայեան) մտաւորական հոգեւորականի կրթութեամբ ու գործունէութեամբ։

Եզնիկ Բալիկ (Բալայեան) (Ծն. 1940, Պէյրութ, աւազանի անունով՝ Տիգրան) գրող-հոգեւորականին մասին: 1954-1961 ուսանած է Անթիլիասի դպրեվանքը: Կուսակրօն քահանայ օծուած 1961-ին:

Հարաւային Ամերիկայի հայագաղութներէ ներս Հոգեւոր հովուական երկարամեայ առաքելութեամբ ծառայելէ ետք՝ 1973-ին կը վերադառնայ Անթիլիաս, ուր կը ստանձնէ Հայց. Եկեղեցւոյ Կիրակնօրեայ Դպրոցներու վարիչ-տնօրէնի պաշտօնը: 1976-ին՝ «անսալով իր խիղճի ձայնին եւ միտքի դատաստանին» (բառերը իրն են), կը հեռանայ հոգեւորականութենէն ու կը մեկնի ԱՄՆ, Քալիֆորնիա, պահելով սակայն պարկեշտ Հայ Մարդու եւ հայ մտաւորականի դրական ներդրումը մեր ազգային կեանքէն ներս:[1]

Եզնիկ Բալիկ (Բալայեան) սփիւռքահայ գրական անդաստանէն ներս մտաւ իբրեւ առակագիր՝ «Մկնիկին երդումը» իր անդրանիկ առակով, գրուած՝ օդանաւային ուղեւորութեան մը ընթացքին (1973 թ.), պարզապէս՝ « …տաղտկալի ձանձրոյթին ստուերը գլխէս վանելու համար», ինչպէս պիտի խոստովանէր 1998-ին իր «Թէ ինչպէ’ս դարձայ առակագիր» խորագրեալ յօդուածին մէջ (Տե՛ս սոյն հատորին էջ 9-13), կնքահայրութեամբ՝ բազմավաստակ ուսուցիչ-խմբագիր-գրող Սիմոն Սիմոնեանի, որ նոյն օրերուն նշեալ առակը կը հրատարակէ իր «Սփիւռք» շաբաթաթերթին մէջ:

Երկարամեայ լռութենէ մը ետք, «Առակներ» նորատիպ հատորով դարձեալ հանդէս կու գայ Եզնիկ Բալիկ (Բալայեան) առակագիրը, որ իր ընթերցողներուն կ’ընծայէ անմոռանալի էջեր իր «կենդանաբանական այգի»էն:

Աշխատասիրութիւններ եւ հրատարակչական հատորներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1965-ին աբեղայութեան տարիներուն աշխատասիրած է եւ լոյս ընծայած «Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի կեանքն ու գործը» հատորը Անթիլիաս, ապա՝

1966-ին գրաբար բնագիրէն աշխարհաբարի թարգմանած է «Ճառեր Յովհաննէս Մանդակունիի» երկը Պէյրութ եւ ստացած՝ վարդապետական աստիճան:

1974-ին Անթիլիասի տպարանէն լոյս կը տեսնէ «Հերքում Եհովայի վկաներու ստապատում վարդապետութեան»ը:

Իբրեւ առակագիր՝ «Մկնիկին երդումը» իր անդրանիկ առակով, գրուած՝ օդանաւային ուղեւորութեան մը ընթացքին (1973 թ.)

1984-ին լոյս կը տեսնէ «Կատուին պոչը» Լոս Անճելըս,

1998-ին՝ «Առակներ» Լոս Անճելըս,

2000-ին՝ «Կայ ու չկայ Մեսրոպը կայ» Լոս Անճելըս պատմուածքներու եւ արձակ էջերու հատորը, ուր կը գտնենք հեռաւոր հայագաղութներու հոգեբանական վերլուծումները գրականութեան բերող գեղարուեստական արձակի էջեր:

2018-ին՝ «Առակներ» հատորը, Եզնիկ Բալիկ Լոս Անճելըս, 182 էջ, պատկերազարդ: Գիրքին 15-182 էջերը կը պարունակեն 97 առակներ՝ կազմուած նախապէս տպուած առակներու երկու հատորներու ընտրանիէն, նոր գործերու յաւելումով, իսկ 183-184 էջերը «Տեղացոյց բառերու» ինքնատիպ «Բալիկեան բառարան»-ն է։ Հատորը տպուած է Գրիգոր Շէնեանի մեկենասութեամբ, ի յիշատակ իր ողբացեալ տիկնոջ՝ Արշօ Շէնեանի։ Անոր հրատարակած այս 7-րդ հատորը արգասիքն է Եզնիկ Բալիկ (Բալայեան)-ի մտաւորական հոգեւորականի կրթութեան ու գործունէութեան։

«Առակներ» հատորին գծանկարները՝ Փօլ Կիրակոսեանի եւ Սարգիս Մարանճեանի. շարուածք, էջադրում, խմբագրում եւ կողք՝ Սիփան հրատարակչատան, իսկ տպագրութիւնը՝ Yerevan Printing-ի: Հատորին բացման խօսքը ստորագրած է Հրաչ Սեփեթճեան, որ հակիրճ՝ բայց համապարփակ տողերով կը ներկայացնէ հեղինակն ու անոր ներկայ հատընտիրը:

Եզնիկ Բալիկ (Բալայեան) «Առակներ» նորատիպի գինեձօնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եզնիկ Բալիկի խօսքը «Առակներ» նորատիպի գինեձօնին

Որքա՜ն պիտի ուզէի որ գոնէ այսօր, առակագիրքս գինիով օծելէ ետք, յաղթանակ մը տարած զինուորի մը պէս, հպարտ կուրծքով բեմէն իջնէի, ձեռքի սեղմումով եւ քաղցր ժպիտներով՝ ձեր շնորհակալական խօսքերը եւ ճամբորդութեան պատրաստուած գիրքերս մակագրելէ ետք, հոգեզուարթ գոհունակութեամբ եւ անմոռաց յուշերով այս սրահէն մեկնէի։

Բայց սիրտս միջամտեց եւ պարտադրեց, որ զգացումներս եւ ապրումներս այլ ուղղութեամբ առաջնորդեմ։

Դո՛ւք ըսէք. ամբողջ կեանք մը հայ գրականութեամբ ապրող ու շնչող, Մեսրոպեան տառերով գիրքեր հրատարակող, հայերէն լեզու եւ մատենագիտութիւն դասաւանդող խորաններէ եւ բեմերէ՝ հայ հոգեւոր եւ մտաւոր ու մշակութային արժէքներ խնկարկող տրուպս՝ ինչպէ՜ս կ՚ուզէք որ հոգետանջալի մղձաւանջներ եւ սրտակսկիծ խռովքներ չունենայ, երբ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գրասենեակէն կ՚ահազանգուի թէ արեւմտահայ ժողովուրդի լեզուն, իմ պաշտած լեզուն անհետանալու եւ մոռացութեան մատնուելու վտանգին առջեւ կը գտնուի։ [2]
- Եզնիկ Բալիկ (Բալայեան)


Եւ այս, սիրելիներ, լոկ օդին մէջ նետուած անտեղի եւ զանցառելի ազդարարական մը չէ, այլ մեր մորթին վրայ արդէն իսկ զգալի դարձած իրողութիւն։ Կը կարծեմ թէ ոեւէ մէկուդ համար ալ գաղտնիք չէ, տարուէ տարի հայկական վարժարաններու փակումը, հայ տպագիր թերթերու կասեցումը, մտաւորական գրիչներու նուազումը, հայերէն լեզուի ուսուցիչներու մոմով փնտռտուքը, մշակութային միութիւններու կաղացումը եւ նոյնիսկ հայ լեզուի եւ մշակոյթի մեր ողնայարները հանդիսացող միջինարեւելեան հայ գաղութներու մէջ, ի նպաստ տեղական լեզուներու՝ մեր ոսկեղէն մայրենի լեզուին օրըստօրէ տեղատուութիւնը։

Ամիս մը առաջ, Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթի երկարամեայ խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեան, որ միշտ դրական մօտեցումով եւ գնահատական բառերով ողջունած է իր բազմահարիւր բաժանորդները, սեւով ճերմակի վրայ գրիչ շարժեց եւ սրտի ցաւով խոստովանեցաւ. «Տակաւ կը պակսի տեսակը այն հայ մարդուն, որ օրը չէր աւարտեր առանց օրուան հայ թերթը կարդալու»։

Հատտէճեանի այս տողերը կարդալով, մտքերու զուգորդութեամբ աչքերուս առջեւ պատկերացաւ արեւմտահայ բանաստեղծութեան անկրկնելի իշխան Վահան Թէքէեանի դէմքը, որ 1940-ական թուականներուն Եգիպտոսի մէջ նկատելով մեր ժողովուրդի անտարբեր վերաբերմունքը հանդէպ հայ գիրքի ու գրականութեան, տագնապահար սրտով արձանագրեց.

«Լեզուն որով գրեցի՝ երկրի երեսը

Քիչեր կը կարդային զայն արդէն

Եւ պակսեցան անոնք ալ…»։[2]
- Եզնիկ Բալիկ (Բալայեան)


Մամուլի աշխատակից

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եզնիկ Բալիկ (Բալայեան) իբրեւ գրող, կ’աշխատակցի Լոս Անճելըսի «Նոր Կեանք» շաբաթաթերթին:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]