Jump to content

Բասէն

Գաւառ
Բասէն
յուն․՝ Φασιανοί
վրաց.՝ ბასიანი
թրք.՝ Pasinler
Երկիր  Թուրքիա
 Մեծ Հայք
 Վրացական թագաւորութիւն
Բիւզանդական Կայսրութիւն

Բասէն, կ'ընդգրկէ Այրարատեան նահանգի արեւմտեան գօտին,

Աշխարհագրականօրէն անոր անբաժանելի մասերը նկատուած են նաեւ Աբեղեանք, Գաբեղեանք եւ Հաւնունի գաւառները։ Անունը կը ծագի հին ժամանակ գաւառի տարածքի մէջ բնակող փասեաններ ժողովուրդի անուան հետ (յիշատակուած է յոյն պատմիչներու, մասնաւորապէս՝ Քսենոֆոնի կողմէն Ք.ա. 5-րդ դարուն

Հնագոյն ժամանակները Բասէն ընդգրկած է լայնածաւալ տարածութիւն։ Անոր կազմի մէջ կը մտնեն ոչ միայն «Աշխարհացոյց»ի մէջ նկարագրուած Բասէնը, այլեւ ամբողջ Վանանդ գաւառը (Կարսի եւ Սարիղամիշի շրջաները), որ կոչուած է Վերին Բասէն։ Հետագային այս գաւառը բաժնուած է երկու մասերու՝ Բասէնի եւ Վանանդի։ Աւելի ուշ՝ Բասէնը բաժնուած է առանձին նախարարութիւններու՝ Բասէնի, ուր կ'իշխէր Որդունի նախարարական տունը։

Բասէնը կը տարածուէր Կարինէն արեւելք, Արաքսի ձախ կողմը։ Արշակունիներու օրով Բասէն Որդունիներու նախարարական տոհմին ժառանգական տիրոյթն էր։ Որդունիներուն կեդրոնը Որդորու կամ Որդրու աւանն էր, որ կը գտնուէր Աղբերականաց դաշտին մէջ. հոն կը նստէր նաեւ Բասէնի եպիսկոպոսը։ Որդունիները 700 ձիաւոր կռուող ունէին եւ տեւական կռուի մէջ էին իրենցմէ հարաւ, Հարք գաւառին մէջ կեդրոնացած Մանաւազեան նախարարութեան դէմ։ Խոսրով Կոտակ թագաւոր փորձեց հաշտեցնել կռուող կողմերը, բայց ապարդիւն. ի վերջոյ գործը յանձնուեցաւ սպարապետ Վաչէ Մամիկոնեանին, եւ ան, զինուորական մարդու խստութեամբ, բնաջնջեց երկու նախարարութիւններն ալ։

Որդունիներու կոտորումէն ետք անոնց տիրոյթները Բասէնի եպիսկոպոսին անցան։ Այնուհետեւ Բասէնի տէրը Բասէնոյ դատաւոր անուով կը յիշատակուէր։

Բասէնի յիշարժան վայրերէն են՝ Որդորու եւ Դու բնակավայրերը, Վաղարշաւան աւանը, Տեւէ-Պոյնու, Աւնիկ բերդը[1]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Թ. Խ. Յակոբեան, Հայաստանի պատմական աշխարհագրութիւն, Երեւան, «Միտք», 1968, էջ 128-129։