Երուանդակերտ

Երուանդակերտ, Այրարատայ Արշարունեաց գաւառի մէջ, Երուանդաշատի մօտ կը դնեն ոմանք Երուանդայ այս դաստակերտին վայրը: Խորենացին ալ առանց դիրքը ճշգրտելու, հետեւեալ կերպով կը նկարագրէ «Քաղցր է ինձ ասել եւ յաղագս գեղեցիկ դաստակերտին Երուանդակերտի, զոր յօրինեաց նոյն ինք Երուանդ, գեղեցիկ եւ չքնաղ յօրինուածովքս»:

Մ. Խորենացիի գրարէն կը տեսնուի որ Երուանդակերտ ճոխացած էր գեղեցկութեամբ եւ ոչ ամսութեամբ, անոր համար շուտով աներեւոյթ եղած է եւ պատմութեան մէջ ալ չի յիշուիր. միայն Առաքել պատմիչ (Գ.) կը յիշէ ըսելով. «Երուանդակերտն որ այժմ ասի Աղջազալայ». եւ անոր հետեւելով, կը դնէ նաեւ Բազրամ աշխարհագրութեանը մէջ, ինչպէս նաեւ Գէորգ՝ Օսմանեան պատմութեան մէջ: Այս Աղջաղալայ ըսուածը չէ անշուշտ համանուն վիճակի բերգը եւ ոչ ալ Կէչուանի մօտ եղած գիւղը. վասնզի ասոնք երասխէն շատ հեռու են: Ոմանք փոխանակ Ագճագալէի՝ կը համարին Սիւրմէլիի հարաւային եւ Կողբայ արեւելեան կողմը գտնուող Գարագալէն, բայց այս եւս Երասխէն հեռու կը թուի: Հաւանտկան է Տիւպուայի նշանակածը, Երուանդայ քաղաքի մօտ, Ախուրեանի ձախակողմը, Հաճի Պայրամլուի հարաւակողմը եւ անկէ հեռու, Ռուսաց ընդարձակ աշխարհացուցին վրայ նշանակուած Գզըլ գայա ըսուած տեղը, Հելուետիացի ճանապարհորդին այս տեղւոյս աւերակաց վրայ ըրած նկարագիրն ալ կը համաձայնի Խորենացւոյն նկարագրութեան: Աւերակներուն մէջ կ’որոշուին երկու եկեղեցիներ՝ երկրաշարժէ հիմնայատակ եղած, եւ փողոցներու հետքեր. արեւելեան կողմն ալ զանազան ձեւերով գերեզմանաքարեր, որոնք՝ ինչպէս նաեւ եւգրակներս, յատուկ քննութեան կը կարօտի: Եթէ ստուգուի մեր յետին պատմիչներն ալ այս տեղս համարեցան՝ Երուանդակերտ, այն ժամանակ ԺԷ. դարու սկիզբը Ագճագալէ կը կոչուէր եւ ունէր ամրոց, ուր եկաւ, Առաքեալի ըսածի համեմատ, Շահաբաս լսելով Օսմանեանց սպարապետ Ճէլալօղլի Սինան փաշայի գալուստը, եւ սկսաւ Հայերը գերի տանիլ Պարսկաստան:

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1939, Պուքրէշ, Հատոր Դ., էջ 732: