Հասան Նասրալլա
Հասան Նասրալլա արաբերէն՝ حسن نصر الله | |
---|---|
| |
Ծնած է | 31 Օգոստոս 1960 |
Ծննդավայր | Պուրճ Համուտ, Պէյրութ |
Մահացած է | 27 Սեպտեմբեր 2024[1][2][3] (64 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Հարեթ Հրեյք, Լիբանան |
Քաղաքացիութիւն | Կաղապար:Country data Լիբանան Լիբանան |
Մայրենի լեզու | Արաբերէն |
Կրօնք | Շիա իսլամ |
Ուսումնավայր | Najaf Seminary? |
Ազդուած է | Ռուհոլլա Խոմէյնի, Մուհամադ Բակիր աս-Սադր? եւ Աբաս ալ Մուսավի? |
Կարողութիւն | Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար |
Մասնագիտութիւն | 'ālim, զորավար, քաղաքական գործիչ, ռազմական հրամանատար |
Վարած պաշտօններ | Հեզբոլլահի գլխավոր քարտուղար? |
Կուսակցութիւն | Ամալ Շարժում եւ Հըզպալլա |
Ամուսին | Ֆաթիմա Եասին |
Երեխաներ | Muhammad Hadi Nasrallah? եւ Zainab Nasrallah? |
Ստորագրութիւն |
Հասան Նասրալլա (արաբերէն՝ حسن نصرالله}} ; 31 Օգոստոս 1960, Պուրճ Համուտ): Փետրուար 1992-էն լիբանանեան Հըզպալլա կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար, կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ապպաս Ալ Մուսաուի ահաբեկումէն ետք հրէական ուժերուն կողմէ:[4] Նասրալլա յաճախ կը կոչուի «Սայյիտ» (السيّد حسن)՝ պատուաւոր տիտղոս մը, զոր Մուհամմէտ մարգարէի թոռը կու տար իր մարգարէ մեծ հօր: Իր ղեկավարութեան օրերուն, Հըզպալլա մասամբ կամ ամբողջովին կը նկատուի ահաբեկչական խմբաւորում մը բազմաթիւ երկիրներու եւ միութիւններու կողմէ, ինչպէս ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ: Սակայն Ռուսիա մերժելով Հըզպալլա ահաբեկչական կազմակերպութիւն մը ըլլալը, զայն կը նկատէ օրինաւոր քաղաքական եւ ընկերային կազմակերպութիւն մը:[5] Չինաստան չէզոք դիրք կը պահէ այս գծով եւ շարունակ կը հաղորդակցի Հըզպալլայի հետ:[6]
Մանկութիւն, պատանեկութիւն եւ կրթութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հասան Նասրալլա ծնած է 31 Օգոստոս 1960-ին, Պուրճ Համուտ, Շիա իսլամ ընտանիքէ մը, որ ունէր տասը զաւակ. ան իններորդն է:[7] Իր հայրը՝ Ապտիւլ Քարիմ Նասրալլա ծնած է Պազուրիէի մէջ, որ կը գտնուէր Լիբանանի հարաւը գտնուող Սուր քաղաքին մօտ: Ան պտուղ ու բանջարեղէն կը ծախէր:[8] Մօր անուան մասին տեղեկութիւն չկայ:[8] Հակառակ իր ընտանիքին շատ կրօնամոլ չըլլալուն, Հասան շատ մեծ հետաքրքրութիւն ունէր կրօնագիտութեան հանդէպ: Նախնական ուսման համար կը յաճախէ Ալ-Նաժահ դպրոցը, ապա Սինն Ըլ Ֆիլի պետական վարժարանը:[9][7]
1975-ին, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը կը ստիպէ Նասրալլա ընտանիքը տեղափոխուելու դէպի հօրենական գիւղ` Պազուրիէ: Այն ատեն Հասան Նասրալլա 15 տարեկան էր, ուստի ան իր երկրորդական ուսումը կը ստանայ Սուրի պետական վարժարանին մէջ։ Միաժամանակ, ան կ'անդամակցի Ամալ շարժում շիա իսլամական կուսակցութեան:[9][7][10]
Նասրալլա կ'ուսանի Պաալպէքի շիաներու ճեմարանին մէջ, որ կը հետեւէր իրաքցի Այաթոլլա Մոհամետ Պաքիր Ալ Սատըրի ուսուցումներուն: 1960-ականներուն, այս այաթոլլան կը հիմնէ Իրաքի Իսլամական Տաուա շարժումը:[11]
Ապա, Նասրալլա կը մեկնի Նաժաֆ, Իրաք՝ շիա իսլամական ճեմարանին մէջ շարունակելու համար Իսլամական գիտութիւնը: Սակայն, ան կը ստիպուի Լիբանան վերադառնալ ուսման մէկ բաժինը աւարտելէ ետք՝ 1979-ին, երբ Իրաքի ղեկավար Սատտամ Հուսէյն բազմաթիւ շիա իսլամներ երկրէն կ'արտաքսէր:[7] Արտաքսուող անձերէն են Խոմէյնին եւ Ապպաս Ալ-Մուսաուին:[12] Լիբանան վերադարձէն ետք, ան կ'ուսանէր եւ կը պաշտօնավարէր Ամալ շարժման ղեկավար Ապպաս Ալ-Մուսաուիի դպրոցին մէջ, ապա, կ'ընտրուի Ամալի Պեքաայի ներկայացուցիչ ու կը դառնայ կեդրոնական գրասենեակի անդամ: Նոյն ժամանակաշրջանին, 1980-ին, Սատտամ Հուսէյն սպաննել կու տայ Սատըրը:
Նախնական գործունէութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1982-ի Լիբանանի պատերազմէն ետք, Նասրալլա կ'անդամակցի Հըզպալլայի:[9] 1989-ին, Հասան Նասրալլա կը մեկնի Քոմ, Իրան, ուր ալ աւելի կը մասնագիտանայ կրօնագիտութեան մէջ:[7][13][14]
Նասրալլա կը հաւատայ, որ իսլամութիւնը ամէն տեսակի ընկերային հարցերու լուծումը ունի՝ ըսելով, «Իսլամութիւնը պարզ միայն աղօթելու եւ գովաբանելու կրօնք չէ, այլ անիկա աստուածային խօսք մըն է՝ ուղղուած համայն մարդկութեան, անիկա կրնայ պատասխանել անձի մը բոլոր ընդհանուր եւ անձնական հարցումներուն: Իսլամութիւնը կրօնք մըն է ընկերութեան մը, որ կրնայ պայքարիլ եւ համայնք մը կազմել»:"[9]
1991-ին, Նասրալլա կը վերադառնայ Լիբանան եւ կը դառնայ Հըզպալլաի ղեկավարը, երբ Մուսաուի՝ նախկին քարտուղարը, կը սպաննուի հրէական օդանաւի մը միջոցով:[15] Այդ ժամանակամիջոցին, Նասրալլա իր կնոջ՝ Ֆաթիմա Եասսինի եւ իր հինգ զաւակներուն հետ կ'ապրէր Հարաւային Պէյրութի մէջ:[10] Սեպտեմբեր 1997-ին, իր անդրանիկ որդին՝ Մուհամետ Հատին Իսրայէլի զինուորներու դէմ կռիւի ընթացքին կը նահատակուի, Լիբանանի հարաւը գտնուող Ժապալ Ալ-Ռաֆէի մէջ քոմանտոյական գործողութենէ մը ետք:[10][16]
Հըզպալլայի ղեկավարութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1992-ին, Մուսաուիի սպաննութենէն ետք, Նասրալլա կը դառնայ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը:[9][10] Իր ղեկավարութեան ժամանակ, Հըզպալլա մեծ հրթիռներ կը գնէ: Այսպիսով անոր կարելի կ'ըլլայ Իսրայէլի հիւսիսը հարուածել, հակառակ անոր, որ Իսրայէլ այդ ժամանակ կ'իշխէր հարաւային Լիբանանին վրայ։ 1993-ին, Իսրայէլ գործողութեան մը կը ձեռնարկէ: Գործողութեան ընթացքին, Լիբանանի մէջ փլուզումներ տեղի կ'ունենան: Բայց, ի վերջոյ, Իսրայէլ Լիբանանի վրայ իր յարձակումները կը դադրեցնէ, ինչպէս նաեւ Հըզպալլա կը համաձայնի հիւսիսային Իսրայէլի վրայ յարձակումները կասեցնել:
Բայց, կարճ ժամանակ ետք, հակամարտութիւնները կը վերսկսին: 1996-ին, Իսրայէլ կը ձեռնարկէ Զայրոյթի խաղողի գործողութեան՝ փակելով լիբանանեան բոլոր կարեւոր քաղաքները եւ ռմբակոծելով սուրիական զինուորական կեդրոնը: 16 օրուան յարձակումներէն ետք, Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ զինանադադարի համաձայնագիր կը ստորագրուի: Սակայն, այս համաձայնութիւնն ալ երկար չի տեւեր:
Իսրայէլի մէջ, շատ կ'արծարծուէր հրէական ուժերուն Լիբանանի մէջ մնալուն հարցը, որովհետեւ յստակ էր, թէ Հըզպալլա պիտի չդադրեցնէր հրթիռներու արձակումը Իսրայէլի վրայ։ Հարաւային Լիբանանի մէջ ծանր կորուստներէ ետք, հրեայ քաղաքագէտներ կը սկսին վիճիլ, թէ այս պատերազմը կրնայ վերջ գտնել միայն, երբ Իսրայէլ նահանջէ Լիբանանէն: 2000-ին, անոնք կը քաշուին Լիբանանէն: Անկէ ետք, Հարաւային Լիբանանի բանակը, որ կը հովանաւորուէր Իսրայէլի կողմէ կ'անցնի Հըզպալլայի հրամատարութեան: Այդ բանակի անդամներէն մէկ մասը կը փախչի դէպի Իսրայէլ, սակայն մեծ թիւ մըն ալ կը բռնուի Հըզպալլայի կողմէ: Այս յաջողոթիւնը Հըզպալլայի համբաւը կը բարձրացնէ Լիբանանի եւ իսլամական աշխարհին մէջ:[9]
Նասրալլա Լիբանանի եւ արաբական աշխարհի կողմէ կը նկատուի Հարաւային Լիբանանի մէջ Իսրայէլ-Լիբանան պատերազմին Լիբանանի յաղթանակ բերողը: Այս մէկը կը նպաստէ կուսակցութեան մակարդակի բարձրացման Լիբանանի մէջ:[17]
Նասրալլա մեծ դեր կը խաղայ 2004-ի Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ բանտարկեալնեու փոխանակման մէջ, ինչ որ պատճառ կը դառնայ բազմաթիւ լիբանանցիներուն եւ պաղեստինցիներու ազատ արձակման, ինչպէս իր որդիին, որ կը վերադառնայ Լիբանան: Այս համաձայնութիւնը արաբական աշխարհին կողմէ կը նկատուի փառաւոր յաղթանակ Հըզպալլաի համար եւ Նասրալլա անձնապէս կը գովաբանուի իր ձեռք ձգած նուաճումներուն համար:[18]
Լոնտոնի մէջ գտնուող Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ թերթի Դեկտեմբերի թիւին մէջ կ'ըսուի, թէ Օգոստոս 2007-ին կազմակերպութեան զինուորական թեւին հրամանատարութիւնը կը յանձնուի Նասրալլայի փոխանորդին՝ Նայիմ Քասըմին:[19] Հըզպալլա կը հերքէ այս լուրը՝ ըսելով, որ այս մէկը շարժումին ժողովրդականութիւնը կը տկարացնէ:[20]
Հոկտեմբեր 2008-ին, Հաշիմ Սաֆի Ալ-Տին՝ իր զարմիկը, կը նշանակուի Նասրալլայի յաջորդը՝ իբրեւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար:[21]
Ազգային հոսանք կուսակցութեան հետ հասկացողութեան յուշ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Նասրալլա բանակցութիւններ կը սկսի վարել Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախկին ղեկավար եւ այժմ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի հետ: Հըզպալլա կը խոստանայ իր զէնքերը վար առնել, երբ իր բանտարկեալները եւ Շըպաայի ագարակները վերադարձուին: Նասրալլա նաեւ կը համաձայնի Հարաւային Լիբանանի բանակի անդամները ներել եւ ազատ արձակել: Իր կարգին, Ազգային ազատ հոսանքը կ'աշխատի Լիբանանի խորհրդարանի ընտրութեան ձեւը փոխելու համար եւ ուղղելու դէպի «մէկ անձ, մէկ քուէ»-ի ուղղութեամբ:[22] Ըստ քննադատներու կարծիքներուն, Հըզպալլայի զէնքերու յանձնումին համաձայնութիւնը այդքան ալ յստակ չէ եւ այս մէկը կը նպաստէ Հըզպալլայի զօրութեան ու անոր ոչ շիա երեսին:
2006-ի Իսրայէլ-Լիբանան պատերազմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2006-ին կը սկսի Լիբանանի պատերազմը, երբ Հըզպալլա իսրայէլեան սահմաններուն մէջ կը ձեռնարկէ յարձակումի մը, որու ընթացքին զոհ կ'երթայ 3 հրեայ զինուոր եւ կ'առեւանգուի 2 զինուոր:[23] Ռմբակոծումներու ժամանակ, հրեաները կ'ուզեն հարուածել Հըզպալլայի դիրքերը, ինչ որ պատճառ կը դառնայ մեծ մասով շիա իսլամներով բնակուած Հարաւային Պէյրութի ահաւոր քանդումին: 3 Օգոստոս 2006-ին, Նասրալլա պատկերասփիւռէն արտասանած իր ճառին մէջ կը յայտարարէ, թէ պիտի ռմբակոծէ Թել Աւիւը ի վրէժ հրեաներու Պէյրութի ռմբակոծումերուն՝ ըսելով, «Եթէ ռմբակոծէք Պէյրութը, իսլամական ընդդիմադիր ուժերը պիտի հարուածեն Թել Աւիւը եւ այս մէկը անոնք Աստուծոյ օգնութեամբ կրնան ընել»: Ան կ'աւելցնէ, որ Հըզպալլա կը վնասէ իսրայէլցի զօրքերը:[24]
Պատերազմի ժամանակ, Նասրալլա կարգ մը արաբական երկիրներու կողմէ կը քննադատուի, ինչպէս Յորդանանի, Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ կողմէ: Յորդանանի Ապտիւլլա Բ. թագաւորը եւ Եպիպտոսի նախագահ Հոսնի Մուպարաքը կը զգուշացնեն 14 Յուլիսին՝ ըսելով, որ այս քայլը շրջանը ենթակայ կը դարձնէ վտանգի, ինչ որ չի նպաստեր արաբական երկիրներու շահին, իսկ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար իշխան Սէուտ Ալ-Ֆայսալ այս յարձակումները կը նկատէ անսպասելի, անպատշաճ եւ անպատասխանատու՝ աւելցնելով, որ այս քայլը շրջանը նահանջի կը մղէ, ինչ որ անընդունելի է մեզի համար:[25]
Նասրալլա շատ մեծ քննադատումներու առարկայ կը դառնայ նաեւ Լիբանանի մէջ։ Յառաջդիմական ընկերվարական կուսակցութեան ղեկավար եւ Լիբանանի մէջ Տրուզ համայնքի ամէնէն ազդեցիկ անձերէն Ուալիտ Ժոմպլաթ կ'ըսէ. «Շա՛տ լաւ, ուրեմն ան հերոս մըն է, բայց կ'ուզեմ իր հերոսութիւնը փորձել: Իրաւունք ունիմ ընելու, քանի որ երկիրս կրակի մէջ է: Ուրիշ բան մըն ալ, մենք չհամաձայնեցանք»:[26] Ան կ'աւելցնէ. «Ան կ'ուզէ Լիբանանի մայրաքաղաքը այրել, երբ կը պայքարի յանձնուելու դէմ»:
Ըստ իրանցի լրագրող Ամիր Թահերիի, պատերազմին կը յաջորդէ «Կանաչ ջրհեղեղ»-ը (Ալ-Սայլ ալ-ախտար): «Ասիկա կը վերաբերի մեծ գումարներուն, զորս Հըզպալլա բաժնած է պատերազմէն ազդուած Պէյրութի եւ հարաւի քաղաքացիերուն: Այդ դրամները Իրանէն Պէյրութ կը հասնին Սուրիոյ ճամբով եւ կը բաժնուին կռուողներուն միջոցով: Այն անձը, որ կրնայ իր տան քանդումին մասին տեղեկութիւն հաղորդել, կը ստանայ 12,000 ամերիկեան տոլար՝ բաւական մեծ գումար մը Լիբանանի համար՝ պատերազմէն ազդուելէն ետք»:[27]
27 Օգոստոս 2006-ին Նիու Թիւի պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Նասրալլա կ'ըսէ, որ եթէ գիտնար, թէ 2 իսրայէլցի զինուորներու առեւանգումը պատերազմ պիտի պայթեցնէր, ան այս հրահանգը չէր տար: «Մենք չկասկածեցանք, նոյնիսկ 1 առ հարիւր, որ առեւանգումը այս ժամանակ եւ այս ուժգնութեամբ պատերազմի դուռ կը բանար: Ես համոզուած ու վստահ եմ, որ այս պատերազմը նախապէս ծրագրուած է եւ զինուորներու առեւանգումը իրենց պատճառաբանութիւնն է պատերազմը պայթեցնելու, բայց եթէ գիտնայի 11 Յուլիսին, որ գործողութիւնը պատերազմի պիտի մղէ, արդեօք պիտի ուզէի՞ ընել: Կ'ըսեմ ո՛չ, վստահ ո՛չ»:[28][29]
Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]25 Մայիս 2013-ին, Նասրալլա կը յայտարարէ, որ Հըզպալլա իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմին ընդդէմ ծայրայեղ իսլամներուն եւ կը խոստանայ, որ իր խումբը պիտի չարտօնէ սուրիացի զինեալներու Լիբանանի սահմանամերձ քաղաքներու վրայ իշխել:[30] Ան կը հաստատէ, որ Հըզպալլա կը կռուի Սուրիոյ Քուսայր քաղաքին մէջ՝ Սուրիոյ ազգային բանակի կողքին:[30] Պատկերասփռուած ճառերէն մէկուն ընթացքին ան կ'ըսէ, թէ եթէ Սուրիան իյնայ ԱՄՆ-ի,Իսրայէլի եւ թաքֆիրիներու ձեռքը, ժողովուրդը շատ սեւ օրերու դէմ յանդիման կը գտնուի:"[30]
Յուլիս 2014-ին, Նասրալլայի եղբօր կամ քրոջ որդիներէն մէկը կը սպաննուի Սուրիոյ մէջ՝ կռիւի ընթացքին:[31]
Իր կարծիքը համաշխարհային քաղաքականութեան մասին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2000-էն առաջ Լիբանանի վրայ Իսրայէլի գերիշխանութեան մասին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Ինչպէ՞ս կրնանք մեր երկրին մէջ հրէական իշխանութեան վերջ տալ: Կ'անդրադառնանք Պաղեստինի, Արեւմտեան պանքի, Ղազայի, Ղոլանի եւ Սինայի մէջ։ Կու գանք այն եզրակացութեան, որ մենք չենք կրնար վստահիլ Արաբական Լիկային կամ Միաւորուած Ազգերու Կազմակերպութեան: Զէնք բարձրացնելն ու կռուիլը միակ միջոցն է մեր առջեւ»:[32]
Իսրայէլի եւ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան մասին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 2000-ին, «Տը Ուաշինկթըն փոսթ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ժամանակ, Նասրալլա կ'ըսէ. «Դէմ եմ Իսրայէլի հետ որեւէ տեսակի հաշտութեան, նոյնիսկ «Իսրայէլ» անունով պետութեան մը գոյութիւնը չեմ ճանչնար: Անոր ներկայութիւնը կը նկատեմ անօրէն եւ անարդար: Ճիշդ ասոր համար ալ, եթէ Լիբանան ուզէ խաղաղութեան համաձայնագիր մը ստորագրել այս գծով եւ այս հարցը խորհրդարանին մէջ դրուի, մեր երեսփոխանները կը մերժեն. Հըզպալլա կը մերժէ որեւէ ձեւով հաշտութիւն Իսրայէլի հետ»:[33]
- 26 Մայիս 2000-ին, Իսրայէլի Հարաւային Լիբանանէն դուրս գալէն ետք, Հասան Նասրալլա կ'ըսէ. «Կ'ըսեմ ձեզի, որ «Իսրայէլ» միջուկային զէնքեր ունի եւ շրջանին ամէնէն զօրաւոր օդուժը սարդոստայնէ մը դիւրաբէկ է»:[34][35]
- 2006-ին, Նասրալլա կ'ըսէ, որ Իսրայէլի կործանումէն զատ շրջանի հակամարտութիւններու լուծում չկայ:[36]
- 30 Նոյեմբեր 2009-ին, երբ Հասան Նասրալլա կը կարդայ կուսակցութեան նոր քաղաքական հռչակագիրը, կը յայտարարէ, որ իրենց հարցը Իսրայէլի հետ անոնց հրեայ ըլլալուն պատճառով չէ, այլ անոնց արարքներուն պատճառով, որոնցմով հողեր եւ սրբատեղիներ կը քանդուին:[37]
- 17 Ապրիլ 2012-ին, Ճուլիըն Ասէյնճի հետ պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին, Նասրալլա կ'ըսէ, որ Իսրայէլի պետութիւնը անօրէն է ու անօրէն ալ կը մնայ: Անիկա հիմնադրուած է ուրիշներէն գրաւուած հողերուն վրայ։ Ան կ'աւելցնէ. «Եթէ բռնի ուժով տունդ գրաւեմ, անիկա 50 կամ 100 տարիէն իմ սեփականութիւնս չի դառնար»: Ըստ իրեն, Հըզպալլա չ'ուզեր մէկը սպաննել եւ իսրայէլ-պաղեստինեան հակամարտութեան միակ լուծումը պաղեստինեան հողերուն վրայ հիմնադրութիւնն է ժողովրդավարական պետութեան մը, ուր իսլամները, հրեաներն ու քրիստոնեաները կ'ապրին խաղաղութեամբ, սակայն ԱՄՆ չի ձգեր ժողովուրդին Հըզպալլայի խօսքը մտիկ ընել:[38]
- 2 Օգոստոս 2013-ին, Երուսաղէմի օրուան Նասրալլա կ'ըսէ, որ Իսրայէլ քաղցկեղ մըն է, որ պէտք է ոչնչանայ:[39]
11 Սեպտեմբեր 2001-ի յարձակումներուն եւ ԱՄՆ-ի մասին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Համաշխարհային առեւտրական կեդրոնի աշխատողները ի՞նչ գործ ունին Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող պատերազմին հետ: Ուրեմն, կը դատապարտենք այս եւ նոյնանման արարքները: Փենթակոնի մասին բան մը չեմ ըսած, այսինքն՝ կը մնանք լուռ: Մենք երբեք չենք քաջալերեր այս մէկը կամ դէմ կը դնենք այս մէկուն: Անշուշտ, մենք Ուսամա պըն Լատընի մեթոտը եւ ձեւը չենք գովեր եւ իրենց բազմաթիւ կատարած գործողութիւնները շատ յստակօրէն դատապարտած ենք»:[32]
2008-ի մահափորձի անհիմն տարաձայնութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իրաքեան լրատու աղբիւր «Ալ-Մալաֆ»-ը 15 Հոկտեմբեր 2008-ին կը հաղորդէ, որ Հըզպալլաի ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլա նախորդ շաբաթ թունաւորուած է եւ իրանցի բժիշկներ Լիբանան եկած են զինք բժշկելու: Կը հաղորդուի, որ քիմիական թունաւոր նիւթ մը գործածուած է շիա ղեկավարին դէմ: Մինչեւ իրանցի բժիշկներու ժամանումը, Նասրալլա վատ առողջական վիճակի մէջ էր։ Ալ-Մալաֆ կ'աւելցնէ, որ աղբիւրները կը հաւատան, թէ այս թունաւորումը իսրայէլական մահափորձ մըն է:[40]
Հըզպալլա կը հերքէ այս լուրը: Լիբանանի խորհրդարանի անդամ եւ Հըզպալլաի անդամ Ալ-հաժ Հասան կ'ըսէ. «Այս լուրը սուտ եւ շինծու է: Ճիշդ է, որ շաբաթէ մը ի վեր չեմ տեսած զինք, բայց ան լաւ է»:
Սեպտեմբեր 1997-ին, իսրայէլական Մոսատ խումբը կը փորձէ ահաբեկել Համասի ղեկավար Խալետ Մաշալը՝ ականջին մէջ թոյն կաթեցնելով:[41] Սակայն փորձը կը ձախողի եւ մասնակիցներէն երկուքը կը ձերբակալուին, իսկ երրորդը՝ կը յանձնուի Ամմանի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան: Փետրուար 2008-ին, Հըզպալլաի փոխ-հրամանատար Իմատ Մուղնիահ Դամասկոսի մէջ կ'ահափեկուի: Հըզպալլա Իսրայէլը կը մեղադրէ իբրեւ պատասխանատու, հակառակ որ Իսրայէլ կը մերժէ իր պատասխանատուութիւնը:[42] Նասրալլայի նախորդը՝ Ապպաս Ալ-Մուսաուի իսրայէլեան օդային սարքէ մը կը սպաննուի 1992-ին Լիբանանի մէջ:[43]
Նասրալլայի անհիմն մահափորձի տարաձայնութեան հերքումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]25 Հոկտեմբեր 2008-ին, Հըզպալլա կուսակցութեան պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին, Նասրալլա կը հերքէ մահափորձի լուրը՝ Իսրայէլն ու ԱՄՆ մեղադրելով լուրը շինելուն համար: Ան այս լուրը կը նկատէ Հըզպալլայի դէմ հոգեբանական պատերազմ մը, որ ցոյց տրուի, թէ կուսակցութիւնը ունի ներքին հարցեր եւ մահափորձի թակարդներ:[44]
Ան նաեւ կը բացատրէ, որ եթէ լաւապէս պրպտում կատարուի համացանցին վրայ, ապա ի յայտ կու գայ, որ այս լուրերը հաղորդող կայքերը ամերիկեան եւ իսրայէլեան շահերուն համար կ'աշխատին:
Հասան Նասրալլա կ'աւելցնէ, որ կուսակցութիւնը նախ ի մտի ունէր գրաւոր նամակով մը լուրը հերքելու, բայց երբ լրատու գործակալութիւններ սկսան հաղորդել այս մասին, որոշեցինք պատկերասփռուած հարցազրոյցով մը զայն ընելու եւ այսօր ես հոս եմ ըսելու, որ ես թունաւորուած չէի»:[45]
Ժողովրդական մշակոյթին մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]2006-ի Իսրայէլ-Լիբանան պատերազմի միջոցին, Նասրալլայի մասին երկու երգ յօրինուած է տարբեր գաղափարներով: Լիբանանի Բազէ երգը գրուած է Արեւելեան պանքի եւ Ղազայի մէջ եւ «Եալլա եա Նասրալլա» (Նասրալլայի դէմ) Իսրայէլի մէջ:
2007-ին, լիբանանցի երգիչ Ալաա Զալզալի «Եա Նասրալլա» երգը յօրինած է՝ ի յարգանք Հըզպալլայի կատարած գործերուն: Այլ յարգանքի երգ մըն ալ յօրինուած է Հըզպալլայի համար, այս անգամ լիբանանցի երգիչ Ժուլիա Պութրոսի կողմէ: Այս երգը կը կոչուի «Ահիպպաի», որ կը նշանակէ «սիրելիներս», որմէ Ժուլիա ազդուած էր 2006-ի պատերազմի Նասրալայի ուղղած խօսքէն Հըզպալլայի կռուողներուն:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ IDF says Hezbollah leader Hassan Nasrallah was killed in Beirut strike — 2024.
- ↑ A Hezbollah megerősítette, hogy az izraeli hadsereg támadásában meghalt a vezetőjük — 2024.
- ↑ جيش الاحتلال الإسرائيلي يعلن اغتيال حسن نصر الله — 2024.
- ↑ «Hezbollah»։ cfr.org։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 28 March 2016-ին։ արտագրուած է՝ 19 March 2018
- ↑ ' Russia says Hezbollah, Hamas not terror groups,' The Times of Israel 16 November 2015.
- ↑ Omar Nashabe, 'China’s Ambassador in Lebanon: Hezbollah Arms a Trade Matter,' Archived 2017-01-30 at the Wayback Machine. 4 May Al-Akhbar, 2012
- ↑ 7,0 7,1 7,2 7,3 7,4 Tucker, Roberts
- ↑ 8,0 8,1 Young, 2010
- ↑ 9,0 9,1 9,2 9,3 9,4 9,5 «Profile: Sayed Hassan Nasrallah»։ Al Jazeera։ 17 July 2000։ արտագրուած է՝ 22 April 2013
- ↑ 10,0 10,1 10,2 10,3 «Biographical sketch of Sayyed Hassan Nasrallah: "The Nasrallah Enigma"» (PDF)։ Al Bawaba։ 10 November 2003։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 18 September 2020-ին։ արտագրուած է՝ 22 April 2013
- ↑ O'Dwyer Thomas։ «Hizbullah's ruthless realist»։ Violence and Terrorism 2000, p. 70։ Dushkin/McGraw-Hill, 0-07-031072-6 -"He has lived up to our initial assessment," said an Israeli intelligence source. "He is tough, but more intellectual in a broader sense than Musawi. But he has steered close to Musawi's line and kept good relations with Amal, the Syrians, and [Iran]." The source said Nasrallah has kept an eye on making Hezbollah a legitimate political force as well as a military one.
- ↑ Ehteshami, Hinnebusch
- ↑ «Profiles of key players - Hassan Nasrallah»։ Beirut։ IRIN։ 2006։ արտագրուած է՝ 8 October 2016
- ↑ Thiel Tobias։ «Prophet, Saviour and Revolutionary: Manufacturing Hassan Nasrallah’s Charisma»։ Department of International History։ էջ 7
- ↑ Profile: Sayyed Hassan Nasrallah Archived 2006-09-27 at the Wayback Machine.. CFR Retrieved 8 December 2011.
- ↑ Nahmias Rohee (18 August 2006)։ «Hizbullah: No more clashes with Lebanese army»։ Ynet News։ արտագրուած է՝ 31 January 2013
- ↑ The Brooking Institution – Hezbollah's Popularity Exposes al-Qaeda's Failure to Win the Hearts. Brookings.edu (30 July 2006). Retrieved 8 December 2011
- ↑ «Hizbullah, Vanguard and liberator»։ 4 March 2004։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 15 July 2006-ին։ արտագրուած է՝ 2006-08-09
- ↑ Report: Nasrallah replaced as head of Hizbullah military wing. Ynetnews.com (20 June 1995). Retrieved 8 December 2011.
- ↑ Resistance dismisses 'rumors' of high-level shakeup. The Daily Star (Lebanon). Retrieved 8 December 2011
- ↑ Cohen Dudi (13 October 2008)։ «Nasrallah replacement chosen»։ Ynetnews։ արտագրուած է՝ 7 February 2013
- ↑ Aoun, Michel. (31 July 2006) See History Will Judge Us All On Our Actions. Online.wsj.com. Retrieved 2011-12-08.
- ↑ Myre Greg, Erlanger Steven (13 July 2006)։ «Israelis Enter Lebanon After Attacks»։ The New York Times
- ↑ «Hezbollah threatens to strike Tel Aviv»։ CNN։ 3 August 2006։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 21 August 2006-ին։ արտագրուած է՝ 3 August 2006
- ↑ «Correct the damage»։ 16 July 2006։ արտագրուած է՝ 28 August 2006
- ↑ «Lebanese Druze Leader Walid Jumblatt Accuses Hizbullah, Iran, and Syria for Republic of Lebanon Crisis»։ 20 July 2006։ արտագրուած է՝ 22 April 2013
- ↑ «Hezbollah Didn't Win»։ 25 July 2006։ արտագրուած է՝ 28 August 2006
- ↑ «Hezbollah leader says he never thought capture would lead to war»։ 28 August 2006։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 26 September 2007-ին։ արտագրուած է՝ 28 August 2006
- ↑ «Hassan Nasrallah: Leader of Shiite terrorist organization, Hizbullah»։ Haaretz։ 31 July 2006
- ↑ 30,0 30,1 30,2 MROUE, BASSEM (25 May 2013)։ «Hezbollah chief says group is fighting in Syria»։ Associated Press։ արտագրուած է՝ 2013-05-25
- ↑ «Hezbollah chief’s nephew ‘killed in Syria’: reports»։ Al Arabiya։ 26 July 2013։ արտագրուած է՝ 11 October 2014
- ↑ 32,0 32,1 Wright, Robin. "Inside the Mind of Hezbollah." The Washington Post. 16 July 2006. 18 November 2006.
- ↑ «Sayyed Hassan Nasrallah Q&A: What Hezbollah Will Do»։ The Washington Post։ 20 February 2000։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 1 November 2005-ին։ արտագրուած է՝ 8 August 2006
- ↑ Goldberg Jeffrey (14 October 2002)։ «In The Party Of God»։ The New Yorker։ արտագրուած է՝ 7 July 2009
- ↑ Passner Deborah (26 July 2006)։ «Hassan Nasrallah: In His Own Words»։ CAMERA
- ↑ Markus Andrew (15 July 2006)։ «Little choice for a defiant Israel»։ The Age (Melbourne)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 13 October 2007-ին։ արտագրուած է՝ 30 July 2006
- ↑ Hezbollah cuts Islamist rhetoric in new manifesto". "Reuters. Retrieved 8 December 2011.
- ↑ «Nasrallah to Assange: Hezbollah talked to Syria opposition; we want dialogue, US & Israel want civil war»։ RT։ 17 April 2012։ արտագրուած է՝ 31 January 2013
- ↑ «Pressed on Syria, Hezbollah Leader Urges Focus on Israel»։ New York Times։ 2 August 2013
- ↑ «Nasrallah survives poisoning attempt»։ The Jerusalem Post։ 22 October 2008։ արտագրուած է՝ 21 December 2008
- ↑ «Fury at Israeli assassination threat»։ BBC։ 16 March 1998։ արտագրուած է՝ 21 December 2008
- ↑ Yoav Stern (22 October 2008)։ «Hezbollah chief poisoned, Iranian doctors saved his life»։ Haaretz։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 3 November 2008-ին։ արտագրուած է՝ 21 December 2008
- ↑ Dominic Waghorn (23 October 2008)։ «title»։ Sky News։ արտագրուած է՝ 21 December 2008։ «His predecessor Abbas al Musawi was killed in an Israeli airstrike in southern Lebanon in 1992.»
- ↑ Nasrallah denies poison attack. AlBawaba. Retrieved 8 December 2011.
- ↑ Nasrallah denies poisoning reports. Ynetnews.com (20 June 1995). Retrieved 8 December 2011.
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Tucker Spencer C., Roberts Priscilla (2008)։ The Encyclopedia of the Arab-Israeli Conflict: A Political, Social, and Military History [4 volumes]: A Political, Social, and Military History։ ABC-CLIO։ ISBN 978-1851098422
- Young Michael (2010)։ The Ghosts of Martyrs Square: An Eyewitness Account of Lebanon's Life Struggle։ Simon and Schuster։ ISBN 978-1439109458
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Bergman, Ronen. "The Fall of Hezbollah’s Leader." Bloomberg. 24 June 2013.
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- "The Multilingual Website of Sayyed Hassan Nasrallah" Archived 2017-06-10 at the Wayback Machine. Updated source of contents related to him in 31 languages. Its archive is being completed from the link below:
- "The Multilingual Page of Sayyed Hassan Nasrallah" Archived 2017-10-19 at the Wayback Machine.
- "Hizballah: A Primer", Lara Deeb, 31 July 2006
- "Inside the Mind of Hezbollah", Washington Post, 16 July 2006.
- Nasrallah: Israel temporary country YNET
- "Seyyed Hasan Nasrallah's Autobiography", Ya Lesarat Ol-Hoseyn (Tehran), Federation of American Scientists Intelligence Resource Program, 10 August 2006
Ճառեր եւ հարցազրոյցներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Nasrallah's Sun Video Archived 2021-06-25 at the Wayback Machine.
- Speech given on 26 May 2008 Archived 8 December 2008 at the Wayback Machine.
- Video Clip of Speech given on 14 August 2007 Եություպի վրայ
- Interview on 11 August 2007 Archived 22 February 2007 at the Wayback Machine.
- Interview with Al-Jazeera on 20 July 2006 Archived 27 August 2006 at Archive.is
- Speech on 8 August 2006 Archived 22 February 2012 at the Wayback Machine.
- Speech on 3 August 2006 Archived 26 August 2006 at the Wayback Machine.
- Speech on 31 July 2006 Archived 28 August 2006 at Archive.is
- Speech on 14 July 2006 Archived 25 August 2006 at Archive.is
- Speech on 8 March 2005 Archived 20 August 2006 at Archive.is
- Video Clip of Victory Speech on 22 September 2006
- Interview with Al-Jazeera
- The Beirut File: An Interview with Hassan Nasrallah by Mahir Tan Archived 2006-04-30 at the Wayback Machine. (May 2003)
|