Jump to content

Քրիսթոֆըր Քոլոմպոս

Քրիսթոֆըր Քոլոմպոս
Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "lang-lij" does not exist։
Ծննդեան անուն լատ.՝ Christophorus Columbus
Ծնած է ոչ վաղ քան 25 Օգոստոս 1451 եւ ոչ ուշ քան 31 Հոկտեմբեր 1451
Ծննդավայր Գենուա, Ջենովայի Հանրապետություն[1][2]
Մահացած է 20 Մայիս 1506[3][4][5][…]
Մահուան վայր Վալիատոլիտ, Կաստիլիայի թագավորություն, Քասթիլիա եւ Լիոն[2]
Քաղաքացիութիւն  Ջենովայի Հանրապետություն
Կրօնք Հռոմի Կաթոլիկ եկեղեցի
Ազդուած է Փիեռ Տալի, Փաուլօ Տալ Փոզօ Թոսքանելլի, Քլաուտիոս Պտղոմէոս, Մարքօ Փոլօ եւ Ճոն Մանտէվիյ
Մասնագիտութիւն Ճանապարհորդ, հետազօտող, ծովագնաց, ծովային ճանապարհորդ, ճանապարհորդ, գիւտարար
Վարած պաշտօններ Հնդիկներու կառավարիչ[6] եւ Հնդիկներու փոխարքայ
Անդամութիւն Հարաւային Ամերիկան գրաւող սպանացի նուաճողներ
Ամուսին Ֆիլիփա Մոնիզ Փերեզթրելլօ
Ծնողներ հայր՝ Տոմինիքօ Քոլոմպոս[7], մայր՝ Սուզաննա Ֆոնթանարոզա[7]
Երեխաներ Ֆերտինանտ Քոլոմպոս եւ Տիէկօ Քոլոմպոս[7]
Ստորագրութիւն

Քրիսթոֆըր Քոլոմպոս (Ճենովայի բարբառով՝ Christoffa Corombo, սպ.՝ Cristóbal Colón, լատ.՝ Christophorus Columbus, 25 Օգոստոսէն մինչեւ 31 Հոկտեմբեր 1451-20 Մայիս 1506), իտալացի ծովագնաց, գաղութատէր եւ հետազոտող։ Ատլանտեան ովկիանոսի ճամբով անոր ճամբորդութիւնները եւրոպացիներուն համար բացած են նոր աշխարհ մը՝ Ամերիկան։

Ըստ մասնագէտներու, Քոլոմպոս ծնած է Ճենովա, թէեւ անոր ծննդաւայրին մասին կան նաեւ այլ տեսութիւններ։ Christopher Columbus անուանումը լատիներէն Christophorus Columbus-ի անգլերէնն է։ Բուն անունը ճենովայի լեզուով (Լիկուրական առոգանութեամբ) Christoffa[8] Corombo[9] եղած է։ Իտալերէն՝ Cristoforo Colombo, փորթուկալերէն՝ Cristóvão Colombo (նախկինին Christovam Colom), սպաներէն՝ Cristóbal Colón-ի։

Հետեւելով Երկիր մոլորակին գնդաձեւութեան մասին հին ուսմունքին եւ ժամանակի գիտնականներուն կողմէն երկրագունդի չափերուն սխալ հաշուարկումներուն՝ Քոլոմպոսի ծրագիրին մէջ տեղ կը գտնէ Հնդկաստան տանող ամէնէն կարճ ճամբան։ 1492-ին դուրս կու գայ Պալոսի նաւահանգիստէն (3 նաւերով) եւ, կտրելով Ատլանտեան ովկիանոսը, 12 Հոկտեմբերին (կը համարուի Ամերիկայի յայտնագործման պաշտօնական օրը) կը յայտնագործէ Պահամեան կղզիախումբի Սան Սալվատոր կղզին։

Յայտնագործութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Քրիստոֆըր Քոլումպոսի տունը Ճենովայի մէջ, ուր ան մեծցած է: Տունը հաւանաբար աւերուած է 1684 -ին, Ճենովայի ռմբակոծութեան ատեն:

Ուսումնասիրելով Քուպա կղզիին հիւսիս-արեւելեան ծովափին մէկ մասը եւ Հայիթի կղզին՝ Քոլոմպոս կը վերադառնայ Քասթիլիա (1493)։ 1493-1504-ին Քոլոմպոս երեք ճամբորդութիւն եւս կը կատարէ դէպի Ամերիկայի ափերը, զոր ան կ'ընդունի իբրեւ Հնդկաստան, իսկ տեղացիները՝ հնդիկներ։ Այդ ճամբորդութիւններուն ընթացքին Քոլոմպոս կը յայտնաբերէ Մեծ եւ Փոքր Անտիլեան կղզիախումբերը, Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի՝ Հոնտուրասի, Նիքարակուայի, Քոսթա Ռիքայի եւ Փանամայի Քարիպեան ափերը, կը հասնի մինչեւ Օրինոքոյի արեւմտեան բազուկին գետաբերանը։ Սակայն ան առաջինը չէր, որ Եւրոպայէն Ամերիկա հասած էր. անոր կը նախորդէին նորվեկացիները՝ Լէյֆ Էրիքսընի առաջնորդութեամբ, որոնք Քոլոմպոսէն 500 տարի առաջ ժամանակաւոր աւան մը կառուցեր էին L'Anse aux Meadows-ի մէջ[10]: Քոլոմպոսի Հիսփանիոլայ կղզիին վրայ աւան մը ստեղծելու իր քանի մը փորձերուն, ան անձնապէս կը նախաձեռնէ սպանական գաղութացման ընթացքը, որ կը նախորդէր «Նոր Աշխարհի» ընդհանուր Եւրոպական գաղութացման։ («Նախաքոլոմպական» եզրը ընդհանրապէս կը գործածուի Ամերիկայի մարդոց եւ մշակոյթներուն՝ նախքան Քոլոմպոսի եւ իր եւրոպացի յետնորդներու ժամանման վերաբերելու համար):

Իր նախնական 1492-ի ճամբարը տեղի կ'ունենայ ազգային կայսերականութեան աճման եւ զարգացող ազգ-երկիրներու տնտեսական մրցութեան վերելքին ատեն, որոնք առեւտրական երթուղիներու հիմնադրումէն եւ գաղութացումէն հարստութիւն կ'որոնէին։ Այս հասարակաքաղաքական շրջանին, Քոլոմպոսի հեռաձիգ կանխագիծը կը շահի Սպանիոյ Իզապէլ թագուհիին ուշադրութիւնը։ Երկիրին շրջագիծը խիստ թերագնահատելով, ան կ'ենթադրէր, որ Իպերիայէն Օսթ Ինտիա տանող արեւելեան երթուղին աւելի կարճ եւ ուղիղ պիտի ըլլայ քան Արաբիայէն անցնող ցամաքային երթուղին։ եթէ ատիկա ճիշդ ըլլար, ապա իրաւունք կու տար Սպանիոյ՝ մտնել շահութաբեր համեմունքի առեւտուրին մէջ, որ մինչ այդ արաբներու եւ իտալացիներու ձեռքն էր։ Իր գծած ընթացքին հետեւելով, ան փոխարէնը Պահամեան կղզիներուն մէջ վայրէջք կը կատարէ տեղ մը, զոր կ'անուանէ «Սան Սալվատոր»։ Հիւսիսային Ամերիկեան կղզին Արեւելեան Ասիոյ հետ շփոթելով, անոր բնակիչները կ'անուանէ «հնդիկներ» (Indios)։

Քոլոմպոսի յայտնագործութիւնները համաշխարհային պատմական նշանակութիւն կ'ունենան. անկէ ետք էր, որ ամերիկեան ցամաք կ'ընդգրկուի մարդկութեան աշխարհագրական պատկերացումներուն մէջ, կը սկսի Աշխարհագրական մեծ յայտնագործութիւններու դարաշրջանը, եւ հիմը կը դրուի գաղութային տէրութիւններու յառաջացման։

12 Հոկտեմբեր 1492-ին, Քոլոմպոսի Ամերիկայի մէջ վայրէջքը կը նշուի իբրեւ Քոլոմպոսի Օր. ի բացառութիւն ԱՄՆ Միացեալ նահանգներուն, ուր անիկա կը նշուի Հոկտեմբերի Երկրորդ երկուշաբթի օրը։ Այսօր մենք չենք կրնար երկրագունդը պատկերացնել առանց Ամերիկայի եւ Խաղաղական Ովկիանոսին։ Մինչդեռ ԺԵ. դարու վերջին Եւրոպայի մէջ անոնց գոյութեան մասին ոչ ոք գիտէր։ Ահա այդ օրերուն էր, որ ծագումով իտալացի Քոլոմպոս գիտէր ինչպէս հասնիլ Հնդկաստան եւ յայտնագործել անիկա, բայց երկար տարիներ պայքարելէ, նուաստացումներէ ու յուսախաբութիւններէ ետք կը յաջողի համոզել Սպանացի թագաւորները, որոնք ոսկիի ու հարուստ հողերու մեծ կարիքը ունէին։ 1492-ին Սպանիոյ Պալոս քաղաքէն դուրս կու գան նաւարկութեան 3 առագաստանաւերով։

Բաց ովկիանոսը կը սարսափեցնէր նաւարկողները։ Օրերը իրարու կը յաջորդէին, իսկ շուրջը միայն անծայր ու ամայի ովկիանոս էր։ Ան կը քաջալերէր վհատուած նաւաստիները, անոնց խոստանալով ոսկի ու զանազան համեմունքներ։ Բայց ի վերջոյ կը դադարին անոր հաւատալէ եւ վճռական պայման կը դնեն, որ եթէ 3 օրէն ցամաք չտեսնեն՝ ետ պիտի դառնան։ Քոլոմպոս հարկադրուած կը համաձայնի։

Այդ ժամկէտը աւարտելու վրայ էր, երբ գիշերուան ժամը 2:00-ին վերջապէս կը լսուի հերթապահին ճիչը «Ցամա՞ք։ Ցամա՞ք կը տեսնեմ»։ Անիկա փոքր կղզի մըն էր։ Քոլոմպոս զայն կ'անուանէ Սան Սալվատոր։ Անոր կը յաջորդեն Քարիպեան ծովուն կղզիները՝ երանաւէտ Քուպան, չքնաղ Հայիթին եւ շատ ու շատ կղզիներ։ Նաւաստիները առաջին անգամ ըլլալով կը տեսնէին պղինձակարմրամորթ, գեղեցիկ ու բարձրահասակ մարդիկ, բոյսեր՝ որոնք չէին աճեր Եւրոպայի մէջ՝ գետնախնձոր, եգիպտացորեն, ծխախոտ։ Քոլոմպոս կը կարծէր, թէ Հնդկաստան հասած է, այդ մարդիկը կ'անուանէ հնդիկներ։

Ան կը կարծէր, թէ ինք յայտնագործած էր սոսկ Հնդկաստան տանող արեւմտեան ճանապարհը,եւ ոչ թէ անյայտ ցամաքամաս մը։ Կեանքին վերջին միայն երրորդ եւ չորրորդ նաւարկութիւններէն ետք ան կը սկսի կասկածիլ, թէ անիկա «ուրիշ աշխարհ» մըն է։

1506-ին Քոլոմպոս կը մահանայ։ Ու թէեւ Ամերիկան այդպէս կը կոչուի մէկ այլ ծովագնացի մը Ամերիկացի Վեսփուչիի անունով, սակայն Քոլոմպոս կը մեծարուի իբրեւ Ամերիկայի առաջին յայտնագործող, խիզախ ու անվեհեր ծովագնաց մը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Union List of Artist Names — 2011.
  2. 2,0 2,1 Պատմության արքայական ակադեմիա — 1738.
  3. Valerie I.J. Flint Encyclopædia Britannica
  4. Encyclopédie Larousse en ligne
  5. Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  6. https://www.newworldencyclopedia.org/entry/Christopher_Columbus
  7. 7,0 7,1 7,2 7,3 7,4 7,5 Pas L. v. Genealogics — 2003.
  8. Rime diverse, Pavia, 1595, p.117
  9. Ra Gerusalemme deliverâ, Genoa, 1755, XV-32
  10. http://www.pc.gc.ca/lhn-nhs/nl/meadows/index_e.asp Archived 2008-12-16 at the Wayback Machine. Գանատայի Զբօսայգիներ - L'Anse aux Meadows Գանատայի Ազգային Պատմական Վայր (անգլերէն)