Jump to content

Քեֆալոնիայի հայերը

Քեֆալոնիա կղզին․ Յոնիական Ծով, Յունաստան

Քեֆալոնիա (Յունաստան) կղզիին մէջ հայերու ներկայութիւնը կարճատեւ եղած է։ Անոնց ներկայութիւնը 25 տարի տեւած է (1923-1948

Քեֆալոնիա ժամանում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1922 թուականի Սեպտեմբերին, առաջին հայ գաղթականները Կալիփոլի կամ՝ Կէլիպոլէն (արեւելեան Թրակիա, Թուրքիա) կղզին կը հասնին։ Կը յաջորդէ «էվրոս» նաւը 2 000 գաղթակններով, որոնցմէ 1 500 հայեր են։

Համայնքին ստեղծումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին հերթին հայերը համայնքի կը վերածուին․ իրենց հետ Քեֆալոնիա հասած երկու հայ հոգեւորականներուն հետ համայնքը կը կազմակերպեն եւ սկիզբներուն եկեղեցական արարողութիւններուն համար կը գործածեն յունական Այիա Փարասքեւի եկեղեցին եւ ապա «կը ստեղծեն» իրենց հոգեւոր վայրը, Արղոսթոլիի մաքսատան դիմացը։  Այս ձեւով կը պահեն իրենց ինքնութիւնը, միութիւնը եւ սովորութիւնները։  Լեզուի դժուարութիւնն ալ (յունարէն) դեր կը խաղայ անոնց առանձնանալուն։

Առաջին շաբաթներու, ամիսներու շուարած վիճակէն ելլելով հայ գաղթականներուն մեծամասնութիւնը կղզիէն կը սկսի մեկնիլ․ շատեր արտասահման, իսկ մեծ մասը  Յունաստանի այն վայրերը, ուր հայերու մեծ զանգուածներ հաստատուած են՝ Քոքինիա, Աթէնք ․․․։

Կ՛արժէ հոս ակնարկել Կէլիպոլէն ժամանած հայ գաղթականներուն պատմութիւնը։ Կէլիպոլի հայութիւնը կ՛իմանայ թէ թուրքերուն քաղաք հասնիլը ժամերու հարց է, անմիջապէս կը կազմակերպուի եւ մեկնումի ատեն իր հետ կը փոխադրէ Սուրբ Թորոս եկեղեցւոյ սպասները։ Կէլիպոլի նաւահանգիստէն մեկնող ֆրանսական նաւուն մէջ մտնելով կը փրկուի։ Նաւը երբ Արղոսթոլի կը հասնի, նաւուն պատասխանատուները կ՛իջեցնեն հայ գաղթականները։ Անոնք, աւելի ուշ, Փիրէայի Քոքինիոյ եւ Աթէնքի Տուրղութիի շրջանները կը տեղափոխուին։ Մանրամասն պատմութիւնը կարդալ հոս [1]

Արղոսթոլի կը մնան մօտ 50 ընտանիք։ Գաղթականները արհեստով ընդհանրապէս երկաթագործ, ոսկերիչ, դերձակ, որմադիր, ժամագործ են։ Անոնց «անորոշ» հպատակութիւնը լաւ աչքով չի դիտուիր տեղացիներէն։ Սակայն, հայերը իրենց աշխատութեամբ արագօրէն կը շահին տեղացիներուն յարգանքը։ Տնտեսապէս լաւ վիճակի հասնողները, կը ստանան յունահպատակութիւնը։

Համայնքին նոսրացումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հոկտեմբեր 1940-ին, Բ․ Համաշխարհային Պատերազմը երբ կը ծագի, Քեֆալոնիա մնացած հայերուն կեանքի պայմանները կը դժուարանան․  ռմբակոծումներ, անգործութիւն, ուտելիքի պակաս, անօթութիւն։ Կղզիին մէջ կը ծագին նաեւ գաղափարական - դասակարգային ընդհարումներ, որ կը տարածուին նաեւ հայերուն մէջ։

Պատերազմի աւարտին, այդ փոքրաթիւ հայերէն շատեր Սովետական Հայաստան կը մեկնին, իսկ շատեր ալ՝ Արժանթին։

Հայ որբերու ժամանումը Քեֆալոնիա

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1922ին, մի­ջազ­գա­յին մար­դա­սի­րա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րը մօտաւորապէս 8 000 հայ որ­բեր կը փո­խադրեն ­Յու­նաս­տան։ Անոնք կը խնամուին Յունաստանի տարածքին գտնուող զանազան հաստատութիւններու մէջ։ Քեֆալոնիա կը հասնին 314 հայ որբեր, որոնք յաջորդող 1-2 տարուայ ընթացքին կը փոխադրուին ուրիշ շրջաններ եւ շատեր ալ ուրիշ երկիրներ։

[2] [3][4][5]


Քոքինիոյ հայկական գաղութը

Սելանիկի հայկական գաղութը

Քերքիրայի հայերը

Կորնթոս՝ Հայերու ներկայութիւնը Կորնթոս

Փաթրայի հայերը

Սիրոս․ Հայ որբերը եւ Near East Relief Որբանոցը

Արսէն Պալեան

Կորնթոս

Ամենուն Տարեգիրք, 1960, Կարօ Գէորգեան

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «ԹԲԱ | Եւրոպա | Սբ. Թորոսի գանձեր/Կալիփոլի - GR :: Houshamadyan - a project to reconstruct Ottoman Armenian town and village life»։ www.houshamadyan.org։ արտագրուած է՝ 2020-07-31  Յուշամաատեան․  Սբ. Թորոսի գանձերը, Կալիփոլիէն Գոքինիա – «․․․․գաղթի ճամբան կը բռնէ։ Անոնց առաջին հանգրուանը կ՚ըլլայ Քեֆալոնիա կղզին։ Աւելի ուշ,․․․», Հեղինակ՝ Վահէ Թաշճեան, 10/06/20
  2. armenianportal -Քեֆալոնիային հայկական գաղութը, 5-6-2014. Աղբիւր՝ Արմենիքա պարբերաթերթ(յունարէն)[permanent dead link]
  3. «KEFALONIA TODAY. Քեֆալոնային հայերը, 11-1-2014, Δημητρία Φωκά(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-10-31-ին։ արտագրուած է՝ 2020-07-31 
  4. Յոնիական Ծովուն ափերը, Քեֆալոնիա(յունարէն)
  5. «Ասպարէզ - «Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցի Աննախընթաց Նպաստը Հայոց Ցեղասպանութեան Գաղթականներուն Եւ Որբաշխարհին», բժ․Կարպիս Հարպոյեան, 23-4-2014»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2020-08-09-ին։ արտագրուած է՝ 2020-08-04