Jump to content

Փիեռ Օկիւսթ Ռենուար

Փիեռ Օկիւսթ Ռենուար
ֆրանսերէն՝ Pierre-Auguste Renoir
ֆրանսերէն՝ Auguste Renoir
Ծննդեան անուն ֆրանսերէն՝ Pierre Auguste Renoir
Ծնած է 25 Փետրուար 1841(1841-02-25)[1][2][3][…]
Ծննդավայր Լիմոժ, Օտ-Վյեն[4][5]
Մահացած է 3 Դեկտեմբեր 1919(1919-12-03)[6][1][7][…] (78 տարեկանին) կամ 17 Դեկտեմբեր 1919(1919-12-17)[8] (78 տարեկանին)
Մահուան վայր Քայնը Սիւռ Մեր
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա[9][10][4]
Ուսումնավայր Փարիզի Գեղարուեստի Բարձրագոյն Դպրոց
Զուիցերիական կաճառը
Երկեր/Գլխաւոր գործ Սեւազգեստ երիտասարդուհիներ, Երկու քոյրերը, Օթեակը, Մակոյկով պտտողներուն նախաճաշը եւ Գորտնոցը
Տեսակ դիմանկար, Մերկ պատկերներ[4], դիցաբանական գեղանկարչութիւն[4], Բնանկար[4], Անիմալիստիկա?[4], Մարդապատկեր[4], Կենցաղային ոճ[4], ծովանկար[4], դիմապատկեր[4], հոգևոր արվեստ?[4] եւ լուռ բնութիւն[4]
Մասնագիտութիւն գեղանկարիչ, քանդակագործ, նկարազարդող, նկարիչ-փորագրող, գծագրիչ, գծագրող, գծանկարիչ, porcelain painter
Անդամութիւն Ֆրանսական հայրենիքի Դաշնակցութիւն
Ամուսին Ալին Շառիկօ
Երեխաներ Փիեռ Ռենուար, Ժան Ռենուար?[11], Քլոտ Ռենուար, Լուսիան Պիսօն (կ՛ենթադրուի) եւ Ժանն Թռէ(հ)օ
Ստորագրութիւն

Փիեռ Օկիւսթ Ռենուար (25 Փետրուար 1841(1841-02-25)[1][2][3][…], Լիմոժ, Օտ-Վյեն[4][5] - 3 Դեկտեմբեր 1919(1919-12-03)[6][1][7][…] կամ 17 Դեկտեմբեր 1919(1919-12-17)[8], Քանյը Սիւռ Մեր[12][5]), Ֆրանսացի աշխարհահռչակ գեղանկարիչներէն մէկը: Տպաւորապաշտութեան impressionnisme շարժման հիմնադիրներէն, նկարչութեան ապստամբ գաղափարներով (այդ տարիներուն համար)։ Եղած է նաեւ քանդակագործ, վիմագրիչ, ներկամատիտի նկարիչ, փորագրիչ եւ գծագրիչ։

Կերպարանական նկարիչ, հետաքրքրուած ընդհանրապէս կենդանագրերու եւ մերկ կանացի նկարչութեամբ։ Կը կերպաւորէ ներկելու այնպիսի ինքնատիպ ձեւ մը, որ կը գերազանցէ իր սկզբնական շրջանի ունեցած ազդեցութիւններուն՝ Ֆրակոնար, Քուրպէ Gustave Courbet, Մոնէ Claude Monet եւ իտալական որմանկար։ Նաեւ կը հետեւի Վերածնունդի մեծ աւանդութեան, մասնաւորաբար Թիցիանօ Tiziano դպրոցինը, երբ 1881 թուականին Իտալիա կ՛այցելէ։

Իր գործը կը յատկանշեն գոյներուն ջերմութիւնը, գորովը եւ պատկերներէն բխող՝ ուրախ կենցաղ մը։

Կեանքին 60 տարուան ընթացքին, ստեղծած է մօտաւորապէս 4․000 պատկերներ։[13][14]

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փիեռ Օկուստ Ռենուար, ծնած է 25 Փետրուար, 1841, Ֆրանսայի Լիմոժ քաղաքը, բազմազաւակ (թիւով՝ եօթը) ընտանիքի վեցերորդ զաւակն է։ Հայրը՝ Լէոնառ Ռենուար դերձակ էր իսկ մայրը՝ Մարգրիտ Մեռլէ՝ դերձակուհի։

1844, ընտանիքին տնտեսական վիճակին բարելաւման նպատակով, Փարիզ կը փախադրուին։ Կը հաստատուին rue de la Bibliothèque թիւ՝ 16։ 1855 , ընտանիքը կը տեղափոխուի Argenteuil փողոց, թիւ 23։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ թաղի դպրոցին մէջ։

Ռենուար - գործ՝ Ֆրետերիք Պազիլ, 1867թ․

Փարիզ, Օկուստ 13 տարեկան հասակին «Lévy Frères & Compagnie» ընկերութեան յախճապակի զարդարող աշխատանոցին մէջ կ՛աշակերտէ։ Իսկ երեկոները կը յաճախէ Գծագրութեան եւ զարդային արուեստի Դպրոցը․ մինչեւ 1862։ Միաժամանակ, երաժշտութեան դասերու կը հետեւի, ունենալով ուսուցիչ՝ Շառլ Կունօ․ վերջինս կը նշմարէ ուսեալ եւ օժտեալ Ռենուար աշակերտը։

Տպաւորապաշտութեան սկզբնական քայլեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1858, 17 տարեկանին, որպէսզի ապրուստը ապահովէ հովահարներ կը ներկէ եւ կնքանշաններ կը գունաւորէ իր փորագրիչ եւ զինանշանագէտ եղբօր Հենրիին համար։

1862, կը յաջողի Փարիզի Գեղարուեստի Դպրոցի École des Beaux-Arts de Paris մուտքի քննութիւններուն։ Կը մտնէ Շառլ Կլէյրի Charles Gleyre աշխատանոցը, ուր Քլոտ Մոնէի Claude Monet, Ֆրետերիք Պազիլին Frédéric Bazille եւ Ալֆրետ Սիսլէյին Alfred Sisley կը հանդիպի։ Ամուր բարեկամութիւն մը կ՛առաջանայ այս չորս երիտասարդներուն միջեւ․ անոնք յաճախ նկարելու համար Ֆոնթէնպլոյի անտառը forêt de Fontainebleau կ՛երթան (հետագային անոնք պիտի կոչուին՝ տպաւորապաշտներ): Իրենց գործերը սկիզբին հեգնութեան պատճառ կ՛ըլլան եւ անոնց մուտքը Փարիզի հռչակաւոր «Սալոն»ը Salon ընդհանրապէս կ՛արգիլուի։ Օրապահիկի համար, Ռենուար, պարբերաբար կը նկարէ եւ գործերը կը ցուցադրէ «Արտաքսուածներու Սալոն»ը կոչուած սրահի մը մէջ։ Ուսուցիչին՝ Շառլ Կլէյր, հետ կապերը հետզհետէ կը խանգարուին եւ երբ ան թոշակի կ՛ելլէ 1864, Ռենուար դպրոցը կը ձգէ։ Նոյն թուականին, իր առաջին գործը՝ Էսմերալտա l’Esméralda մեծ յաջողութեանբ կը ցուցադրուի, սակայն ան, ցուցադրութենէն ետք, զայն կ՛ աւրէ։

«Տպաւորութիւն․ արեւածագը» - Impression, soleil levant Քլոտ Մոնէ

1865, Ռենուարին երկու գործեր կ՛ընդունուին եւ կը ցուցադրուին Փարիզի «Սալոն»ին մէջ․ «Ուիլիամ Սիսլէյի կենդանագիր»ը Portrait de William Sisley եւ «Ամառուան իրիկուն»ը:

«Ուիլիամ Սիսլէյի կենդանագիրը - Portrait de William Sisley». գործ Ռենուար

Այդ տարիներուն, Ռենուարին ընկերուհին եւ բնորդը Լիզ Թրէ(հ)օն է Lise Tréhot։ Ան, 1867 , կը կենայ իբրեւ բնորդ «Լիզ հովանոցին տակ» նկարին համար, ու երբ պատկերը կը ցուցադրուի 1868, Էմիլ Զոլա Émile Zola երիտասարդ լրագրողին գովական քննադատութիւններուն կ՛արժանանայ։ Սակայն, ընդհանուրին մէջ քննադատութիւնները գէշ են եւ լրագրութեան էջերէն ծաղրանկարներ կը հրատարակուին, օրինակ՝ Պերթալինը Bertall։

Այս շրջանին, Ռենուար կը բնակի Քռուազի սիւռ Սէն Croissy-sur-Seine շրջանը։ Բացօթիայ ժողովրդային վայր եւ բախտորոշ՝ անոր կեանքին համար․ ան կը փոխէ երանգապնակ ու ոճ։ Կը սորվի լոյսով խաղալ, սեւ գոյնը չգործածել շուքի համար։ Այսուհետեւ կը սկսի Ռենուարի նկարչութեան տպաւորապաշտ շրջանը։ Մոնէ կը նախընտրէ տեսարաններ նկարել եւ Ռենուարը՝ տիպարներ։ 1870 - 1871 Ֆրանսագերմանական կամ՝ Ֆրանսափրուսական guerre franco-allemande de 1870 - guerre franco-prussienne պատերազմի ընթացքին, Ռենուար կը կանչուի ծառայել հեծելազօրքին․ յաջորդաբար Պորտօ Bordeaux եւ Թառպ Tarbe քաղաքները կը ներկայանայ։ Ծանրօրէն կը հիւանդանայ եւ կը մտնէ Պորտոյի հիւանդանոցը։ 1871 Մարտ ամսուան ընթացքին կ՛ապազինուի եւ Փարիզ կը վերադառնայ։ Հոն կ՛իմանայ իր բարեկամներէն՝ Ֆրետերիք Պազիլին մահուան լուրը։

1873 իր Նոթր Տամ տէ Շամփ փողոցին rue Notre-Dame-des-Champs վրայ գտնուող աշխատանոցը կը ձգէ եւ կը տեղափոխուի աւելի ընդարձակի մը, փողոց Սէն Ժոռժ rue Saint-Georges։ Իսկ, 1876 համեստ աշխատանոց մը կը վարձէ թիւ 12 Քոռթօ փողոցին վրայ rue Cortot (1960 Մոնմարթի musée de Montmartre - Jardins Renoir թանգարան կը դառնայ)։

Ռենուար - «Կարկանդակի ջաղացքին Պարը - Bal du Moulin de la Galette »․ կը գտնուի Օռսէյի թանգարանը

1874 , տպաւորապաշտ նկարիչներու առաջին ցուցադրութեան Ռենուար կը ցուցադրէ եօթը գործեր։ Յաջողութիւն չեն ունենար եւ ծաղրանքի առարկայ կը դառնան։

  • տպաւորապաշտ անունը կ՛ որակուի 1872 Մոնէի «Տպաւորիչ՝ արեւածագը» Impression, soleil levant նկարէն։

1876 տպաւորապաշտ նկարիչներու երկրորդ ցուցադրութեան Ռենուար կը ցուցադրէ 15 գործեր․ հանրութեան անդրադարձը՝ դրական է։

1878 տպաւորապաշտ նկարիչներու երրորդ ցուցադրութեան համար, Ռենուար կը ցուցադրէ իր գլուխ-գործոցը՝ «Կարկանդակի ջաղացքին Պարը» Bal du Moulin de la Galette (կը վերջացնէ 1877 Մոնմարթ)։ Նկարը կը գնէ տպաւորապաշներու մեկենաս՝ Կուստաւ Քայպոթ Gustave Caillebotte։ Իսկ «Տիկին Ժոռժ Շառփանթիէ եւ զաւակները» Madame Charpentier et ses enfants նկարը, մեծ գնահատանքի կ՛արժանանայ։

Այս ժամանակաշրջանի գլխաւոր գործերը

Դասական նկարչութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
«Մակոյկով պտտողներուն նախաճաշը» Le Déjeuner des canotiers ,1880-1881

1880 ական թուականներուն Ռենուար կ՛ապրի թշուառութեան մէջ․ նկարած գործերը չի կրնար ծախել։ Այդ պատճառաւ, կ՛որոշէ այլեւս տպաւորապաշտ բարեկամներուն հետ որեւէ գործ չցուցադրել եւ վերադառնալ Փարիզի «Սալոն»ը․ միակ ճամբան դէպի ճանաչում։

«Սուրճը» Le Café 1878թ․

1878 «Սալոն»ին մէջ կը ցուցադրէ «Սուրճը» Le Café եւ շնորհիւ «Տիկին Ժոռժ Շառփանթիէ եւ զաւակները» նկարին, կը սկսի ճանցուիլ եւ նկարներու ապսպրանքներ ունենալ։ Ռենուարին աչքին, իր արուեստը դրական բնոյթ կ՛առնէ․ ա'լ աւելի կը փնտռէ լոյսին ազդեցութիւնը, դրոշմուած հակադրութիւնները, ընդգծուած շրջագիծերը․ օրինակ՝ «Մակոյկով պտտողներուն նախաճաշը» Le Déjeuner des canotiers գործին մէջ 1880-1881 թ․ (հակառակ անոր թէ դեռ գործը շատ մօտ է 1870-ական թուականներու նկարածներուն)։ Այս նկարին մէջ կը նկատուի Ռենուարին նոր սիրուհին եւ բնորդը՝ Ալին Շառիկօ Aline Charigot։ Կ՛ամուսնանան 1890։

1881 - 1883 թուականներուն կը կատարէ հետաքրքրական ճամբորդութիւններ․-

  • Հարաւային Ֆրանսա, ուր Փօլ Սեզանին կը հանդիպի,
  • Հիւսիսային Ափրիկէ (Մարոք եւ Ալճերիա)․ կը ներշնչուի տեսարաններ եւ բազմաթիւ գործեր կը ստեղծէ,
  • Սպանիա, Մատրիտ, ուր Տիեկօ ՎԵլասկեսին Diego Velázquez կը հանդիպի,
  • Իտալիա։ 1880 թուականէն արդէն, տարբերելու խայծը Ռենուարին պատած է։ Ու երբ Ֆլորանսի եւ Վատիկան մէջ յաջորդաբար մօտէն կը տեսնէ Թիցիանոյի գործերը եւ Վատիկանի «Ռափայէլին Սրահներ»ուն մէջ հսկայ որմանկարները, կը զգայ թէ տպաւորապաշտութեան հետ վերջացած է, ոչինչ ունի տալիք․ անելի մը մէջ բանտարկուած կը զգայ։ Կ՛որոշէ ստեղծել յաւիտենական արուեստ մը եւ աւելի «լուրջ»․ նոյնիսկ կը հաւատայ, թէ չի գիտեր նկարել։ 1982, կը ճանչնայ Ռ․ Վակներ աշխարհահռչակ յօրինողին վերջինին Փալերմօ տան մէջ։ Վակներին դիմանկարը եռեսունհինգ վայրկեանի մէջ կը նկարէ։
Էաուա․ տուն - աշխատանոցը

1885 կը բախտաւորուի մանչ զաւակով մը․ կը ձգէ ընթացքի մէջ եղող նկարները եւ մայրութեան նկարներու ստեղծման կը նուիրուի։

Ռենուար ստեղծագործական «կեանքին» կը վերադառնայ «Լոգանք առնող կիներ» Les Grandes Baigneuses գործով, 1887։ Սակայն ժխտական քննադատութիւններու կ՛ենթարկուի։ Նոյնիսկ զայն մոլորուած, խենթացած կ՛որակեն։

Այս շրջանին, Ռենուարի նկարելու ոճը խիստ, պաղ ու կծող գոյներով կը յատկանշուի։

1888, սիրուհին եւ բնորդը՝ Ալին Շառիկօ, զայն կը համոզէ մեկնիլ եւ ճանչնալ իր ծննդավայրը՝ Էսուա Essoyes։ Ռենուար, հետեւեալ գիրը կը գրէ Պերթ Մոռիսօ բարեկամին․- «Champagne -ի մէջ գիւղական կեանք կ՛ապրիմ, որպէսզի հեռու մնամ սուղի նստող Փարիզի բնորդներէն։ Գետեզերքին՝ լուացքով կը զբաղիմ։»։

Այս ժամանակաշրջանի գլխաւոր գործերը

Սատափայլի եւ ճանաչման տարիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1890-էն մինչեւ 1900 երկարող տասնամեակին ընթացքին, Ռենուար նկարելու ոճը կրկին կը փոխէ։ Տպաւորապաշտ եւ խիստ ոճի խառնուրդ մըն է նորը, օրինակ՝ «Երկու աղջիկ դաշնակի վրայ» Jeunes filles au piano գործը․ այս նկարը ֆրանսական պետութիւնը կը գնէ 1892 եւ զայն կը ցուցադրէ Փարիզի Լիւքսենպուրկի թանգարանին մէջ musée du Luxembourg, 1892թ․։

1884 կը ծնի Ժանը։ Ռենուար կրկին մայրութեան մասին կը նկարէ։ Փոքրիկ Ժանին եւ հետագային եկող մնացեալ զաւակներուն հոգ տանող եւ ստնտու Կապրիէլ Ռենար Gabrielle Renard կը դառնայ Ռենուարին մուսան եւ նոր բնորդը։

1896 թուականին, առաջին անգամ ըլլալով բնակարանի տէր կը դառնայ։ Էսուա ծննդավայրին մէջ տուն մը կը գնէ եւ ընտանիքը բոլոր ամառները, մինչեւ Ռենուարին մահը, հոն կը հաւաքուի։ Նաեւ զբօսանքի՝ խաղերու, փիք-նիքի, ձկնորսութեան, լողի զբօսավայր մըն է։

Այս տասնամեակին նաեւ Ռենուարին գործը կը ճանցուի․ քննադատութիւնը դրական է։ Իր նկարները կը ծախուին, յատկապէս Ամպռուազ Վոլար Ambroise Vollard եւ Փօլ Տիւրան-Ռիւէլ Paul Durand-Ruel վաճառականներէն։ Պետութիւնը զայն կ՛առաջարկէ պատուել Պատուոյ Լեգէոն Շքանշանով Légion d'honneur․ կը մերժէ, սակայն աւելի ուշ կ՛ընդունի։

«Աւլողը» La Balayeuse 1899
Մոնէ

1897 հեծիկ ընելու ատեն կ՛իյնայ եւ աջ ձեռքը կը կտրէ։ Առողջութիւնը կը վատթարանայ։ Յօդացաւերը կը սաստկանան եւ կամաց-կամաց քալելէ կը հրաժարի, 1905 (մարմնին մէջ աճած յօդացաւերը արդէն 1892 թուականէն սկսած էին լրջօրէն խանգարել Ռենուարին առողջութիւնը)։

1899 բարեկամներէն՝ Ալֆրետ Սիսլէյ կը մահանայ։ Մոնէ, նիւթապէս նեցուկ կանգնելու համար իրենց մահացած ընկերոջ ընտանիքին, նկարներու վաճառք մը կը կազմակերպէ։ Ռենուար վաճառքին կը նուիրէ «Աւլողը» գործը։

Ռենուար, բազմաթիւ ֆրանսացի մտաւորականներու, արուեստագէտներու նման, օրինակ՝ Էտկար Տեկա Edgar Degas, Ժոզէ Մարիա Տը Հերեդիա José-Maria de Heredia, Ժիւլ Վերն Jules Verne, Վինսան Տ՛ Ենտի Vincent d'Indy, Ժիւլ Լիոմեդր Jules Lemaître մաս կը կազմէ «Ֆրանսական հայրենիքի Դաշնակցութիւն» Ligue de la patrie française քաղաքական կազմակերպութեան (կ՛առաջանան Տրէյֆուս հարցէն Affaire Dreyfus ետք, եւ տասնամեակներ ետք փաստուեցաւ թէ քարոզչութեան, լրտեսութեան եւ դատական խաղ մըն էր)։

1903 ընտանեօք Քանյը սիւռ Մեռ Cagnes-sur-Mer կը փոխադրուին (Միջերկրական ծովուն մօտերը)․ շրջանին կլիման աւելի նպաստաւոր է Ռենուարի առողջութեան համար։ Ռենուար, արեւմտեան կողմը գտնուող բլուրի մը վրայ տարածուող դարաւոր ձիթենիներով լեցուն հսկայ հողատարածք մը կը գնէ, որպէսզի հողամասը չիյնայ ոեւէ պատահական գնողի մը ձեռքը․ կը հիանար ձիթենիներուն շուքի մթութեան (1907 ընտանիքին բնակարանն ալ կը կառուցուի)։

Հոն կ՛ապրի ընտանիքին հետ։ Ռենուարին բարեկամներն ալ յաճախ կ՛այցելեն․ կ՛օգնեն առօրիային, կտաւներուն եւ նկարելու կերպերու պատրաստութեան։ Այս շրջանին գործերը յատկապէս դիմանկարներ, մեռեալ բնութիւն, առասպելական տեսարաններ եւ մերկ կերպարանքներ են։

Ռենուար ճանցուած արուեստագէտ մըն է այլեւս։ Աշխարհի ամէն կողմ գործերը կը ցուցադրուին՝ Եւրոպա, Ա․Մ․Ն․, «Փարիզի աշնանային Սալոն»ներուն Salons d'automne։ Նկարչութեան նոր մեթոտներ (ձեւեր) կը փորձէ։ Նաեւ կը սկսի քանդակագործել, հետեւելով իր նկարներուն վաճառական՝ Ամպռուազ Վոլարի քաջալերանքին, հակառակ անոր թէ ձեռքերը ձեւազեղծուած են polyarthrite rhumatoïde-ի պատճառաւ։ Անոր մատներուն եղունգները խրուած են ձեռքի ափերուն միսին մէջ եւ հանածոյէ նուրբ վիրակապիկներ ձեռքերը կը պաշտպանեն․ կ՛ըսուի թէ ասկէ յառաջ եկած է «ներկելու վրձինին» առասպելը։

Այս ժամանակաշրջանի գլխաւոր գործերը

Ռենուար «Venus Victrix» 1913-1915թ.
«Քոքօին կիսանդրին» Buste de Coco 1908թ․

20-րդ դարու առաջին տարիներէն իսկ, Ռենուար կը հետաքրքրուի քանդակագործութեամբ։ 1913 - 1918 թուականներուն կը գործակցի Ռիշառ Կինօ Richard Guino երիտասարդ քանդագործին հետ եւ միասնաբար կը ստեղծեն գլուխ-գործոցներ․ Vénus Victrix, le Jugement de Pâris, la Grande Laveuse, le Forgeron։

Սակայն վերոնշեալ գործակցութեան արդիւնք քանդակագործութիւնները, դատական ատեան կը հասնին 1965 ստեղծողին իրաւունքին համար․ Ռիշառ Կինոյի զաւակին՝ Միշել Կինօ, կողմէն։ Վերջապէս 1971 տարիներ մանրամասն քննութիւններէ, ուսումնասիրութիւններէ, բազմաթիւ արուեստագէտներ լսելէ ետք, դատարանը կը հանգի եզրակացութեան եւ վերոնշեալ գործերը Ռիշառ Կինօին կը վերագրէ։ Դատարանին այս որոշումը 1973 կը հաստատուի նաեւ Փարիզի Բեկանումի Ատեանին Cour de cassation կողմէն։

Ռենուար կը դադրեցնէ Կինօին հետ գործակցութիւնը եւ այս անգամ կը գործակցի Լուի Մոռել Louis Morel (1887-1975) քանդակագործին հետ։ Միասնաբար կը ստեղծեն «Թրծուած հողերը» les terres cuites, երկու գործեր «Պարուհին» տիտղոսով Danseuses եւ «Սրինգ նուագողը» Joueur de flûteau։

Ռենուար՝ հայրը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լիզ Թրէ(հ)ոյին հետ կապէն, կը ծնին երկու զաւակներ․ Փիեռ, 14 Սեպտեմբեր 1868, որ հազիւ երեք շաբթուան կեանք կ՛ունենայ եւ Ժան-Մարգրիտ, ծնած 21 Յուլիս 1870 (կը մահանայ 8-6-1934

Ալին Շառիկոյին հետ կ՛ունենայ երեք զաւակներ։ Փիեռ Ռենուար Pierre Renoir, դերասան (1885-1952), Ժան Ռենուար Jean Renoir ժապաւէններ իրագործող եւ արտադրիչ (1894-1979), Քլոտ Ռենուար Claude Renoir կամ՝ Քոքօ Coco բրուտագործ (1901-1969

Կեանքին վերջին տարիները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1915 թուականին, կողակիցը՝ Ալին կը մահանայ։ Զաւակներէն Փիեռ եւ Ժան ծանրօրէն կը վիրաւորուին Ա․ Համաշխարհային Պատերազմին ընթացքին, սակայն կը բուժուին։

Ռենուար կը շարունակաէ աշխատիլ ու ստեղծել մինչեւ իր մահը՝ 3 Դեկտեմբեր, 1919 թ․։ Նախապէս այցելած է Լուվրի թանգարանը։ Բնակարանին պատուհանին գտնուող ծաղկեփունջը կ՛ըլլայ անոր վերջին նկարը։[15][16][17][18][19][20][21][22][23][24][25][26][27][28]

Ռենուար կոչուեցաւ երջանկութեան նկարիչը, որովհետեւ իր նկարներուն ընդմէջէն հանրութեան (պարզ ժողովուրդէն մինչեւ բարձր խաւերը) ընծայեց կենդանութիւն, կեանքի, երջանկութեան յոյս։

Սկիզբնական շրջանին խստօրէն քննադատուեցաւ, սակայն վերջ ի վերջոյ անոր արուեստը ճանցուեցաւ եւ Ֆրանսայի սահմաններէն դուրս ելաւ։

Ֆրանսայի կարգ մը դպրոցներ անոր անունը կը կրեն։ Ծննդավայրին մէջ, Լիմոժ, դպրոցական համալիր մը կոչուած է իր անունով, նաեւ՝ մահացած շրջանին մէջ՝ Քանյը Սիւռ Մեր։ Նոյնպէս՝ Լա Ռոշ սիւռ Իոն, Ֆեռիեռ ան Կատինէ, Անսիեռ սիւռ Սէն, Շաթու - Իվլեն, Անճեռ, Փարիզ՝ արուստի դպրոց մը։

Ռենուարին էսուայի բնակարանն ու աշխատանոցը եւ Քանյը Սիւռ Մեր բնակարանն ու աշխատանոցը թանգարաններու վերածուեցան։[28][29][30][31][32][33][34][35][36][37][38]

  • Ռենուար․ «Կեանքն ու արուեստը» - Ճանիս Անտերսըն Janice Anderson, ա․ հրատարակութիւն՝ Մեծն Փրիտանիա, 1994 թ․, իսկ յունարէնի հրատարակութիւն ΜΙΝΩΑΣ ՏՊ․, 1994
  • Ռենուար․ «Նկարիչը, կեանքը եւ գործը» Renoir Un peintre, une vie, une œuvre - Ed Belfond, 1987

Եորղոս Եաքովիտիս

Փոլ Կօկէն

Վան Կոկ

Ռամպրանտ վան Ռէյն

Տիէկօ Ռիվերա

Տէլաքրուա

Ռենուար

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
  2. 2,0 2,1 Auguste Renoir
  3. 3,0 3,1 Pierre Auguste Renoirministère de la Culture.
  4. 4,00 4,01 4,02 4,03 4,04 4,05 4,06 4,07 4,08 4,09 4,10 4,11 4,12 4,13 RKDartists
  5. 5,0 5,1 5,2 5,3 5,4 Կերպարվեստի արխիվ
  6. 6,0 6,1 6,2 Renoir, Auguste // The Enciclopædia Britannica — 12 — London, NYC: 1922. — Vol. XXXII Pacific Ocean Islands to Zuloaga. — P. 268.
  7. 7,0 7,1 7,2 Benezit Dictionary of ArtistsOUP, 2006. — ISBN 978-0-19-977378-7
  8. 8,0 8,1 8,2 https://tritius.kmol.cz/authority/865145
  9. KulturNav — 2016.
  10. Ժամանակակից արվեստի թանգարանի առցանց հավաքածու
  11. Union List of Artist Names — 2021.
  12. 12,0 12,1 Union List of Artist Names
  13. Ռենուարին արուեստին շուրջ (ֆր.)[permanent dead link]
  14. Ռենուար, երջանկութեան նկարիչը(ֆր.)
  15. Օկուստ Ռենուարին կենսագրութիւնն ու գործը․ Rivage de Boheme(ֆր.)
  16. Ռենուար, Bonafoux Pascal,տպ․՝Perrin 2009(ֆր.)[permanent dead link]
  17. Ռենուարի բնակութիւնը Croissy-sur-Seine, 29-6-2019,GUILLAUME RICHARD (ֆր.)
  18. Ռենուար, Nathalia Brodskaya (ֆր.)
  19. Ռենուարի 30 գործերու ցուցակ, LIFOTEAM 12-1-2014 (յունարէն)
  20. Ռենուար հայրս, հեղ․՝ Ժան Ռենուա, տպ․՝ Gallimard, 9-6-1981 հրատարակութիւն(ֆր.)[permanent dead link]
  21. Ազգայնականութիւն եւ Պահպանողականութիւն, "Nationalisme et Conservatisme" Jean Pierre Rioux, ed. Beauchesne, 1977(ֆր.)
  22. Ռենուարի հետքերով - LES TRACES DE PIERRE-AUGUSTE RENOIR DANS LES ARCHIVES(ֆր.)[permanent dead link]
  23. [rchive.org/details/larenaissancedus00reyruoft/page/n12/mode/2up Ֆրանսական նկարչութիւն՝ Դասական զգայնութեան վերածնունդը 19րդ դարավերջերուն Ռոպերթ Ռէյ(ֆր.)]
  24. Թղթակցութիւն՝ Annelies Boonen, rheumatologist (aboo@sint.AZMON)a, Jan van de Rest, president, 13th European congress of rheumatologyb, Jan Dequeker, rheumatologistc, Sjef van der Linden, rheumatologista, համադրող՝ Dr Boonen- Դեկտ․ 1997
  25. «Archive copy»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-06-23-ին։ արտագրուած է՝ 2020-05-05 
  26. Քօղով պարուհին, Ռենուար՝ քանդակագործութիւն 1908թ․(ֆր.)[permanent dead link]
  27. Սրինգով նուագողը-Joueur de flûteau 1918-1919թ.(ֆր.)
  28. 28,0 28,1 Օկիւստ Ռենուար, երջանկութեան նկարիչը(ֆր.)
  29. Օկիւստ Ռենուար - Երկրորդական վարժարան, (ֆր.)
  30. Օկիւստ Ռենուար Ճեմարան, Լիմոժ, (ֆր.)
  31. Օկիւստ եւ Ժան Ռենուար Ճեմարան, Լա Ռոշ սիւռ Իոն (ֆր.)
  32. Փիեռ Օկիւստ Ռենուար, Ֆիլիփ Քրոս Philippe Cros, Pierre-Auguste Renoir, Terrail, 2003, էջ՝ 52-54(անգլերէն)
  33. Օկիւստ Ռենուար Ճեմարան - Ֆեռիեռ ան Կատինէ, (ֆր.)
  34. Շաթու - Իվլենի դպրոցներու ցուցակ (ֆր.)
  35. Օկիւստ Ռենուար Երկրորդական վարժ․ Անճեռ (ֆր.)
  36. Օկիւստ Ռենուար Արուեստի Երկրորդական վարժ․ (ֆր.)
  37. Ռենուարին էսուայի բնակարանն ու աշխատանոցը - այժմ թանգարան(ֆր.)
  38. Ռենուարի Քանյը Սիւռ Մեր բնակարանն ու աշխատանոցը՝ թանգարան

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Ցուցակ՝ Ռենուարի նկարներուն (ֆր.)
  2. Լիմոժ(ֆր.)
  3. Քանյը Սիւռ Մեր(ֆր.)
  4. Ռաֆայէլ, նկարիչը(ֆր.)
  5. Ֆրակոնառ(ֆր.)
  6. Կուստաւ Քուռպէ(ֆր.)
  7. Քլոտ Մոնէ(ֆր.)
  8. Ֆ․ Պազիլ(ֆր.)
  9. Ալֆրետ Սիսլէյ(ֆր.)
  10. Փարիզի գեղարուեստի դպրոցը(ֆր.)
  11. Ֆոնթենպլոյի անտառը(ֆր.)
  12. Շառլ Կլէյռ(ֆր.)
  13. Պեռթալ(ֆր.)
  14. Քռուասի Սիւռ Մեր, համայնք(ֆր.)
  15. Լիզ Թրեհօ(ֆր.)
  16. Մոնմարթի թանգարանը(ֆր.)
  17. Տպաւորապաշտ նկարիչներու ցուցահանդէսը(ֆր.)
  18. 1878թ․ Փարիզի Սալոնը(ֆր.)
  19. Ֆիլիփս հաւաքածոն(ֆր.)
  20. Frédérique Augustine Louise Heyne Frédérique Vallet-Bisson(ֆր.)
  21. Վիքթոր Շոքէ(ֆր.)
  22. Տիեկօ Վելասքես(սպան․)
  23. Ռափայէլին Սրահները, Վատիկան(ֆր.)
  24. la chapelle Sixtine-ի առաստաղը, Վատիկան(ֆր.)
  25. Թիցիանօ(ֆր.)
  26. Էսուա(ֆր.)
  27. Քանյը Սիւռ Մեր, Ռենուարի Թանգարան(ֆր.)
  28. Լիւքսենպուրկի թանգարանը, Փարիզ(ֆր.)
  29. Ժան Ռենուար(ֆր.)
  30. Հայրենիք Ֆրանսայի Դաշնակցութիւն Ligue de la patrie française(ֆր.)
  31. Փարիզի Աշնանային Սալոնը(ֆր.)
  32. Ռենուարին էսուայի բնակարանն ու աշխատանոցը - այժմ թանգարան