Jump to content

Տպաւորապաշտութիւն

Քլոտ Մոնէ, «Տպաւորութիւն․ Արեւածագը»
Քլոտ Մոնէ, «Հովանոցով կինը»
Քամիլ Փիսսարօ, «Մոնմարթի պողոտան» (Boulevard Montmartre à Paris):
Էտկար Տեկա, «Ծաղկեփունջով պարուհին»
Էտկար Տեկա, «Կին՝ բաղնիքին մէջ»:
Մերի Քասատ, «Երեխայի լոգանքը»:

Տպաւորապաշտութիւն (ֆր.՝ Impressionisme< impression - տպաւորութիւն), գեղարուեստի շարժում՝ ԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկիզբին։ Ծագած է ֆրանսական գեղանկարչութեան մէջ, 1860-ական թուականներու վերջաւորութեան եւ 1870-ական թուականներու սկիզբին, որուն ռահվիրաները եղած են՝ Էտուար Մանէ (Édouard Manet), Էտկար Տեկա (Edgar Degas), Քլոտ Մոնէ (Claude Monet), Քամիլ Փիսսարօ (Camille Pissarro), Ալֆրետ Սիսլէ (Alfred Sisley) եւ Օկիւսթ Ռենուար (Auguste renoir

Շարժումին ծագումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տպաւորապաշտութիւն Impressionisme սահմանումը սկսած է գործածուիլ 1874-ին, Փարիզի գեղանկարչութեան ցուցահանդէսէն ետք, ուր կը ցուցադրուի Քլոտ Մոնէի «Տպաւորութիւն՝ Ծագող արեւը» («Impression Soleil levant», 1872, Փարիզ) նկարը։ Պատահականօրէն ընտրուած սահմանումը կ'ընդգծէ շարժման, ոճին էական կողմը՝ յարաշարժ իրականութեան տպաւորութիւններու եւ ապրումներու հետ կապուած պահերուն անմիջական արտացոլումը։ Կը յատկանշէ ԺԹ. դարու Ֆրանսական մշակոյթը։

Փարիզի մէջ, «Պաշտօնական» մշակութային միջավայրը տարածուած է Կաճառի, Երաժշտանոցի եւ Օփերայի խիստ պահպանողական շրջանակներուն մէջ։ Ուրիշ որեւէ երկիրի մէջ «մահացած» կամ «աւանդական» սովորութիւնները այդպիսի ուժ չունին, որքան Ֆրանսայի մէջ։ Բայց եւ ուրիշ որեւէ երկիրի մէջ չկան այնքան մեծ թիւով եւ այնպիսի մոլեռանդ «որոնողներ», մշակութային նորարարներ, որոնք յամառ եւ անձնազոհ են իրենց գործին, ստեղծագործութեան առնչութեամբ եւ կատաղօրէն կը պայքարին իրենց աշխատանքին համար՝ տարիներով մշակելով զայն։

Ֆրանսական Երկրորդ կայսրութեան ժամանակաշրջանին մէջ բնապաշտութեան naturalisme եւ իրապաշտութեան realisme միջեւ պայքար մը կ'ընթանայ։ Այդ պայքարէն կը ծնի տպաւորապաշտութիւնը, որուն սահմանման մեծ ներդրում ունեցած է խորհրդապաշտութիւնը simbolisme։ Այդ պատճառով Քլոտ Տեպիւսիի ամբողջ գործունէութիւնը պայքար մըն է հին ակադեմական սովորութիւններուն դէմ։ Այդ յամառ պայքարը «նոր մշակոյթի»ն համար, Փարիզը կը վերածէ գեղանկարիչներու, բանաստեղծներու եւ երաժիշտներու աշխատանոցի (laboratory) մը։

Պատմութեան ընթացքին զանազան պայմաններու բերումով Ֆրանսայի մայրաքաղաքը կը վերածուի քաղքենիութեան գեղարուեստական կեդրոնի մը։ Օրինակ, ԺԸ. դարուն Փարիզ կը դառնայ հարուստ քաղքենիներու եւ պալատականներու իւրայատուկ կեդրոն՝ իր ծաղկող մշակութային «սալոններով»․ երաժիշտներ, բանաստեղծներ, գեղանկարիչներ եւ փիլիսոփաներ իրենց գեղարուեստական գաղափարներու ձեւաւորման համար համապատասխան միջավայր մը կը գտնեն այդ «սալոն»ներուն մէջ։ Այն ատեն ալ պայքարը նոր եւ հին գաղափարներու միջեւ յաճախ սուր բնոյթ կը կրէր։ Այդ իսկ պատճառով Փարիզը այն ժամանակին ծանօթ աշխարհի գեղարուեստի կեդրոնը կը դառնայ։ Հոն լայնատարած գեղարուեստական մեկենասութիւնը մեծ թիւով արուեստագէտներ կը գրաւէ։

Երրորդ հանրապետութեան ընթացքին նորարար արուեստագէտները չէին ցանկար որեւէ փոփոխութիւն հասարակական կարգին մէջ։ Անոնք ընդհանրապէս անտարբեր եղած են ժողովուրդի ցած խաւերու ճակատագիրին հանդէպ եւ ընդհանրապէս չեն հետաքրքրուած հասարակութեան բարեկարգման հարցերով։ Անոնք առաջին հերթին կ'ուզէին մարդը ազատել «կեանքին առօրեայէն»՝ զինք մեծարելով գեղարուեստական զգացողութեան «սահմանափակ» աշխարհը, որ ան կը դիտէր իբրեւ «վերին արժէքներ»։ Ֆրանսական մշակոյթի երկու ուղղութիւնները՝ տպաւորապաշտութիւնը եւ խորհրդապաշտութիւնը այդպիսի դեր կ'ունենան։

Տպաւորապաշտութիւնը նոր հայեցողութեան եւ արժեւորման հաստատումն է։ Տպաւորապաշտները կը բռնադատեն ակադեմական նկարչութիւնը։

Անմիջական տպաւորութիւններու եւ լոյսի խաղերու հարստութեան արտացոլումը տպաւորապաշտութեան մէջ կը ծառայէ թափանցելու երեւոյթներու էութեան մէջ, կեանքի ընթացքը, շարժման ներքին ուժերը բացայայտելու նպատակին։ Խորհրդապաշտի լիովին հետեւողական կիրարկումը ոչ միայն սկզբունքային վերադարձ է դէպի բնութիւնը, այլ նաեւ ժամանակակից քաղաքի հակադրութիւններու, առօրեայի, հասարակ մարդու իրական ապրումներու եւ կեցութեան, անոր շրջապատող իրերու գեղեցկութեան նոր մեկնաբանութիւն մը։ Նիւթական աշխարհի օդի եւ լոյսի տարածման, բեկբեկման, տրոհման անգերազանց արտացոլումը տպաւորապաշտութեան մէջ կ'օգտագործուի մաքուր գոյներու տեսաբանական optic համադրումով։ Պատկերման մէջ երանգներու արտայայտիչ ուժը կը հաստատուի անոնց ինքնուրոյն արժէքովը։ Լոյսը կը դառնայ պատկերուող աշխարհի շարժման հիմնական արտայայտիչը։ Տպաւորապաշտները արդէն ԺԹ. դարու 80-90ական թուականներուն կը դառնան լոյսի ու ստուերի, ջուրի խաղին, երկինքն ու ամպերը գեղանկարող միակ վարպետները։ Կը կորսուի հետաքրքրութիւնը մարդոց հանդէպ, կ'անհետանան անհատները, հասարակական իրադարձութիւնները եւ կապերը։

Տպաւորապաշտներու գործերուն մէջ ամբողջ աշխարհը կը վերածուի լոյսի, օդի եւ ջուրի խաղի մը։ Թէեւ բանաստեղծութեան մէջ ոչ յաճախ կը կիրարկեն տպաւորապաշտութեան սահմանումը, սակայն Փոլ Վերլեն (Paul Verlaine) եւ ժամանակակից ուրիշ բանաստեղծներ իսկական տպաւորապաշտներ են իրենց բնագաւառէն ներս։

Տպաւորապաշտութիւնը գրականութեան մէջ նոյնպէս արուեստագէտին անհատական տպաւորութիւններու, զգացումներու եւ ապրումներու մարմնաւորումն է[1]:

Գրականութեան մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Էմիլ Զոլա
Կի Տը Մոփասան

Լայն է տպաւորապաշտութեան ոճի ազդեցութիւնը տարբեր երկիրներու գրականութեան մէջ՝ Էմիլ Զոլա (Émile Zola) ֆրանսացի, Ժ.-Ք. Հիւիսմանս (Joris-Karl Huysmans) ֆրանսացի, Է. եւ Ժ. Գոնկուր Եղբայրներ, Կի Տը Մոփասան (Henri René Albert Guy de Maupassant) ֆրանսացի, Ս. Փրուստ (Ֆրանսա), 0սքար Ուայլտ (Oscar Wilde) Իրլանտացի, Ռոպըրթ Սթիվընսըն (Robert Stevenson) , Ժոզեֆ Քոնրատ (Joseph Conrad) անգլիացի, Եո. Շլաֆ, Ս. Գերգէ, Հ. Բար, Գ. Հաուպտման, Ռէյնըր Մարիա Ռիլք (Rainer Maria Rilke) Գերմանացի, Ք. Համսուն (Knut Hamsun) նորվեկիացի , Ս. Շնիցլեր (Schnitzler) նորվեկիացի, Ա. Չեխով (Anton Chekhov) ռուս, Ի․ Բունին, Ա. Բալմոնտ եւ ուրիշներ։ Այդ գրողներէն շատեր պատկանած են գեղարուեստական այլ ուղղութիւններու։ Իրենց գործը, ձեւաւորուած է նաեւ խորհրդապաշտութեան՝ ստեղծագործական հնարքներով։ Անոնց մէջ կան նաեւ տպաւորապաշտութեան հետեւողական ներկայացուցիչներ։

Հայ գրականութեան մէջ ամենացայտուն խորհրդապաշտը Տիրան Չրաքեանն (Ինտրա) է՝ ստեղծագործութեամբ եւ տեսական հայեացքներով։ Տպաւորապաշտութեան ոճի ազդեցութիւնը կը նկատուի նաեւ Գ․ Զօհրապի, Ս. Զօրեանի, Ակսել Բակունցի պատմուածքներուն մէջ։ Թատրոնէն ներս տպաւորապաշտութեան արտայայտամիջոցները կը կիրարկուին Ա. Անթուանի (André Antoine) ֆրանսացի, Մ. Ռեյնհարտթի (Max Reinhardt) գերմանացի, Վսեվոլոտ Էմիլեւիչի (Vsevolod Meyerhold) Ռուս բեմադրութիւններուն մէջ։ Անոնք աչքի կը զարնեն գործող անձերու եւ բեմական մթնոլորտի վառ, ցայտուն, փութկոտ բնութագրումներով, կերպարներու հոգեբանութեան ներքին գործընթացներու ընդգծուած արտայայտութեամբ[2]։

Երաժշտութեան մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տպաւորապաշտական ուղղութեան երաժշտական ճիւղը կը ձեւաւորուի Ֆրանսա ԺԹ. դարու 80-90-ական թուականներուն։

Աւանդական բազմազան ձեւերու ազատ մեկնաբանումը, քմահաճ, փոփոխական կշռոյթը, նուագախմբային թարմ հնչերանգները, գունապնակային coloristic բռնկումներն ու առկայծումները բնորոշիչը կը դառնան երաժշտական խորհրդապաշտութեան շատ գործերու։

Քլոտ Տեպիւսի

Տպաւորապաշտութեան երաժշտական ճիւղի սկզբնաւորողը եւ մեծագոյն ներկայացուցիչն է Քլոտ Տեպիւսին (Claude Debussy)։ Իսկ տպաւորապաշտութեան կարեւորագոյն հակումներէն կարեւոր բաժին մը կը դրսեւորուի Մ. Ռաւելի (Maurice Ravel), Պ. Տիւկայի (Ֆրանսա), Ա. Կազելայի, Օ. Ռեսփիղիի (Ottorino Respighi) իտալացի, Ֆ. Տելիուսի (Frederick Delius), Ս. Սքոթի (S. Scott) անգլիացի, Ք. Շիմանովսկիի (Karol Szymanowski) Լեհ, վաղ շրջանի տպաւորապաշտ Ստրաւինսկիի (Igor Stravinsky) ռուս, ստեղծագործութիւններուն մէջ։ Երաժշտութեան մէջ Տեպիւսի կը դիմէ նորարար փոփոխութիւններու. կը բանայ նոր ճանապարհ մը՝ դէպի մաքուր հնչիւնի անկախութիւնը, ձայնային ելեւէջներու ներդաշնութեան փոփոխումը դէպի գունապնակային ներդաշնութեան, ուր կարեւոր է ձայնաբոյլին առանձին հնչողութիւնը, անոր առանձին գոյնը։

Բնականաբար, փոփոխման կ'ենթարկուի նաեւ նուագախումբը. անիկա կը դառնայ նոյնքան գունային, որքան եւ անոր ներդաշնութիւնը։ Տեպիւսի կը բերէ անհատական նուագարանի հնչերանգը, գոյն հասկացողութիւնը, կը բնորոշէ իւրաքանչիւր նուագարանի ինքնուրոյնութիւնը նուագախումբին մէջ, կը փոխէ նաեւ կարգ մը աւանդական նուագարաններու գործառութային պատկանելիութիւնը։ Տեպիւսիի երաժշտութիւնը կ'արտայայտէ իրավիճակ, ոչ թէ ընթացք։ Կը ցուցադրէ պատկեր, ակնթարթ, այսինքն՝ տպաւորապաշտական բնորոշ մօտեցում։ Երաժշտական տպաւորապաշտութեան վրայ ներդրում կ'ունենան «Հզօր խմբակ»ին յօրինողներու գունային նուաճումները. Ֆրանսայի, Սպանիոյ եւ արեւելեան երկիրներու ժողովրդական երաժշտութիւնը։ Տպաւորապաշտութեան առանձին կողմերը կ'արտացոլուին Ա. Խաչատրեանի (վաղ շրջան), Ռ. Մելիքեանի եւ Գ. Եղիազարեանի գործերուն մէջ[3]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Հայկական սովետական հանրագիտարան

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]