Jump to content

Տօնածառ (Ս. Ծննդեան Ծառ)

Տօնածառ (Ս. Ծննդեան Ծառ), սովորաբար մշտադալար փշատերեւ ծառ, ինչպէս՝ եղեւին, սոճի կամ արհեստական եղեւին, որ կապուած է Ս. Ծննդեան տօնին հետ, հոսկէ ալ անոր անուանումը, որ յառաջացած է Հիւսիսային Եւրոպայի մէջ:

Մշտադալար եղեւինը սովորաբար գործածուած էր նոյնիսկ հեթանոսական շրջանին հազարաւոր տարիներէ ի վեր`տօնելու համար ձմեռնային փառատօնները: Հեթանոսները անոր ճիւղերը կը գործածէին զարդարելու համար իրենց տուները ձմեռնային արեւադարձին, որովհետեւ անիկա իրենց կը յիշեցնէր գալիք գարունը[1]:

Հռոմէացիներն ալ մշտադալար եղեւիններ կը գործածէին զարդարելու համար իրենց տաճարները Սաթուրնալիա փառատօնին: Մինչ քրիստոնեաները զայն կը գործածեն իբրեւ խորհրդանիշ Աստուծոյ հետ յաւիտենական կեանքի:

Հայաստան

Յստակ չէ, թէ ճիշդ ե՛րբ մշտադալար եղեւինները գործածուած են իբրեւ Կաղանդի ծառեր: Կ'ենթադրուի, թէ այս սովորութիւնը սկսած է մօտաւորապէս հազար տարի առաջ, հիւսիսային Եւրոպայի մէջ:

Կ'ըսուի, թէ անցեալին Կաղանդի ծառերը շղթաներով տանիքէն կախուած են գագաթէն դէպի վար:

Հիւսիսային Եւրոպայի տարբեր շրջաններու մէջ գործածուած են նաեւ բալենիներ կամ ալոճենիի փշոտ թուփէն ճիւղեր, որոնք կը դրուէին թաղարներու մէջ եւ ներս կը բերուէին յոյսով, որ Կաղանդին անոնք ծաղկէին:

Եթէ մարդիկ չէին կրնար իսկական ծառեր ունենալ, անոնք փայտէ բուրգերով ծառ մը կը շինէին եւ զայն կը զարդարէին թուղթերով, խնձորներով ու մոմերով: Երբեմն այս ծառերը կը պտտցնէին տունէ տուն` մէկ տան մը մէջ զետեղելու փոխարէն:

Առաջին անգամ պատմութեան մէջ նշուած Կաղանդի ծառերու գործածութիւնը վիճաբանութեան նիւթ է Էսթոնիոյ Թալին քաղաքին եւ Լաթվիոյ Ռիկա քաղաքին միջեւ: Երկու քաղաքները կը հաստատեն, որ իրենք են առաջին անգամ Կաղանդի ծառերը զարդարողները, Թալին քաղաքը 1441-ին, իսկ Ռիկա քաղաքը 1510-ին: Երկու քաղաքներուն մէջ Կաղանդի ծառը դնողները եղած են Պլաքհետզ եղբայրութեան անդամները, որոնք Լիվոնիա շրջանին (ներկայի Էսթոնիա եւ Լաթվիա) մէջ վաճառականներու, նաւատէրերու եւ օտարներու ընկերակցութեան կը պատկանէին:

Այս առաջին ծառերուն մասին շատ բան ծանօթ չէ: Կ'ըսուի, թէ անոնք կը դրուէին քաղաքին հրապարակը[2]:

Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայի մէջ գոյութիւն ունի յուշատախտակ մը, որուն վրայ փորագրուած է. «Ռիկայի մէջ առաջին Նոր տարուան ծառը 1510-ին» գրութիւնը ութ լեզուներով:

Գերմանիոյ մէջ առաջին Կաղանդի ծառերը զարդարուած էին ճաշակելի զարդարանքներով, ինչպէս` «ճինճըրպրետ» կրկնեփներով եւ ոսկեգոյն խնձորներով: Հետագային է, որ ապակեգործները կը սկսին ապակիէ փոքրիկ զարդեր շինել:

Կ'ըսուի, թէ Գերմանիոյ մէջ, ԺԶ. դարուն, հաւատացեալ քրիստոնեաներ զարդարուած ծառեր կը բերէին իրենց տուները: Ոմանք տօնածառը կը պատրաստէին փայտէ եւ կը զարդարէին մշտադալար բոյսերով, նաեւ` մոմերով: Աստիճանաբար տօնածառի աւանդութիւնը կը տարածուի Եւրոպայի տարբեր երկիրներու մէջ:

Հետզհետէ տօնածառի գաղափարը կը տարածուի աշխարհի չորս ծագերուն, բացի տուներէն, տօնածառեր կը զետեղուին հրապարակներու, եկեղեցիներու բակերու, պարտէզներու, պետական շէնքերու մուտքերուն մէջ եւ այլն…:

Սկիզբը ծառին գագաթը կը դրուէր Յիսուս մանուկին արձանիկը: Ժամանակի ընթացքին ան կը փոխարինուի հրեշտակով, որ հովիւներուն կը պատմէ Յիսուսի մասին, կամ` աստղով մը, երեք մոգերուն տեսած աստղին նման:

Եղեւինը՝ Տօնածառ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անցեալին մարդիկ ծառերը կը զարդարէին` հաւատալով, որ անոնք օժտուած են բարի ուժերով, եւ անոնց մէջ կ'ապրին բարի ոգիներ:

Եղեւին զարդարելու սովորութիւնը յառաջացած է աւելի քան 2000 տարի առաջ: Մշտադալար եղեւինը առանձնայատուկ տեղ գրաւած է բոլոր ծառերուն մէջ: Անիկա խորհրդանշան է կեանքը եւ կեանքի վերածնունդը` մութէն ու խաւարէն:

Շատերու կարծիքով, եղեւինը դրախտին մէջ աճող անմահութեան ծառն է, վառող լոյսերն ու մոմերը` մարդկային հոգիները, իսկ զարդարանքները խորհրդանշական նուիրատուութիւնները:

Անցեալին տարբեր ժողովուրդներ տարբեր ձեւերով կը զարդարէին տօնածառը:

  • Ուքրանիոյ մէջ տօնածառերը կը զարդարէին սարդով եւ սարդոստայնով` որպէս յաջողութեան խորհրդանիշ:
  • Չեխիոյ մէջ տօնածառը կը զարդարէին հաւկիթի ներկուած կեղեւէն պատրաստուած զարդերով:
  • Ճափոնի մէջ քրիստոնեաները փոքրիկ հովահարներ եւ թուղթէ լապտերներ կը կախէին իրենց տօնածառերէն:
  • Լիթուանիոյ մէջ ծառերէն կը կախէին ծղօտէ թռչնավանդակներ, աստղեր եւ այլն…
  • Շուէտի մէջ տօնածառերը կը զարդարէին վառ գոյներով ներկուած փայտեայ խաղալիքներով:
  • Լեհաստանի մէջ տօնածառերը կը զարդարէին հրեշտակներով, սիրամարգերով եւ այլ թռչուններով:
  • Հայաստանի մէջ եղեւինի փոխարէն ձիթենիի ծառ կը զարդարէին: Տօնածառի զարդարանքները հասկերէ եւ ընկոյզներէ (թիւով 7) պատրաստուած կ'ըլլային:

Նոր տարուան ծառը կը զարդարէին նաեւ խնձորով, որ պտղաբերութեան խորհրդանիշ էր[3]:


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]