Արտեմիս (աստուածուհի)

Արտեմիս
հին յուն․՝ Ἄρτεμις
Մասնագիտութիւն որսորդ
Ծնողներ հայր՝ Զեւս[1], մայր՝ Լեթօ[1]

Արտեմիս[2] (հին յուն․՝ Ἄρτεμις), յունական դիցաբանութեան մէջ՝ որսորդութեան եւ պտղաբերութեան միշտ երիտասարդ աստուածուհին էր։ Նաեւ Լուսինի աստուածուհին էր (իսկ անոր եղբայրը՝ Ափոլլօն, կը մարմնաւորէ Արեւը)։

Արտեմիսը Զեւսի ու Լեթոյի դուստրն էր։ Ինչպէս Ափոլլօն, ան եւս ծնած էր Տելոս կղզիին մէջ։ Ափոլլօն եւ Արտեմիսը երկուորեակներ էին։

Արտեմիս hին յունական աստուածներէն ամէնէն շատ յարգուածներէն էր, իսկ Եփեսոսի անոր տաճարը՝ Հին աշխարհի եօթ հրաշալիքներէն մէկը:

Արտեմիսին խորհրդանիշներն էին՝ նետն ու աղեղը, կապարճը եւ որսորդական դանակները, իսկ եղնիկն ու նոճին անոր համար նուիրական էին[3]։

Ան մանուկներու եւ կիներու հովանաւորն ու պաշտպանն էր: Կ'ենթադրուի, որ ան կը հիւանդացնէր զիրենք, ապա կը դարմանէր: Արտեմիս կը պաշտուէր նաեւ իբրեւ ծննդաբերութեան եւ մանկաբարձութեան գլխաւոր աստուածուհիներէն մէկը:

Արտեմիս նախընտրած էր կոյս մնալ եւ երդուած էր երբեք չամուսնանալ:

Տրոյայի պատերազմին մասնակցութիւնը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ափոլլօնն ու Արտեմիսը՝ Ք.Ա. 470, Լուվր
Արտեմիսին նուիրուած տաճար՝ Ժարաշ, Յորդանան

Արտեմիս Տրոյայի պատերազմին ունեցած է բաւական մեծ դերակատարութիւն։ Իր մօր եւ եղբօր նման, զորս Տրոյայի մէջ կը պաշտէին, Արտեմիս տրոյացիներուն կողմնակից էր։ Դէպի Տրոյա յոյներուն արշաւանքին ընթացքին, Արտեմիս կը հանդարտեցնէ ծովը եւ կը կասեցնէ յոյներուն յառաջխաղացքը, մինչեւ որ գուշակ մը կու գայ եւ անոնց կ'ըսէ, որ աստուածուհիին սիրտը կրնան գրաւել Ակամեմնոնի (Agamemnon) դուստրը՝ Իֆիկենիան (Iphigéneia) զոհաբերելով։ Ակամեմնոն օր մը աստուածուհիին խոստացած էր, որ անոր կը զոհաբերէ իր ունեցած ամէնէն նուիրականը՝ Իֆիկենիան, սակայն աւելի ուշ դրժած էր իր խոստումը։ Ըստ կարգ մը առասպելներու, Իֆիկենիան կրնայ ողջ մնացած ըլլալ եւ Արտեմիս զինք տարած՝ Տաւրոս եւ յանձնած քահանաներուն կա՛մ ալ ան դարձած է Արտեմիսին անմահ ուղեկիցը:

Աստղագիտութեան մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Արտեմիսին ի պատիւ իրենց անունները ստացած են (105) Արտեմիս եւ (395) Տելիա աստղակերպերը։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։