Վոլֆկանկ Ամատէուս Մոցարթ
Վոլֆկանկ Ամատէուս Մոցարթ (գերմ․՝Wolfgang Amadeus Mozart, Զալցպուրկ, 27 Յունուար 1756 - Վիեննա, 5 Դեկտեմբեր 1791)․ Դասական շրջանի աւստրիացի աշխարհածանօթ, տաղանդաւոր եւ ազդեցիկ յօրինող: Արեւմտեան երաժշտութեան պատութեան մէջ, ընդունուած է որպէս աշխարհի մեծագոյն յօրինողներէն մէկը։ Անոր երաժշտութիւնը հիացումի արժանացած է իր քաղցրանուագ գեղեցկութեան, կազմական վայելչութեան եւ ներդաշնակութեան ու յօրինուածքին համար։ Հակառակ կարճատեւ կեանքին, ան յօրինած է 800-է աւելի գործեր, որոնցմէ մեծամասնութիւնը համարուած են երաժշտութեան, սենեակի երաժշտութեան, դաշնականուագի, գուսաներգական եւ խմբերգային բնագաւառներէն ներս գագաթնային ստեղծագործութիւններ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առաջին տարիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վոլֆկանկ Ամատէուս Մոցարթ զաւակն էր Եոհան Կէորկ Լէոբոլտ Մոցարթ եւ Աննա Մարիա Վալպուրկա Բերթլ զոյգին։ Ծնած է Զալցպուրկի Առաջնորդարանի մայրաքաղաք՝ Զալցպուրկ (Getreidegasse բողոց թիւ 9), Աւստրիա (այդ ժամանակին՝ Սրբազան Հռոմէական Կայսրութիւն (լատին․՝Sacrum Romanum Imperium))։ Լէոբոլտ Մոցարթի ընտանիքին զաւակներէն, միայն ան եւ իր մեծ քոյրը՝ Մարիա Աննա (1751-1829) կը կարողանան վերապրիլ։ Ամատէուս Մոցարթ, իր ծնունդին յաջորդ օրը կը մկրտուի Զալցպուրկի Մայր եկեղեցուոյ մէջ։
Հայրը եղած է Ամատէուսին մանկութեան առաջին ուսուցիչը, ինչպէս նաեւ զաւակներուն օտար լեզուներ եւ ուրիշ դասանիւթեր ալ դասաւանդած է։ Ան Զալցպուրկի Արքեպիսկոպոսի պալատի նուագախումբին տնօրէնն էր, փորձառու ուսուցիչ սակայն միջին արդիւնքներով յօրինող։ Երբ իր եօթը տարեկան դուստրին դաշնամուր կը դասաւանդէր, երեք տարեկան Ամատէուս անոնց կը դիտարկէր։ Ամատէուսին մահէն տարիներ ետք, քոյրը վկայած է թէ՝
Ամատէուս մանուկ, բաւական ժամանակ կ՛անցընէր հարելով դաշնակին ստեղները եւ հաճոյք կ՛առնէր երբ իրեն բան մը լաւ կը լսուէր․․․ Չորս տարեկանին հայրը, որպէս խաղ անոր յամրապար եւ դաշնակի վրայ կտորներ սկսաւ դասաւանդել․․․։ Ամատէուս կրնար անոնք մեծ նրբութեամբ կատարեալ նուագել եւ համաչափութիւնը միշտ կատարեալ պահել․․։
Հինգ տարեկանին Ամատէուս արդէն փոքր կտորներ կը յօրինէր եւ հօրը կը նուագէր ու ան զանոնք կ՛արձանագրէր։ Դաշնակի, ջութակի եւ երգեհոնի վրայ ճարտարութիւնները իւրայատուկ էին, ինչպէս նաեւ դիւրութեամբ գոց կը սորվէր բազմաթիւ յօրինումներ։ Յատկանշական է թէ առանց նախապատրաստութեան երաժշտական նիւթի մը վրայ տեղւոյն վրայ ափյափոյ կը յօրինէր։
Վիեննա, Փարիզ, Լոնտոն, Տէն Հաագ, Լիոն, Ժընեւ, Միւնիխ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վեց տարեկանին արդէն, ինք իր յօրինումները կ՛արձանագրէր։ 1761-ին, Զալցպուրկի համալսարանին մէջ քրոջը հետ հանրութեան կը ներկայացուի որպէս հրաշք-մանուկ։ 1762 Յունուարին, Միւնիխ, Պաւարիոյ Մաքսիմիլեան Ժոզէֆ Գ․ պալատին մէջ իր առաջին նուագահանդէսը կու տայ, իսկ նոյն տարին Դեկտեմբերին Վիեննա, Մարիա Թերեզա կայսրուհիին առջեւ ունեցած ելոյթին, կը յայտարարէ թէ պիտի ամուսնանայ Մարիա Անթուանէթ (հետագային Ֆրանսայի թագուհի) արքիդուքսուհիին հետ։ Կայսրուհին անոր փոքրերու զգեստ մը կը նուիրէ։ Փարիզ ճամբորդութեան ընթացքին ելոյթներ կու տայ Ֆրանքֆուրթ, Մայնց, Ախեն եւ ուրիշ քաղաքներ՝ հրաւիրեալ գերմանացի իշխողներու։
Փարիզ կը հասնի 18 Նոյեմբեր 1763-ին, ուր թագուհին զայն ջերմօրէն կ՛ընդունի։ Հոն կը ծանօթանայ Եոհան Շուպերթ եւ Եոհան Կատֆրիտ Էքարտ յօրինողներուն։ Փարիզ կը տպուին իր առաջին գործերը՝ հատանուագներ։ 23 Ապրիլ 1764-ին, Լոնտոն կը հասնի եւ հոն 15 ամիս կը մնայ։ Լոնտոն ինք եւ քոյրը Գէորգ Գ․ թագաւորին հիւրը կ՛ըլլան։ Հոն ալ նոյնպէս, Ամատէուս կը հանդիպի բազմաթիւ երաժիշտներու, ինչպէս օրինակ՝ Եոհան Սեպասթիան Պախ, Եոհան Քրիստիան Պախ։ Լոնտոնէն չմեկնած, Յուլիս 1765-ին, Բրիտանական Թանգարանին մէջ կը ներկայացնէ իր ձեռագիր երգչախմբային աշխատանքը (Κ. 20)։ Կը յաջորդեն նուագահանդէսներ Տէն Հաագ (Սեպտեմբեր 1765), Փարիզ (Մայիս 1766), ուր երկու ամիս կը մնայ եւ ապա Լիոն, Ժընեւ եւ Միւնիխ։
Առաջին գլխաւոր յօրինումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Աբոլօ եւ Հակինթ (Apollo und Hyacinthus)
- Պասթիէ(ն) եւ Պասթիէն (Bastien und Bastienne)
- Միամիտ օրիօրդը (La finta semplice), կատակերգական օփերա
Իտալիա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամատէուս հօրը հետ Իտալիա կ՛անցնի։ Ան 1769 Հոկտեմբերէն, Զալցպուրկի Արքեպիսկոպոսի նուագախումբին նուագահանդէսի տնօրէնն է։ Իտալիա կը հրաւիորուի ազնուականներու կողմէ։ Հոն, Ամատէուս Մոցարթ այդ ժամանակի ծանօթ յօրինողներու եւ ներքինի երգիչներու (քասթրաթօ) կը հանդիպի, ինչպէս օրինակ՝ Նիքոլօ Բիչինի, Ճովանի Պաթիսթա Սամարթինի, Քարլօ Ֆարինելի եւ Ճովանի Մանցուոլի։ Հռոմ, Ամատէուս Պապէն կը պարգեւատրուի։ Միլան, 26 Դեկտեմբեր 1770-ին կը ներկայացնէ Միհրդատ (Պոնտոսի թագաւոր) օփերան: Մարտ 1771-ին Զալցպուրկ կը վերադառնայ։ Հինգ ամիս ետք, կրկին Իտալիա կը գտնուի ուր 5 ամիս կը մնայ՝ մինչեւ Դեկտեմբեր 1771։
Գործեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իտալիա կեցութեան շրջանին կը յօրինէ զանազան գործեր, որոնք ընդհանրապէս ազնուականներու ապսպրաքներ են․ գլխաւորներն են․-
- «La betulia liberata», 1771
- «Ascanio in Alba», 1771
- «Lucio Silla», 1772
Վերադարձ Զալցպուրկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զալցպուրկ վերադարձին, Մոցարթ ընտանիքին հովանաւոր Զալցպուրկի Իշխան-Արքեպիսկոպոսը կը վախճանի։ Ընտանիքին հովանաւորը կը դառնայ կոմս Ճերոնիմօ Քոլորետօ։ Անոր ի պատիւ Ամատէուս կը յօրինէ «Il sogno di Scipione» գործը։ Մոցարթ պարբերաբար Վիեննա եւ Միւնիխ կը ճամբորդէ։ Կը ծանօթանայ Ֆրանց Ժոզէֆ Հայտընին, որմէ կ՛ազդուի եւ այնուհետեւ յօրինած գործերը վիենական դասական երաժշտութեան նախակարապետն են։ Մարտ 1781-ին Ամատէուսին վէճը Զալցպուրկի Առաջնորդարանին հետ իր գագաթնակէտին կը հասնի․ վէճը կը վերաբերէ երաժշտութիւնը։ Հետեւանքն է Ամատէուս Մոցարթ հրաժարի եւ կամ պաշտօնէն արձակուի։ Այս դէպքը Ամատէուսին հօր մեծ վիշտ կը պատճառէ։
Վիեննա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամատէուսին Վիեննա վերադարձը յուսադրիչ կ՛ըլլայ։ Հայրին ուղարկած նամակներուն մէջ ան կը գրէ թէ կը գտնուի յարմար վայրը ուր կրնայ ստեղծագործել։ Վիեննա կեցութեան 10 տարիներուն ընթացքին ան գրած է իր գործերուն կէսէն աւելին։ Շուտով կը ներկայանայ որխէս նուագահանդէսներու կազմակերպիչ, արուեստագէտ դաշնակահար, ինչպէս նաեւ մաս կը կազմէ անձնական նուագահանդէսներու նուագախումբին՝ որպէս խմբավար եւ կամ կարեւոր յօրինող։ «Սերայէն առեւանգումը» օփերայի յաջողութիւնը, անոր կը բանայ Կայսերական շրջանակին դռները (Յուլիս 1782)։ Նոյն տարին, կ՛ամուսնանայ Մարիա Գոսթանցա Վեպըրին հետ։ Սակայն ամուսնութիւնը րի բարեւլաւէր հօրը հետ կապը։ Ամատէուս կը շարունակէ յօրինել։ Մանաւանդ դաշնակի երգակցութիւնները լայնօրէն կ՛ընդունուին Վիեննայի հասարակութենէն եւ մեծ յաջողութիւն կ՛արձանագրեն։ Մինչեւ այսօր, անոնք կը սեպուին գլխաւոր ստեղծագործութիւններ։
1 Մայիս 1786 կը ներկայացնէ «Ֆիկարոյի ամուսնութիւնը» (Le nozze di Figaro) գործը, իսկ 1787-ին մեծ յաջողութեամբ Փրակ կը ներկայացուի Տոն Ճովանի (Don Giovanni) գործը։ 1787-ին վերջապէս արքունիքի յօրինող կը նշանակուի, սակայն ժամանակը չ՛օգներ՝ օսմանեան կայսրութեան հետ պատերազմի պատճառով, երաժշտութիւնը նահանջի մէջ է։ Միաժամանակ, կը յօրինէ դաշնակի գործեր նուագահանդէսներու եւ հատանուագներու համար, ինչպէս նաեւ սենեակի երաժշտութեան կտորներ։
Վերջին տարիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կեանքին երեք վերջին տարիները (1789-91) արուեստական եւ տնտեսական յաջող տարիներ կ՛ըլլան։ Սակայն իր կողմէն տնտեսական վատ մատակարարումը, ինչպէս նաեւ կնոջ շարունակական հիւանդութիւնները, պատճառ կը դառնան պարտքերու կուտակման։ Լէոբոլտ Բ․ գահակալման առթիւ (1790, Փրակ), Ամատէուսին կը շնորհուի պատիւը յօրինելու պատշաճ օփերա մը։ Մոցարթին համար առիթ մըն է կապել աւանդական պարոք օփերան ժամանակակից հոսանքներուն հետ։ Սակայն իր այս փորձը կայսերական շրջանակէն չ՛ընդունուիր։ Ընդ հակառակը, նոյն շրջանին ներկայացուած իր «Կախարդական սրինգը» (Die Zauberflöte) օփերան բացառիկ յաջողութիւն կ՛արձանագրէ։
1791 ամառուան եղանակէն արդէն իսկ հիւանդ Ամատէուսին առողջութիւնը կը վատթարանայ եւ զայն դէպի մահ կ՛առաջնորդէ։ «Requiem» գործը, ապսպրանք Ֆրանց ֆոն Վալզեկ-Շթուբախ կոմսին կիսաւարտ կը մնայ։ Իր այրիին՝ Մարիա Գոսթանցայի պատուէրով, այդ գործը յանձն կ՛առնեն վերջացնելու համար նախ Եոզեֆ Լէոբոլտ Աւպլեր եւ ապա Ֆրանց Քսաֆեր Շուշսմայեր։
Ընտանիք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ամատէուս Մոցարթին զաւակներէն երկուքը միայն վերապրած են՝ Քարլ (1784-1858) եւ Վոլֆկանկ (1791-1844)։ Քարլ, իր հօր գործերուն ժառանգութիւնը կը յանձնէ Զալցպուրկի «Mozarteum»ին։ Վոլֆկանկ եղած է յօրինող, դաշնակահար եւ խմբավար։ Վաղամեռ զաւակներն էին՝ Ռայմոնտ Լէոբոլտ (17 Յունիս - 19 Օգոստոս 1783), Եոհան Թոմաս Լէոբոլտ (18 Հոկտեմբեր - 15 Նոյեմբեր 1786), թերեզա Գոսթանցա Ատելհաիտ Ֆրիտերիքէ Մարիա Աննա (1787 - 1788) եւ Աննա Մարիա (16 Նոկեմբեր 1789, մեռե
լածին)։
Ամատէուս ժապաւէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1984-ին Միլոս Ֆորման կը բեմադրէ «Ամատէուս» ժապաւէնը։ Ֆիլմը մեծ յաջողութիւն կ՛արձանագրէ։ Առաջարկուած է 53 մրցանակներու համար եւ կը շահի 40, ներառեալ 8 Օսքար։ Տե՛ս բուն արձանագրութիւն
[4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12]
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ (unspecified title) — ISBN 978-1-61669-768-6
- ↑ https://data.matricula-online.eu/de/oesterreich/salzburg/salzburg-dompfarre/TFBIX%252F2/?pg=8
- ↑ 3,0 3,1 Г. Риман Моцарт // Музыкальный словарь: Перевод с 5-го немецкого издания / под ред. Ю. Д. Энгель — М.: Музыкальное издательство П. И. Юргенсона, 1901. — Т. 2. — С. 877–882.
- ↑ Amat1wus Mwca82, Բրիթանիքա հանրագիտրան, Ամատէուս Մոցարթ(անգլերէն)
- ↑ Ֆիլարմոնիք օփերա, Ամատէուս Մոցարթ(անգլերէն)
- ↑ austria.info - Ամատէուս Մոցարթ(անգլերէն)
- ↑ Դասական երաժշտութիւն, Ամատէուս Մոցարթ(անգլերէն)
- ↑ classicfm․ Ամատէուս Մոցարթ(անգլերէն)
- ↑ Սան սիմերա․ Ամատէուս Մոցարթ․ հանճարեղ տաղանդ մը(յունարէն)
- ↑ Նէոլէա - Ամատէուս Մոցարթ․ կեանքն ու գործը(յունարէն)
- ↑ Միխահի թու հրոնու․ Ամատէուս Մոցարթ(յունարէն)
- ↑ Մոցարթին լաւագոյն գործերը
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մարիա Աննա Մոցարթ(անգլերէն)
- Աննա Մարիա Մոցարթ(անգլերէն)
- Լէոբոլտ Մոցարթ(անգլերէն)
- Մացարթիւմ(անգլերէն)