Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ Դուք կրնաք օգնել ծրագիրին՝ տեղադրուած տեղեկութիւններուն հաւաստիութիւնը գտնելով վստահելի աղբիւրներու մէջ եւ այդ աղբիւրները յղումներու տեսքով աւելցնելով յօդուածին մէջ։ Չհիմնաւորուած աղբիւրները ենթակայ են հեռացման։
Սալզպուրկ կամ Զալցպուրկ (գերմաներէն՝ Salzburg, բառացի՝ «Աղի ամրոց»), քաղաք՝ Աւստրիոյ հիւսիս-արեւմտեան մասին մէջ, Զալցպուրկ երկրամասին մէջ։ Ան՝ Զալցպուրկի նահանգակեդրոնն է։ Իր մեծութեամբ Զալցպուրկը չորրորդն է Վիեննայէն, Կրացէն եւ Լինցէն ետք։ Բնակչութիւնը՝ 155 021 մարդ (1 Յունուար2020)[2]։
Սալզպուրկ՝ Եւրոպայի մէջ, ԵՈՒՆեՍՔՕ-ի Համաշխարհային Ժառանգութեան Յուշարձաններու ցանկին մէջ ընդգրկուած է։ Սալզպուրկի հիմնադիրն է՝ Սուրբ Ռոպերթը։ Քաղաքին մէջ որոշ գործունէութիւն ծաւալած է Փարացելսը, Հերպըրթ Ֆոն Քարայեանը, Ստեֆան Ցուայգը, Գէորգ Թրակլը։ Սալզպուրկի մէջ ծնած է Վոլֆկանկ Ամատէոս Մոցարթը։