Jump to content

Մոկք

Բնակավայր
Մոկք
Երկիր  Մեծ Հայք

Մոկք, նաեւ Մոկս Մեծ Հայքի 5-րդ նահանգը։ Հիւսիսէն եւ արեւելքէն սահմանակից էր Վասպուրականի հետ, արեւմուտքէն՝ Աղձնիքին, հարաւէն՝ Կորճայքին։ Նահանգի կենդրոնն եղած է Մոկս բերդաքաղաքը։

Վարչական բաժանում

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մոկքը ունէր հետեւեալ 9 գաւառները.

  • Իշայր- կեդրոնը՝ ՞
  • Միւս Իշայր- կեդրոնը՝ ՞
  • Իշոց գաւառ- կեդրոնը՝ ՞
  • Առուենից ձոր- կեդրոնը՝ Առվանց (Առուանց)
  • Միջա- կենտրոնը՝ Միջա
  • Մոկք Առանձնակ- կեդրոնը՝ Մոկս
  • Արգաստովիտ- կեդրոնը՝ ՞
  • Ջերմաձոր- կեդրոնը՝ ՞
  • Արքայից գաւառ (Արքայից գաւառ)- կենտրոնը՝ ՞

Ք.Ա. IX դ. Մոկքի տարածքն ընդգրկուած է Վանի թագաւորութեան մէջ, Ք.Ա. VIդ. սկիզբէն՝ Երուանդունիներու թագաւորութեան կազմի մէջ։ Ըստ Մովսէս Խորենացիի, Հայոց աւանդական թագաւոր Վաղարշակը Մոկքի մէջ հաստատած է առանձին նախարարութիւն։ Որպէս Հայաստանի հարաւային նահանգ, հինէն ի վեր Մոկքը ունեցած է պաշտպանական կարեւոր նշանակութիւն, իսկ անոր նախարարները՝ ազդեցիկ դեր։

451 թուականին՝ Աւարայրի ճակատամարտին, Մոկքի մեծ իշխանը եղած է Հայով առաջին զօրագունդի հրամանատարի օգնական։ Հայոց Արշակունի թագաւորութեան անկումէն ետք Մոկքի իշխանները պահպանած են իրենց ինքնուրոյնութիւնը։ 8-րդ դարու սկզբը Բագրատունիներու մէկ ճիւղը հաստատուած է Մոկք։ 9-րդ դարու 2–րդ կիսուն Մոկքը ենթարկուած է Վասպուրականի Արծրունեաց իշխաններուն։ 10-րդ դարու 2–րդ կիսուն Բիւզանդիան կը ջանար իր ազդեցութեան տակ առնել Մոկքը, որպէսզի դիւրացնէ Վասպուրականի նուաճումը։ Վասպուրականի թագաւորութեան անկումէն ետք, թէեւ Մոկքը կցուեցաւ Բիւզանդիոյ, սակայն այնտեղ Արծրունիները կւ շարունակէին ճանչնալ Վասպուրական մնացած Արծրունիներու շառաւիղներ՝ Խեդենեկեաններու գերակայութիւնը։ 16-րդ դարու սկզբէն Մոկքի տարածքը բռնատիրած է օսմանեան Թուրքիան։ Վերջինիս կազմին մէջ այն կը մտնէր Վանի շրջանին մէջ, որպէս առանձին Սանճաք՝ Մոկս անունով։ 16-19-րդ դարերուն Մոկքի մէջ կը շարունակէին գոյատեւել հայկական կիսանկախ համայնքները։ Այնտեղ ժառանգական հողատէրեր էին հայերը, մասամբ՝ քիւրտերը։ Մոկքի մէջ զարգացած էր խաղողամշակութիւնը, բամբակագործութիւնը, ձիթատու բոյսերու մշակութիւնը, մեղուաբուծութիւնը։ Մոկքի 49 բնակավայրերու հայ բնակչութիւնը, աւելի քան 900 ընտանիք, 1915–ին տեղահանուցած եւ հիմնականօրէն զոհ գացին բռնագաղթի ճամբուն վրայ։ Փրկուածները անցան Արեւելեան Հայաստան եւ բնակութիւն հաստատեցին Թալինի, Աշտարակի, Սեւանի աւազանի շրջաններուն մէջ եւ այլուր։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]