Չղջիկներ

Չղջիկներէն փոքրիկ ստնաւորները վախազդու անասուններ են, որովհետեւ միայն գիշերները դուրս կու գան[1]: Չղջիկները ոչ թէ վնասակար, այլ օգտակար են մարդոց: Անոնք միջատներ կ՛ուտեն եւ կ՛օգնեն ծաղիկներու բեղմնաւորումին:

Հետաքրքրական Տեղեկութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Չղջիկներու տեսակներ

Մարդիկ կը կարծեն, թէ չղջիկները կրնան իրենց մազերուն փակչիլ: Իրականութիւնը այն է, որ կարգ մը չղջիկներ շատ սուր տեսողութիւն ունին, իսկ ուրիշներ արձագանգի միջոցաւ կրնան ճշդել իրենց շուրջ գտնուողներուն վայրերը: Այս ձեւով չղջիկին համար շատ դիւրին է գիտնալ թէ ճիշդ ուր ենք մենք եւ շեղիլ: Նաեւ, շատ մը չղջիկներ կը վախնան մարդոցմէ եւ դիտումնաւոր կերպով չեն մօտենար մեզի[2]:

Ընդհանրացած է նաեւ այն կարծիքը, թէ չղջիկները մարդու արիւնը կը ծծեն: Իրականութեան մէջ 3 տեսակի չղջիկներ կան որոնք արիւնով կը սնանին, սակայն անոնք միայն կ՛օգտագործեն անասունի արիւն[3]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Chisholm Hugh, խմբգր․ (1911)։ «Chiroptera»։ Encyclopædia Britannica 6 (11th հրտրկթն․)։ Cambridge University Press։ էջեր 239–247 
  2. «Bat»։ Dictionary.com։ արտագրուած է՝ 9 September 2017 
  3. «Bat, noun 2»։ Online Etymology Dictionary։ արտագրուած է՝ 24 June 2013