Գլխացաւ

Գլխացաւը բժշկական այցելութիւններուն ամէնէն յաճախակի դրդապատճառն է։ Անիկա կը պատահի որեւէ տարիքի, առանց խտրութեան գոյնի եւ սեռի[1]։ Գլխացաւը ինքնին հիւանդութիւն մը չէ. անիկա դրսեւորումն է զանազան հիւանդութիւններու, ինչպէս նաեւ մեր մարմինի զանազան հիւսուածքներու եւ օրկաններու անբնական աշխատանքին։

Գլխացաւը նկարագրուած է զանազան ձեւերով եւ զանազան անուանումներով:

Տեսակներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճնշումի գլխացաւ (pressure headache)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անիկա գլխացաւի տարբերակներուն ամէնէն յաճախակին է։ Ճնշումի գլխացաւը կը պատահի այն անձերուն մօտ, որոնք կը տառապին մտահոգութենէ, անքնութենէ, ընտանեկան եւ ընկերային դժուարութիւններէ, հոգեկան ընկճուածութենէ, վհատութենէ, վախէ, ֆիզիքական, մտային եւ հոգեկան յոգնածութենէ, մկանային պրկումէ, գերյոգնութենէ, մարմնական սխալ նիստ ու կացէ, տեսողական խանգարումներէ, սուրճի, ալքոլի եւ ծխախոտի չափազանց գործածութենէ։ Անոնք յաճախ գլխու եւ կամ ուղեղային խլիրդէ կը կասկածին։ Տարեցներուն մեծամասնութիւնը՝ 70-90%ը, իր կեանքի որոշ մէկ շրջանին կ'ունենայ այս գլխացաւը։ Հիւանդը կը գանգատի ամբողջ գլխուն շուրջը նեղ երիզի մը ճնշումի գլխացաւէ, որ կը տարածուի դէպի վիզ, ճակատ, եւ ծոծրակ։ Ճնշումի գլխացաւը կը տեւէ տասնեակ մը վայրկեաններ եւ կամ ժամեր, բայց կրնայ ըլլալ մնայուն եւ երկարատեւ։ Անիկա կը դարմանուի հանդարտեցուցիչ, թմրեցուցիչ եւ ցաւամոք դեղերով, ինչպէս նաեւ ապրելակերպի, կենցաղի եւ նիստ ու կացի բարեփոխութեամբ, մարզանքով եւ երբեմն ալ հոգեբուժական միջամտութեամբ.[2] ։

Անգար (migraine)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անգարը միակողմանի գլխացաւ է. Անիկա կը պատահի ուղեղի զարկերակներու անակնկալ պրկումներով եւ ընդլայնումներով։ Զանազան ազդակներ դրդապատճառ նկատուած են զարկերակային այս փոփոխութիւններուն։ Այս ազդակներէն կարելի է նշել անքնութիւնը, ֆիզիքական տկարութիւնը, գերյոգնածութիւնը, անօթութիւնը, զօրաւոր եւ փայլուն լուսաւորումը, գրգռիչ հոտերը, բարձր ձայները եւ աղմուկը, եղանակի փոփոխութիւնը, կարմիր գինին, գարեջուրը, սուրճը, ծխախոտը, ընտանեկան եւ ընկերային զանազան դժուարութիւններ, ճնշուածութիւնը, վհատութիւնը, յուզում եւ ներազդակային խանգարումները։ Estrogen ներազդակը, մանաւանդ արբունքի, դաշտանի եւ դաշտանադադարի ընթացքին, որոշ չափով մեծ դերակատարութիւն կ'ունենան անգարի յայտնաբերման եւ սաստկացման։ Անգարէ տառապող կիներուն 60-70%ը գլխացաւ կ'ունենայ դաշտանի օրերուն։ Կիներ աւելի հակամէտ են անգար ունենալու։ Անգարը կը նուազի եւ կամ կ'անհետանայ յղութեամբ եւ անիկա կը զարգանայ հակայղութեան դեղերով։ Հիւանդներուն 60 տոկոսը ամիսը մէկ կ'ունենայ գլխացաւը, իսկ 25 տոկոսը՝ շաբաթը մէկ անգամ։ Անգարը ունի նախանշաններ՝ տեսողական խանգարումներ, ոտքի-ձեռքի թմրութիւն եւ անզգայութիւն (loss of sensation), նաեւ խօսելու անտրամադրութիւն. այս բոլորէն ետք կը սկսի գլխացաւը, որ սկիզբը կ'ըլլայ միջակ զօրութեամբ, ապա կամաց-կամաց կը սաստկանայ ու կը տեւէ 4-72 ժամ։

Դարմանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անգարը հանգրուանային է եւ ընդհանրապէս միակողմանի։ Այս գլխացաւին դարմանումը կը կարօտի երկու միջոցառումներու՝

  • Ժամանակաւոր դարմանամիջոցներ
  • Երկարատեւ դարմանամիջոցներ

Ժամանակաւոր դարմանամիջոցներն են յատուկ դեղերը, որոնք կ'արգիլեն զարկերակներու ընդլայնումը. ֆիզիքական հանգիստ, պառկիլ մութ եւ անձայն տեղ մը, կենցաղի բարելաւում, օրինաւոր քուն եւ առողջապահական սննդականոն: Իսկ երկարատեւ դարմանումի համար հիւանդը պէտք է գործածէ յատուկ դեղեր։

Ներազդակային (hormonal) գլխացաւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անիկա կը պատահի ամսական դրութեամբ կիներու մօտ, դաշտանէն քանի մը օրեր առաջ եւ կամ դաշտանի ընթացքին։ Գլխացաւէն առաջ, անգարի նման, անոնք կ'ունենան նախանշաններ՝ նախադաշտանային մկանային պրկումներ եւ յօդերու ու մկաններու ցաւ։ Գլխացաւը կը տեւէ 4-6 օր եւ կը մեղմանայ դաշտանադադարումով (menopausee)։ Անոր դարմանումը կ'ըլլայ ցաւամոք դեղերով, օրինաւոր քունով, մարզանքով եւ առողջապահական սննդականոնով։

Յղութեան գլխացաւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յղութեան շրջանին կիներու ամբողջ մարմինը կը մատնուի ֆիզիքական եւ հոգեբանական այլափոխութիւններու, որոնք հետեւանք են որոշ գեղձերու արտասովոր աշխատանքին եւ որոշ ներազդակներու անբնական քանակութեամբ արտադրութեան։ Այս ներազդակներու գերարտադրութիւնը կը յառաջացնէ այս տեսակի գլխացաւը, որ ժամանակաւոր է եւ կ'անհետանայ ծննդաբերութեամբ։ Յղի կիներ գլխացաւին հետ կրնան ունենալ նաեւ արեան ալպիւմինի բարձրացում, որ հետեւանք է արեան գերճնշման եւ երիկամներու խանգարումներուն։

Կարկառ գլխացաւ (cluster headache)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կարկառ գլխացաւը կը պատահի յստակ յաճախականութեամբ, քանի մը շաբաթ, ամէն օր նոյն ժամուն, եւ կը տեւէ 15 վայրկեանէն 3 ժամ. անիկա կ'անհետանայ անակնկալօրէն եւ ամիսներ ետք կը վերադառնայ։ Կարկառ գլխացաւը կը սկսի գլխուն ետեւը եւ կամ աչքին շուրջը. գլխացաւը կ'ըլլայ՝ միակողմանի, սաստիկ, բաբախիչ, տրոփիչ, աչքերու կարմրութեամբ, քիթի հոսքով-խցումով, արցունքով եւ յօնքերու կախուածութեամբ։ Յաճախ հիւանդը քունէն կ'արթննայ սաստիկ գլխացաւով եւ կ'ունենայ անհանդարտ ու ջղագրգիռ վիճակ։ Կարկառ գլխացաւը աւելի կը պատահի տղամարդոց մօտ, մանաւանդ 20-40 տարիքի միջեւ։ Ալքոլը եւ ծխախոտը նկատուած են այս գլխացաւին դրդապատճառները։

Կարկառ գլխացաւին դարմանումը կ'ըլլայ ցաւամոք դեղերով. յաճախ շատ սաստիկ գլխացաւի պարագային, թթուածինի ներշնչումը կը դառնայ միակ դարմանամիջոցը։ Cortisone-ը արգելք կը հանդիսանայ անոր յաճախականութեան։

Քնքազարկերակատապի (temporal arteritis) գլխացաւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Անիկա սուր եւ միակողմանի գլխացաւ մըն է, որ կը պատահի որեւէ տարիքի, ընդհանրապէս՝ տարեցներու մօտ։ Գլխացաւը կեդրոնացած կ'ըլլայ քնքազարկերակի բաժանմունքներուն վրայ եւ կը տարածուի գլխուն յետսամասը, ականջին վերը եւ ետեւը։ Տարեց հիւանդներ կը գանգատին նաեւ ֆիզիքական ընդհանուր տկարութենէ, գլխու մորթի եւ մազերու զգայնոտութենէ։ Քնքազարկերակատապը կրնայ յառաջացնել նոյնիսկ կուրութիւն։ Այս գլխացաւը կը դարմանուի cortisone-ով եւ ցաւամոք (pain killer) դեղերով։

Տե'ս Նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Headache disorders Fact sheet N°277»։ October 2012։ արտագրուած է՝ 15 February 2016 
  2. Scottish Intercollegiate Guideline Network (November 2008)։ Diagnosis and management of headache in adults։ Edinburgh: NHS Quality Improvement Scotland։ ISBN 978-1-905813-39-1։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-04-19-ին։ արտագրուած է՝ 2016-05-07 

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]