Ջերմութիւն
Ջերմութիւն ուժանիւթի կերպ մըն է։ Արդիւնքն է առարկայի մը մասնիկներուն արագ թրթռացումներուն: Ջերմաչափով մը կրնանք չափել առարկայի մը ջերմաստիճանը։
Ջերմաստիճան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ջերմաչափները կը գործածուին ջերմաստիճանը չափելու համար։ Անոնք աստիճանաւորուած են Celsius աստիճաններով։ կը պարունակեն հեղուկ մը, ընդհանրապէս սնդիկ կամ գունաւոր ալքոլ, որ տաքնալով կ'ընդլայնի եւ կը բարձրանայ աստիճանաւորուած ջերմաչափին մէջ, ցոյց տալով առկայ ջերմաստիճանը։
Տաք օդով լեցուած օդապարիկներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երբ մեծ օդապարիկի մը մէջի օդը տաքցնենք, կազի մասնիկները աւելի արագ կը շարժին եւ իրարմէ աւելի կը հեռանան։ Կազի զանգուածը աւելի մեծ ծաւալ կը ստանայ եւ օդապարիկը կ'ուռեցնէ։ Մէջի տաք օդը դուրսի օդին նկատմամբ աւելի կը թեթեւնայ եւ ուրեմն օդապարիկը դէպի երկինք կը բարձրանայ։
Ջերմութիւնը ինչպէ՞ս կը տեղափոխուի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ջերմութիւնը, ըստ խնդրոյ առարկայ մարմինի վիճակին, կը տեղափոխուի երեք տարբեր միջոցներով՝ հաղորդումով, շրջանատարութեամբ եւ ճառագայթումով։
Հաղորդում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կրակի ջերմութիւնը հնոցի խառնիչին կը փոխանցուի, որովհետեւ անոր մասնիկները աւելի արագ շարժելով՝ կ'ընդհարին իրենց դրացիներուն հետ, անոնց ալ փոխանցելով արագ շարժում, հետեւաբար բարձր ջերմաստիճան։ Հաստատուն մարմիններու մէջ ջերմութիւնը կը փոխանցուի հաղորդումով։
Շրջանատարութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երբ հեղուկ մը կամ կազ մը տաքցնենք, կ'ընդլայնին եւ աւելի թեթեւ կը դառնան։ Ուրեմն, տաքցած եւ թեթեւցած մասնիկները դէպի վեր կը քշուին շրջակայ տաքցող մասնիկներուն կողմէ։ Ջեռուցիչ մը, օրինակի համար, իր ջերմութիւնը կը տարածէ շրջանատարութեանբ. իր մօտ գտնուող տաքցած օդը կը տեղափոխուի սենեակին մէջ։
Ճառագայթում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ելեկտրական ջեռուցիչ մը, մոմի մը բոցը կամ արեւուն ճառագայթները իրենց ջերմութիւնը կը ճառագայթեն ամէն ուղղութեամբ, ենթակարմիր ճառագայթներու միջոցաւ։ Պարապ միջոցի մը մէջէն ջերմութիւնը կրնայ տեղափոխուիլ միայն ճառագայթումով։ Այդ ձեւով է, որ արեւուն ջերմութիւնը կը հասնի մեզի։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարանս, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, 2001-2002, էջ 14-15