Նոր Շրջանի Հայ Գրականութիւն

Նոր Շրջանի Հայ Գրականութիւն, 17-րդ դարու Ա.ին քառորդէն, հայ իրականութեան մէջ սկիզբ առած ընկերաքաղաքական եւ մշակութային զարթօնքը նպաստած է գեղարուեստական գրականութեան զարգացման։ Գրչագրութեան եւ նորաստեղծ տպագրութեան (1512) շնորհիւ վերակենդանացած է միջնադարեան հայկական գրաւոր հարուստ ժառանգութիւնը։

17-18-րդ դարերուն, գրական գերակշռող սեռը քնարերգութիւնն է, որ զարգացած է 3 հիմնական ուղղութիւններով՝ կրօնահայրենասիրական բանաստեղծութիւն, աշխարհիկ տաղերգութիւն եւ ժողովրդագուսանական երգ։ Այս ուղղութիւնները, իրենց բնորոշ գծերով իրարմէ խստօրէն տարանջատուած չեն։ Բնորոշ է Մարտիրոս Ղրիմեցիի գրական ժառանգութիւնը, ուր համատեղուած են հոգեւոր երգը, աշխարհիկ տաղը, աշուղը, ոտանաւորը։ Այսուհանդերձ, բանաստեղծական յիշեալ 3 ուղղութիւնները կ'առանձնանան որոշակի ժառանգականութեամբ եւ ատկէ բխող լեզուաոճական, բանաստեղծական յատկանիշներով, նիւթերով եւ նպատակի ուղղութեամբ։

Քնարերգութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կրօնահայրենասիրական Բանաստեղծութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատկեր:Սիմեոն Երեւանցի.jpg
Սիմէոն Երեւանցի

Կրօնահայրենասիրական բանաստեղծութիւնը ընդօրինակել՝ իւրովի շարունակած է միջնադարի հոգեւոր եւ պատմաքաղաքական բանաստեղծութեան աւանդոյթները։ Լեզուն գրաբար է (մասամբ՝ միջին հայերէն). հիմնական թեման՝ աստուածաշնչեան եւ հայոց պատմութեան դրուագները, կրօն, ու հայրենասիրական գաղափարներն են։ Կրօնահայրենասիրական բանաստեղծութիւնը հիմնական ունեցած է ուսուցողական, բարոյակրթական նպատակ, որ ուղղուած եղած է ժողովուրդի առաջնորդներուն, ուսուցիչներուն ու քարոզիչներուն։ ժողովուրդին անհրաժեշտ եղած է՝ կրթել հայրենասիրական եւ քրիստոնէական ոգով, յիշեցնել անոր՝ հայրենի պատմութեան հերոսական անցքերն ու քրիստոնէական աւանդութիւնները։

18-րդ դարուն, մեծ տեղ գրաւած է ազգային եկեղեցական բանաստեղծութիւնը, ուր աստուածաշնչեան ու աստուածաբանական թեմաներուն զուգորդած են՝ հայրենասիրական մոթիֆները, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ դաւանանքի հարցերը, ազգային եկեղեցւոյ սրբութիւններու փառաբանումը եւ այլն։ Զարգացած է նաեւ՝ պատմաքաղաքական բանաստեղծութիւնը, որ արտացոլած է հայ ժողովուրդի անցեալի ու ներկայի ռագմաքաղաքական անցքերը, ազգային-ազատագրական եւ ազատասիրական ձգտումները։

17-18-րդ դարերուն, վերակենդանացած են դասական հոգեւոր բանաստեղծութեան հիմնական ժանրերը՝ տաղը եւ գանձը։ Տարածուած են ապաշխարութեան, օրհնաբան եւ վկայաբան տաղերը, դամբան, գանձերը, շարունակած են գոյատեւել բանքերը, ներբողներն ու ողբերը, ստեղծուած են պատմաողբերգական եւ չափածոյ պատմութիւններ։ Այս երկերու հեղինակները մեծ մասամբ բարձրաստիճան հոգեւորականներ էին կամ վանական կրթութիւն ստացած մարդիկ (17-րդ դարուն՝ Ներսէս Մոկացի, Ստեփանոս, Յակոբ եւ Խաչատուր Թոխաթցիներ, Վարդան եւ Յովհաննէս Կաֆացիներ, Վրթանէս Սռնկեցի, Դավիթ Գեղամեցի, Յովհաննէս Մակվեցի, Երեմիա Չելէպի Քէօմիւրճեան, 18-րդ դարուն՝ Սիմէոն Երեւանցի, Պաղտասար Դպիր, Պետրոս Ղափանցի, Յովհաննէս Բերիացի, Գրիգոր Օշականցի, Ղազար Ջահվեցի, Յովհաննէս Կարնեցի եւ ուրիշներ), որոնք թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ գաղթավայրերու մէջ՝ ղեկավարած են ագգային-մշակութային կեանքը, նպաստած են ազգային-ագատագրական պայքարի գաղափարախօսութեան տարածմանը, հայ ժողովրդի ինքնագիտակցութեան բարձրացման։

17-րդ դարուն՝ կրօնահայրենասիրական բանաստեղծութեան ամենանշանաւոր դէմքը Երեմիա Քէօմիւրճեանն է, որ գրած է բազմաթիւ գանձեր, տաղեր, ողբեր, ուղերձներ, պատմաքաղաքական բանաստեղծութիւններ, պատմական, տոմարագիտական, կրօնական երկեր («Պատմութիւն համառօտ ... օսմանեանցի թագատրացն», «Տարեգրական Պատմութիւն», «Պատմութիւն Հրկիզման Կ. Պոլսոյ», «Պատմական Բանք Իւրոյ Ժամանակին», «Վիպասանութիւն Յառումն Կրետէ կղզտյ», «Վիպասանութիւն Ապրօ Շելէպի» եւ այլն), ուր ներկայացուցած է իր ժամանակի արեւմտահայ իրականութեան համակողմանի պատկերը, արտայայտել հայ ժողովրդի ազատասիրական ձգտումները։

Աշխարհիկ Տեղերգութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատկեր:Պաղտասար Դպիր Տաղեր.jpg
Պաղտասար Դպիրի «Տաղեր» գիրքի շապիկ

Աշխարհիկ տաղերգութիւնը սերած է միջնադարեան աշխարհիկ տաղերգութիւնէն խորապէս կրելով նաեւ ժամանակի ժողովրդագուսան քնարերգութեան ազդեցութիւնը՝ ան ուղղուած էր ժողովրդական զանգուածներուն։ Տաղասացները հիմնականին մէջ՝ հասարակութեան ցած Առաջին տպագիր Տաղարանը (Վենետիկ, 1513, տպագրիչ՝ Յակոբ Մեղապարտ) Պաղտասար Դպիրի «Տաղերու» հրատարակութեան շապիկ խաւերէն էին. անոնց լեզուն միջին հայերէնն էր (մասամբ՝ պարզ գրաբարը եւ բարբառները), իսկ թեման՝ սէրը, բնութիւնը, խրախճանքը, անձը, ապրումները, ընկերային կեանքը։ Սէրը կնոջ նկատմամբ զերծ էր այլաբանութենէն, բացայայտ էր եւ անկաշկանդ, կնոջ գեղեցկութիւնը՝ ըմբռնուած է իբրեւ բնութեան ստեղծագործութիւն։ Մեղքի եւ ահեղ դատաստանի գաղափարները այլեւս նախկին ուժով չեն խանգարեր սիրոյ զգացմունքի արտայայտման, տիրապետողը՝ աշխարհիկ ոգին էր։

Նոր շեշտադրումներ ստացած են պանդուխտ տաղասացներու հայրենաբաղձ երգերը։ Լայնօրէն տարածուած են նաեւ երգիծական, խոհախրատական, ընկերային մոթիֆներով գրուած տաղերը։ Ժամանակի տաղասացներէն՝ յիշատակելի են Խաչատուր Խասպեկ Երէցը, Ղազար Սեբաստացին, Ստեփանոս Վարագեցին, Քոսա Երէցը, Ստեփանոս Դաշտեցին, Դավիթ Սալաձորցին, Նաղաշ Յովնաթանը, Ղունկիանոս Կարնեցին եւ ուրիշներ։

Առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի Նաղաշ Յովնաթանի տաղերգութիւնը։ Անոր սիրոյ եւ խրախճանքի տաղերով կատարելապէս աշխարհիկցած է հայ քնարերգութիւնը։ Իւրացնելով նախորդ տաղերգուներու լաւագոյն աւանդոյթները եւ արտայայտելով ժամանակի ոգին ու գեղարուեստական մտածողութիւնը՝ Նաղաշ Յովնաթան իր ստեղծագործութիւններով կ'առնչէ աշուղ, բանաստեղծութեանը։ Ժամանակի տաղասացներէն է նաեւ՝ Մարտիրոս Գրիմեցին։

Ժողովրդագուսանական Երգ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ժողովրդագուսանական երգը ներթափանցած է 3 շերտերով՝ ժողովրդական, ագգային-գուսանական եւ աշուղական։ Ժողովրդագուսանական երգերը արտայայտուած են բուն ազգային եւ արեւելեան աշուղ, ձեւերով, հիմնականին մէջ՝ հայերէնով։ Ուշ միջնադարի հայկական աշուղ, երգերը վերաձեւուած են հայ բանահիւսութեան եւ գրականութեան հիմքի վրայ՝ իբրեւ գուսան, արեւելքի նոր տեսակ։ Հայ աշուղները երգերը ստեղծած են բարբառներով եւ կատարած են լարային գործիքներու նուագակցութեամբ՝ իրենց յօրինած կամ յայտնի եղանակներով։ ժամանակի աշուղներէն նշանաւոր են՝ Ղուլ էգազը, Մկրտիչը, Արթինը, Ռումանին, Քիչիկ-Նովան, Շամչի Մելքոնը, Ամիր Օղլին եւ ուրիշներ։

17-18-րդ դարերուն՝ հայ աշուղ, բանաստեղծութիւնը աննախադէպ բարձունքի հասած է Սայեաթ-Նովայի շնորհիւ։ Հզօր տաղանդի ուժով եւ շեշտուած անհատականութեամբ, խռովայոյզ սիրերգերով ու մարդասիրական բարձր գաղափարներով Սայեաթ-Նովան դուրս եկած է աշուղ, բանարուեստի սահմաններէն եւ կանգնած է միջնադարեան խոշորագոյն բանաստեղծներու կողքին։ Ան Նաղաշ Յովնաթանի հետ եզրափակած է միջնադարեան հայ քնարերգութիւնը։

17-18-րդ դարերուն՝ շարունակած են գոյատեւել նաեւ գեղարուեստական արձակի որոշ ժանրեր՝ քարոզը, առակը, զրոյցը, վարքը եւ վկայաբանութիւնը։ Այդ ժանրերով գրուած հին եւ նոր ստեղծագործութիւնները ամփոփուած են Քարոզգիրք, Աղուեսագիրք, Հարանց վարք, Հայսմաւուրք եւ այլ ձեռագիր ու տպագիր ժողովածուներուն մէջ։ XVIII դ․ վերջի–XIX դ․ Ա.ին կէսի գրականութեան, շրջափուլին մէջ, բուռն վերելք ապրած է տակաւին XVII դարի կէսերէն եկող գրական–գաղափար, նոր շարժումն ու նորոգման համընդհանուր ձգտումը, որ ի վերջոյ, կը յանգի հայոց նոր գրականութեան ու գեղագիտական մտքի ձեւաւորման՝ հիմնական դպրոցներով ու ուղղութիւններով, միայն թէ ո՛չ իբրեւ ամբողջական՝ համակարգ ու միասնական դպրութիւն մը, այլ երկփեղկուած ու ճիւղաւորուած։

18-րդ Դարու Վերջ եւ 19-րդ Դարու Սկիզբ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւելահայ եւ Արեւմտահայ Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւելահայ եւ արեւմտահայ նոր գրականութիւններու իրաքանչիրը իւրովի իր վրայ կը կրէ ազգի քաղաքական ու տնտեսական տրոհուածութեան կնիքը եւ օտար տիրողներու հետապնդումներու ու ձուլման քաղաքականութեան ծանր հետեւանքները։ Արեւմտահայ գրականութիւնը իր գոյութիւնը պահպանեց մինչեւ XX դարի 10-ական թ.՝ թուրք կառավարող շրջաններու հրահրած՝ հայահալած քաղաքականութեան հետեւանքով ունեցաւ նոյն ողբերգական վախճանը։ Արեւելահայ իրականութիւնն ու գրականութիւնն ալ մինչեւ XIX դարի 20-ական թ․ի կէսերը, ենթակայ ըլլալով պարսից հալածանքներուն, ի վերջոյ զարգացման լայն հնարաւորութիւններ ստացան շնորհիւ Ռուսաստանի հետ Հայաստանի միաւորման (1828)։ Ելլելով աշխարհագրական պայմաններէն՝ արեւմտահայերու առնչութիւնները առաւել սերտացան արեւմտաեւրոպական գրական կեանքի, մասնաւորապէս, Ֆրանսայի հետ, հնդկահայ գաղթաշխարհինը՝ Անգլիոյ, արեւելահայերունը՝ ռուս եւ գերմանական իրականութեան ու գրականութեան հետ։ Գրական ուսումնառութիւն ունենալով համաշխարհային դասականներու ստեղծագործութիւններու վրայ՝ հայ հեղինակները անոնց փորձը կը իւրացնէին ու կը փոխադրէին հայ իրականութեանը։ Բուն պատմական Հայաստանի արեւելեան ու արեւմտեան բնաշխարհին մէջ, ծաղկող գրականութիւններու մասին այս շրջափուլին մէջ՝ խօսիլը թերեւս ժամանակաւորապէս բան կ'ըլլար, որովհետեւ մայր երկրի մշակութային կեդրոններէն քիչերը մասնակցութիւն ունէին գրական նոր շարժման, թերեւս Կարինն ու Սեբաստիան արեւմտահայերու, Վաղարշապատն ու Երեւանը (մասամբ նաեւ՝ Գանձակը)՝ արեւելահայերու մօտ։ Գրական գործիչները կը ստեղծագործէին գերազանցապէս գաղթավայրերուն՝ Կ․ Պոլսոյ, Զմիւռնիայի, Մատրասի, Կալկաթայի, Մոսկուայի, Պետերբուրգի, Աստրախանի, Նոր Նախիջեւանի, Մոզդոկի, Թիֆլիսի, Նոր Ջուղայի մէջ։ Այս հանգամանքն ալ պատճառ կը դառնայ գրականութեան ազգային ձեւի, նախ եւ առաջ լեզուի որոնման հարցի տարբեր մօտեցումներու, որ ի յայտ կու գայ արեւելահայ եւ արեւմտահայ գրական ու մշակութային գործիչներու ստեղծագործական փորձի մեջ։ Տակաւին չէր մշակուած միասնական տեսակէտ նոր գրականութեան ու դպրոցի լեզուի հարցերուն մէջ։ Աւանդաբար նախապատուութիւնը կը տրուէր գրաբարին, բայց փորձեր կ'ընէին նաեւ այս կամ այն բարբառը, խօսակցական աշխարհաբարի արարատեան ու պոլսական տարբերակները գրականութեան ու դպրոցի լեզու դարձնելու համար։

Դասական Հայերէն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Դասական հայերէնի վերածնութեան շարժումը, որ առաւելապէս կը դրսեւորէր գրականութեան բնագաւառին մէջ եւ որուն նախաձեռնողները առաջին հերթին, Վենետիկի Մխիթարեանները՝ Մխիթար Սեբաստացին (1676–1749) ու անոր աշակերտներն էին։ Ուղղուած էր գլխաւոր նպատակի մը՝ դարերու ընթացքին գիրքերու միջոցաւ աւանդուած եւ աստիճանաբար աղճատուած գրաբարը խորթ ձեւերէն ու լատինաբանութիւններէն մաքրագործելու եւ ոսկեդարեան վիճակը վերականգնելու, որպէսզի ան դառնար ոչ միայն գրականութեան ու դպրոցի լեզու, այլեւ ժամանակի ընկերային ու տնտեսական փոխյարաբերութիւններու ու գաղափարախօսութեան արտայայտման միջոց, ծառայեր ազգային վերածնութեան ու համախմբման նպատակներուն եւ համազգային կարիքներուն։ Այս շարժումը կողմնակիցներ ունէր գրեթէ բոլոր հայկական մշակութային կեդրոններու մէջ, բայց որովհետեւ չէր հետեւեր ժամանակի ոգին, ի վերջոյ, ձախողեցաւ։ Գաղտնիք չէ, որ իրենք՝ Մխիթարեաններն ալ, աւելի ու աւելի հակելով խօսակցական աշխարհաբարին, այդ լեզուով հրատարակեցին (1843 թուականէն) «Բազմավէպ» գրական հանդէսը։ Շարժման գլխաւոր արդիւնքը գրաբար գրականութեան վերածնունդն Էր, որ նախապատրաստուած էր ըստ բոլորին։ Տքնաջան հետազօտութիւններու միջոցով Մխիթարեանները բացայայտած էին գրաբարի հիմնական օրինաչափութիւնները ինչպէս ձեւաբանութեան, այնպէս ալ շարահիւսութեան բնագաւառին մէջ, կազմելով դասական հայերէնի քերականութիւնը (Մ․ Չամչեան, Գ․ Աւետիքեան եւ Ա. Բագրատունի)։ Հաւաքելով ու ստուգաբանելով հայերէնի ողջ բառապաշարը անոնք ստեղծած էին Հայկազեան լեզուի ընտիր ու լիակատար ստուգաբանական բառարան (Մ. Աւգերեան, Դ. Աւետիքեան եւ Խ. Սիւրմելեան), իրենց իսկ՝ կանոնարկած լեզուական ու ոճաբանական օրէնքներով եւ ստուգաբանած բառապաշարով թարգմանած են յոյն, լատին ականաւոր գրողներու ու պատմիչներու երկասիրութիւնները, վերջապէս՝ յօրինած էին գերազանցապէս յանգաւոր տողերով դիւցազներգական ու քնարական քերթութեան բազմազան նմոյշներ, որոնք հետագային ամփոփուեցան «Տաղք Մխիթարեան վարդապետի» (Յ. 1–3, 1852–1854) ժողովածոյի եւ առանձին մեծ ու փոքր գիրքերու մէջ։ Ատոնց բարձրագոյն արտայայտութիւնը Ա․ Բագրատունիի (1790-1866) «Հայկ Դիւցազն» դիւցազնական-հերոսական բանաստեղծութիւնն է (գրուած ու աւարտած է 1830-ին, ձեռագիրը յետոյ զոհ գացած է պատահարի, վերստեղծուած է հետագային, լոյս տեսած է՝ 1858-ին)։ Մինչեւ XIX դարու 40-ական թ․ի կէսերը, հայ բանաստեղծներն ու Մխիթարեան սաները գերազանցապէս այդ վերականգնուած դասական հայերէնով կը գրէին, իսկ 50-ական թ․ հնչեց գրապայքարի յաղթանակի ու աշխարհաբարի քաղաքացիական իրաւունքի ժամը։

Աշխարհաբար Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ղեւոնդ Ալիշան

Արեւելահայ իրականութեան մէջ աշխարհաբարի յաղթանակի գրական ամենամեծ վաւերագիրը Խ․ Աբովեանի (1809–անհետացած է 1848) «Վէրք Հայաստանի» (գրած է՝ 1841-ին ու յաջորդ տարիներուն, հրտ․ 1858) պատմավէպն է, իսկ արեւմտահայ իրականութեան մէջ՝ Ղ․ Ալիշանի (1820–1904) «Երգ Նահապետի» հայրենասիրական բանաստեղծութիւններու շարքը։ Աբովեանի եւ Խաչատուրեանի գրիչի տակ ալ աշխարհաբարը ստացած է անկրկնելի փայլ ու կենդանութիւն: Երկուքին գրական ստեղծագործութիւններն ալ խոր հետք կը ձգեն հայ գրականութեան եւ ազատագրական պայքարի վրայ, կանխորոշել հայ հայրենասիրական քերթութեան գլխաւոր թեմաներն եւ զարգացման ուղիները։ Գրաբար ստեղծագործութիւններուն զուգընթաց յօրինած են նաեւ գրաբարախառն աշխարհաբարով եւ հոգեւոր ու աշխարհիկ բովանդակութեամբ տաղաշարքեր։ Լաւագոյնը Պետրոս Բերդումեան Աղամալեանցի «Պայծառ Արփին արդ բարձրացաւ․․․» տաղն է։ Այս դպրոցի կամ ուղղութեան ներկայացուցիչները շատ են արեւելեան եւ արեւմտեան հայութեան շրջանին մէջ՝ Գրիգոր Օշականցի (1757–1799), Յովհաննէս Կարնեցի (մօտ 1750-ական թ․–1820-ական թ․ սկիզբ), Ահարոն Վարդապետ, Սերովբէ Պատկանեան (1769–1836), Գէորգ Խութով, Ռոստոմ Աբովեան։ Կրոնաբարոյախօսական յորդորներէն բացի, անոնց քնարը կը հնչեցնէ նաեւ հայրենասիրական մեղեդիներ (Ռ․ Աբովեանի «Մունետիկն ի ձայն աղաղակէ․․․» տաղը)։

Տաղերգութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պետրոս Դուրեան

Այս ուղղութիւնը եւս, ի վերջոյ, չգոյատեւեց. տաղերգութիւնը, իբրեւ միջնադարեան քերթութեան վերապրուկ, շուտով ձուլուած է մասամբ աշուղական բանաստեղծութեան, մասամբ ալ՝ նոր քերթութեան հետ, իսկ տաղը՝ իբրեւ հայ նոր բանաստեղծութեան տեսակ, իր ձեւական ու գաղափար, յատկանիշերով վերածնած ու նոր որակ ձեռք բերած է արեւմտահայ քերթութեան մէջ (Մ. Պէշիկթաշլեան, Պ. Դուրեան)՝ նոյնանալով երգին։ Տաղերգու աշուղներէն յիշատակութեան արժանի է Պ. Մատաթեանցը՝ Սեյատը (1810–1876), որ գրած ու հրատարակած է այնչափ շատ, միայն թէ՛ թոյլ ու անկատար ոտանաւորներ։

Հայրենասիրական Թեմաներով Ստեղծագործութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երկու ճիւղերու գրականութիւններու որոնումներու ու հիացումի առարկան հայ հին հայրենիքն ու անոր անցեալ փառքն էր, հայ ազգի ու լեզուի հնութեան եւ հեղինակութեան հաստատումն ու պանծացումը։ Եւ արեւելահայ եւ արեւմտահայ քերթողները Հայաստանի անցեալ երանութիւնները վերստեղծելու ջանք չէին խնայեր թանձրացնելու գոյները եւ նպաստելու Հայաստանի քաղաքական անկախութեան վերականգնման ու միաւորման, լուսաւորութեան ու բանականութեան թագաւորութեան վերահաստատման։ Օտար նուաճողներու լուծէն հայկական հողերու ազատագրումը (Ռուսաստանի աջակցութեամբ ու օգնութեամբ) դարձած է այդ շրջանի քերթուածներու գլխաւոր թեմաներէն մէկը։ Իսկ գալիք Հայաստանը, ըստ ժամանակի գրողներու, պէտք է ըլլար տիպն ու պատկերը ոսկեդարեան ժամանակներու կարգերու ու պանծալի դէմքերու, վարդանանց նման քաջ ու անձնուրաց, Մեսրոպ Մաշտոցի ու անոր աշակերտներու՝ Մովսէս Խորենացիի, Եղիշէի եւ միւսներու նման իմաստուն եւ հայրենասէր։ Սիմէոն Երեւանցի «Արի աստուած հարցը մերոց․․․» մաղթանքը, Պետրոս Ղափանցի (ծննդեան թուականը անյայտ–1784) «Ի ննջմանէդ արքայական» տաղը, «Հայելի Կալկաթեան» կը լրագրէր լոյս տեսած անանուն «Տէր, կեցո դուն զհայս․․․» եւ Յովհաննէս Միրզա Վանանդեցի «Առ Հայաստան» («Հայաստան, երկիր դրախտավայր») երգերը այդ հայեցութիւններու ու ձգտումներու ինքնատիպ արտայայտութիւններն են, բանաստեղծ, խօսքի ու զգացման նախանձելի դրսեւորումներ։ Այս շրջափուլին մէջ, առաջին անգամ ուրուագծուած են ուղղութիւններ ու դպրոցներ, որոնք մինչ այդ անսովոր էին ու անծանօթ եւ որոնց շնորհիւ մեր ազգային բանաստեղծական մշակոյթը, դուրս գալով ներանձնացումէն, կը փարէր կամ կը մերձենէր համընդհանուր գրական կեանքին, համաշխարհային գրական ընթացքին։ Արեւմուտքի գրականութեան ուղղութիւնները, սեռերն ու տեսակները ընտանի կը դառնան հայ գրողներուն ու իրականութեան։

Կլասիցիզմ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շրջափուլի սկզբէն մինչեւ աւարտը տիրապետող գրական ուղղութիւնը կլասիցիզմն էր (Ռ․ Ինճիճեան, «Ամարանոց Բիւզանդեան», 1704, Ղուկաս Կարնեցոլ՝ Գերմանիոյ Յովսէփ կայսերն յղած աղերսագրի վերջաբանը, Երեւանի հայոց նամակը ՅովսԷփ Արղութեանին են։ Հայկական կլասիցիզմի զինանոցը նախ հին Հայաստանի պատմական կեանքն էր, տարբեր դարաշրջաններուն պետական, ռազմական ու հոգեւոր գործունէութեան ասպարէզ կոչուած արքաները, զօրավարները, քերթողները, սրբացած վարդապետները, անոնց կեանքի անցքերն ու մեծագործութիւնները, հեթանոս Հայաստանի աստուածներն ու դիւցազուններն են։ Հայութեան հոգեւոր զարգացումը, տարանջատուելով հեթանոս Արեւելքէն, առմիշտ շաղկապուած է քրիստոնեայ արեւմուտքի հետ, դրական ու բացասական բոլոր հետեւանքներով հանդերձ․ Ա. Բագրատունի («Հայկ դիւցազն»), Հ. Միրզա-Վանանդեցի (1772–1841, «Արփիական Հայաստանի», «Ոսկեդար Հայաստանի»), Մ․ Թաղիադեան (1803–1858, «Աոս եւ Աոնդիպի»), Դ. Պատկանեան (1802–1889 «Հայկերգ», «Արամերգ», «Փառնակ», «Առնակ», «Փառանձեմ», «Վարդան», «Անուշաւան», «Կար»)։

Տրամա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական կլասիցիզմի օրինական ժառանգն է նաեւ՝ տրաման՝ գերազանցապէս պատմական ու բարոյախօսական բնոյթի փիեսներ, որոնք իբրեւ գրական ինքնուրոյն սեռի արտայայտութիւններ, իրենց հաստատուն տեղը կը գրաւեն հետագայ շրջափուլերուն մէջ։ Այս առումով, որոշակի երախտիք ունին մխիթարեան գրողներ Մ․ Զախջախեանը, Ե․ Թովմաճանը, Ա․ Բագրատունին, Պ․ Մինասեանը եւ ուրիշներ։ Առաջիններու փիեսները նուիրուած էին հայոց պատմութեան ականաւոր դէմքերուն՝ Երուանդ եւ Խոսրով Մեծ արքաներուն, Վարդան Մամիկոնեանին, Աբդլմսեհ սուրբին եւ այլն, իսկ՝ Բագրատունիի «Ի Յայտնութիւն Տեսան» տրամային մէջ, հանդէս բերուած էին կրօնաբարոյախօսական խորհրդանիշներ՝ Հաւատք, Յույս եւ Սէր։

Թեմատիկ Բաժանման Սկզբունք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայկական կլասիցիզմի գրականութենէն սկիզբը կ'առնէ բանաստեղծութիւններու թեմատիկ բաժանման սկզբունքը, որ կը կիրառէին մասնաւորապէս Մխիթարեան քերթողները, որոնք սովորութիւն կը դարձնէին իրենց ոտանաւորները համախմբել տէրունականք, կրօնականք, բարոյականք, կենցաղականք, սթափականք եւ համանման այլ վերնագիրերու տակ, այս Ղ. Ալիշանի ստեղծագործական առօրյային մէջ, աւելի կը յստակուի Տէրունի, Մաղթունի, Բնունի, Մանկունի, Տխրունի, Հայրունի են։ Հայրենասիրութեան գաղափարը, ինչպէս նկատած է ակադեմիկոս Մ․ Աբեղեանը. XVIII–XIX դ․ բանաստեղծութեան գլխաւոր շարժիչը ըլլալով հանդերձ՝ դեռ չէր զատորոշուած կրօնա-եկեղեցական քարոզներէն ու աշխարհըմբռնումներէն։ Այդ գաղափարը մեզ կը ներկայացնէ շատ դէպքերուն մէջ, ողբերու ու ներբողներու միջոցով, որոնք ժամանակի տարածուած բանաստեղծական տեսակներէն էին եւ աւանդական կարգով կը ծաւալուէին էջմիածնի ու Արարատեան աշխարհի սրբութիւններու շուրջ։ Առատ են յատկապէս էջմիածնին նուիրուած տաղերն ու ներբողները, որոնց հեղինակներն են՝ Սիմէոն Երեւանցին, Գրիգոր Օշականցին, Աբրահամ Աստապատցին (մասնաւորապէս՝ «Ներբողեան սրբոյ Աթոռոյն էջմիածնի» գրքոյկը, 1807), Դ․ Փեշտմալճեանը, անգամ երիտասարդ Խ․ Աբովեանը («Դրուստ առ սուրբ Մայր Աթոռն մեր Էջմիածին»)։ Կը հնչեն նաեւ՝ այլ երգեր ու մոթիֆներ՝ կեանքի ու մահուան, հոգւոյ եւ մարմնի անլուծելի հակասութեան, վարդի ու սոխակի, խնճոյքի եւ ուրախութեան, բայց անոնց մէջէն արտայայտուող գլխաւոր գաղափարը, ոգին կրօն, բարոյախօսութիւնն է. կրօն, ջերմեռանդութեան արթնացումը եւ հնազանդումը աստուածային կարգին։ Կ'իշխէր բռնայանգը, միեւնոյն ձեւով յանգաւորուող երկարաշունչ ու խրթին բանատողը՝ առանց բանաստեղծական գիւտերու ու պատկերներու։ Բռնայանգի վարպետներ էին Հայաստանի արեւելեան ու արեւմտեան բնաշխարհի մէջ ստեղծագործող Մխիթարեան բանաստեղծները՝ Ղ. Ինճիճեան, Գ. Աւետիքեան, Է. Հիւրմիւզեան–Վրոյր, Ա․ Բագրատունի, Սռան Սիսակեան, Մ․ Զախջախեան, Վ․ Ռուբինեան։ Հետագայ հայ բանաստեղծութեան վրայ անոնց ազդեցութիւնը երկրորդական է, մանաւանդ որ անոնց՝ գրական ասպարէզը ձգելու հետ միասին կը դադրի նաեւ գրաբար բանաստեղծութիւնը, եթէ կողմը ձգենք նորավարժ ճարտասաններու դպրոցական վարժութիւնները եւ երիտասարդ Ղ․ Ալիշանին, Մ․ Պեշիկթաշլեանին ու քանի մը ուրիշներու, որոնք իբրեւ բանաստեղծներ թրծուելով Մխիթարեան քուրային մէջ, որոշ ժամանակ դեռ իրենց հոգւոյ պարտքը կու տային, իսկ հետագային կամ ընդհանրապէս կը ձգեն յանգագիտութեամբ զբաղիլը կամ կ'անցնին հայ ռոմանթիկներու բանակը եւ կը իւրացնեն վերջիններուս գեղագիտութիւնն ու փորձը։ Կլասիցիզմի զարգացման ամենաբուռն շրջանին մէջ՝ աստիճանաբար կը սկսին նշմարուիլ հայկական սենտիմենտալիզմի ու ռոմանթիզմի յատկանիշերը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայաստան» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։