Յուշարար-Միութիւն
| Յուշարար-Միութիւն | |
|---|---|
| Տեսակ | հանդէս |
| Լեզու | Հայերէն, Անգլերէն |
| Խմբագիր | Ա. Փօլատեան (1961-1990) |
| Հրատարակիչ | ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչութիւն |
| Երկիր |
|
Յուշարար-Միութիւն (արեւմտահայերէն՝ Յուշարար-Միութիւն), տեղեկատու ամսաթերթ։ ՀԲԸՄ կեդրոնական վարչութեան պաշտօնաթերթ։ Լոյս կը տեսնէ 1961 թուականէն, Նիւ Եորքի մէջ։ Ստեղծուած է «Միութիւն» եւ «Յուշարար» պարբերականներու միաւորումով։ Խմբագիր՝ Ա. Փօլատեան (1961-1990 ), 1990 թուականէն՝ խմբագրական խորհուրդ։
Գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Յուշարար միութիւն»-ը (ինչպէս ժամանակին «Միութիւնը» եւ «Յուշարարը») կ'աջակցէր ՀԲԸՄ-ի գործունէութեան, կը լուսաբանէր միութեան եւ անոր մասնաճիւղերու ձեռնարկները։ Կը հրատարակէ ՀԲԸՄ-ի ընդհանուր ժողովներու արձանագրութիւններ, ելոյթներ, հանգանակութիւններու ցուցակներ, սփիւռքահայ մշակութային կեանքի մասին տեղեկութիւններ, հայկական կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան վերաբերեալ նիւթեր եւ այլն։ Հոն Տպագրուած են Ա. Չօպանեանի, Պ. Նուպարի, Ֆ. Նանսենի, Ս. Գարակէօզեանի, Ա. Մանուկեանի եւ այլոց նամակները, գրագրութիւններ Սովետական Հայաստանի զանազան հաստատութիւններու հետ, թղթակցութիւններ հայրենիքէն։ Կարեւոր տեղ յատկացուցած է 1946—1948 թուականներու հայրենադարձութեան, արձագանգած՝ յետպատերազմեան տարիներուն սփիւռքահայութիւնը յուզող իրադարձութիւններուն։
«Յուշարար միութիւն»-ին մէջ աշխատակցած են Բ. Նուրիկեանը, Մ. Թիրեաքեանը, Հ. Անտոնեանը, Ա. Նազարը, Ա. Մանուէլեանը, Լ. Զ. Սիւրմէլեանը, Զ. Գալեմքեարեանը, Ա. Պետիկեանը, Աւետիս Քեյը, Պետրոս Կէօլճիկը, Գ. Սարաֆեանը, Շահան Նաթալին, Դ. Միրագենցը, Ա. Թերզիպաշեանը, Լ. Կերտանը եւ ուրիշներ։ Տպագրած է նաեւ Յովհաննէս Թումանեանի, Վահան Թէքէեանի, Աւետիք Իսահակեանի, Դանիէլ Վարուժանի, Եղիշէ Չարենցի, Յովհաննէս Շիրազի, Պարոյր Սեւակի եւ այլոց ստեղծագործութիւնները։
«Յուշարար»-ը 1927 թուականէն ունեցած է անգլերէն էջ, 1947 թուականէն՝ «Hoosharar» բաժին, որ 1952 թուականէն լոյս կը տեսնէ որպէս առանձին պարբերական (խմբագիրներ՝ Մ. Յովսէփեան, Ա. Գույումճեան, Վ. էքսէրճեան, Ս. Թովմասեան, Ռ. Սարեան, Պ. Նորհատք)։