Մենելաոս

Մենելաոս
հին յուն․՝ Μενέλαος
Մենելաոս կը փրկէ Փաթրոքլոսին դիակը․ յուշարձան, գործ Ք․Ա․3-րդ դարուն․ գտնուած է Հռոմ 1570-ին եւ այժմ տեղադրուած է "Լոճա դի Լանծի" հրապարակը, Ֆիրենծէ, Իտալիա
Ազգութիւն յոյն
Գործունէութիւն Զինուորական գործունէութիւն․ Տրոյան պատերազմ
Վարած պաշտօններ Սփարթի քաղաք-պետութեան թագաւոր
Ամուսին Հելեն, ընկերուհի՝ Քնոսիա
Ծնողներ Աթրէաս եւ Աէրոփի
Երեխաներ Էրմիոնի, Քսենոտամոս, Նիքոսթրաթոս, Մեղափենթիս, Փլիսթենիս, Մորաֆիոս, Էթոլաս, Թրոնիոս

Մենելաոս, (յուն․՝ Μενέλαος, անունը հին յունարէնին մէջ կը նշանակէ ժողովուրդին -λαός- ցասումը -μένος-)․ Սփարթիին (կամ Սպարտային) թագաւոր։ Յունական դիցաբանութեան մէջ, եղած է Աղամեմնոնասին եղբայրը եւ էլենիին (գեղեցիկ Հելենին) ամուսինը։ Հոմերոսին Իլիատային մէջ Աթրէոսին եւ Աէրոփիին զաւակն էր, Փելոփասին եւ Իփոտամիային թոռը։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մենելաոս, եղբօրը՝ Աղամեմնոնասին հետ Միկինեսէն վտառուած ըլլալով, Սփարթի կ՛ապաստանին, Թինտարէոս թագաւորին պալատին մէջ եւ կ՛ամուսնանայ անոր աղջկան՝ գեղեցիկ Հելենին հետ։

Թինտարէոս իր թագաւորութիւնը Հելենին եւ Մենելաոսին կը ձգէ։ Անոնց ընտանիքին խաղաղութիւնը կը խանգարուի երբ Տրոյի գահաժառանգը՝ Փարիս, Սփարթի կը հասնի։ Մենելաոս ժամանակի մը համար պալատէն կը բացակայի Կրետէ, որպէսզի ներկայ գտնուի իր մեծ հօր՝ Քաթրէոսին յուղարկաւորութեան։

Տրոյան պատերազմին մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինչ Մենելաոս Կրետէ կը գտնուէր, կ՛իմանայ թէ Փարիս գեղեցիկ Հելենին Տրոյ փախցուցած է։ Անմիջապէս Սփարթի կը վերադառնայ եւ Յունաստանի մնացեալ թագաւորներէն օգնութիւն կը խնդրէ, առաջին հերթին՝ Նեսթորասէն։

Ինք Մենելաոս կը մասնակցի նաւերով, սակայն իր փափուկ նկարագրին համար յոյներուն ընդհանուր ղեկավարը չ՛ըլլար։ Այդ պատճառով ղեկավարութիւնը ցասկոտ եղբայրը՝ Աղամեմնոնաս, կը ստանցնէ։

Երբ յոյները Տրոյ կը հասնին, Մենելաոս եւ Օտիսէաս (Ոդիսեւս) նախ քաղաք կ՛երթան հարցը խաղաղօրէն լուծելու համար եւ կը պահանջեն գեղեցիկ Հելենը, ինչպէս նաեւ Մենելաոսին պալատին գանձերը որ Փարիս կողոպտած էր։ Սակայն տրոյան համագումարին, Փարիս եւ անոր կողմնակիցները կը մերժեն Մենելաոսին առաջարկը։ Մենելաոս եւ Փարիս կը մենամարտին, Փարիս ծանրօրէն կը վիրաւորուի, իսկ Մենելաոս՝ թեթեւօրէն։

Ամֆորէայի վրայ պատկերուած Մենելաոսին եւ Փարիսին միջեւ մենամարտը, Ք․Ա․490-480, կը գտնուի Լուվրի թանգարանը

Յաջորդող երկարատեւ պատերազմին ընթացքին, Մենելաոս բաւական ծանօթ տրոյացիներ կը սպաննէ, կը փրկէ Ահիլէասի սերտ բարեկամին՝ Փաթրոքլոսին դիակը տրոյացիներուն ձեռքէն եւ կը մասնակցի անոր յիշատակին կատարուած դամբանական մրցումներուն։ Յոյն զինեալներուն այդ խումբէն էր որ կը մտնեն «Տրոյան ձի»ուն մէջ։

Տրոյի կործանումին ընթացքին կը գտնէ Հելենը եւ մազերէն բռնելով զայն կը քաշկշէ մինչեւ յունական նաւերը։ Ըստ ուրիշ աւանդութեան մը Հելենը կ՛ապաստանի ընտանեկան բագինին, ուր Մենելաոս կ՛ուզէ զայն սպաննել, սակայն ի վերջոյ կը հաշտուին աստուածներուն օգնութեամբ։

Վերադարձը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատերազմի վերջաւորութենէն ետք, վերադարձի ճամբուն Մենելաոս երբ Սունիօ հրուանդանէն (Ատիկէի հարաւային ծայրը) անցնելէ ետք եւ հասնելու ատեն Մալէաս հրուանդանը (Պելոպոնեսի հարաւ-արեւելեան ծայրը) փոթորիկի մը կը հանդիպի որ զայն Կրետէի ժայռոտ քարափի ափերուն կը մոլորէ եւ նաւերուն մեծ մասը կը խորտակուին։ Կրետէէն ետք, Եգիպտոս կը գտնուի, ուր ըստ Օտիսիային, 5 տարի կը մնայ եւ կը հարստանայ։ Սակայն միշտ Սփարթի վերադառնալ կ՛ուզէր։ Վերջապէս աստուածներուն զոհաբերութիւններ ընելով, Մենելաոս Հելենին հետ Սփարթի կը հասնին։

Ամֆորէայի վրայ պատկերուած Մենելաոս եւ Հելեն Տրոյի կործանումէն ետք Ա․, կը գտնուի Պերլինի Պերկամոյի թանգարանը

Կեանքին վերջաւորութենէն ետք, Մենելաոս կը փոխադրուի «Ելիսեան դաշտերը» (անդի աշխարհը հին յունական դիցաբանութեան մէջ)։ Ուրիշ մեկնաբանութեամբ մը Մենելաոս եւ Հելենի Խրիմ կ՛երթան (Թաւրիքի Ταυρική, հին յուն․՝ Ταυρίς) Օրեսթիսը (Աղամեմնոնասին եւ Քլիթեմնիսթրային մանչ զաւակը) փնտռելուն համար, սակայն հոն Արթեմիտա աստուածուհիին բագինին վրայ կը զոհուին Իֆիղենիային կողմէն։

Փաւսանիաս, կը նշէ թէ իր ապրած ժամանակաշրջանին (Բ․ դար՝ 110-180), Սփարթիին մէջ դեռ կանգուն էր Մենելաոսին Տունը (դարապասը)։ Տաճար մը կար Մենելաոսին ի պատիւ՝ Մենելայոն, ուր ըստ տեղական աւանդութեան կնոջ հետ հոն թաղուած էին։

1647 Մենելաոս աստղակերպ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1647 Մենելաոս աստղակերպը յայտնաբերուած է 1957-ին ամերիկացի աստղաբան Սիթ Պարնս Նիքոլսոնին կողմէ եւ անունը առաւ Տրոյան Պատերազմի հերոսներէն, Սփարթիին թագաւոր, Մենելաոսին։

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նեսթոր

Աղամեմնոնաս

Մենելայոն

Միկինեան քաղաքակրթութիւն

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]