Jump to content

Միկինես

Միկինես հնավայր
Միկինես
Μυκήνες
Երկիր Յունաստան
Շրջան [[հիւսիս-արեւելեան Պելոպոնես]]
Տարածութիւն 0,32 քմ²
Պաշտօնական լեզու Միկինեան յունական
Ժամային գօտի UTC+2 եւ UTC+3։00
Պարգեւներ Եունեսքոյի համաշխարհային ժառանգութեան յուշարձան

Միկինես (յուն․՝ Μυκήνες կամ Μυκήναι, Μυκήνη), հնաբանական վայր, Եունեսքոյի համաշխարհային ժառանգութեան յուշարձան, Միկինեան քաղաքակրթութեան գլխաւոր կեդրոն․ Արղոլիտա, հիւսիս-արեւելեան Պելոպոնես, Աթէնքէն 90 քլ․ հարաւ-արեւմուտք։

Ըստ Փաֆսանիասի, Փերսէաս Թիրինթայի շրջանը կառուցած է Միկինեսը։ Տուած անունին համար երկու տարբերակներ կան․

  • Այդ վայրը, իր (Փերսէասին) սուրին պատեանը («միկիս»ը) ինկած է,
  • Ծարաւ ըլլալով (Փերսէաս) գտած է սունկ մը («միքիթաս») եւ քաղելով զայն կը յայտնաբերուի աղբիւր մը, որ մինչեւ այսօր կայ եւ «Փերսէա փիղի» կը կոչուի («փիղի»՝ աղբիւր)։

Տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Միկինեսի պակերացում․ ԺԹ. դարու գործ, Ֆալքէ Ճէյքոպ Վոն, 1887
Միկինեսի Աքրոփոլիսը

Ք․Ա․ 2-րդ հազարամեակին Միկինես եղած է յունական մշակոյթի գլխաւոր կեդրոններէն։ Ռազմական կարեւորութեամբ բերդը կ՛իշխէր Յունաստանի հարաւային շրջանները։ Յունաստանի պատմութեան Ք․Ա․1600-էն մինչեւ Ք․Ա․ 1100 ժամանակաշրջանը կոչուած է Միկինեան․ տեղեկագրելով Միկինես։

Առաջին անգամ Օմիրոս (Հոմերոս) կը խօսի Միկինեսի մասին զայն նկարագրելով իբրեւ «էվրիաղիան» (ευρυάγυιαν լայն ճամբաներ ունեցող) եւ «փոլիհրիսոն» (πολύχρυσον բազմա-ոսկեայ) քաղաք։ Ք․Ա․1350-ին բարգաւաճման գագաթնակէտին հասած, Միկինեսի բերդն ու վարի քաղաքը կը հաշուէին 30 000 բնակիչ։

Դամբաններու Շրջանակ Ա («Թաֆիքօ Քիքլօ Ա» Ταφικό Κύκλο Α)
Աղամեմնոնաս թագաւորին ոսկեայ դիմակը (Աղամեմնոնասին Դիմակը), 1876-ին գտնուած՝ Դամբաններու Շրջանակ Ա, Ք․Ա․ 16-րդ դար

Միկինեսի աքրոփոլիսը բնակուած է վաղ Նոր Քարէ Դարու շրջանէն մինչեւ յունական միջին ժամանակաշրջանը։ Ք․Ա․12-րդ դարուն Միկինեսի անկումը կը սկսի։ Հիթիթներու պետութեան կործանումը Միկինեսի անկումին պատճառներէն մէկն է․ Հիթիթները վարպետ երկաթագործեր էին եւ Միկինես այդ եւ եգիպտական շուկաները կը կորսնցէ։ Աղամեմնոնասի սպանումէն ետք (Էղիսթոս զայն կը սպաննէ), Միկինեան պետութիւնը կը դադրի ըլլալէ եւ Պելոպոնեսի նոր տէրերը՝ Դորեացիները Ք․Ա․1100-ին կը գրաւեն զայն։

Ք․Ա․468-ին Արղոսցիները Միկինես կը քանդեն եւ քաղաքին հին բնակիչները Յունաստանի շրջանները կը ցրուին եւ կը հասնին մինչեւ Մակեդոնիա։ Ք․Ա․150-ին Միկինես կ՛ ամայանայ։

  • Քլիթեմնիսթրային դամբանը
    Հենրիխ Շլիման հետաքրքրուած «Փերսէա փիղի»ով, հնաբանական պեղումներ կը կատարէ Միկինեսի Աքրոփոլիսին վայրը։ Կը յայտնաբերէ փոսաձեւ դամբաններ, արուեստի զանազան հազուագիւտ անօթներ, բոլորն ալ Միկինեան քաղաքակրթութեան նմուշներ, որ զարգացաւ Ք․Ա․ 1600 - Ք․Ա․ 1100 կեդրոն ունենալով Միկինես։ Շլիմանին գործը կը շարունակեն յաջորդաբար ՝
  • Սթամաթաքիս 1877-1878 կը յայտնաբերէ Դամբաններու Շրջանակ Ա («Թաֆիքօ Քիքլօ Ա» Ταφικό Κύκλο Α), վեց հորանման դամբաններ, կաւէ անօթներով։
  • Խրիստոս Ցունտաս (1888-1908)․ կը յայտնաբերէ պալատը Աքրոփոլիսի բարձրագոյն կէտին, ինչպէս նաեւ սրահի մեծութեամբ դամբաններ։
  • Ալան Ուէյս (1919-1955)․ ան կ՛ուսումնասիրէ յայտնաբերուած վայրը, գտնուած նիւթերն ու իրերը։
  • Ուիլեամ Թէյլոր․ ան պարսպապատ բլուրին արեւմտեան լանջին կը յայտնաբերէ Միկինեսի սրբավայրը։
  • Սերաֆիմ Հարիթոնիտիս, 1951-ին կը յայտնաբերէ Դամբաններու Շրջանակ Բ («Թաֆիքօ Քիքլօ Բ» Ταφικό Κύκλο Β)։
  • Եոանիս Փափատիմիթրիու (1951-1952)․ կ՛ուսումնասիրէ Դամբաններու Շրջանակ Բ («Թաֆիքօ Քիքլօ Բ» Ταφικό Κύκλο Β)։
  • Եորղոս Միլոնաս 1970-ի տասնամեակին կը շարունակէ նախորդներուն գործը եւ կը վերակառուցէ Քլիթեմիսթրային (Քլիթեմիսթրա․ Աղամեմնոնաս թագաւորին կինը) դամբանը։ Վերակառուցման աշխատանքներուն ընթացքին, 1952-ին կը յայտնաբերէ թագաւորական դամբանները, ենթակառոյցները, հիւսիս-արեւմտեան եւ հարաւ-արեւմտեան թաղամասերը, պարզելով այսպէս Միկինացիներուն ընկերային կազմակերպումը պալատական համալիրին մէջ։
  • Սփիրոս Իաքովիտիս եւ Է․ Ֆրենչ վերջին եռեսնամեակին կը շարունակեն ուսումնասիրել Միկինեան քաղաքակրթութիւնը, նոր տեղեկութիւններ յայտնաբերելով։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11]

Գծային Β (Γραμμική Β)

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]