Jump to content

Մեհեան

Գառնիի հեթանոսական տաճարը

Մեհեան, հեթանոսական տաճար։

Կ'ենթադրուի, որ սկզբնական շրջանին մեհեան կոչուած են Միհր աստուծոյ տաճարները, հետագային ստացած են հեթանոսական տաճար ընդհանուր իմաստը։ Մեհեանին մէջ դրուած էին հեթանոսական որեւէ աստուածութեան արձանը եւ զոհասեղան մը, որոնք կոչուած են բագին։ Երբեմն մեհեանը նոյնպես կոչուած է բագին։ Ագաթանգեղոս հեթանոսներու մասին կ'ըսէ է, որ «անոնք դիցապաշտ կախարդութեամբ մեհեաններ կը կառուցէին եւ անոնց մէջ երկրպագութեան պատկերներ (արձաններ) կը կանգնեցնէին»։ Մովսէս Խորենացիի վկայութեամբ, Վաղարշակ թագաւորը կարգելով հայոց նախարարութիւնները՝ «այս բոլորէն ետք Արմաւիրի մէջ մեհեան շինելով՝ արձաններ կը կանգնեցնէ արեգակին, լուսինին եւ իր նախնիներուն» (Պատմութիւն Հայոց, 1968, էջ 140)։

Պատմահայրը այնուհետեւ կը հաղորդէ, որ Երուանդ Դ. թագաւորը մայրաքաղաքը Արմաւիրէն տեղափոխած է արեւմուտք՝ Արաքսի ափին, ուր «ընդդէմ Ախուրեանն հոսի գետ», նոր մայրաքաղաքէն ոչ հեռու, Ախուրեանի ափին շինած է Բագարան (աստուածներու բնակավայր) փոքր քաղաքը, հոն փոխադրած է բոլոր կուռքերը Արմաւիրէն եւ մեհեաններ կառուցելով, իր եղբայրը՝ Երվազը կարգած է քրմապետ (նոյն տեղը, էջ 166)։ Հին Հայաստանի մէջ հեթանոսական դիցարանի բոլոր աստուածներուն նուիրուած մեհեաններ կառուցուած էին։ Երկինքի եւ երկրի արարիչ, բոլոր աստուածներու հայր համարուող Արամազդին մեհեանը կը գտնուէր Եփրատի ափին, Անի ամրոցին մէջ։

Ագաթանգեղոս, պատմելով քրիստոնէութիւնը ընդունելէ ետք հեթանոսական մեհեաններու աւերման մասին, բազմիցս կը նշէ, որ անոնք ընդարձակ տիրոյթներ եւ գանձեր ունէին։ Օրինակ՝ Արտաշատի մէջ Անահիտ դիցուհիին եւ անոր մօտ գտնուող Տիր աստուծոյ մեհեանները աւերելու առիթով կ'ըսէ, որ անոնց մթերած գանձերը գրաւեցին, բաժնեցին աղքատներուն, իսկ դաստակերտները (մեհեաններուն պատկանող քաղաքատիպ աւանները), անոնց սպասաւոր քուրմերով, հողերով եւ սահմաններով նուիրեցին եկեղեցւոյ։ Համանման վկայութիւններ պատմիչը կը հաղորդէ նաեւ Բարշամինայի, Արամազդի, Անահիտի, Նանէի, Միհրի մեհեաններուն, ինչպէս եւ Վահագնի, Աստղիկի եւ Անահիտի Աշտիշատի մէջ գտնուող մեհեաններու կործանման առթիւ։ Մեհեաններուն մէջ կը պահուէին նաեւ մեհենական նշանագիրերն ու գրականութիւնը, գեղարուեստական ձեւաւորումով մեծարժէք ծիսական սպասներ, իրեր, առարկաներ՝ տարբեր նիւթերէ, նաեւ ազնիւ մետաղներէ։ Մեհեանները կրօնապաշտամունքային, տնտեսական եւ մշակութային կեդրոններ էին։ Հայաստանի մէջ քրիստոնէական դաւանանք ընդունելու ժամանակներուն հեթանոսական աստուածութիւններու մեհեանները հիմնայատակ աւերուած են եւ անոնց ճարտարապետութեան մասին գրեթե ոչինչ յիշուած է։ Պահպանուած է միայն Գառնիի արքայական ամրոցին յունա-հռոմէական տիպի հեթանոսական տաճար-մեհեանը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 

Ստորոգութիւն:Հայկական հեթանոսական տաճարներ