Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութիւն
Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութիւն | |
---|---|
Հիմնադրուած | 1921 |
Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութիւն, «Հաուըրտ Գարակէօզեան յիշատակի հիմնարկ» հիմնուած՝ 1921 թուականին։
Հիմնադրման Նպատակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հաուըրտ Գարակէօզեան յիշատակի հիմնարկը հիմնուած է 1921 թուականին Նիւ Եորքի մէջ, Միհրան եւ Զապէլ Գարակէօզեաններու կողմէ՝ յաւերժացնելու իրենց 14-ամեայ վաղամեռիկ որդւոյն՝ Հաուըրտի յիշատակը։
Հաստատութիւնը հիմնուած է հայ որբ եւ կարիքաւոր մանուկներու խնամք, բուժում եւ կրթութիւն մատակարարելու նուիրական առաքելութեամբ:
1921-ին, Պոլսոյ մէջ, հիմնուած է «Որբանոց Տուն» մը, որ նախադրեալը կը կազմէ Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութեան, այնուհետեւ իր սաներով տեղափոխուած է Փարիզ: 1939 թուականէն սկսեալ իր գործունէութիւնը ծաւալած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ։ Հայաստանի անկախացումէն ետք հաստատութիւնը սկսած է լայնածաւալ գործունէութիւն իրականացնել նաեւ հայրենիքի ու Ղարաբաղի մէջ[1]:
Սկզբնական շրջանին հաստատութեան գործունէութիւնը կը սահմանափակուի գաղթական ու սննդակարօտ հայ աշակերտներուն ճաշի մատակարարումով, առանց համայնքային խտրութեան:
Հաստատութեան Գործունէութիւնը Լիբանանի Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հաուըրտ Գարակէօզեան յիշատակի հիմնարկը, Լիբանանի մէջ, կը գործէ 1941 թուականէն ի վեր։ 2001 թուականին տարեկան պիւտճէն կը կազմէր 556 հազար տոլար։ Ունի շուրջ 50 հոգանոց անձնակազմ՝ բժիշկներ, բուժքոյրեր, ընկերային ծառայողներ եւ այլն։
Նպատակն է բարելաւել մինչեւ 14 տարեկան հայ պատանիներու ֆիզիքական, բարոյական ու հոգեկան վիճակը։ Ունի ընկերա-բժշկական կեդրոն (7 դարմանատուներով) Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղամասին մէջ եւ մանկաբուժական դարմանատուն մը՝ Այնճարի մէջ։ Լիբանանի հայկական դպրոցներէն ներս կը հետեւի աշակերտներուն առողջութեան, թերաւարտ հայ երիտասարդներուն, կանանց եւ մայրերու համար կը կազմակերպէ լեզուի, կարի, նկարչութեան, հարկաշինութեան, մեքենագրութեան, շտապ օգնութեան եւ այլ դասընթացքներ։
Մասնակցած է Պէյրութի արուարձաններէն՝ Ֆանար եւ Ռաուտա թաղամասերուն մէջ, հայերու համար բնակարաններու կառուցման աշխատանքներուն։
Հաստատութեան Գործունէութիւնը Հալէպի Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1948-ին, ընդառաջելով Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Զարեհ Արք. Փայասլեանի առաջարկին, հաստատութիւնը 1 Մարտ 1949-ին կը ստանձնէ 1944-1948 տարիներուն Հալէպի մէջ գործող Հայկ Թիւֆէնքճեան «Ազգային Մանկանց Դարմանատուն»ը, զայն վերանուանելով Հաուըրտ Գարակէօզեան Դարմանատուն, ուր կը հիմնաւորուի հաստատութեան առողջապահական գործունէութիւնը:
Մինչ այդ, ազգային բարերար Միհրան Գարակէօզեանի նախաձեռնութեամբ, 21 Յուլիս 1947-ին, Հալէպի մէջ կը հիմնուի «Անանուն Բարերարի Ձեռնարկ»ը, բարերարութեամբ ամերիկահայ բարերար Վարդան Ճինիշեանի:
1982-ին Դարմանատունն ու Հաստատութեան կեդրոնը կը փոխադրուին Հայ Աւետարանական Քրիստոսի Եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ, ուր կը գործեն մինչեւ օրս[2]:
Հաստատութիւնը իր ծառայութիւնը ծաւալած է Սուրիոյ տարածքին՝ Հալէպ, Լաթաքիա, Քեսապ, Ռագգա, Գամիշլի, Տերիք, Հասիչէ, Թէլ Ապիատ եւ Ռասուլ Այն:
Հաստատութեան ծառայութիւնները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Անանուն Բարերարի Ձեռնարկի յանձանձում՝ 1947-էն ի վեր:
- Մանկաբուժական խնամատարութիւն նորածին երախաներու մինչեւ 14 տարեկան փոքրիկներու, առողջապահական հոգատարութիւն, 1949-էն ի վեր:
- Ատամնաբուժական ծառայութիւն – մինչեւ 14 տարեկան հասակի դպրոցական աշակերտներու համար` 1967-էն ի վեր:
- Ընկերային Ծառայութեան Գործունէութիւն ՝ ուսուցողական, դաստիարակչական, դասաւանդում՝ Հայերէն, Անգլերէն եւ Ֆրանսերէն լեզուներու, նկարչութեան, ձեւագիտութեան, առաջին շտապօգնութեան, առտնին տնտեսագիտութեան, խմորեղէններու եւ ճաշերու պատրաստութեան ինչպէս նաեւ դասախօսական շարքեր, 1982-էն ի վեր:
- Հալէպի վերաբնակեցման Ծրագիր:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «ՀԱՈՒԸՐՏ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ» ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ 90-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ
- ↑ «Հաուըրտ Գարակէօզեան Հաստատութիւնը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2017-09-14-ին։ արտագրուած է՝ 2016-04-07
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Յատուկ Փոխներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լազարինիի Այցելութիւնը «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութիւն։
- «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ընկերային Բարգաւաճման Ծրագիրի Զատկուան Տօնակատարութիւն։
- «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ամառնային Դպրոցի Ծրագիրի 2017 Տարուան Համառօտ Տեղեկատուութիւն
- Նախագահը Ընդունած Է «Գարակէօզեան» Հաստատութեան Ներկայացուցիչները
- Ֆանարի Ս. Երրորդութիւն Մատրան Անուանակոչութիւն Եւ Նորակառոյց Տախտակէ Դրան Օրհնութիւն
- «Գարակէօզեան» հաստատութեան հանդիպումը` հայկական դպրոցներու եւ կազմակերպութիւններու տնօրէններուն հետ