Գամիշլի
Քաղաք | |
---|---|
Գամիշլի | |
քրտ.՝ Qamishli | |
Երկիր | Սուրիա |
Հիմնադրուած է՝ | 1925 |
ԲԾՄ | 455±1 մեթր |
Բնակչութիւն | 184 231 մարդ (2013) |
Ժամային գօտի | UTC+2 |
Հեռախօսային ցուցանիշ | 53 |
Պաշտօնական կայքէջ | kamishli.com |
Գամիշլի (արաբերէն՝ القامشلي) քաղաքը կը գտնուի Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանին մէջ, Դամասկոսէն 680 քմ հեռաւորութեան վրայ, բարձրութիւնը ծովի մակերեսէն կը կազմէ 508 մեթր[1], թրքական սահմանին վրայ։ Գամիշլին կառուցուած է պատմական Մծբինի պարիսպներէն 500 մեթր դէպի հարաւ: Ան երկաթուղագիծով հիւսիսէն կը միանայ Իրաքի Մուսուլ քաղաքին, իսկ հարաւէն Սուրիոյ Հասիչէ, Տէր Զօր, Ռաքքա, Հալէպ, Հոմս եւ Դամասկոս քաղաքներուն:
Անուան ստուգաբանութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գամիշլին իր անունը ստացած է Թուրքիոյ մէջ համանուն գիւղէն, որ Խապուր գետի Ճաղճաղ վտակի ափին կը գտնուէր:
Ըստ այլ ստուգաբանութեան «Գամիշլի» բառը յառաջացած կ'ենթադրէ «Գամիշ» եղեգ բառէն եւ զայն կը թարգմանէ իբրեւ «Եղէգնուտ»:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Դարեր առաջ, այս գիւղաքաղաքին մօտ, Տաւրոսեան լեռներու փէշերուն, կը բարձրանար Միջագետքի նշանաոր մեծ քաղաքը` Մծբին (յունարէն Նիսիպին):
Մծբին քաղաքը Մեծն Տիգրանի օրով մաս կազմած է հայկական պետութեան: Եղած է hայոց արքային աթոռանիստ քաղաքներէն, ուր կը պահուէր անոր գանձերուն մէկ մասը: Մծբին Է. դարուն կը գրաւուի արաբներուն կողմէ եւ բնակչութիւնը աստիճանաբար փոփոխութիւն կը կրէ, որուն հետեւանքով, պարսիկներու եւ հայերու կողքին, այստեղ բնակութիւն կը հաստատեն արաբներն ու թուրքերը, իսկ թրքական նուաճումերէն ետք` առաւելաբար թուրքերը:
Պատմական Մծբինէն պահպանուած են պարիսպներու մնացորդներ եւ քանի մը եկեղեցիներու աւերակ ու փլատակ շէնքեր: Մինչեւ Ա. Աշխարհամարտ, Գամիշլին աննշան վայր եղած է: Աշխարհամարտէն ետք, դաշնակիցները նահանջած են թրքական հողերէն, ֆրանսացիները այստեղ` Այնտիւարի մէջ հաստատած են իրենց զօրանոցները ու կազմած բանակ: 1926-ին ֆրանսացիներուն կողմէ հիմնուած է քաղաքը:
Բնակչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]20-րդ դարուն սկիզբը բնակչութիւնը կը հաշուէր 7000 անձ, որուն 1/7-րդը հայերէ բաղկացած էր: 1915 թուականին, ենթարկուելով թրքական բռնութիւններուն, հայերուն մէկ մասը կ'ոչնչանայ, իսկ միւս մասը կը տարագրուի զանազան երկիրներ: Այն հողերը, որոնք այսօր Գամիշլիի կը պատկանին, անցեալին կը պատկանէին Մծբնայ ժողովուրդին:
Գամիշլիի հայ գաղութի կազմութիւնն ու ազգային կեանքը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կ'ենթադրուի, թէ Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթականներու հոսքը կը սկսի 1927-ին, ֆրանսացիներուն գրաւումէն անմիջապէս ետք: Որոշ տեղեկութիւններ կը հաստատեն սակայն, թէ 1925-ին Գամիշլիի մէջ իրենց բնակութիւնը հաստատած էին արդէն Հասիչէէն, Տէր Զօրէն, Ռաքքայէն, Ռաս ուլ Այնէն եւ Հալէպէն հայ ընտանիքներ: Ֆրանսական բանակի ներկայութիւնը քաջալերած էր Թուրքիոյ մէջ գտնուող սահմանամերձ քրիստոնեաներուն գաղթը դէպի Սուրիա:
1927 թուականէն ետք, հոսք մը սկսած է դէպի վերոնշեալ վայրերը: Գաղթողներ ընդհանրապէս եկած են քրտաբնակ գաւառներէն` Ճէզիրէթ Պոթանէն կամ Պշերիի լեռներէն, եւ տեղանունի հիման վրայ կոչուած էին «պշերկցիներ», նաեւ` Տիգրանակերտի, Խարբերդի, Բալուի եւ Մարտինի շրջաններէն: Անոնք ապաստան գտած էին մասնաւորապէս Հասիչէ, Գամիշլի եւ Ռաս ուլ Այն: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունեցած է իր բարբառը, իսկ Տիգրանակերտի եւ Մուշի շրջանի հայ գիւղացիութիւնը մեծ մաս կը կազմէր:
Տեղւոյն հոգատար կառավարութիւնը Գամիշլի եւ Հասիչէ ապաստանած գաղթականներուն բնակութեան եւ տեղաւորման համար կը տրամադրէ ընդարձակ եւ բարեբեր հողեր` թրքական սահմանէն 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Իսկ Հալէպի Գաղթականաց Ենթայանձնախումբին կողմէ Գամիշլի կը ղրկուի Վերապատուելի Ահարոն Շիրաճեան` նորեկ գաղթականներուն կեցութիւնը ուսումնասիրելու նպատակով:
Բնակութեան համար նշանակուած են գիւղեր եւ աւաններ` բնակչութիւնը այնտեղ տեղաւորելու եւ զայն ինքնաբաւ դարձնելու համար: Բնակութեան վայր դարձուցած են Չգըր Պազարը , Թէլ Պրագը եւ Ղարատուն: Վերջինս, իր առողջարար օդին, բարեբեր հողերուն եւ երկու գետերուն միջեւ գտնուելուն համար, ընկալած է 500 ընտանիք:
1941 թուականէն սկսեալ գործած է Հայ առաքելական առաջնորդական փոխանորդութիւնը, իսկ Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանը գոյութիւն ունի Մեծ Եղեռնին յաջորդող առաջին տարիներէն։ Գոյութիւն ունեցած է նաեւ հայ եւ ասորի միացեալ աւետարանական եկեղեցի, ապա աշխուժօրէն գործող Հայկական Բարեգործական Ըդհանուր Միութիւն, Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութիւն, Հայ Մարմնամարզական Ընդհանուր Միութիւն, Ճինիշեան Յիշատակի Ձեռնարկ ու Հաուըրտ Գարակէօզեան բարեսիրական հաստատութիւններ, ինչպէս նաեւ մարզական եւ մշակութային բազմաթիւ կառոյցներ[2]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «ՀԱՅԵՐԸ ԳԱՄԻՇԼԻԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ | Hairenik Weekly Newspaper»։ hairenikweekly.com (en-US)։ արտագրուած է՝ 2020-12-23
- ↑ «Թրքական ներխուժումէն առաջ եւ ետք»։ www.civilnet.am։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-01-21-ին։ արտագրուած է՝ 2020-12-23
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Անի Ֆիշէնկճեան,«Գամիշլիի հայ գաղութին կազմաւորումը», «Շաւիղ», պարբերաթերթ Ա.Ք.Ե. Ճեմարանի Շրջ. Միութեան, Գ. տարի, Հալէպ, 2002:
- Ազգային Առաջնորդարանի արխիւներ (Հալէպ)։