Jump to content

Հայկական Մշակոյթ

Հայաստանի մշակոյթը աշխարհագրութեան, գրականութիւն, ճարտարապետութեան, ժողովրդական պարերու, եւ երաժշտութեան տարրեր կը պադրունակէ։ Մշակոյթը միեւնոյն ատեն թէ նման է եւ թէ տարբեր սահմանակից երկիրներու՝ Ռուսաստանի, Վրաստանի, եւ Իրանի եւ Միջերկրական ծովու երկրներու Յունաստանի եւ Կիպրոսի մշակոյթներուն։ Հայկական մշակոյթի վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած է թէ արեւելեան դրացի երկիրներու մշակոյթը եւ թէ Եւրոպական երկրներու մշակոյթը։

Կաղապար:Գլխաւոր Յօդուած Հայոց հեթանոս աստուածներու առաջին դիցարանը ձեւաւորուած է հայ ժողովուրդի կազմաւորմանը զուգընթաց՝ կրօնապաշտամունքային հաւատալիքներու (տոտեմիզմ, ոգեպաշտութիւն, բնապաշտութիւն, հմայական մոգութիւն) ազդեցութեամբ։

Հնագոյն գրաւոր աղբիւրներուն մէջ պահպանուած են տեղեկութիւններ հայոց առաջին պետական կազմաւորումներուն մէջ գոյութիւն ունեցած պաշտամունքային երեւոյթներու մասին։ Հայկական լեռնաշխարհին մէչ վկայուած առաջին պետական կազմաւորման՝ Արատտայի (մ. թ. ա. XXVIII–XXVII դարեր) հովանաւորը արարչագործ Հայա աստծոյ որդի Դումուզին էր (շումերերէն է. կը նշանակէ հարազատ որդի), որուն անունը Աստուածաշունչի թարգմանութիւններուն մէջ փոխարինուած է Օրիոն-Հայկով։

Կաղապար:Գլխաւոր Յօդուած Հայերէնը հնդեւրոպական լեզուաընտանիքի լեզու է։ Այն Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական լեզուն է։ Կ՛օգտագործուի նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ (հիմնականին Ջաւախքի մէջ, Թիֆլիսի, Աբխազիոյ, Օսեթիայի մէջ), Ռուսաստանի մէջ (հիմնականին Հարաւային Դաշնակցային Շրջանին մէջ եւ մեծ քաղաքներուն մէջ), Եւրոպայի մէջ (աւելքի յաճախ Ֆրանսայի մէջ, Գերմանիոյ, Մեծ Պրիտանիայի, Իսպանիոյ, Բելգիայի, Զուեցարիայի, Փորթուկալի, Իտալիոյ, Յունաստանի, Պուլկարիոյ, Մոլդովայի, Մերձդնեստրի եւ այլն), Մերձաւոր Արեւելքի (հիմնականում Իրանի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Իրաքի, Պաղեստինի, Իսրայէլի, Եգիպտոսի մէջ) ԱՄՆ-ի մէջ, Գանատայի, Լատինական Ամերիկայի մէջ (հիմնականին Ուրուգուայի, Արգենտինայի, Պրազիլի մէջ), Ուիզբեկստանի, Ղազախստանի, Հնդկաստանի, Աւստրիալիոյ եւ այլ պետութիւններու սփիւռքահայ համայնքներուն մէջ։ Հայերէն լեզուակիրներու քանակը կը կազմէ 7-9 միլիոն մարդ[1]։

Կաղապար:Գլխաւոր Յօդուած

Գրիգոր Նարեկացին 1173-ի ձեռագրէն

Առաջին գրաւոր յուշարձանները Հայաստանի տարածքին մէջ թուագրուած են ուրարտական շրջանին։ Հայոց այբուբենի ստեղծումէն ետք սկիզբ կը դրուի հայերէն ինքնուրոյն գրականութեանը։ Հայոց հնագոյն բանաւոր աւանդազրոյցները, լեգենդներն ու առասպելները առաջին անգամ գրի առնուած են 5-րդ դարու պատմիչ Մովսէս Խորենացիի կողմէն։ 440-ականներուն գրուած է ազգային գրականութեան առաջին կոթողը՝ Կորիւնի «Վարք Մաշտոցի» երկը՝ նուիրուած Մեսրոպ Մաշտոցի կեանքի եւ գործունէութեան նկարագրութեանը։ Այդ դարաշրջանի հայ գրականութեան հիմնական ուղղութիւնը պատմագրութիւնն է, ապա՝ աստուածաբանութիւնը եւ հոգեւոր շարականագրութիւնը։ V դարը գիտութեան մէջ ընդունուած է որպէսզի անուանի Հայոց Ոսկեդար։ Կարեւոր պատմական երկ է Փավստոս Բիւզանդի «Հայոց Պատմութիւնը», որ կ՛ընդգրկէ IV դարու կէսերէն մինչեւ 387-թ. ինկած դէպքերու շարադրումը։ Ոչ միայն ստոյգ պատմագրական այլեւ գեղարուեստական մեծ արժէք կը ներկայացնէ Վարդանաց պատերազմին նուիրուած Եղիշէ պատմիչի «Վարդանի եւ Հայոց Պատերազմի մասին» մատեանը՝ գրուած մօտ 464-465-ին։ Մօտ 480-490-ական թուականներուն գրուած է V դարու հայ գրականութեան ամենաընդգրկուն պատմագրական երկը՝ պատմահայր Մովսէս Խորենացիի «Հայոց Պատմութիւնը», ուր հեղինակը առաջին անգամ փորձ ըրած է գրել հայոց ամբողջական պատմութիւնը՝ սկսած առասպելական Հայկ նահապետէն մինչեւ 428 թուականը։ Խորենացին գրի առած է նաեւ հայ հեթանոսական բանաւոր գրականութեան բացառիկ արժէք ներկայացնող շարք մը պատառիկներ։ V դարու հայ վերջին պատմիչը Ղազար Փարպեցի է։ Առ այսօր հայագիտութեան մէջ լուծուած չէ Ագաթանգեղոսի պատմական դարաշրջանի խնդիրը։ Պոեզիոյ վերելքը նախ եւ առաջ կապուած է Գրիգոր Նարեկացոո ստեղծագործութեան հետ։ Վերջինիս ստեղծագործութեամբ կը սկսի սիրոյ եւ բնութեան գովքը հայ բանաստեղծութեան մէջ։ 1002-ին Նարեկացին կ՛աւարտէ իր «Մատեան Ողբերգութեանը»` որ հիրաւի կը համարուի հայ միջնադարեան գրականութեան գլուխգործոցներէն մէկը։ Բանաստեղծութիւնը կը զարգանայ նաեւ Գրիգոր Պահլավունիի, Վարդան Անեցիի գործերուն մէջ։ Վարդան Հայկազնի ստեղծագործութեամբ սկիզբ կ՛առնէ կենսագրական քերթուածներու ժանրը։ XI-XII դարերու սահմանագլխուն եղած է նշանաւոր բանաստեղծ եւ փիլիսոփայ Յովհաննէս Իմաստասէրը։ XII դարէն սկսած գրաբարին փոխարինելու համար կու գայ միջին գրական հայերէնը։

Դարաշրջանի կարեւոր պատմագրական երկերէն է Մաթէոս Ուրհայեցոիի «Ժամանակագրութիւնը»։ Թէ՛ բովանդակային, թէ՛ կառուցուածքային առումով նոր խօսք էր հայ գրականութեան մեջ Ներսէս Շնորհալիի ստեղծագործութիւնը։ 1145-ին Շնորհալին կ՛աւարտէ «Ողբ Եդեսիոյ» քերթուաածը՝ հայ գրականութեան մէջ քաղաքական բանաստեղծութեան առաջին կոթողներէն մէկը։ Վերջինս նաեւ կը համարուի դիւցազներգական բանաստեղծութեան սկզբնաւորողը։ Ժամանակի հայ գրականութեան եւ գրաւոր մշակոյթի մէջ կարեւոր տեղ գրաւած է Մխիթար Գոշը։ Գոշը կը համարուի հայ արձակի հիմնադիրներէն մէկը[14], որմէ պահպանուած են շուրջ 190 առակներ։ Անոր կը պատկանի նաեւ հայ իրաւունքի հիմնարար կոթող «Դատաստանագիրքը»։

Միջնադարեան հայ բանաստեղծական աշխարհի գագաթներէն է հայրեննեի արուեստը։ Անոնց թիւը կը հասնի շուրջ հինգ հարիւրի, որոնք մեծ մասամբ անանուն հեղինակներու կը պատկանին։

17-18-րդ դարերուն գրական գերակշռող սեռը քնարերգութիւնն է, որ զարգացած է 3 հիմն, ուղղութիւններով՝ կրօնահայրենասիրական բանաստեղծութիւն, աշխարհիկ տաղերգութիւն եւ ժողովրդագուսանական երգ։ Այս ուղղութիւնները, իրենց բնորոշ գիծերով հանդերձ, միմեանց խստօրէն տարանջատուած չեն։ Բնորոշ է Մարտիրոս Ղրիմեցիի գրական ժառանգութիւնը, ուր համատեղուած են հոգեւոր երգը, աշխարհիկ տաղը, աշուղը, ոտանաւորը։ Այսուհանդերձ, բանաստեղծական յիշեալ 3 ուղղութիւններն կ՛առանձնանան որոշակի ժառանգականութեամբ եւ անոնցմէ բխող լեզուաոճական, բանաստեղծական հատկանիշներով, բներգութեամբ եւ նպատակաուղղուածութեամբ։

Կաղապար:Գլխաւոր Յօդուած

Հայերէն խազեր, 12-րդ դարու հայ նոթագրութիւն
Կին երգասաց՝ սազով

Հայկական երաժշտութիւնը սկիզբ առած է մ.թ.ա. II հազարամյակին։ Պատմական տուալները մեզ հասած են հնադարեան հայ պատմաբաններ Մովսէս Խորենացիի եւ Փավստոս Բիւզանդի աշխատութիւններու շնորհիւ։[2] Մ.թ.ա. III հազարամյակին ձեւաւորուած էր հայկական երաժշտութեան որակային իւրահատկութիւնը։ Մովսէս Խորենացին կը յիշէ «փանդիռ» երաժշտական գործիքը։ Փավստոս Բիւզանդը կը յիշէ թմբուկը, սրինգը, քնարը եւ շեփորը։ Պահպանուած են մինչքրիստոնէական Հայաստանի երգերու նիւթերու հատուածներ, որոնք կը պատմեն Արա Գեղեցիկի եւ Շամիրամի, Արտաշէս թագաւորի մասին։ Մ.թ. 301-էն սկսեալ, երբ Հայաստան ընդունեց քրիստոնէութիւնը որպէս պաշտօնական կրօն, հիմք կը ստեղծուի հայկական քրիստոնէական եկեղեցւոյ երաժշտութեան զարգացման համար։ Ագաթանգեղոսը կը յայտնէ, թէ IV դարու վէրջը, բարձրագոյն դպրոցներուն մէջ երգեցողութեան դսեր դասաւանդուած են։ Միեւնոյն ժամանակ յայտնի է հայկական հոգեւորականութեան բացասական վերաբերմունքը հեթանոսական երաժշտական ժառանգութեան հանդէպ։ Հայ հնադարեան երաժշտութեան զարգացմանը կը նպաստէ նաեւ ֆեոդալիզմի ձեւաւորումը։ Սակայն գուսանական արուեստը զանազան հալածանքներու կ՛ենթարկուի (այդուհանդերձ շարունակելով իր զարգացումը)։

Հայ եկեղեցական երաժշտութեան զարգացմանը նպաստեց 406 թ-ին հայկական այբուբենի ստեղծմանը։ Վարդապետարաններուն մէջ (հայկական դպրոցներուն մէջ, որոնք, ինչպէս կը նշէ Մովսէս Խորենացին, առաջին անգամ կը հիմնադրէ Մեսրոպ Մաշտոցը), կ՛ուսուցանուին երաժշտութիւն եւ երգ։

Կաղապար:Գլխաւոր Յօդուած

Ճարտարապետություն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Գլխաւոր Յօդուած

Կաղապար:Գլխաւոր Յօդուած

Կաղապար:Գլխաւոր Յօդուած

Գորգագործութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Գլխաւոր Յօդուած

Մանրանկարչութեան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Գլխաւոր Յօդուած

Կաղապար:Գլխաւոր Յօդուած

Կաղապար:Գլխաւոր Յօդուած

Հայկական տօներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կաղապար:Գլխաւոր Յօդուած

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Ըստ Վիքիպեդիայի "ՀնդԵւրոպական լեզուներ" հոդվածի անգլերէն եւ Ռուսերէն տարբերակների հայերէն խոսողների թվաքանակն աշխարհում հասնում է 10 միլիոն 700 հազար մարդու։
  2. Վահան Կուրկջյան «Հայաստանի պատմություն», 1958թ