Jump to content

Հայկական տպագրութիւն

Հայկական տպագրութիւն, հայերէն բնագիրներու (ինքնուրոյն եւ թարգմանական) տպագրական վերարտադրութիւնն ու բազմացումը։ Հայկական տպագրութիւն են նաեւ այլալեզու հրատարակութիւններու մէջ հայերէն տպուած հատուածները։ Յաճախ Հայկական տպագրութիւն կը նկատուին մեսրոպատառ ամէն մէկ տպագրութիւն (նաեւ հայատառ թուրքերէն, քրտերէն եւ այլն)։

Յարութիւն քահանայ Շմաւոնեանի յուշարձանը Երեւանի Մամուլի շէնքի առջեւ

Հայկական տպագրութիւնը զարգացման 3 շրջան ունեցած է.

  1. 1512-1800 թուականները՝ հնատիպ գիրքի շրջան,
  2. 1801-1920 թուականները՝ նոր շրջան,
  3. 1920 թուականէն ետք՝ խորհրդային եւ սփիւռքահայ տպագրութեան շրջան։

Հայերէն առաջին տպագիր բնագիրը 1475 թուականին Մայնցի մէջ լոյս տեսած Եոհան Շիլտպերկըրի[1] «Ուղեգրութիւններ» գիրքին մէջ (մի քանի գլուխ նուիրուած է Հայաստանին) զետեղուած լատինատառ «Հայր մեր» աղօթքն է։ 1486 թուականին նոյն քաղաքին մէջ Պրայտենպախի հրատարակած գիրքերէն մէկուն մէջ տեղ գտած է Հայերէն փայտափորագիր այբուբենը, որ Մեսրոպեան տառերու առաջին տպագիր օրինակն է[2]։

1771 թուականին Սիմէոն Ա. Երեւանցի կաթողիկոսը Էջմիածնայ մէջ հիմնադրեց տպարան, որ 1772 թուականին լոյս ընծայեց կաթողիկոսի «Զբօսարան Հհոգեւոր» գիրքը, այդ Հայաստանի մէջ կատարուած անդրանիկ հրատարակութիւնն է։ Այդ մէկով հայկական տպագրութիւնը՝ հաստատուեցաւ հայրենիքի մէջ։ Տպարանի՝ տառերու ու պատկերներու պատրաստման գործին մէջ, մեծ աշխատանք կատարած է Յարութիւն էջմիածնեցին։

1772 թուականին հայկական տպագրութիւնը հաստատուեցած նաեւ Հնդկաստանի մէջ՝ Մատրաս, ուր 1794-1796 թուականներուն Յարութիւն Շմաւոնեան հրատարակեց առաջին Հայերէն պարբերականը՝ «Ազդարար» ամսագիրը։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. George M. Eberhart. The Whole Library Handbook 4: Current Data, Professional Advice, and Curiosa about Libraries and Library Services. — American Library Association, 2006. — Vol. 4. — P. 211.
  2. Henri-Jean Martin. The History and Power of Writing / Пер. Lydia G. Cochrane. — University of Chicago Press, 1995. — С. 388.

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

։