Ալաշկերտ

Քաղաք
Ալաշկերտ
Երկիր  Թուրքիա[1]
ԲԾՄ 1820 մեթր
Պաշտօնական լեզու Թրքերէն եւ քրտերէն
Բնակչութիւն 34 180 մարդ (2018)
Կրօնական կազմ Շիա (Իսլամ)
Ժամային գօտի UTC+3։00

Ալաշկերտ, քաղաք, կը գտնուի Արեւմտեան Հայաստանի Պայազիտ գաւառի Ալաշկերտ գաւառակին մէջ (այժմ՝ Թուրքիոյ Քարաքէօսէի վիլայէթ), Ալաշկերտի դաշտին հիւսիսային ծայրաշրջանին, Սուկաւէտ լեռնագագաթի ստորոտին, Արածանիի աջակողմեան վտակ Շառիան գետին վտակներէն մէկուն հովիտին մէջ։

Ծովու մակերեսէն բարձրութիւնը աւելի քան 1700 մ. է։ Բնակչութիւնը 34 180 մարդ (2018)։ Կլիման զով է, Շիրակի դաշտին կլիմային պէս։ Պատմական Այրարատ նահանգին Բագրեւանդ գաւառին կեդրոնը։ Տարբեր ժամանակներու յիշուած է իբրեւ աւան, գիւղաքաղաք, բերդաքաղաք եւ քաղաք։

Անուանումը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուրարտական սեպագիր արձանագրութիւններուն մէջ կը յիշատակուի իբրեւ Անաշտ կամ Ալաշա: Աւելի ուշ՝ կոչուած է Վաղարշակերտ, ապա՝ Ալաշկերտ անունով։ Արեւմտեան Հայաստանի հազարաւոր անուններուն նման Ալաշկերտի անունը եւս «թրքացուած» է։ ԺԵ. դարէն թուրքերը զայն կոչած են Թոփրաք քալէ (հողէ բերդ)։ Անոնք այդ անունը տուած են նաեւ ուրարտական ժամանակներէն ժառանգուած Վանի միջնաբերդին եւ Վաղարշաւան քաղաքին (որ ապագային կոչուած է Հասնակալա)։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալաշկերտը Հայաստանի հնագոյն բնակավայրերէն է։ Անիկա գոյութիւն ունի ուրարտական ժամանակներէն սկսեալ՝ Ք.Ա. 8-րդ դարէն։

Ըստ հայկական աղբիւրներու, Ալաշկերտը հիմնադրուած է (Ք.աԱ.) երկրորդ դարու վերջը՝ Վաղարշ Ա. թագաւորին ձեռքով եւ անոր անունով ալ կոչուած է Վաղարշակերտ։ Համանուն շրջանին հետ միասին Վաղարշակերտ-Ալաշկերտը մինչեւ 439 կը պատկանէր Լուսաւորիչի տան կաթողիկոսներուն, որոնց վերջին ներկայացուցիչ Սահակ Պարթեւին մահէն ետք, անոնց պատկանող միւս տիրողներուն հետ միասին, Վաղարշակերտը նոյնպէս կ'անցնի Մամիկոնեաններուն ձեռքը։

  • Է. դարուն զայն կը գրաւեն արաբները։
  • Ժ. դարու սկիզբը, Ալաշկերտ կը դիմադրէ երկիր ներխուժած արաբներուն եւ անոնց հետ դաշնակցած Գագիկ Արծրունիի զօրքերուն։ Յովհաննէս Դրասխանակերտցիի վկայութեամբ, հակառակորդը «բազում օրեր ամրոցին դէմ մարտեր մղելով ոչինչով կրցաւ վնասել անոր»։
  • Թ.- ԺԱ. դարերուն կը մտնէ Բագրատունեաց թագաւորութեան մէջ,
  • ԺԱ.-ԺԲ. դարերուն հոն կ'իշխէին սելճուք-թուրքերը,
  • ԺԳ. դարուն կը գրաւեն մոնկոլները,
  • ԺԴ.- ԺԵ. դարերուն կ'իյնայ թուրքմենական ցեղերու, իսկ ատկէ ետք՝ Օսմանեան թուրքերու տիրապետութեան տակ։
  • Նոր ժամանակներուն, Ալաշկերտը ռուսերու կողմէ քանի մը անգամ (1828, 1877-1878, 1914) կ'ազատագրուի թրքական լուծէն, բայց շատ կարճատեւ ժամանակի ընթացքին դարձեալ կ'անցնի Թուրքիոյ տիրապետութեան տակ։

Ուրարտական սեպագիր արձանագրութիւններուն հաղորդած տեղեկութիւններէն եւ հնագիտական նիւթերէն կը պարզուի, որ Ալաշկերտը (Ք.Ա.) 8-7 դարերուն եղած է բերդաքաղաք եւ ուրարտական կայազօրի տեղադրավայր։ Ալաշկերտը զգալի դեր խաղացած է նաեւ իբրեւ հոգեւոր կեդրոն, երբ Ներսէս Գ. Իշխանցի (Շինող) կաթողիկոսը Ալաշկերտի մէջ կառուցել տուած է Կաթողիկէ Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որ դարձած է Բագրեւանդի եւ Արշարունեաց միացեալ թեմի եպիսկոպոսական աթոռանիստը։

Բնակչութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Միջնադարուն Ալաշկերտը, միւս գիւղաքաղաքներուն նման ունեցած է մինչեւ 10.000 բնակիչ։ Ըստ յիշատակութիւններու, ԺԸ. դարու վերջերուն Ալաշկերտ ունեցած է 1300 տուն կամ 6500-7000 բնակիչ։ 1877-1878 թուականներուն անիկա ունէր 1869 բնակիչ, որուն մօտաւորապէս կէսը հայեր էին, իսկ միւս կէսը՝ քիւրտեր ու թուրքեր[2]: Ի. դարասկիզբին, անոր բնակչութեան թիւը շուրջ 2.000 հոգիի կը հասնէր, իսկ Ի. դարու 60-ական թուականներուն՝ շուրջ 4.000-ի, գրեթէ բացառապէս քիւրտեր ու թուրքեր։

Ալաշկերտի մէջ այժմ հայեր չկան։ Թուրք եւ քիւրտ կեղեքիչներու կողմէ գործադրուող հարստահարութեան պատճառով, հայերուն մէկ մասը 1829-ին եւ 1878-ին գաղթած է եւ տեղաւորուած գլխաւորաբար ներկայիս Մարտունիի եւ Հոկտեմբերեանի շրջաններուն մէջ։ Անոնց բնակած տարածքը կը կոչուի Նոր Պայազիտ։ Մնացեալ մասը բնաջնջուած եւ տեղահանուած է հայկական կոտորածներու տարիներուն (1890 -1895, 1915)։

Տնտեսութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բնակչութիւնը զբաղած է երկրագործութեամբ, անասնապահութեամբ, արհեստներով եւ առեւտուրով։ Արհեստներէն Ալաշկերտի մէջ նշանաւոր են պղնձագործութիւնը, թիթեղագործութիւնը, դարբնութիւնը, կօշկակարութիւնը, կաւագործութիւնը, ներկարարութիւնը, համետագործութիւնը, զինագործութիւնը, դերձակութիւնը եւ այլն։ Նոր ժամանակներուն հոսկէ կ'անցնէր Էրզրում-Մակու ճամբան։ Քաղաքը ունէր երեք շուկայ, ճաշարաններ, չորս գինետուն, սրճարաններ եւ այլն։

Պատմամշակութային կոթողները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալաշկերտի հնութիւններէն եւ պատմական յուշարձաններէն են բերդը, եկեղեցիներու աւերակները, ուրարտական սեպագիր քանի մը արձանագրութիւններ։ Անոր բերդը, որ հիմնադրուած էր տակաւին ուրարտական ժամանակներուն, կը գտնուէր բուն քաղաքէն 2-2.5 քմ. հեռաւորութեան վրայ, Սուկաւէտ լեռնագագաթին մօտ, սրածայր լերան մը վրայ։

Աւանդութեան մը համաձայն, որպէսզի բերդին պարիսպը չքանդուէր, անոր կառուցման ատեն, իբր թէ շարուածքին մէջ դրած են ողջ աղջիկ մը եւ երբ ապագային պարիսպը քանդուած է, իբր թէ շատերը տեսած են աղջկան գլխուն տեղն ու պահպանուած մազերը։ Այդ բերդը մեծապէս վնասուած էր 1828-ին ռուսական բանակին յառաջխաղացքին հետեւանքով, ապա յանկարծ փլած էր։

ԺԹ. դարու վերջը եւ Ի. դարու սկիզբը, տակաւին պահպանուած էին նաեւ Է. դարուն կառուցուած եւ քանի մը դար եպիսկոպոսանիստ դարձած գմբէթաւոր Ս. Աստուածածին եկեղեցին եւ Ս. Կիրակոս վանքին աւերակները։ Ալաշկերտը նոր ժամանակներուն ունէր նաեւ կիսաւեր փայտածածկ եկեղեցի մը, որ քանի մը անգամ քանդուած էր թրքական եւ քրտական խուժանին կողմէ, իսկ 1889-ին՝ հրդեհուած։

Քաղաքին Ս. Խան կոչուած աղբիւրին մօտ կար ընդարձակ հին հայկական գերեզմանոց մը, ուր պահպանուած էին նաեւ նոյնչափ կամ աւելի հին եկեղեցւոյ մը հիմնապատկերը։

Կրթութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ալաշկերտի մէջ 1880-ական թուականներուն կը գործէր հայկական վարժարան մը, իսկ նոյն դարու վերջը եւ Ի. դարու սկիզբը հոս կային երկու հայկական եւ մէկ թրքական կրթարաններ։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. GEOnet Names Server — 2018.
  2. Ս.Հայկունի, Բագրեւանդ: Ջրաբախշ գաւառ, մասն Ա, Վաղարշապատ, 1894 թ. էջ 16 եւ 52