Jump to content

Լիպարիտ Նազարեանց

Լիպարիտ Նազարեանց
Ծնած է 1868
Ծննդավայր Ստեփանաւան, Թիֆլիսի գաւառ, Թիֆլիսի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 23 Սեպտեմբեր 1947(1947-09-23)
Մահուան վայր Եգիպտոս
Ուսումնավայր Մոսկուայի կայսերական համալսարան
Համպոլտթ Համալսարան
Մասնագիտութիւն լրագրող, իրաւաբան, լեզուաբան, հրապարակախօս
Աշխատավայր Ա­զա­տա­մարտ
Հայաստան (թերթ, Փլովտիւ)
Կուսակցութիւն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն

Լիպարիտ Նազարեանց (1868, Ստեփանաւան, Թիֆլիսի գաւառ, Թիֆլիսի նահանգ, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 23 Սեպտեմբեր 1947(1947-09-23), Եգիպտոս), լրագրող, իրաւաբան, լեզուագէտ, հրապարակագիր, բանաստեղծ, ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ:

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Ջալալ Օղլի, Լոռի, բարեկեցիկ ընտանիքի մէջ: Ուսումը ստացած է Երեւանի ռուսական ուսումնարանին մէջ, որմէ ետք աւարտած է Մոսկուայի համալսարանի իրաւաբանական ճիւղը. ապա` 1901-ին Պերլին, ուր համալսարանին մէջ կը հետեւի փիլիսոփայութեան:

Եւրոպայի մէջ թղթակցած է ռուսական եւ գերմանական թերթերու: Երբեմն հանդէս եկած է Ռ. Լեռնեան ստորագրութեամբ:

1905-ին Լիպարիտ Եւրոպայէն անցած է Պաքու, ապա` Թիֆլիս, մասնակցած է ՀՅԴ-ի գործօն կեանքին, ուր ստանձնած է «Յառաջ»-ի խմբագրութիւնը:

Օսմանեան սահմանադրութեան օրերուն մեկնած է Պոլիս եւ նոր հրատարակուած Դաշնակցութեան օրկան «Ազատամարտ»-ի խմբագիրներէն մէկը դարձած է:

Պալքանեան պատերազմի նախօրէին Լիպարիտ լրագրողի պաշտօնով այցելած է Մակեդոնիա, ապա` Պուլկարիա:

Եւրոպական պատերազմի սկզբնաւորութեան Լիպարիտ Նազարեանց Գերմանիա եղած է, ապա, 1914 Դեկտեմբերի վերջը Պոլսոյ գերման դեսպանին հաւանութեամբ Լիպարիտին անցագիր յանձնուած է, եւ ան Պերլինէն Պոլիս անցած է:

30 Մարտ 1915-ին Լիպարիտ անցած է Սոֆիա, ապա Պերլին` Հայեւգերման ընկերակցութեան զեկոյց տալու: Այնուհետեւ, վերստին Սոֆիա մեկնելով` ստանձնած է «Հայաստան» թերթին խմբագրութիւնը: Սոֆիա մնալով` յարաբերութեան մէջ մտած է Պերլին գտնուող բժիշկ Լեփսիուսի հետ, որուն տեղեկացուցած է հայերու տեղահանութեան եւ կոտորածներու մասին:

Լիպարիտ կարճ ժամանակ մը եղած է Ռուսիա:

1918-ին Հայաստանի Հանրապետութեան անկախացումով, աշխարհի չորս կողմ նշանակուած են դիւանագիտական ներկայացուցիչներ: Գերմանիոյ մայրաքաղաքին մէջ Լիպարիտ նշանակուած է գործակից եւ խորհրդական` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ճէյմս Կրինֆիլտի (մօրը կողմէ հայ), 1919-1920 թուականներուն: Լիպարիտ դիւանագիտական յարաբերութիւններ վարած է Պերլինի եւ Մոսկուայի Քերենսքիի, ապա Թրոցքիի կառավարութիւններու հետ:

Լոզանի խորհրդաժողովին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութեան կողմէ հրատարակուած ֆրանսերէն քանի մը հրատարակութիւններու պատրաստութեան մէջ Լիպարիտ եւս բերած է իր աջակցութիւնը Փարիզի մէջ:

1928-ին անցած է Եգիպտոս։ Գահիրէի մէջ մնայուն աշխատակից դարձած է «Յուսաբեր»-ի, իսկ աւելի ետք` խմբագրութեան անդամ, նոյն ատեն անհատական դասեր տուած է գերմաներէն, ռուսերէն եւ հայերէն լեզուներու, ինչպէս նաեւ` երաժշտական[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]