Կարապետ Մելիք Օհանջանեան

Կարապետ Մելիք Օհանջանեան
Ծնած է 4 Մարտ 1893(1893-03-04)
Ծննդավայր Երեւան, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 22 Փետրուար 1970(1970-02-22) (76 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Լազարեան Ճեմարան
Համպոլտթ Համալսարան
Կոչում փրոֆէսոր
Մասնագիտութիւն թարգմանիչ, բանասէր, հայագէտ, արեւելագէտ
Աշխատավայր Երեւանի Պետական Համալսարան

Կարապետ Մելիք Օհանջանեան (4 Մարտ 1893(1893-03-04), Երեւան, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 22 Փետրուար 1970(1970-02-22), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն[1]), հայ բանասէր, հայագէտ, արեւելագէտ եւ թարգմանիչ։

Կենսագրական գիծեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Մեղրիի շրջանի Կալեր Մելիքանիստ գիւղը[2]։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Գանձակի մէջ եւ ապա մեկնած է Մոսկուա, ուսումը շարունակելու Լազարեան ճեմարանէն ներս:

Աւարտելով ուսումը հետեւած է արեւելագիտական բաժինի մասնագիտական լսարաններու: Ընթացքին հայագէտ Կարապետ Կոստանեանի յանձնառութեամբ գրած է իր առաջին գիտական հետազօտութիւնը՝ «Մամիկոնեաններու նախարարական տոհմը ըստ Փաւստոս Բիւզանդի Հայոց Պատմութեան» նիւթով:

Օհանջանեան Լազարեան ճեմարանի խորհուրդի որոշումով ղրկուած է Գերմանիա Հնդկաստանի հին գրական լեզուն՝ սանսկրիտ սորվելու։ 1915-1917 թուականներուն ազատ ունկնդիր եղած է Պերլինի համալսարանէն ներս:

Վարած պաշտօններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ուսումը աւարտելէ ետք վերադարձած է Հայրենիք եւ որոշ ժամանակ աշխատած է իբրեւ կարմիր բանակի մշակութային բաժինի վարիչ, ինչպէս նաեւ «Կարմիր Բանակ» թերթի խմբագիր: Ընթացքին Երեւանի համալսարաններէն ներս դասաւանդած է հայ գրականութիւն, ինչպէս նաեւ գերմաներէն լեզու.։

1921 թուականին գլխաւորած է Հայաստանի Գիտական կաճառը, Էջմիածինի մէջ, իսկ 1930-1937 թուականներուն եղած է Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի, մշակութային պատմութեան եւ գրականութեան հիմնարկներու գիտական քարտուղարը, միաժամանակ վարելով հայ հին գրականութեան եւ ժողովրդական բանահիւսութեան բաժիններու վարիչի պաշտօնը:

Ձերբակալութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օհանջանեան Խորհրդային Միութեան կողմէ ձերբակալուած է 1937 թուականին, կուսակցական գաղտնի կազմակերպութիւններու անդամ ըլլալու եւ զանոնք խորհրդային կարգերու դէմ ապստամբութեան մղելու մեղադրանքով։ 1941 թուականին դատուելով դատապարտուած է հինգ տարուան ազատազրկման եւ աքսորի, սակայն երեք տարի ետք՝ 1944-ին, Հայաստանի Գիտութեան ակադեմիայի նախագահ Յովսէփ Օրբէլիի միջնորդութեամբ ազատ արձակուած է:

Ազատ արձակուելէ ետք Օհանջանեան աշխատանքի ընդունուած է Գիտութիւններու ակադեմիայի գրականութեան կաճառէն ներս իբրեւ աւագ գիտաշխատող. միաժամանակ շարունակած է իր ուսուցչութեան պաշտօնը ռուսական մանկավարժական կաճառէն ներս:

Աշխատութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Օհանջանեան զբաղած է բանագիտութեամբ, հին հայ գրականութեամբ, հայ ժողովուրդի պատմութեամբ, արեւելագիտութեամբ, ինչպէս նաեւ գրական, գիտական բանահիւսութիւններով: Անոր յայտնի գործերէն են՝

  • «Տիրան-Տրդատի վէպը ըստ Փաւստոս Բիւզանդի»,
  • «Ագաթանգեղոսի բանահիւսութեան աղբիւրներու շուրջ»,
  • «Միթրա-Միհրը «Սասնայ Ծռերու» մէջ» եւ այլ բազմաթիւ գիտական ու հետազօտական աշխատութիւններ:

Բանասէրը հայագէտ, գրականագէտ ու լեզուաբան Մանուկ Աբեղեանի հետ միասին ձեռնարկած է «Սասնայ Ծռեր»ու հրատարակութեան աշխատանքը։ Գրի առած է «Սասնայ Ծռեր»ու ութ նոր պատումներ եւ ռուսերէնի թարգմանած է զանոնք։

Ռուսերէնի թարգմանած է նաեւ Մանուկ Աբեղեանի «Հայոց հին գրականութեան պատմութիւն» աշխատութիւնը:

Իր ուսումնասիրութիւններուն նիւթ եղած են Կորիւնի «Վարք Մաշտոցի» աշխատութիւնը, Կիրակոս Գանձակեցիի «Հայոց պատմութիւն»ը եւ ուրիշ պատմական արժէք ներկայացնող երկասիրութիւններ:

Կոչումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շնորհիւ իր աշխատանքներուն ու ծառայութիւններուն, 1935 թուականին Հայաստանի գիտական խորհուրդը Օհանջանեանին շնորհած է գիտազօտական հիմնարկներու անդամի, ինչպէս նաեւ տոքթորի կոչում։

1962 թուականին ստացած է Հայաստանի Խորհրդային Հանրապետութեան գիտութեան վաստակաւոր գործիչի կոչումը[3]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «AV Production - Կարապետ Մելիք-Օհանջանեան»։ avproduction.am։ արտագրուած է՝ 2020-07-22 
  2. Ակադեմիկոս Կարապետ Մելիք-Օհանջանեան (Ծննդեան 100-ամեակի առթիւ) բանասիրական գիտութիւնների դոկտոր Ս. Բ. Յարութիւնեան
  3. «ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-09