Jump to content

Վարդգէս Սուրէնեանց

Վարդգէս Սուրէնեանց
Ծնած է 27 Փետրուար 1860(1860-02-27)[1]
Ծննդավայր Ախալցխա, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 6 Ապրիլ 1921(1921-04-06)[1] (61 տարեկանին)
Մահուան վայր Եալթա, Տաւրիկեան նահանգ, Խորհրդային Ռուսաստան
Ազգութիւն Հայ[2]
Քաղաքացիութիւն Վրաստան
Կրթութիւն Միւնիխի Գեղարուեստի ԱկադեմիաԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Մասնագիտութնիւն լեզուաբան, գեղանկարիչ, նկարազարդող, թարգմանիչ, քանդակագործ, գծանկարիչ, արվեստի տեսաբան, Քաղաքական արուեստի քննադատ
Ժանր դիմապատկեր
Աշակերտներ Գարեգին Երիցեան
Vardges Surenyants Ուիքիպահեստում

Վարդգէս Սուրէնեանց (27 Փետրուար 1860(1860-02-27)[1], Ախալցխա, Ռուսական Կայսրութիւն - 6 Ապրիլ 1921(1921-04-06)[1], Եալթա, Տաւրիկեան նահանգ, Խորհրդային Ռուսաստան), հայ նկարիչ եւ հայ ազգային պատմանկարչութեան հիմնադիր։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Վրաստանի Ախալցխա քաղաքիը: Նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ եւ ապա ուսումը շարունակած Լազարեան ճեմարանին մէջ:

Աւարտելէ ետք ուսումը հետեւած է Մոսկուայի մէջ մեծ հեղինակութիւն ունեցող գեղանկարչութեան, քանդակագործութեան եւ ճարտարապետութեան ուսումնարանի ճարտարապետութեան բաժնի դասընթացքներուն:

Սուրէնեանց իր նկարչական ուսումը կատարելագործած է Միւնիխի Կայսերական ակադեմիայէն ներս: Ժամանակակիցներու համաձայն, ան տիրապետած է բազմաթիւ լեզուներու, ինչ որ առիթ տուած է արուեստագէտին աւելիով ուսումնասիրելու օտար մշակոյթներն ու արուեստները. ան տիրապետած է պարսկերէն, ռուսերէն, գերմաներէն, իտալերէն եւ այլ լեզուներու։

Սուրէնեանցի նկարչութեան թեմաները եղած են Հայոց Պատմութիւնն ու հայրենասիրութիւնը. անոր յայտնի գործերէն են՝

  • «Ոտնահարուած սրբութիւնը»,
  • «Շամիրամը Արա Գեղեցիկի դիակի մօտ»,
  • «Հռիփսիմէ»,
  • «Զապէլ Թուգուհու վերադարձը գահին»,
  • «Ասպետ կինը» եւ այլ բազմաթիւ նկարներ, որոնցմէ շատեր մինչեւ այսօր կը ցուցադրուին Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ:

Նկարչութեան կողքին Սուրէնեանց զբաղած է նաեւ գիրքի ձեւաւորման աշխատանքով, ճարտարապետութեամբ, քանդակագործութեամբ, թատերական նկարչութեամբ, թարգմանութեամբ ու բեմայարդարմամբ եւ որմանկարչութեամբ. Սուրէնեանցի կը պատկանին Ղրիմի հայկական եկեղեցիներէն մէկուն պատերուն գծագրուած որմանկարները[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]