Եւրոպա (դիցաբանութիւն)

Եւրոպա (դիցաբանութիւն)
Որմանկար․ Եւրոպա եւ եզը, Բոմբէյ
Ծննդավայր Սուր
Ամուսին Ասթերիոն, իսկ ընկերը՝ Տիաս
Ծնողներ Աղինոր եւ կամ Ֆինիքաս, իսկ մայրը՝ Թիլեֆասա
Երեխաներ Մինոաս
Ռադամանթիս
Սարփիտոն
Իդարնիս
Ալաղոնիա (յաւերժահարս)
Տոդոն
Գարնիս

Եւրոպա (յուն․՝ Ευρώπη)․ յունական դիցաբանութեան մէջ Աղինորին (Սուրին թագաւորը) եւ Թիլեֆասային դուստրը։ Շատեր անոր հայրը Ֆինիքասին (Աղինորին մանչը) կը համարեն։

Դիցաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ընտանիք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Եւրոպայի ընտանիքին մասին աղբիւրները կը տարբերին մանրամասնութիւններուն մէջ։ Սակայն բոլորը համաձայն են թէ ան փիւնիկեցի է։ Անոր հայրն է Աղինոր, Սուրին փիւնիկեցի թագաւորը։ Ըստ Մոսհոս Սիրաքուսեցինբանաստեղծին, մայրը եղած է Թիլեֆասա։ Ուրիշ աղբիւրներ, ինչպէս օրինակ Իլիականը, կը հաստատեն թէ ան Աղինորի զաւկին՝ Ֆինիքասին դուստրն է։ Նաեւ, աղբիւրները կը համաձայնին թէ ան ունէր երկու եղբայր՝ Քադմոս (ան Յունաստանի մայր ցամաքամասին բերած է այբուբենը) եւ Գիլիքաս (որ տուած է անունը Փոքր Ասիոյ Կիլիկիային

Ըստ ուրիշ աղբիւրներու, Եւրոպա Ովկիանոսին եւ Թիթիսին եւ կամ Փարթենոփիին (Թրակիոյ քոյրը եւ Ասիոյ եւ Լիպիոյ խորթ քոյր) դուստրն էր։ Իսկ Իփիրոսին մէջ (Յունաստանի հիւսիս-արեւմտեան շրջան), կ՛ըսէին թէ Տոդոն, ուրկէ Տոդոնին անունը առած է, նոյնպէս Զեւսին եւ Եւրոպային զաւակն էր, ինչպէս նաեւ Էագոս եւ Քարնոս։

Զեւս եւ Եւրոպա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փիւնիկէի ափերուն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք․Ա․ 370-330 գործ․ Ամֆորէայի վրայ ցուլ-Զեւսին պատկերոցումը, որուն գրաստին վրայ Եւրոպա նստած է։ Էսքենազի Արուեստի Թանգարան

Զեւս երբ Եւրոպային Փիւնիկէի ծովափներէն մէկուն կը հանդիպի, կը հմայուի անոր գեղեցկութենէն ու ցուլի կերպանափոխուելով անոր կը մօտնեայ։ Եւրոպա կենդանին հանդարտ տեսնելով, կը մօտենայ եւ քիչ մը կը շոյէ։ Երբ վստահ կ՛ըլլայ թէ ան վայրի չէ, անոր գրաստին կը նստի։ Զեւս աս առիթին կը սպասէր։ Ան կ՛առեւանգէ Եւրոպան․ կայծակի արագութեամբ ծով կ՛իյնայ, որպէսզի Եւրոպա չի հասնի իջնել։

Կրետէ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք․Ա․ 480 յունական անօթի վրայ գործ, Իտալիա, Եւրոպա եւ ցուլը

Ցուլ-Զեւսը Փիւնիկէէն մինչեւ Կրետէ կը լողայ։ Ցամաք հասնելուն, Եւրոպային կը յայտնէ իր ինքնութիւնը։ Միասին կ՛ունենան երեք զաւակ՝ Մինոաս, Ռադամանթիս եւ Սարփիտոն։ Զեւս, Եւրոպային կու տայ երեք նուէրներ՝ Թալոս (անքուն մետաղէ հսկայ-պահակ, որ հետագային Կրետէն որեւէ յարձակումէ կը պահպանէ), որսորդութեան շուն մը (որ երբեք որսը չէր կորսնցնէր) եւ անթերի զէնք մը, որ երբեք չէր ձախողէր։

Ասթերիոն եւ Եւրոպա[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նուէրներէն ետք, Զեւս Եւրոպան կ՛ամուսնացնէ Կրետէի թագաւոր Ասթերիոնին հետ։ Անոնք միասին զաւակ չեն ունենար, սակայն Ասթերիոն կ՛որդեգրէ Զեւսին զաւակները։

Մահէն ետք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հռոմէական առանձնատան մէջ յայտնաբերուած խճանկար․ Բոմբէյ

Եւրոպա, իր մահէն ետք, կը պաշտուի որպէս աստուածուհի Էլոթիս անունով․ կար «Էլոթիա» տօնախմբութիւնը, որուն ընթացքին կը շրջագայէին Եւրոպային մրտիներով զարդարուած աճիւնները, իսկ ցուլը կ՛անմահանայ որպէս համանուն համաստեղութիւն։

Անուան ստուգաբանութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Յունարէն լեզուին մէջ Եւրոպա բառը կ՛ընդգրկէ εὐρύς «էվրիս» (լայն, ընդարձակ) եւ ὤψ/ὠπ «օփս/օփ» (ակ, աչք, դէմք, կերպարանք) տարրերը։

Սովորական է յունական դիցաբանութեան մէջ աշխարհագրութեան անուններ (հողատարածքներ կամ գետեր) նոյնանան իգական դէմքերու։

Եւրոպա, առաջին անգամ կը գործածուի աշխարհագրական բնագիրի մէջ՝ Ափոլոնասին նուիրուած Հոմերոսեան օրհներգներուն (Ὁμηρικοὶ ὕμνοι), որպէս վերագրում Էգէական ծովուն արեւմտեան ափերուն։ Որպէս անուն մեզի ծանօթ աշխարհին մասի մը, կը գործածուի Ք․Ա․6-րդ դարուն, Անաքսիմանդրոսին եւ Էքաթէոս Միլիսեցիին կողմէն։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հոմերոսեան օրգներգներ, տաղ 247-257, անգ․ թարգմանութիւն՝ Hugh G. Evelyn-White

Τελφοῦσ᾽, ἐνθάδε δὴ φρονέω περικαλλέα νηὸν / ἀνθρώπων τεῦξαι χρηστήριον, οἵτε μοι αἰεὶ ἐνθάδ᾽ ἀγινήσουσι τεληέσσας ἑκατόμβας, / ἠμὲν ὅσοι Πελοπόννησον πίειραν ἔχουσιν / ἠδ᾽ ὅσοι Εὐρώπην τε καὶ ἀμφιρύτας κατὰ νήσους "Telphusa, here I am minded to make a glorious temple, an oracle for men, and hither they will always bring perfect hecatombs, both those who live in rich Peloponnesus and those of Europe and all the wave-washed isles, coming to seek oracles.

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]