Jump to content

Բոմբէյ

Հնաբանական վայր
Բոմբէյ
Pompei
Բոմբէյ, Վեզուվիօ հրաբուխին լանջերուն
Երկիր Իտալիա
Երկրամաս [[Եւրոպա]]
Շրջան Քամփանիա
Հիմնադրուած է՝ Ք․Ա․8-րդ դար
Տարածութիւն 98,05 հեկտար
Բնակչութիւն 0 մարդ
Կը գտնուի ափին Թիրենեան ծով
Ժամային գօտի UTC+1 եւ UTC+2
Պարգեւներ Եունեսքոյի Համաշխարհային Ժառանգութեան Յուշարձան
Պաշտօնական կայքէջ pompeiisites.org

Բոմբէյ (իտալ․՝Pompei)․ Իտալիոյ հնադարեան քաղաք, Քամփանիա։ Կը գտնուի Թիրինեան ծովուն ափերուն, Քամփանիա շրջանին մէջ, Նափոլի քաղաքին մօտ, Վեզուվիոյին լանջերուն։ ­Վերջին տա­րի­նե­րուն, հռո­մէա­կան այս ա­ւե­րակ­նե­րուն վրայ կը հսկէ ռո­պոթ շուն մը: Այս իւ­րա­յա­տուկ պա­հա­կին պաշ­տօնն է շրջիլ ա­ւե­րակ քաղա­քին փո­ղոց­նե­րուն մէջ եւ լուր տալ, ե­թէ հարց մը ստեղ­ծո­ւի:

2024-ի գարնան Բոմբէյի մէջ շարունակուող պեղումները յայատնաբերած են քաղաքին մանուկներու գծագրութիւններ (graffiti)։

Տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բոմբէյ հնադարեան քաղաքը կառուցուած է Ք․Ա․ 8-րդ դարուն, Օշիներուն կամ Օբիչիներուն (եզակի՝ Օշի, Օբիչի) կողմէն, Թիրինեան ծովուն ափերուն,Վեզուվիոյին լանջերուն։

Ինկած է հռոմէացիներուն ձեռքը եւ ազդուած է յունահռոմէական մշակոյթէն։

Մեղմ կլիմային պատճառով, եղած է հին Հռոմի ամենէն համբաւաւոր զբօսաբնակավայրը։ Հռոմէացի բազմաթիւ ազնուականներ եւ հարուստներ, որթատունկերով ծածկուած բլուրներուն վրայ կառուցած էին իրենց արձակուրդի առանձնատուները, որոնք զարդարուած էին արուեստի գործերով։

Բոմբէյի յայտնաբերումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Քաղաքը մոռցուած էր եւ անոր գոյութիւնը անծանօթ էր։ Քաղաքին առաջին յայտնաբերումը կ՛ըլլայ 1592-ին, մերձակայ Թորէ Անունցիանա քաղաքին գետնայարկ ջրուղիին կառուցման աշխատանքներուն ընթացքին։ Կը յայտնաբերուին, ինչպէս նաեւ յաջորդող պեղումներուն ընթացքին, կարեւոր նիւթեր, որոնք այսօր իսկական գանձ մըն են։

Բոմբէյ․ հրապարակը
Բոմբէյ․ թատրոնը

Պեղումները յայտնաբերած են Բոմբէյ քաղաքին ամենօրեայ կեանքը։ Ածուխը որ մօտաւորապէս երկու հազարամեակ քաղաքը ծածկած էր, լաւ վիճալի մէջ պահած էր բազմաթիւ եւ բազմատեսակ որմանկարներով առանձնատուները, շուկան, անթիւ տաճարները, մեծ ու պզտիկ թատրոնները, կամարները, աղբիւրները, խանութները եւ բնակարանները։

Փրկուած են նաեւ քաղաքին անակնկալ եւ յանկարծակի մահը վկայող մանրամասնութիւններ․ մարդիկ որ կը ճաշէին երկնցած բազմոցներուն վրայ, մարդիկ որ ծուխերէն կը խեղդուէին փորձելով խոյս տալ սոսկալի մահէն։ Օթեւաններուն սեղաններուն վրայ գտնուած են բաժակներ եւ պնակներ։ Սենեակի մը մէջ յայտնաբերուած են եօթը փոքրիկներու մարմինները, որոնք մահացած են խաղի ժամանակ։

Բոմբէյի մարզադաշտ․ որմանկար

Բոմբէյ բարգաւաճ քաղաք մը եղած էր, 20 000 - 30 000 բնակիչներով։ Ք․Ա․ 62-ին, զօրաւոր երկրաշարժ մը կը ցնցէ քաղաքը, սակայն քաղաքը կը կործանուի մօտաւորապէս հարիւր տարի ետք՝ 79-ին, Վեզուվիոյին սոսկալի ժայթքումին պատճառով։ Ածուխի հսկայ ալիք մը քանի մը ժամուայ մէջ կը ծածկէ հռոմէական ուրախ, շռայլ եւ գեղեցիկ քաղաքը։

Ք․Ա․62 - Ք․Ա․79

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք․Ա․62 - Ք․Ա․79, Բոմբէյի բնակիչները կը զբաղին երկրաշարժին պատճառած վնասներու վերականգնումով, միաժամանակ կը կառուցեն պետական նոր շէնքեր։

Ք․Ա․79․ Վեզուվիոյին ծայթքումը

Ք․Ա․64-ին, Ներոն կայսր իր կողակից՝ Փոբէա Սապինային հետ Բոմբէյ կ՛այցելեն եւ նուէրներ կ՛ընծայեն Վենուս տաճարին ու կը ձեւակերպեն Նէափոլիսին թատրոնը։

Վեզուվիոյին սոսկալի ժայթքումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վեզուվիոյին սոսկալի ժայթքումին նախօրեակին, Բոմբէյ կը հաշուէր 20 000 բնակիչ, իսկ համաձայն բնակարաններուն՝ 11 500 մարդ։։

Հրաբուխին ժայթքումին կը հետեւի ահաւոր ածուխի ամպ մը, որ կը բարձրանայ եւ 1 մեթր բարձրութեամբ կը ծածկէ քաղաքը։ Իրարանցումին վրայ շատեր կը փորձեն փախչիլ եւ շատեր ալ ետ կը վերադառնան։

Բոմբէյ, հնոց

Սակայն, ածուխի ամպին կը յաջորդէ աներեւակայելի հրաբխային կարկուտ մը, որ քաղաքը 3 մեթր բարձրութեամբ կը ծածկէ։ Անոր վրայ ածուխի եւ քարերու նոր խաւ մը կը նստի եւ քաղաքը 6-7 մեթր հողաթումբով վերջնականպէս կը թաղէ։

Յայտնաբերուած իրերը ժամանակագրուած են 79-էն ետք։ Սակայն քաղաքը հիմնուած է նախապատմական տարիներուն։

Քաղաքին առաջին ընդարձակումը եղած է Քիմիի նաւամարտին ընթացքին՝ (Ք․Ա․450), յոյներուն յաղթանակէն ետք։

Առաջին բնակիչները՝ Օշիները կամ Օբիչիները Բոմբէյ հաստատուած են Ք․Ա․ 8-րդ դարուն եւ կեդրոնական Իտալիոյ մէջ հիմնած են հինգ քաղաքներ։ Երբ Մեծ Յունաստանը շրջանին մէջ կը տարածի՝ Ք․Ա․740-ին, Բոմբէյ կը մտնէ Հելենիստական ժամանակաշրջանին։

Յոյներն ու փիւնիկեցիները Բոմբէյ կը գործածէին որպէս ապահով նաւահանգիստ։ Ք․Ա․ քաղաքը կ՛ընդարձակուի կարեւոր հովիտի մը, որ Քիմիին, Նորային եւ Սթավիէյի միջեւ խաչմերուկ մըն էր, ու պարիսպով կը պատսպարուի։

Ք․Ա․ 524-ին, Բոմբէյ կը հաստատուին էթրուսքները։ Էթրուսքները, յոյներուն նման, քաղաքը բռնութեամբ չգրաւեցին եւ Բոմբէյ կը պահէ իր կիսանկախութիւնը։ Սակայն Ք․Ա․ 6-րդ դարուն մաս կը կազմէ Էթրուսքեան Դաշնակցութեան։ 1980-ին պեղումները կը յայտնաբերեն արձանագրութիւններ, Ք․Ա․ 6-րդ դարու Նեքրոփոլիս մը եւ Ափոլոնասին տաճարը։ Յունական գաղթօճախ Քիմի, Քիմիի ճակատամարտին ընթացքին կը յաղթէ էթրուսքներուն եւ Բոմբէյ կը գրաւէ։ Իսկ հռոմէացիներուն դաշնակից Սամանիթեսները կը գրաւեն յունական Քիմին՝ Ք․Ա․420-ին եւ տէր կը դառնան շրջանին։

Բոմբէյ․ ջրուղի մը

Հռոմէացիները Ք․Ա․ 343-341 կը գրաւեն Բոմբէյ եւ շրջակայքը։ Բոմբէյի բնակիչները Հռոմին հաւատարիմ կը մնան։ Ք․Ա․4-րդ դարավերջին քաղաքը կը շարունակէ ընդարձակուիլ։ Կը զարգանայ գիւղատնտեսութիւնը եւ գինիին ու ձէթի արտադրութիւնը, ինչպէս նաեւ առեւտուրը Սպանիոյ եւ Փրովանսին հետ։

Հռոմէական Կայսրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ք․Ա․2-րդ դարուն Բոմբէյի բարգաւաճումը իր գագաթնագէտին կը հասնի, շնորհիւ արեւելքէն բերած հռոմէացիներուն աւարներէն, մանաւանդ Կորնթոսի կործանումէն։ Այդ ժամանակաշրջանին կը կառուցուին Մեծ թատրոնը, Պազիլիքը, Բաղնիքները, եւայլն։ Հասրակաց Պատերազմենրէն ետք, Բոմբէյ հռոմէական գաւառ կը դառնայ եւ բնակիչները կը դառնան հռոմէացի քաղաքացի եւ կ՛իւրացնեն լատիներէն լեզուն։ Քաղաքը կը զարգանայ եւ կ՛ընդարձակուի ու նոր ենթակառոյցներ կը կառուցուին՝ Պոմպէոսին Ամֆիթատրոնը (Ք․Ա․70), հռոմէական բաղնիքները, Օտէոնը։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7]

  • Ալպեռ Տեմազիեռ․ Բոմբէյի կործանումը, պատկերազարդ պատմութիւնը, հտ․56, Փետրուար 1973, էջ 78-89
  • Պիրտ Մերի, 2008, Բոմբէյ՝ հռոմէական քաղաքի մը կեանքը

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Օշի(անգլերէն)