Jump to content

Մինոաս

Մինոաս
հին յուն․՝ Μίνως
Մինոաս․ Հադէսի դատաւոր
Վարած պաշտօններ king of Crete?
Ամուսին Փասիֆայի․ ընկերուհիներ՝ Փարիա, Տեքսիթէա
Ծնողներ Զեւս եւ Եւրոպա
Երեխաներ Քաթրէաս,Արիատնի, Էվրիմետոնտաս, Նիֆալիոն, Տեւքալիոն, Անտրոյեոս, Ղլաւքոս, Աքալի, Քսենօտիքի, Էվքսանտիոս, Խրիսիս, Ֆիլոլաոս, Ասթերօոս, Ասթրէա, Ֆետրա, Էքալի

Մինոաս (յուն․՝ Μίνωας)․ յունական դիցաբանութեան մէջ Զեւսին եւ Եւրոպային զաւակը։ Անոր թագաւորութիւնը կ՛ընդգրկէր Կրետէն եւ Քիքլատես։ Քնոսոս եղած է Մինոասեան թագաւորութեան մայրաքաղաքը․ կը գտնուի Իրաքլոյէն 6քլ․ հեռաւորութեան վրայ։ Հոն կը գտնուի Մինոասին նշանաւոր արքունիքը։

Ծագում եւ առաջին տարիներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ յունական դիցաբանութեան, Մինոաս Զեւսին եւ Եւրոպային երեք զաւակներէն մէկն է, միւսներն են՝ Ռադամանթիս եւ Սարփիտոն։ Զեւս կը լքէ ընտանիքը։ Եւրոպա եւ իր երեք զաւակները ապաստան կը գտնեն Կրետէի Ասթերիոն թագաւորին մօտ, որուն հետ Եւրոպա կ՛ամուսնանայ։ Մինոաս կը մեծնայ Ասթերիոն թագաւորին հովանին տակ։

Հռոմէական խճանկար (Կոմագենի, Փոքր Ասիա՝ Փոքր Հայքին հարաւ-արեւմտեան մաս)․ կը պատկերէ Փասիֆային, Տետալոս, Իքարոս․ Կը գտնուի Zeugma թանգարանը

Մինոաս կ՛ամուսնանայ Փասիֆայիին (Իլիոսին եւ Փերսիին դուստրը) հետ։ Ութը զաւակ կ՛ունենայ՝ չորս մանչ (Անտրոյեոս, Տեւքալիոն, Ղլաւքոս եւ Քաթրէաս) եւ չորս աղջիկ (Աքալի, Արիատնի, Ֆետրա եւ Քսենոտիքի

Մինոաս, յաւերժահարս Փարիային հետ կ՛ունենայ չորս մանչ զաւակ՝ Էվրիմետոն, Նեֆալիոն, Խրիսես եւ Ֆիլոլաոս։

Թելխհինեսներէն Տեքսիթէային հետ կ՛ունենայ տղայ մը՝ Էվքսանթիոս։

Քնոսոսի պալատը․ հետեւելով աւերակներուն․․․ հնաբաններու կողմէն պատկերացումը
«Մինոասի մատանին», մինոասեան թագաւորներու ոսկիայ մատանի․ Իրաքլիոնի հնաբանական թանգարան

Ասթերիոնի մահէն ետք, Մինոաս Կրետէին գահը կը պահանջէ։ Կրետացիներուն կը համոզէ թէ աստուածները համաձայն են։ Փաստելու համար, կ՛ըսէ թէ անոնք իրեն պիտի ղրկեն ինչ որ ան ուզէ։ Փոսիտոնաս աստուծոյ զոհաբերութիւն կ՛ընէ եւ անորմէ կը պահանջէ որ ծովէն սպիտակ եզ մը ելլէ, որպէսզի անոր զոհաբերէ։ Սակայն, անասունին գեղեցկութենէն տարուած, խոստումը չի յարգեր եւ սպիտակ եզին տեղ, ուրիշ եզ մը կը զոհաբերէ, կարծելով թէ ծովուն աստուծոյ՝ Փոսիտոնասին պիտի խաբէ։

Տետալոս եւ Փասիֆայի․ հռոմէական խճանկար, Լուկօ, Սպանիա

Մինոասին պատիժը չ՛ուշանար։ Փոսիտոնաս (ուրիշ աւանդութեան մը համաձայն՝ Աֆրոտիթի) այդպէս կ՛ընէ որ Փասիֆայի ցուլին կը սիրահարուի։ Փասիֆայի, որպէսզի եզը զայն կով կարծէ, կաշիներով կը ծածկուի եւ Տետալոսին օգնութեամբ կը մտնէ փայտեայ շինութեան մը մէջ։ Ցուլին եւ Փասիֆայիին միութենէն կը ծնի հրէշ-մանուկ մը, որ նախ Ասթերիոն անուանուեցաւ, սակայն կերպարանքին համար ծանօթ դարձաւ որպէս Մինոթաւրոս։

Քասիֆայի եւ Մինոթաւրոս․ պատկերուած յունական անօթի վրայ (Ք․Ա․340-320 )

Մինոասին անհաւատարմութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բազմաթիւ առասպելներու մէջ Մինոաս կը ներկայացուի որպէս անհաւատարիմ ամուսին եւ փտած, կաշակեռ անձնաւորութիւն մը։ Փասիֆային վրէժխնդրութիւն կ՛ուզէր եւ ըստ առասպելին, անոր տուած էր կախարդական խմիչք մը, որով երբ Մինոաս ուրիշ կինի մը վրայ աչք ունենար, անոր կուրծքին վայրի կենդանիներ կը նետէր։

Անտրոյեոսին մահը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինոասին Անտրոյեոս զաւակը Աթէնք գացած էր մասնակցելու համար Փանաթինէա խաղերուն։ Աթենացիները կը նախանձին եւ անոր կ՛առաջնորդեն Կրետէի եզին որ Մարաթոնա կը գտնուէր։ Եզը զայն կը բզքտէ։ Մինոաս երբ զաւկին մահուան լուրը կ՛առնէ, Աթէնքին դէմ կ՛արշաւէ։

Մինոթաւրոս․ Ատիկեան (Աթէնքի տարածքաշրջան) անօթի վրայ պատկերուած, գործ՝ Ք․Ա․515

Աթենացիներուն պատիժը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մինոաս արշաւանքը Աթէնքին դէմ չի յաջողիր եւ հօրը՝ Զեւսին օգնութիւնը կ՛ուզէ։ Զեւս Աթէնք համաճարակ կը ղրկէ։ Աթենացիները կ՛ուղղուի Տելֆիի պատգամախօսին։ Ան կը վճռէ թէ անոնք պարտաւոր էին համակերպիլ Մինոասին պահանջներուն։ Մինոաս ուրեմն աթենացիներէն կը պահանջէ արեան տուրք, այսինքն ամէն տարի եօթը աղջիկ եւ եօթը տղաք Կրետէ պէտք է ղրկուէին, որպէս սնունդ Մինոթաւրոս հրէշին։

Թիսէաս եւ Արիատնի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Քնոսոսի դրամ․ կը պատկերէ Մինոասին դուստրը՝ Արիատնի․

Աթենացիներուն պատիժը կը կենայ երբ Թիսէաս, Աթէնքի Էգէաս թագաւորին տղան, կ՛որոշէ վերջ տալ Մինոասի այս վայրագութեան եւ ճամբայ կ՛ելլէ դէպի Կրետէ, եօթը տղոցմէ մէկուն փոխարինելով։ Հոն, Մինոասին աղջկան՝ Արիատնիին կը հանդիպի ու կը սիրահարուին։ Արիատնի երբ վստահ կ՛ըլլայ թէ Թիսէաս զայն հետը Աթէնք պիտի տանի ու պիտի ամուսնանան, անոր կը յանձնէ թելի կծիկը, որպէսզի չկորսուի լապիրինթոսին մէջ եւ գործը կատարելէ ետք, կարողանայ դուրս գալ: Այդպէս ալ կ՛ըլլայ, Թիսէաս Մինոթաւրոսը կը սպաննէ եւ օգտուելով գիշերուան մութէն, Արիատնիին հետ նաւահանգիստ կը հասնին եւ վերադարձի ճամբան կ՛առնեն։

Տետալոս եւ Իքարոս

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Վերջին դատաստանը․ Մինոասին դժոխք մուտքը, գործ՝ Միքէլանճելօ, 1536

Մինոասին պալատը ապաստան կը գտնէ Տետալոս, երբ աթենացիները զայն կ՛աքսորեն։ Մինոաս կ՛արժեւորէ անոր ճարտարապետական գիտելիքները։ Տետալոսին գործերէն մէկն է լաբիւրինթոսը, ուր Մինոթաւրոս կը զետեղուի։ Սակայն, քիչ ժամանակ ետք, Մինոաս կը թերագնահատէ Տետալոսին՝ հաւանաբար երբ ան Փասիֆային կ՛օգնէ եզին հետ միանալու։ Տետալոս եւ զաւակը Իքարոս լաբիւրինթոսին մէջ կը բանտարկուին։ Կը յաջողին փախչիլ, փետուրներ գործածելով, սակայն Իքարոս ողբերգական վերջ կ՛ունենայ։

Մինոաս Տետալոսին կը փնտռէ։ Չորս դին լուր կը ղրկէ թէ արհեստաւոր մասնագէտ մը կ՛ուզէ, որ պիտի կարողանայ բարակ թել մը անցընել կակղամորթ ծովախեցիի մը մէջէն։ Երբ Մինոաս կը տեսնէ անցուած թելը, կը հասկնայ թէ Տետալոսին գործն է եւ Քոքալոս թագաւորէն (Սիչիլիա) կը պահանջէ Տետալոսը իրեն յանձնէ։ Քոքալոս կը ձեւացնէ թէ պիտի ընդառաջէ անոր դիմումին եւ խնջոյք մը կը կազմակերպէ։ Մինոաս խնջոյքէն առաջ պէտք էր որ լոգնար։ Լոգանքին ընթացքին Քոքալոսին աղջիկները անոր վրայ շատ տաք ջուր կը թափեն եւ Մինոաս վատ մահ կ՛ունենայ։ Ըստ Տիոտորոս Սիքելեացիին (IV, 79,4) Աքրաղանտասի թագաւոր Թիրոն տարիներ ետք կրետացիներուն կը յանձնէ Մինոասին աճիւնները։

Օրէնսդիր իշխանութեան գործ եւ Զեւսին հետ կապ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Հադէսի դատաւորներ․ Մինոաս, Ռատամանթիս եւ Էաքոս

Ըստ Պղատոնի, Մինոաս գիտակ անձ մը եղած է եւ օրէնսդրական հարուստ գործ տարած է։ Հոմերոս զայն կը գովէ, նշելով թէ Մինոաս Զեւսէն կ՛առնէր օրէնքները ինը տարի անգամ մը Իդէօ Ադրօ վայրէն։

Հադէսի դատաւոր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ դիցաբանութեան, Մինոասի վարչաձեւը մարդկային եւ արդար եղած է։ Այդ պատճառով ան եւ իր Ռատամանթիս, Էաքոս եղբայրները Հադէսի դատաւորներ նշանակուած են։ Սակայն վերջնական որոշումները Մինոաս կ՛առնէր։

Մինոաս Եգիպտական դիցաբանութեան մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ եգիպտացի կրօնաւոր եւ գրագէտ Մանեթոյին, Մինոաս թագաւորեց Եգիպտոսին մէջ ջրհեղեղէն առաջ։ Մինոաս եւ իր սերունդէն իրեն յաջորդող եօթը թագաւորները, թագաւորեցին 253 տարի։ Իրենց գերագահութիւնը կիսաստուածներունն էր, աստուածներու թագաւորութենէն ետքը։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8] [9] [10] [11] [12] [13] [14] [15] [16] [17] [18] [19] [20] [21] [22] [23]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Հոմերոս, Իլիական․ Մինոաս 13․450(անգլերէն)
  2. Հոմերոս, Ոդիսական, Մինոաս 11․321(անգլերէն)
  3. Իրոտոթոս, Մինոաս, 3․122(անգլերէն)
  4. Պատմութեան գրադարան - Տիոտորոս Սիքելեացի 4․60․3
  5. Մինոացիները եւ Միկինացիները․․․Քելի Մաքուայր, 13-11-2022
  6. Ափոլոտորուս գրադարան, 3.1.3, Sir James George Frazer, Ed․(անգլերէն)
  7. Մինոաս (6239)(անգլերէն)
  8. Յունական եւ Հռոմէական կենսագրութիւն եւ դիցաբանութիւն․ ՄԻնոաս, William Smith, Ed.(անգլերէն)
  9. Փոլիթիա գրադարան․Մանեթոն եգիպտացին(յունարէն)
  10. յունական դիցաբանութեան դէմքեր եւ նիւթեր․ Կրետական դիցաբանութիւն, Մինոաս(յունարէն)
  11. յունական դիցաբանութեան դէմքեր եւ նիւթեր․ Կրետական դիցաբանութիւն, Ռատամանթիս(յունարէն)
  12. յունական դիցաբանութեան դէմքեր եւ նիւթեր․ Կրետական դիցաբանութիւն, Սարփիտոն(յունարէն)
  13. յունական դիցաբանութեան դէմքեր եւ նիւթեր․ Կրետական դիցաբանութիւն, փասիֆայի(յունարէն)
  14. յունական դիցաբանութեան դէմքեր եւ նիւթեր․ Կրետական դիցաբանութիւն, Անտրոյեոս(յունարէն)
  15. յունական դիցաբանութեան դէմքեր եւ նիւթեր․ Կրետական դիցաբանութիւն, Արիատնի(յունարէն)
  16. յունական դիցաբանութեան դէմքեր եւ նիւթեր․ Կրետական դիցաբանութիւն, Մինոթաւրոս(յունարէն)
  17. յունական դիցաբանութեան դէմքեր եւ նիւթեր․ Կրետական դիցաբանութիւն, Տետալոս(յունարէն)
  18. յունական դիցաբանութեան դէմքեր եւ նիւթեր․ Կրետական դիցաբանութիւն, Իքարոս(յունարէն)
  19. Յունական Դիցաբանութիւն - Մինոաս, առասպելը(յունարէն)
  20. «Մինոաս թագաւորը եւ Քնոսոսի պալատը, 28-5-2019(յունարէն)»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2023-07-04-ին։ արտագրուած է՝ 2023-07-04 
  21. Մինոթաւրոսին առասպելը (յունարէն)
  22. cleverbooks - Դիցաբանութիւն․ Թիսէաս եւ մինոթաւրոս, Մինոաս, Փասիֆայի․․․․
  23. Εναλλακτικός Κύκλος - Տեսերիզ աշակերտներուն համար․ յունական դիցաբանութիւն, Թիսէաս եւ Մինոթաւրոս