Աւատատիրութիւն
ֆէոտալիզմ կամ Աւատատիրութիւն (գերմաներէն՝ Feudalismus, ֆր.՝ feodalite, ուշ լատիներէն, feodum, feudum ֆէոտ), համաշխարհային պատմութեան զարգացման մեջ ստրկատիրական հասարակարգին (շարք մը երկիրներուն՝ նախնադարեան համայնական հասարակարգին) յաջորդող եւ դրամատիրութեան նախորդող դասակարգային հակամարտ հասարակարգ։
Աւատատիրութեան հասարակարգի հիմնական դասակարգերն են՝ իշխող ֆէոտալ, հողատէրերը եւ կախեալ գիւղացիները։ Աատատիրութեան սեփականութեան կողքին գոյութիւն ունեցած է գիւղացիներու ու արհեստաւորներու միանձնեայ սեփականութիւն՝ աշխատանքի գործիքներու եւ անձնական աշխատանքի վրայ հիմնուած մասնաւոր տնտեսութեան արդիւնքներու նկատմամբ։ Ան առաջ բերած է անմիջական արտադրողի որոշ շահագրգռուածութիւն աշխատանքի արտադրողականութեան բարձրացման մեջ, որ պայմանաւորուած է աւատատիրութեան յառաջդիմական բնոյթը նախորդ հասարակարգերու համեմատութեամբ։ Աւատատիրութեան բնորոշ է գիւղատնտեսութիւնը, բնատնտեսութիւնը, մանր անհատական արտադրութիւնը, գիւղատնտեսական դանդաղ զարգացումը եւ աւանդոյթի մեծ ուժը։ Միջին դարերու բովանդակութիւնը կազմող աւատատիրութիւնը ունեցած է զարգացման տարբեր փուլեր՝ ծնունդի (գնեզիսի), զարգացած աւատատիրութեան եւ ուշ ֆէոտալիզմի, որոնց ժամանակագրութեան շրջանակները աշխարհի զանազան շրջաններու, որոնք երկիրներու համար տարբեր են։
Աւատատիրութիւն՝ Եւրոպական Երկիրներու մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աւատատիրութեան ծնունդը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արեւմտեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ աւատատիրութիւնը ձեւաւորուած է ժողովուրդներու մեծ գաղթի ընթացքին՝ բարբարոսներու (գլխաւորապէս գերմաններու՝ ֆրանկներու, վեստկոթերու, բուրգունդներու, լանկոպարտներու եւ ուրիշներու) եւ նուաճած Արեւմտեան Հռոմէական կայսրութեան աւերակներու վրայ, V-րդ դարէն վերջ մինչեւ X-XI-րդ դարեր։
Մարքսիստական պատմագիտութիւնը մինչ աւատատիրական կարգերէն աւատատիրական անցումը կը դիտէր որպէս յեղափոխական զարգացում։ Նախկին Արեւմտեան Հռոմէական կայսրութեան տարածքին մէջ այդ անցումը տեղի ունեցած է քայքայուող ստրկատիրական (ուշ հնադարեան շրջան) եւ նախնադարեան համայնական (գերմանական, բարբարոսական) յարաբերութիւններու համադրութեան (սինթեզի) ձեւով, որ յանգած է որակապէս նոր կարգի ստեղծմանը։ Բարբարոսական հասարակութիւններու՝ դէպի աւատատիրական աստիճանական զարգացման վճռորոշ գործօն դարձած է ազատ, լիիրաւ հողագործներուն միաւորող գիւղացիական համայնքի քայքայումը։ Անհատական-ընտանեկան գիւղացիական աշխատանքային տնտեսութեան՝ որպէս հասարակական արտադրութեան հիմքի, տիրապետութիւնը եղած է աւատատիրական ծնունդի հիմնարար սոցիալ-տնտեսական նախադրեալը։ Աւատատիրականացման հետեւանքով գիւղացին բաժնուած է հողին, աւատատիրոջ օգտին կատարել զանազան պահանջներ ու պարտաւորութիւններ։ Աատատիրականացումը գաղափարախօսութեան ոլորտում ուղղուած է քրիստոնէութեան տարածմամբ։
Զարգացած Աւատատիրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զարգացած աւատատիրականութեան փուլը Եւրոպայի մէջ (XI-XII դարեր) բնութագրուած է աւատատիրական հասարակարգի բազիսի եւ վերնաշէնքի ձեւաւորման աւարտով։ Նուիրատուութիւնը փոխակերպուած է ժառանգական եւ արտօնեալ տիրոյթի՝ որ պահպանած է պայմանագրի եւ ծառայական բնոյթը։ Այդ փուլին մէջ գիւղացիներու զգալի մասը գտնուած է խիստ կախեալ վիճակի մէջ (սպասարկութիւն՝ Ֆրանսայի եւ Իտալիոյ մէջ, վիլլաները՝ Անգլիոյ եւ այլն)։ Բաշխուած հողատիրութենէն աւատատիրական անցումը քաղաքացիական վերնաշէնքէն ուղղուած է աւատատիրական մասնատուածութեան առաջացմամբ։ XI-XII դարերուն արագօրէն աճած են միջնադարեան քաղաքները՝ որպէս արհեստներու եւ առեւտուրի կեդրոն, ի յայտ եկած նոր հասարակական խաւ՝ քաղաքացիները, զարգացուցած է պարզ ապրանքային արտադրութիւնը։ Տնտեսութեան տիրապետութեան համակարգը, անոր հետ մէկտեղ՝ նաեւ կոռը Արեւմտեան Եւրոպային մէջ սկսած է տեղը զիջել դրամի, ծառայութեան։ XIV-XV դարերուն խիստ նուազած է աւատատիրական տնտեսութեան դերը, եւ աւատատիրական ծառայութեան արտադրութեան կեդրոնը դարձած է գրեթէ բացառապէս գիւղացիական տնտեսութիւնը։ Բողոքի տեղային դրսեւորումներու կողքին սկսած են գիւղացիական խոշոր ապստամբութիւններ (Տոլչինոյի ապստամբութիւնը Իտալիոյ մէջ՝ 1304-1307 թուականներուն, Ժակերիան Ֆրանսայի մէջ՝ 1358 թուականին, Ուոտ Թայլերի ապստամբութիւնը 1381 թուականին՝ Անգլիոյ մէջ, Հուսեան յեղափոխական շարժումը՝ Չեխիայի մէջ եւ այլն)։ Զարգացած աւատատիրական ժամանակաշրջանին ձեւաւորուած է ասպետութիւնը, որու հիման վրայ՝ ազնուականութիւնը։ Բարձր եւ միջին հոգեւորականութիւնը կազմած է միւս տիրապետող դասը։ Երրորդ՝ անիրաւահաւասար դասի մեջ միաւորուած մնացած են «հասարակ» մարդիկ։ Տնտեսական կապերու ծաւալմամբ սկսած է ազգային շուկայի ձեւաւորումը։ Դասային միապետութեան՝ կեդրոնացած աւատատիրական պետութեան շրջանակներուն մէջ վերջնականապէս համախմբուած են աւատատիրական ժողովուրդները, ձեւաւորուած ազգային լեզուներն ու գրականութիւնը։
Ուշ Աւատատիրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուշ աւատատիրութեան փուլին մէջ քայքայուած է ֆէոտալան ծրագրի մշակումը, որու ընթացքին առաջացած են կապիտալիստական արտադրաեղանակի տարրեր։ XIV-XV դարերուն անձնական կախումէն գիւղացիներու ազատագրումը ստեղծած է կապիտալիստական արտադրութեան կարեւորագոյն նախադրեալներէն մէկը՝ աշխատաւորի անձնական ազատութիւնը։ Դրամագլուխի նախասկզբնական կուտակման ընթացքին առաջացած է երկրորդ անհրաժեշտ նախադրեալը՝ հողազրկուած է գիւղացին (այդ վիճակը աւարտած է միայն Անգլիոյ մէջ)։ Աւատատիրութեան քայքայման ժամանակաշրջանին աւատատիրութեան դասակարգի տիրապետութիւնը ընդունած է բացարձակ միապետութեան ձեւ։ Աւատատիրութեան հասարակութեան հոգեւոր զարգացումը հակասական բնոյթ կրած է, կաթոլիկութեանը հարուած հասցուցած է Բարեփոխութիւնը։ Ձեւաւորուած է Վերածնունդի աշխարհիկ մշակոյթը եւ մարդասիրութիւնը, գաղափարախօսութիւնը։ Ծագած է փորձնական իմացութեան վրայ հիմնուած գիտութիւնը։
XVI-XVIII դարերուն տեղի ունեցած են շարք մը ազնուականութեան յեղափոխութիւններ։ Կեդրոնական եւ Արեւելեան Եւրոպայի որոշ երկիրներուն մէջ ուշ աւատատիրական փուլը տեւած է մինչեւ XIX-րդ դարու կէսը, որմէ յետոյ պահպանուած են աւատատիրականութեան մնացուկներ (յատկապէս գիւղատնտեսական յարաբերութիւններուն եւ քաղաքացիական վերնաշէնքին մէջ)։
Աատատիրութիւնը Արեւելքի երկիրներուն մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արեւելքին մէջ աւատատիրականացման գործընթացը տեւած է Ք.Ա. Ա հազարամեակի վերջէն մինչեւ Ք.Ե. Ա հազարամեակի վերջը - II հազարամեակի սկիզբը։ Ստրկատիրական աւատատիրականութենէն ֆեոտազմին անցումը վկայող փոփոխութիւնները (Հնդկաստան, Չինաստան) համընկած են «բարբարոսներ»ու յարձակումներուն եւ պուտտայականութեան տարածմանը։ Մերձաւոր Արեւելքի շարք մը երկիրներուն մէջ աւատատիրականութեան ձեւաւորման սկիզբը նշանաւորող իրադարձութիւններ են իսլամի ծագումը եւ արաբական նուաճումները։ Արեւելեան աւատատիրականութիւնը բնորոշ է մասնաւոր ֆէոտալական շահագործման ասպարէզին մէջ արտատնտեսական հարկադրանքի համեմատաբար փոքր դերը, ինչպես նաեւ, որպէս կանոն, աւատատիրական խոշոր կոռային տնտեսութան բացակայութիւնը։
Նախաաւատատիրականութեան տարրերը կրօնագաղափարախօսական վերնաշէնքին հաղորդած են առանձնայատուկ պահպանողականութիւն։ Արեւելքին մէջ աւատատիրականութեան քայքայման ընթացքը զգալիօրէն փոխակերպուած է եւրոպական կապիտալիզմի ազդեցութեամբ։ Ուշ աւատատիրականութեան ժամանակաշրջանը Չինաստանի, Հնդկաստանի, Իրանի եւ շարք մը այլ երկրներուն մէջ սկսած է հաւանաբար XIX-րդ դարուն։ Արեւելքի երկիրներու գաղութային ստրկացումը ուղղեցուած է աւատատիրական յարաբերութիւններու պահպանմամբ եւ նոյնիսկ (որոշ շրջաններուն մէջ)՝ ծաւալմամբ։ Այդ երկիրներուն մէջ կապիտալիստական շահագործման ձեւերը միացած են աւատատիրանական, իսկ առանձին բնագաւառներուն կապիտալիստական յարաբերութիւններու ձեւաւորումը եղած է օտար երկրի կապիտալի ներդրման արդիւնք։
Ասիայի եւ Ափրիկէի գրեթէ բոլոր երկրներու ֆէոտալիզմը որպէս անցեալի մնացուկ, փոխակերպուած ձեւով պահպանուած է մինչեւ Բ. Համաշխարհային պատերազմը։
Աւատատիրութիւնը նախկին ԽՍՀՄ-ի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]ԽՍՀՄ տարածքին մէջ աւատատիրական յարաբերութիւնները անցած են զարգացման երկարատեւ ուղի։ Անդրկովկասին մէջ աւատատիրական ձեւաւորումը սկսած է Ք.Ե. Ա. հազարամեակի սկիզբին, Միջին Ասիոյ մէջ՝ V-VIII դարերուն, արեւելեան սլաւոններու մօտ՝ VI-VIII դարերուն, Մերձպալթիկայի մէջ՝ IX-XI դարերուն։ Անդրկովկասի եւ Միջին Ասիոյ ժողովուրդները աւատատիրականութեան անցած են ստրկատիրական յարաբերութիւններու քայքայման եւ ստրկատիրական պետութիւններու անկման հետեւանքով։ Այդ անցումը ուղղեցուած է օտար երկրի նուաճողներու (Իրան, Հին Հռոմ, Բիւզանդիա, Արաբական խալիֆայութիւն եւ այլն) դէմ տեղի ժողովուրդներու ազատագրական պայքարով։ Նոր հասարակարգի գաղափարախօսութեան հիմնաւորման ծառայած են քրիստոնէութիւնը եւ իսլամը։
Եկեղեցին ամէնուրեք դարձած է խոշոր աւատատիրական կազմակերպութիւն։ Արեւելեան սլաւոնները աւատաիրականութեան անցած են անմիջականօրէն նախնադարեան համայնական հասարակարգէն։ Սոցիալական եւ գոյքային շերտաւորումը նախադրեալներ ստեղծած են աւատատիրական յարաբերութիւններու եւ պետականութեան ձեւաւորման համար։ Վերջինիս քայքայումէն յետոյ, XII դարու երկրորդ քառորդէն սկսած է աւատատիրական մասնատուածութեան ժամանակաշրջանը։ Ձեւաւորուած են նոր պետական կազմաւորումներ՝ Ռոստով-Սուզդալեան (հետագային՝ Վլատիմիր Մուզդալեան), Գալիցիա-Վոլինեան իշխանութիւնները, Նովգորոտի աւատատիրական հանրապետութիւնը եւ այլն։ XIII դարու աւատատիրական յարաբերութիւններու զարգացումը Միջին Ասիոյ մէջ, Անդրկովկասին եւ Ռուսիոյ մէջ դանդաղած է մոնղոլ-թաթարական, իսկ Մերձպալթիկայի մէջ փոխակերպուած՝ գերմանական ներխուժումներու հետեւանքով։ Անդրկովկասի (XV-XVIII դարեր) եւ Միջին Ասիոյ (XVII դար) դրսեւորուած է տնտեսաական լիճի մէջ, չեն կազմաւորուած կայուն կեդրոնացուած պետութիւններ։ Մերձպալթիկայի մէջ հաստատուած է վաղաւատատիրութեան եւ զարգացած աւատատիրական յարաբերութիւններու համադրութեան գերմանա-պալթեան ձեւը, XVI դարուն աւարտած է սակաւահող եւ անհող գիւղացիներու ճորտացումը։
XV-XVI-րդ դարերուն Ուքրանիոյ եւ Պելառուսիոյ մէջ աճած է աւատատիրական խոշոր տնտեսութիւններու՝ ֆոլուարկներւ թիւը։ XIV-XV դարերուն Մոսկովեան մեծ իշխանութիւնը դարձած է ռուսական հողերու միաւորման կեդրոն։ XV-XVII դարերուն զարգացած է պետական կալուածային համակարգը, ձեւաւորուած տիրապետող դասակարգի բարձակալութեամբ կարգաւորուող աստիճանակարգութիւնը, առաջացած են իւրայատուկ դասային-ներկայացուցչական հաստատութիւններ՝ Զեմստվային ժողովները։
1649-ի Ժողովային օրէնսգրքով իրաւաբանօրեն ձեւակերպուած է Ռուսաստանի ճորտատիրական իրաւունքի համակարգը։ Ճորտատիրութեան եւ սոցիալական ճնշման ուժեղացումը XVII-XVIII դարերուն առաջացրած է շարք մը գիւղացիական զինուած ելոյթներ (գիւղացիական ապստամբութիւն Ի. Ի. Բոչոտնիկովի առաջնորդութեամբ 1606-07, Գիւղացիական պատերազմ Ստեփան Ռազինի առաջնորդութեամբ 1670-67 թուականներուն, Գիւղացիական պատերազմ Եմելեան Պուգաչովի գլխաւորութեամբ 1773-1775)։
XVII դարուն, զօրացած են առեւտրատնտեսական կապերը երկրի տարբեր մասերու միջեւ, աճած է ապրանքային արտադրութիւնը, ի յայտ եկած առաջին ճարտարարուեստական գործիքները, սկսած է ձեւաւորուիլ համառուսաստանեան շուկան եւ այլն։ XVII-XVIII դարերուն Ռուսաստանի մէջ զուգահեռ զարգացած են ճորտատիրական եւ սաղմնաւորուող կապիտալիստական յարաբերութիւնները։ XIX-րդ դարու երկրորդ քառորդին ակնառու դարձած է կալուածատիրական տնտեսութեան անկումը։ Ճորտատիրական իրաւունքի վերացումէն յետոյ, աելի քան կէս դար, պահպանուած են աւատատիրական մնացուկները՝ կալուածատիրական հողատիրութիւնը եւ ինքնակալութիւնը։
Հոկտեմբերեան Սոցիալիստական Յեղափոխութեան յաղթանակէն յետոյ սովետներու II համագումարի 25 Հոկտոմբեր 1917-ին ընդունած «Հողի մասին» որոշումով ընդմիշտ ոչնչացուած է կալուածատիրական հողատիրութիւնը եւ այդպիսով ԽՍՀՄ-ին մէջ վերջ տրուած է երկրին աւատատիրութեան մնացուկներուն։
Աւատատիրականութիւնը Հայաստանի մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հայաստանի մէջ աւատատիրական կացութաձեւը արտադրութեան հիմնական եղանակ դարձած է III-րդ դարուն (I-II դարերը համարուած են անցման ժամանակաշրջան)։ Հայ Արշակունիները, կենդոնական իշխանութեան թուլացման եւ արտաքին քաղաքական բարդ իրադրութաեն պայմաններուն մէջ աշխատած են հողերը շնորհել ոչ թէ որպէս «Հայրենիք», այլ՝ պարգեւական, սակայն վերջիններիս տէրերը ջանացած են պայմանական տիրոյթը վերածել ժառանգական պայմանական աւրատի, իսկ այնուհետեւ՝ ժառանգական սեփականութեան։ Հողի պայմանական տիրապետումը բնորոշ եղած է յատկապէս ազատներու դասին եւ գիւղացիական հոգեւորականութեանը։ Աւատատիրական յարաբերութիւններու ձեւաւորման ընթացքին համայնքի անդամ ազատ շինականը ինկած է կախման մէջ եւ հաւասարցուած է հողին ամրացուած հողագործ մշակներուն, ծառաներուն։
V-րդ դարու վերջին «շինական» բառին իմաստը կը նշանակէ կախեալ գիւղացի։ Այնուհետեւ ամբողջ միջնադարուն այդպէս անուանուած է գիւղացին եւ հողագործ բնակիչները։ Աւատատիրականութեան գաղափարախօսական հիմնաւորման ծառայած է 301-ին Հայաստանի մէջ որպէս պետական կրօնք ընդունուած քրիստոնէութիւնը։ Խոշոր հողատիրութեան ընդլայնման հետեւանքով զօրացած է նախարարներու դասը, թուլցած պետական իշխանութիւնը։ Հակասութիւնները Խորացած են արտադրական նոր յարաբերութիւններու եւ Արշակունիներու՝ պետական կառավարման հելլենիստական համակարգի միջեւ, որ փոխարինուած է իշխանութեան նախարարական մարմնով։ Քաղաքներու, արհեստներու եւ առեւտուրի անկումին հետեւանքով տիրապետող դարձած է բնատնտեսութիւնը, որ արագացուցած է հայկական վաղ աւատատիրական միասնական պետութեան տրոհումը նախարարութիւններու։ Անով աւարտուած է աւատատիրական յարաբերութիւններու հասունացումը, եւ սկսած է տնտեսաւորման ու քաղաքական իշխանութեան նախարարական համակարգի ժամանակաշրջանը։ 387-ին Մեծ Հայքի միասնական թագաւորութիւնը բաժնուած է Սասանեան Իրանի եւ Հռոմէական կայսրութեան միջեւ։ Ինքնին առաջադիմական աւատատիրականացման արտաքին վտանգի առկայութեան պայմաններուն յանգած է երկրի քաղաքական անկախութեան կորուստին։
Սասանեան Իրանի զաղթած նախարարական Հայաստանին մէջ իւրաքանչիւր տիրոյթ ժառանգական սկզբունքով գլխաւորած է հանրային-իրաւական իշխանութեամբ օժտուած «տէրը» կամ «նախարարը» (սենիոր)՝ արքայէն արքայի վասալը, որ հաւաքած է հարկերը, լուծած: դատական հարցեր, ունեցած է իր զօրքը, տոհմական զինանշանն ու դրոշը։
ֆէոտալիզմի հետագայ զարգացմանը զուգընթաց նախարարական տիրոյթները մասնատուած են անոնց վասալական կախման մէջ գտնուող մանր կալուածները։ Կախեալ գիւղացիները՝ շինականները… Սասանյաններուն վճարած են հողային հարկ («հաս») եւ գլխահարկ, իսկ նախարարներուն ու եկեղեցիին՝ բազմաթիւ տուրքեր։ Խորացած է գիւղական համայնքի սոցիալական շերտաւորումը, որուն ներսը VII-րդ դարու սկիզբին ի յայտ եկած է գիւղացիներու երեք շերտ՝ ունեւորներ («թուանիկ»), «տառապեալներ» եւ «վարելահող ու խաղողի այգի չունեցող» գիւղացիներ։ ֆէոտալական շահագործման սաստկացումը սրած է գիւղացիներու դասակարգային պայքարը։ Ծաւալած է Պաւլիկեան շարժումը։ V-VII-րդ դարերուն զարգացած է Հայաստանի ֆէոտալական մշակոյթը՝ հելլենիստական զգալի տարրերով հանդերձ։ Արաբական նուաճումը Հայաստանի մէջ ամբողջ հարիւրամեակ դադրած է ֆէոտալական յարաբերութիւններու զարգացումը։ Նախարարական տուներու մէկ մասը ոչնչացած է, շատերն ալ ապաստանած են Բիւզանդական կայսրութեան, իսկ երկրին մէջ մնացածները՝ զգալիօրեն իրաւազրկուեցան։ Հողազրկուած գիւղացիները աշխատած են ստրկական պայմաններու մէջ։ Սաստկացած է հարկային լուծը։ Հակառակ նախարարականին՝ ամրապնդուած է եկեղեցական հողատիրութիւնը։ Հայ ժողովուրդի ազատագրական պայքարի շնորհիւ IX-2-րդ դարերու կէսին վերականգնոած է հայկական ֆէոտալական պետականութիւնը (Բագրատունիներու թագաւորութիւն), եւ Հայաստանը թեւակոխած է զարգացած ֆէոտալիզմի ժամանակաշրջանը (IX-XIII-րդ դարեր)։
Վերականգնած եւ զարգացած է ժառանգական հողատիրութիւնը։ Ի յայտ եկած են աւատատիրութեան խոշոր տիրոյթներ, կազմաւորուած է ֆէոտալական մասնատիրական խոշոր կալուածը, որուն վրայ հողատէրերը եւ վանքերը վարած են սեփական ընդարձակ տնտեսութիւն։ Անոր հետեւանքով IX-րդ դարու վերջին եւ X-րդ դարուն սկսած է գիւղացիներու մէկ մասին ամրացումը հողին, որ Հայաստանին մէջ թոյլ դրսեւորած է եւ կրած՝ սահմանափակ բնոյթ։ Նշանակալից երեւոյթներ տեղի ունեցած են ֆէոտալական քաղաքի ձեւաւորումը, քաղաքային արհեստագործութիւնը, մասամբ՝ գիւղատնտեսական արտադրութեան ապրանքային բնոյթ ստանալը, առեւտրափոխանակային, վաշխային յարաբերութիւններու զարգացումը, քաղաքային դասի եւ մեծատուներու առաջացումը։ Սիրուած է դասակարգային հակամարտութիւնը, ծաւալած է Թոնդրակեան շարժումը, գիւղացիական ապստամբութիւններ տեղի ունեցած են Սիւնիքի եւ Այրարատի մէջ։
Հայաստանի մէջ աւատատիրական բնականոն զարգացումը խանգարած են թրքական, այնուհետեւ մոնղոլ-թաթարական հորդաներու աւերիչ յարձակումներն ու տիրապետութիւնը։ Անկումի մէջ ապրած քաղաքները, քայքայուած են գիւղացիական տնտեսութիւնները, ոչնչացուած է նիւթական եւ հոգեւոր մշակոյթի բազմաթիւ յուշարձաններ։ XV-րդ դարու հայ աշխարհիկ ֆէոտալները, հիմնականին մէջ, դուրս մղուած են քաղաքական ասպարէզէն։ Պահպանուած է հայ եկեղեցւոյ հողատիրութիւնը։ Հայաստանի մէջ աւատատիրութեան հետագայ զարգացումը շարունակուած է այն գրաւուած թուրք-պարսկական տէրութիւններու սոցիալ-տնտեսական եւ քաղաքական կարգերու շրջանակներուն մէջ։ Արեւելեան Հայաստանը Ռուսաստանին միանալէն յետոյ, XIX-րդ դարու 40-50-ական թուականներուն այնտեղ խորացած աւատատիրութեան յարաբերութիւններու ճգնաժամը, աշխուժացուցած են քաղաքային կեանքը, արհեստներն ու առետուրը, աստիճանաբար զարգացած են պուրժուական յարաբերութիւնները։ Երկրամասի սոցիալ-տնտեսական, մասնաւրապէս՝ կապիտալիզմի զարգացմանը նպաստած է այնտեղի փոփոխութիւնը։
Հայաստանին մէջ աւատատիրական մնացուկները վերջնականապէս անհետացած են խորհրդային կարգերու հաստատմամբ։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ադոնց Ն., «Հայաստանը Հուստինիանոսի դարաշրջանում» ((ռուս.), 1908, (անգլերէն), 1969, (հայ.), 1987),
- Մարքս Կ., Կապիտալիստական արտադրությանը նախորդող ձեւրը, Ե., 1941։
- Մարքս Կ., Կապիտալ, հ. 1-3, Ե., 1933-49։
- Մարքս Կ., Էնգելս Ֆ., Կոմունիստական կուսակցության մանիֆեստը, Ե., 1973։
- Էնգելս Ֆ., Ընտանիքի, մասնավոր սեփականության և պետության ծագումը, Ե., 1965։
- Լենին Վ. Ի., Կապիտալիզմի զարգացումը Ռուսաստանում, Երկերի լիակատար ժողովածու, հ. 3։
- Լենին Վ. Ի., Ի՞նչ են «ժողովրդի բարեկամները» ինչպե՞ս են նրանք մարտնչում սոցիալ-դեմոկրատների դեմ, Ե., հ. 1։
- Լենին Վ. Ի., Պետության մասին, Ե., հ. 39։
- Լենին Վ. Ի., Ճորտատիրական տնտեսությունը գյուղում, Ե., հ. 25։
- Մանանդյան Հ., ֆէոտալիզմը հին Հայաստանում, Երկ., հ. 4, Ե., 1981։
- Պոդոսյան Ս. Պ., Գյուղացիների ճորտացումը և գյուղացիական շարժումները Հայաստանում IX - XIII դդ., Ե., 1956։
- Բաբայան Լ. Հ., Հայաստանի ֆէոտալիզմի դարաշրջանի պատմության ուսումնասիրությունը սովետահայ պատմագրության մեջ, Ե․, 1970։
- Джавахишвили И․, Государственный строй древней Грузии и Армении, СПБ, 1905;
- Петрушевский И․ П․, Очерки по истории феодальных отношений в Азербайджане и Армении в XVI—нач․ XIX вв․, JTT․, 1949;
- Еремян С․ Т․, Опыт периодизации истории Армении эпохи феодализма, «ВИ», № 7, 1951;
- История СССР с древнейших времен до наших дней, т․ 1—6, М․, 1966)—68; Новосельцев А․ П․, Пашута В․ Т․, Черепнин Л․ В․,
- Пути развития феодализма (Закавказье, Средняя Азия, Русь, Прибалтика), М․, 1972
- Блок М. Феодальное общество. — М.։ Издательство имени Сабашниковых, 2003. — 504 с. — 4000 экз.
- Андерсон П. Переходы от античности к феодализму = Passages from Antiquity to Feodalism / Пер. с англ. Артем Смирнов. — М.։ Территория будущего, 2007. — 288 с. — (Университетская библиотека Александра Погорельского). — 1000 экз. — ISBN 5-91129-045-6
- Илюшечкин В. П. Теория стадийного развития общества. — М.։ Издательская фирма «Восточная литература» РАН, 1996. — 406 с. — 700 экз
- Bloch, Marc, Feudal Society. Tr. L.A. Manyon. Two volumes. Chicago։ University of Chicago Press, 1961 ISBN 0-226-05979-0
- Brown, Elizabeth, 'The Tyranny of a Construct։ Feudalism and Historians of Medieval Europe', American Historical Review, 79 (1974), pp. 1063–8.
- Cantor, Norman F., Inventing the Middle Ages։ The Lives, Works, and Ideas of the Great Medievalists of the Twentieth century. Quill, 1991.
- Ganshof, François Louis (1952). Feudalism. London; New York։ Longmans, Green. ISBN 0-8020-7158-9.
- Guerreau, Alain, L'avenir d'un passé incertain. Paris։ Le Seuil, 2001. (Complete history of the meaning of the term.)
- Poly, Jean-Pierre and Bournazel, Eric, The Feudal Transformation, 900–1200., Tr. Caroline Higgitt. New York and London։ Holmes and Meier, 1991.
- Reynolds, Susan, Fiefs and Vassals։ The Medieval Evidence Reinterpreted. Oxford։ Oxford University Press, 1994 ISBN 0-19-820648-8