Գրիգոր Գ. Պահլաւունի
Գրիգոր Գ. Պահլաւունի | |
---|---|
Ծնած է | անհայտ[1] |
Մահացած է | 1099[1] |
Մասնագիտութիւն | զորավար |
Գրիգոր Գ. Պահլաւունի (1113 - 1166)- կաթողիկոս, մատենագիր, շարականագիր, բանաստեղծ, մանկավարժ եւ զօրավար: Ներսէս Շնորհալիին աւագ եղբայրը:
Կեանքն ու գործունէութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրիգորի տարիքը 15-20ի միջեւ էր, երբ կաթողիկոս կ'օծուի (1116-ին): Անոր տարիքին մասին բազմաթիւ ակնարկութիւններ կան, որոնցմէ ամէնէն հաւանականը 20-ը կը նկատուի: Ներսէս Շնորհալին իր աւագ եղբօր՝ Գրիգոր Գ. Պահլաւունիի մասին իր չափածոյ տոհմագրութեան մէջ կը հաղորդէ, թէ Գրիգոր մեծ վկայասէրին մօտ ձեռք բերած է դպրութեան առաջին ծանօթութիւնը.
«Այլ ստանօր վիպասանեալ
Զհրազատէն իմոյ ընտրեալ,
Որ ի ստենէ գոլով հատեալ՝
Առ համանուն հօրն վարժեալ»:[1]
Գրիգոր Բ. վկայասէրին մահէն ետք, Գրիգոր Պահլաւունիին եւ իր եղբօր Ներսէս Շնորհալիին կրթական դաստիարակութիւնը կը ստանձնէ Բարսեղ Անեցի կաթողիկոսը:
Գրիգոր Գ. Շուղրի կամ Քեսունի վանքը կը մնար, երբ կաթողիկոս կ'ըլլայ, որմէ ետք, ան իր Աթոռը երկու անգամ կը տեղափոխէ, առաջինը՝ Ծովք (1116-ին), իսկ երկրորդը՝ Հռոմկլա 1149–ին:
Գրիգոր Գ. Հայրապետ կը շարունակէ Պահլաւունի հայրապետներուն քաղաքականութիւնը: 1113-ին, Գրիգոր Պահլաւունի Հայրապետին հակառակորդները Դաւիթ Թոռնիկեանը կաթողիկոս կը ձեռնադրեն Աղթամարի մէջ: Ասոր իբրեւ հետեւանք, Գրիգոր Պահլաւունի կաթողիկոսը Կիլիկիոյ Սեաւ Լերան Քեսունի Կարմիր վանքին մէջ ժողով մը կը գումարէ բազմաթիւ եկեղեցականներու ներկայութեամբ, որպէսզի ամրապնդէ իր կաթողիկոսութեան իշխանութիւնը: Այս ժողովը կը մերժէ Դաւիթ Թոռնիկեանին կաթողիկոսութեան իշխանութիւնը: Դաւիթ Թոռնիկեանն ալ իր կարգին կը մերժէ ժողովին որոշումը եւ Աղթամարի մէջ անկախ աթոռ կամ հակաթոռ մը կը հռչակէ: Այս անկախ աթոռը հետագային կը կառավարուի թոռնիկեաններէն սերած եկեղեցականներուն կողմէ:
Գրիգոր Պահլաւունի Կաթողիկոսը կը ջանայ բարելաւել Հայ եկեղեցւոյ յարաբերութիւնը խաչակիրներուն եւ Բիւզանդիոնի կայսեր հետ:
1139-1141 թուականներուն Հռոմի Պապին նախաձեռնութեամբ Գրիգոր Գ. կը մասնակցի Անտիոքի եւ Երուսաղէմի եկեղեցական ժողովներուն: Անոր օրով է, որ Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին, Արեւելքի քոյր եկեղեցիներէն կը նկատուի: Գրիգոր Գ.-ի գործերուն շնորհիւ, կ'ամրապնդուին կաթողիկոսութեան իշխանութիւնը Հայաստանի եւ դրացի երկիրներուն՝ Եգիպտոս, Պալքաններ, Փոքր Ասիա եւ Ասորեստանի միջեւ:
1141-ին, Լատինները Գրիգոր Գ.-ի եւ իր տեղապահ եղբօր Ներսէս Կլայեցիի ներկայութեամբ ժողով մը կը գումարուի Անտիոքի մէջ: Ժողովին գլխաւոր նպատակն էր քննել Լատիններու պատրիարքին Հռոգոլփոսի դէմ եղած ամբաստանութիւնները, որ մինչեւ Հռոմի Պապին քով հասած էր: Ժողովը կը դատապարտէ Հռոգոլփոս պատրիարքը:
Արբերիկոսի առաջարկին համաձայն, Գրիգոր Գ. կ'երթայ Երուսաղէմ, որպէսզի Արեւելքի մէջ գտնուող Լատիններու գործերն ու կացութիւնը մօտէն քննէ: Պապին հովանաւորութեամբ ժողով մը կը գումարուի Երուսաղէմի մէջ, Հռոմի եկեղեցւոյ ընդհանուր բարեկարգութեան համար: Գրիգոր Գ. Պատուուած էր եւ այդ պատճառով ալ ան կը նստի ժողովականներու կարգին: Ժողովի ընթացքին Գրիգոր Գ. կը պարզէ Հայ եկեղեցւոյ տեսակէտը, կը բացատրէ Հռոմի եւ Հայոց միջեւ տարբերութիւնները: Այս խորհրդակցութեան նպատակն էր Լատիններու օգնութիւնը շահիլ վերականգնելու համար Կիլիկիոյ իշխանութիւնը:
Գրիգոր Գ. Կաթողիկոս իր Աթոռը Հռոմկլա տեղափոխելէ ետք, իր կրտսեր եղբօր եւ յաջորդին՝ Ներսէս Կլայեցիին (Ներսէս Շնորհալի) հետ կը պայքարի աղանդաւորներուն դէմ: Երկու եղբայրները միասնաբար կը ծաղկեցնեն Հայ եկեղեցւոյ հոգեւոր մշակոյթն ու գրականութիւնը: Գրիգոր Պահլաւունի կաթողիկոս իր գահակալութեան վերջին տարիներուն,1165-ին Բիւզանդիոնի Մանուէլ Ա. կայսեր հետ եկեղեցիներու միութեան նպատակով բանակցութիւններ կը վարէ. բան մը, որ կը շարունակուի նաեւ իրմէ ետք:
Գրիգոր Գ. Կաթողիկոսը միշտ իր կողքին իբր աջակից ունեցած է իր Կրտսեր եղբայրը: Այդ իսկ պատճառով Գրիգոր Գ . ճանչցուած է իբրեւ «Փոքր վկայասէր»:
Գրիգոր Գ. Հայրապետ կը խորհէր Աղուանից Կաթողիկոսութեան աթոռին վերջ տալ, որովհետեւ Աթոռը ութ տարիներ շարունակ թափուր մնացած էր, Ստեփանոս հայրապետին վախճանումէն ետք: Գրիգոր Գ. Վկայասէր կաթողիկոսը Աղուանից եպիսկոպոսներուն եւ Դաւիթ թագաւորին ներկայութեամբ կաթողիկոս կ'օծէ Ստեփանոս հայրապետին զարմիկը՝ Գագիկը, 11 Յուլիս 1139-ին զայն կոչելով Գրիգորիս:
Լեւոն թագաւորին գերութենէն ետք, Հայկական կաթողիկոսութիւնը կը կորսնցնէ իր վահանը: Յոյներն ալ կը թշնամանան Հայերուն հետ ուրիշ ազգեր կապկելով: Այս պայմաններուն Գրիգոր Գ. Հայրապետ կը դիմէ Լատիններու օգնութեան, լատինները արդէն առիթը կը սպասէին հաշտուելու հայերուն հետ, որովհետեւ Գրիգոր Գ. Հայրապետին դիրքը ազդեցիկ էր երկրին մէջ:
Գրիգոր Գ. կաթողիկոս հռչակաւոր է իր գրական գործունէութեամբ: Ան գրած է բազմաթիւ շարականներ տաղեր եւ այլ գործեր: Անոր յօրինած Ջրօրհնէքի եւ Ոտնլուայի շարականները ձայնագրուած են մեծն Կոմիտասի կողմէ: Միջնադարու Հայ երաժիշտներէն Փրոֆ. Ն. Թահմիզեանը Գրիգոր Գ. Կաթողիկոսին շարականներուն մասին խօսելով, կ'ըսէ. «Գրիգորիս Պահլաւունի շարականները գեղեցկայարմար կտորներ են ընհանրապէս, ընտիր իմաստներով եւ պատշաճաւոր երաժշտութեամբ: Դարաշրջանիս յատուկ գրականբանաստեղծական եւ երաժշտա-ոճական առանայատկութիւնները, սակայն, վառ դրսեւորուած են նրա վերոյիշեալ տաղերում»:[2]
Գրիգոր Հայրապետ իր իմացականութեամբ օժտուած հմուտ մանկավարժ եւ դպրապետ մըն էր: Ան իր եղբօր՝ Ներսէս Շնորհալիին եւ Ներսէս Լամբրոնացիին հետ, կը ծաղկեցնէ Կիլիկիոյ գրականութիւնն ու երաժշտութիւնը «Արծաթէ դարուն» ընթացքին:
Գրիգոր Պահլաւունի, հետեւելով Գրիգոր Բ. Վկայասէրին եւ ուրիշներու յանձնարարութիւններուն, յունարէն եւ ասորերէն լեզուներով գրուած սուրբերու վարքերը թարգմանած է Հայերէնի, որպէսզի անոնք կարդացուին սուրբերու նախատօնակին. «Սա բազում ճառս սուրբ մարտիրոսաց, է՛ր որ ի Յունաց եւ է՛ր որ յԱսորաց, ի Հայս թարգմանեալ, որ եւ այժմ ընթեռնուն յեկեղեցի... :Վասն այսօրիկ վկայասէր կոչեցաւ քանզի լուսաւորիչ եղեւ ազգիս Հայոց ի մերս ժամանակը»:[3]
Գրիգորի ազդեցութիւնը Շնորհալիի վրայ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շնորհալի կը վկայէ, որ իր իմաց-խոհական աշխարհի կազմաւորման, ձեւաւորման ու ընդարձակման վրայ մեծ դեր ունեցած է, իր աւագ եղբայրը Գրիգոր Գ. վկայասէր (Պահլաւունի) Կաթողիկոսը: Ներսէս Շնորհալի իր «Վիպասանք» գործին մէջ, Գրիգոր Պահլաւունիին բնութագրած է իբրեւ «բազմաբեղուն շնորհիւ լցեալ» անձ մը:
Ներսէս Լամբրոնացի Գրիգոր Պահլաւունիի մասին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ներսէս Լամբրոնացի իր «գովեստ ներբողական պատմագրական Բանիւ յաղագս վարուց մեծի Հայրապետին Տեառն Ներսիսի Կլայեցւոյ՝ Հայոց կաթողիկոսի» գործին մէջ կը ներկայացն է Գրիգոր Գ. Հայրապետը հետեւեալ ձեւով.
«Կամ տիրահայրն իմ հրաշալի,
Գրիգոր հզաւոր Պահլաւունի,
Իւր պերճ բանիւքն էր պանծալի
դրուատ երգել բան տէրունի
Աշխարհալոյս որդւոյն շիրիմի,
Չափովքն տառից Հոմերոսի...»:[4]
Մահը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրիգոր Գ. Պահլաւունի Հայրապետը 53 տարի կը գահակալէ: Ան տառապանքով լեցուն կեանք մը կ'ապրի: Ան Հռոմկլայի մէջ ժողով մը կը գումարէ իր միաբան հայրերուն հետ, ուր կը յայտարարէ, թէ իր յաջորդը պիտի ըլլայ իր եղբայրը՝ Ներսէս Շնորհալին, որ արդէն կաթողիկոսական պաշտօններ սկսած էր ստանձնել:
Վախճանումին թուականը յայտնի չէ, բայց կ'ըսուի, թէ 1166-1167 թուականներուն միջեւ կը վախճանի: Անոր գերեզմանը կը գտնուի իր կառուցած Հռոմկլայի կաթողիկոսարանին մէջ:
Գրիգոր Գ. կաթողիկոս, թէեւ երիտասարդ տարիքին կաթողիկոս կ'օծուի, սակայն անոր գործերը ցոյց կու տան, թէ ան չափահաս ու փորձառու անձ մըն է: Ան լաւ ուսումնական պաշար ունի, որովհետեւ Շուղրի Առաջնորդ Ստեփանոս Մանուկ վարդապետին աշակերտը եղած է: Ան բազմաթիւ թարգմանութիւններ ըրած է, Գրիգոր Բ. վկայասէրին հսկողութեան տակ եւ այդ պատճառով ալ կոչուած է «փոքր վկայասէր»:
Հայ եկեղեցին խորին յարգանք կ'ընծայէ Գրիգոր Գ.-ի յիշատակին, սակայն անոր անունը տօնելի Սուրբերու կարգին չէ դասած: Անոր անունը կը յիշուի պատարագի երգեցողութեան մէջ «Գրիգորիսեանց Հովուապետաց» արտայայտութեամբ:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Շնորհալիի «Վիպասանութիւն», քննական բնագիրը պատրաստեց՝ Մանին Մկրտիչեան, Երեւան, էջ 127:
- «Գրիգոր Նարեկացին եւ Հայ երաժշտութիւնը v-xv դդ.»,Ն. Թահմիզեան, Երեւան, 1985, էջ 24:
- Գարեգին Յովսէփեանց «Յիշատակարանք ձեռագրաց» էջ 302: Մէջբերում՝ Լ.Գ Խաչերեան , «Հայագիր դպրութեան ուսումնագիտական կենտրոնները. դպրոցները, դպրեվանքերը, վարդապետարանները, ճեմարանները, ակադեմիաները եւ համալսարանները միջնադարեան Հայաստանում եւ կիլիկիայում»: 1998, Լիզպոն, էջ 302:
- Մաշտոցի անուան մատենադարան, Ձեռ. 2496, Թ. 326:
- Լ.Գ. Խաչերեան, «Հայագիր դպրութեան ուսումնագիտական կենտրոնները.դպրոցները, դպրեվանքերը,վարդապետարանները, ճեմարանները, ակադեմիանները եւ հմալսարանները միջնադարեան հայաստանում եւ Կիլիկիայում», Լիզպոն, 1998:
- Հայկական Հանրագիտարանի Գլխաւոր խմբագրութիւն, Քրիստոնեայ Հայաստան Հանրագիտարան, Երեւան, 2002: