Ներսէս Լամբրոնացի
Ներսէս Լամբրոնացի | |
---|---|
| |
Ծննդեան անուն | հայ.՝ Սմբատ |
Ծնած է | 1153 կամ 1153 |
Ծննդավայր | Լամբրոն, Կիլիկիոյ Հայկական Իշխանութիւն |
Մահացած է | 14 Յուլիս 1198 կամ 1198 |
Մահուան վայր |
Սկեւռա, Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն Կոստանդնուպոլիս, Բիւզանդական Կայսրութիւն |
Քաղաքացիութիւն | Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն |
Տեսակ | քնարապատմողական? եւ բանաստեղծութիւն |
Մասնագիտութիւն | բանաստեղծ, թարգմանիչ, փիլիսոփայ, գրագէտ, աստուածաբան |
Ծնողներ | հայր՝ Օշին Հեթումեան, մայր՝ Շահանդուխտ Հեթումեան |
Ներսէս Լամբրոնացի (աշխարհական անունը՝ Սմբատ, 1153 կամ 1153, Լամբրոն, Կիլիկիոյ Հայկական Իշխանութիւն - 14 Յուլիս 1198 կամ 1198, Սկեւռա, Կիլիկիոյ Հայկական Թագաւորութիւն
Կոստանդնուպոլիս, Բիւզանդական Կայսրութիւն), հայ մատենագիր, գիտնական, փիլիսոփայ, պետական եւ եկեղեցական գործիչ, հրապարակախօս, բանաստեղծ, երաժիշտ, թարգմանիչ Կիլիկեան Հայաստանի մէջ։ Լամբրոնի բերդատէր, Հեթումեան իշխան Օշին Բ.ի եւ Շահանդուխտ Պահլաւունիի որդին։
Կենսագրութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կրթութիւն ստացած է հայոց կաթողիկոսներ՝ Գրիգոր Գ. Պահլաւունիի եւ Ներսէս Շնորհալիի հովանաւորութեամբ, Հռոմկլայի հայրապետանոցի բարձրագոյն դպրոցին մէջ։ Սորված է օտար լեզուներ։ Ներսէս Շնորհալին իր 16-ամեայ հասակին ձեռնադրուած է քահանայ՝ տալով իր անունը։ 1175-ին կարգուած է Տարսոն նահանգի արքեպիսկոպոս։ Կեանքի վերջին տարիներուն պաշտօնավարած է Լեւոն Բ.ի արքունիքին մէջ՝ որպէս ատենադիր, պալատական խորհրդատու եւ թարգմանիչ։ Բազմիցս ուղարկուած է օտար երկիրներ ու կարգաւորած է պետութեան արտաքին գործերը։ Իր մտաւոր ու ճարտասանական կարողութեամբ վաստկած է հմուտ հրապարակախօսի համբաւ։
Գործելով Տարսոնի, Լամբրոնի, Հռոմկլայի, Սաղրիի, Սկեւռայի եւ Սեւ լեռներուն մէջ, Ներսէս Լամբրոնացին նպաստած է գրագիտութեան զարգացման, հօրմէն ժառանգած նիւթական միջոցներով օժանդակած է դպրոցներուն, գրադարաններուն, գրչատուներուն, երեսուն հազար ոսկի դահեկան նուիրաբերած է ձեռագիրներու գնման, ընդօրինակման, վանքերու, եկեղեցիներու ու այլ կարիքներու։ Պատուիրած կամ անձամբ ընդօրինակած է բազմաթիւ հին հայկական ձեռագիրներ, որոնց մէկ մասը հասած է մեզի։ Անոր պատուէրով ընդօրինակուած Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» երկը մեզի հասած ամէնահինն (1173) ու լաւագոյնն է։ Ներսէս Լամբրոնացին պաշտպանած է հայ եկեղեցւոյ ինքնուրոյնութիւնը, բազմիցս մերժած է յունական եւ լատինական եկեղեցիներուն միանալու առաջարկները։
Գրական Ժառանգութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ներսէս Լամբրոնացին գրական հարուստ ժառանգութիւն ձգած է։ Հռոմկլայի համաժողովին (1179) արտասանած «Ատենաբանութիւն» ճառը հրապարակախօսութեան լաւագոյն կոթողներէն մէկը կը համարուի։ Ճարտասանական բարձր արուեստով եւ հրապուրիչ ոճով, հեղինակը կը քննէ քրիստոնէական բարոյականութեան կանոնները եւ կը դատապարտէ անոնցմէ շեղումը։ «Թուղթ առ Լեւոն արքայն» երկը հայ բանավիճային գրականութեան ընտիր նմոյշներէն է, որով Ներսէս Լամբրոնացին ջանացած է հերքել իր դէմ Գրիգոր Տուտեորդիի եւ ուրիշներու կողմէ յարուցուած՝ բիւզանդական կողմնորոշման մէջ ըլլալու մեղադրանքները։ Որպէս երաժիշտ, Ներսէս Լամբրոնացին յօրինած է աւելի քան երկու տասնեակ շարականներու եղանակներ, գրած է անոնց խօսքերը եւ անձամբ երգած է զանոնք։ Նշանաւոր են «Համբարձումն Տեառն» եւ «Գալուստ Հոգւոյն Սրբոյ» ներբողեանները, Ներսէս Շնորհալիի եւ Պահլաւունեաց տոհմին նուիրուած «Գովեստ ներբողական, պատմագրական բանիւ» չափածոյ երկը։
«Մեկութիւն խորհրդոյ պատարագին» երկը Լամբրոնացիի լաւագոյն մեկնութիւնն է։ Կարեւոր են նաեւ անոր թարգմանութիւնները, յատկապէս քաղաքացիական եւ զինուորական օրէնքները։ Հեղինակէն որոշ երկեր պահպանուած չեն։
Աստուածաբանական Հայեացքները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ Ներսէս Լամբրոնացիի, Աստուծոյ ստեղծած ողջ բնութիւնը չորս տարրերու՝ հողի, օդի, ջուրի եւ կրակի միացումն է։ Մարդու իմացական կարողութիւնը ան պայմանաւորած է մարմնին հոգիի առկայութեամբ։ Բնութեան մասին գիտելիքները անբաւարար համարելով, ան պնդած է, որ շատ իրեր ու երեւոյթներ զգայարաններով ամիջապէս ընկալելի չեն, փորձնական եղանակով հնարաւոր չէ հասանելի ըլլալ ատոնց էութեան։ Չանտեսելով զգայարաններու դերը՝ իմացաբանութեան հարցերուն մէջ հակուած է դէպի բանապաշտութիւնը։
Ներսէս Լամբրոնացիի հայեացքներուն մէջ առկայ են տրամաբանութեան տարրեր։ Անոր կարծիքով, ոչ մէկ հասկացողութիւն, ըմբռնում քարացած չէ, ժամանակը, տեղն ու հանգամանքները կ'որոշեն ատոնց ճշմարիտ կամ սխալ, լաւ կամ վատ, չար կամ բարի, գեղեցիկ կամ տգեղ ըլլալը։ Կամքի ազատութեան պաշտպանութեան դիրքերէն ան քննադատած է ժամանակի հասարակական յարաբերութիւնները, ուղիներ որոնել կարգաւորելու մարդոց փոխյարաբերութիւնները։ Անոր համոզումով, հասարակական–պետական գործերու յաջող ընթացքը պայմանաւորուած է ղեկավարողներու ունակութիւններով ու բարոյական բնութագիրով։ Չժխտելով իշխանութեան միապետական ձեւը, միաժամանակ պնդած է, որ այդ իշխանութեան սահմաններուն պետական–հասարակական հարցերը պէտք չէ միանձնեայ լուծում ստանան, անհրաժեշտ է սահմանափակել թագաւորներու կամքն ու գործունէութիւնը, որպէսզի ժողովուրդը զոհ չդառնայ անոնց քմահաճոյքներուն։ Իւրաքանչիւր պետական գործիչ պէտք է յիշէ, որ իրաւունքներու մեծացման հետ կը մեծնան նաեւ պահանջները իրին նկատմամբ։ Արձանագրելով հասարակական անհաւասարութեան փաստը, ան գիտակցած է, որ հարստութիւնը մարդուն հասարակական դիրք կ'ապահովէ։ Ըստ անոր, հասարակական կեանքին ուղղութիւն կու տայ ոչ միայն գոյամիջոցներ հայթայթելու պահանջը, այլեւ սեփականութիւն ձեռք բերելու ու բազմապատկելու ձգտումը, որ կը յանգեցնէ անարդարութիւններու։
Հասարակական կեանքը պէտք է բարւոքել, պէտք է փոխել մարդոց հայեացքն ու վարքը, վերաբերմունքը նիւթական արժէքներու նկատմամբ։ Հասարակութեան բարոյական նկարագիրը բարձրացնելու խնդիրին մէջ ան լուրջ դեր յատկացուցած է անկաշկանդ քննադատութեան, այս հարցին մէջ զարգացնելով ամբողջական ուսմունք մը։
Ներսէս Լամբրոնացին արծարծած է նաեւ ազգային եւ համազգային փոխյարաբերութեան հարցը։ Քննադատած է ազգային թշնամանքի քարոզը, կրօնադաւանաբանական տարբերութիւններու հիմքի վրայ ազգերը իրարու հակադրելը։ Ըստ անոր, վատ կամ լաւ, չար կամ բարի է ո՛չ թէ ողջ ազգը, այլ ազգի առանձին ներկայացուցիչներ։ Ներսէս Լամբրոնացին գրած է. «Արդ եթէ ես միոյ ազգի ջատագով էի, ընդ այլսն երբ էր կար հաղորդիլ. բայց ընդ իւրաքանչիւրսն որ միմեանց թշնամիք են՝ խառնիմ, եւ զբնաւսն շահիմ ըստ Քրիստոսի առաքելոյն...»։ Այս գաղափարները յագեցած են վերածնութեան դարաշրջանի մտածողներուն յատուկ մարդասիրութեամբ։
Ներսէս Լամբրոնացիի աշակերտները անոր ձօնած են երկեր, գրի առած են անոր կեանքն ու գործը։ Բնութագրելով ուսուցիչին, Գրիգոր Մլիճեցին կը գրէ. «Բղխէր իբրեւ զաղբիւր, յառաջէր որպէս զգետ, ծաւալէր իբրեւ զծով»։ Ն. Լամբրոնացին մեծարուած է «Տիեզերական վարդապետ», «Սիրելի»,«Սուրբ» մակդիրներով։ Յանկարծամահ եղած է քարոզի ժամուն եւ թաղուած է Սկեւռայի վանքին մէջ։
Աշխատանքներ Եւ Թարգմանութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Սրբոյն Ներսեսի Լամբրոնացւոյ Տարսոնի եպիսկոպոսի Խորհրդածութիւնք ի կարգս եկեղեցւոյ եւ Մեկնութիւն խորհրդոյ պատարագի։
- Ներսէս Լամբրոնացի, Ատենաբանութիւն, Թուղթք եւ Ճառք։
- Nerses of Lambron. Commentary on the Revelation of Saint John. Translation of the Armenian Text, Notes and Introduction by Thomson R.W., Peeters, 2007. ISBN 978-90-429-1866-5
- Քաղաքային օրէնք Ներսիսի Լամբրոնացւոյ ըստ Կոստանդիանոսի, Թէոդոսի եւ Լեւոնի թագաւորաց Հռոմայեցւոց։ Հրատարակեց Կ. Յ. Բասմաջեան, Պարիս, 1907։
- Սրբոյն Ներսեսի Լամբրոնացւոյ Տարսոնի եպիսկոպոսի Խորհրդածութիւնք ի կարգս եկեղեցւոյ եւ Մեկնութիւն խորհրդոյ պատարագի, Վենետիկ-Սբ. Ղազար, 1847։
- Մեկնութիւն սրբոց երկոտասան մարգարէից, արարեալ երանելւոյն Ներսիսի Լամբրօնացւոյ արքեպիսկոպոսի Տարսօնի Կիլիկեցւոյ, Կ. Պօլիս, 1825։
Գրականութիւն Ներսէս Լամբրոնացիի Եւ Անոր Գործունէութեան Մասին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յակոբ Օշական, Ներսէս Լամբրոնացի,- «Սիոն», 1947, էջ 244-246, 275-279, 306-308, 385-386։
- Հ. Ներսէս Ակինեան, Ներսէս Լամբրոնացի արքեպիսկոպոս Տարսոնի. Կեանքն եւ գրական վաստակները հանդերձ ազգաբանութեամբ Պահլաւունեաց եւ Լամբրոնի Հեթմեանց, Վիեննա, 1956 (Ազգային Մատենադարան ՃՀԹ)։
- Գրիգոր Յակոբեան, Ներսես Լամբրոնացի, Երեւան, ՀՍՍՀ ԳԱ, 1971, 375 էջ։
- Գառնիկ Անանեան, Ներսես Լամբրոնացին հրապարակախօս, Անթիլիաս, 1995։