Գլխաւոր Էջ
Ամսուան ՅօդուածըՄանտալաները շատ գեղեցիկ, խրթին եւ օրհնեալ արուեստի գործեր են, որոնք առիթ կը ստեղծեն ստեղծագործելու եւ մարդոց երեւակայութիւնը զարգացնելու: Մանտալաները սկիզբ առած են Հնդկաստանէն: Սկզբնական շրջանին անոնք կը ծառայէին մարդոց միտքը զբաղեցնելու կեանքի փոքրիկ հարցերով: Մանտալա բառը եկած է սանսկրիտ լեզուէն` Հնդկաստանի օրհնեալ լեզուէն, որ կը նշանակէ`«Անիւ» կամ «շրջանակ», «գունդ», «միջավայր» եւ «համայնք»: Մէկ բառ` չորս տարբեր գաղափարներու համար: Մէկ խօսքով՝ տիեզերքը, որ կը խորհրդանշէ ամբողջականութիւնն ու միասնութիւնը: Ներկայիս մանտալաները անպայմանօրէն կրօնի մը հետ չեն կապուած: Անոնք կ'օգտագործուին կեանքի տարբեր իրավիճակներու եւ նպատակներու համար: Հոգեբանութեան եւ տարբեր հիւանդութիւններու համար նախատեսուած մանտալաներ գոյութիւն ունին․․․ Աւելին⇒Արդեօք Գիտէ՞ք
Նախագիծեր |
Ի՞նչ է ՈւիքիփետիանՈւիքիփետիան ազատ բովանդակութիւն ունեցող, անվճար եւ բազմալեզու առցանց հանրագիտարանային նախագիծ է, որ կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Հիմնադրամին կողմէ։
Ուիքիփետիա անունը կազմուած է «Ուիքի» բառէն (համագործակցաբար կայքէջեր ստեղծելու յատկացուած գործիքի անուն, ինչպէս նաեւ՝ հաուայեան լեզուով «արագ» բառը) եւ յունարէն «էկիքլոփետիա» (հանրագիտարան) բառին «փետիա» (յունարէն լեզուով՝ կրթութիւն) մասէն։ Ուիքիփետիա նախագիծը ստեղծուած է 2001-ի Յունուարին, Ճիմմի Ուէյլզի եւ Լէրի Սէնկըրի կողմէ։ Հանրագիտարանը կը պատկանի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին, որ նուիրատուութիւններէ գոյացած հասոյթը կը յատկացնէ Ուիքիփետիայի եւ այլ քոյր նախագիծերու զարգացման։ Հանրագիտարանին երեսուն միլիոնէ աւելի յօդուածները, որոնց շարքին՝ 11071-է աւելի արեւմտահայերէնով յօդուածները ստեղծուած են կամաւոր խմբագիրներու կողմէ։ 1 Ապրիլ 2019-էն սկսեալ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան ունի իր առանձին հարթակը։Ամսուան Իրադարձութիւնները
Օրուան Պատկերը |
Ուիքիփետիա Քոյր Նախագիծեր
Ուիքիփետիան կը հովանաւորուի Ուիքիմետիա Բարեգործական Հիմնադրամին կողմէ, որ կը հովանաւորէ նաեւ հետեւեալ քոյր նախագիծերը.
Ուիքիփետիան Տարբեր Լեզուներով
Ա՛յս Ուիքիփետիան գրուած է արեւմտահայերէնով եւ ունի 11 480 յօդուած։ Անիկա ստեղծուած է 1 Ապրիլ 2019-ին։ Գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ Ուիքիփետիաներ, որոնցմէ ամէնէն մեծերէն են՝
- 1,000,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 250,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝
- 50,000-է աւելի յօդուած ունեցող Ուիքիփետիաները՝


