Շաքարեղէգ
Շաքարեղէգ, դաշտային հացազգիներու ընտանիքին պատկանող բազմամեայ շաքարատու բոյսերու ցեղ։
Ցօղունը կանգուն է, բարձր (մինչեւ 6 մ)։
Ցօղունին բջիջներուն մէջ շաքար կը կուտակուի։
Ծանօթ է շաքարեղէգի 5 տեսակ: Շաքարեղէգի տեսակը ունի հզօր արմատային համակարգ, ցօղունը բարակ է, տարածուած է Հնդկաստանի մերձարեւադարձային գօտիին մէջ։
Վայրի շաքարեղէգին տեսակը կը դիմանայ մինչեւ -30°C ցուրտի եւ հիւանդութիւններու։ «Saccharum robustum» տեսակը վայրի վիճակի մէջ տարածուած է Հնդկաստանի եւ Չինաստանի մէջ։ Կը մշակուի նաեւ Ճափոնի մէջ։ Վայրի տեսակը կ'աճի Նոր Գինիոյ մէջ։ Շաքարեղէգի վայրի տեսակներ կ'աճին Հիւսիսային Ափրիկէի, Աֆղանստանի, Փաքիստանի, Հնդկաստանի, Ճափոնի, Ինտոնեզիոյ, Նոր Գինիոյ եւ Միջին Ասիոյ մէջ։ Հայրենիքը Հարաւարեւելեան Ասիան է։
Հնդկաստանի մէջ մշակուած է Ք.Ա. 3-րդ հազարամեակին, ԺԵ. դարուն բերուած է Սպանիա, աւելի ուշ՝ Քուպա, Մեքսիքօ եւ Ամերիկա։
Քուպան, Ճամայքան եւ Հայիթին շաքարեղէգի շաքարի արտադրութեան հիմնական երկիրներն են։ Բերքատուութիւնը 400-500 ց/հա է, իսկ փորձնական հողամասերուն մէջ՝ մինչեւ 2000 ց/հա։
Նկարագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Շաքարեղէգի ցօղունը կանգուն է, չի ճիւղաւորուիր, ուղղաձիգ է, գլանաձեւ 2-3 սմ տրամագիծով։
- Կը բազմացնեն շիւերով։
- Ինչպէս եգիպտացորենը, շաքարեղէգը եւս ունի երկար ժանեկաձեւ տերեւներ։
- Ցօղունին ներսի մասը խողովականման է, ուր բոյսին աճման ընթացքին կը ձեւաւորուին հիւթալի հիւսուածքներ, որոնց մէջ կը կուտակուի շաքարահիւթը։ Մշակուող շաքարեղէգի պարունակութիւնը կը հասնի 10-20%-ի, իսկ վայրի տեսակինը՝ 2-10%-ի։ Իբրեւ արեւադարձային բոյս՝ անիկա շատ պահանջկոտ է, յատկապէս՝ ջերմութեան եւ խոնաւութեան նկատմամբ։
- Շաքարեղէգին ծնունդէն մինչեւ հասուննալը կը պահանջէ 15-18 ամիս, երբեմն ալ՝ աւելի։ Բոյսը հասունցած կը համարուի, երբ ցօղունին միջուկը կը լեցուի շաքարահիւթով եւ տերեւները կը դեղնին։
- Հաւաքելէ անմիջապէս ետք, շաքարեղէգը պէտք է վերամշակման ուղարկել։ Ուշացնելու պարագային, ցօղունին պարունակութեան մէջ եղած շաքարահիւթին քանակը կը նուազի, այդ պատճառով շաքարեղէգի բերքահաւաքը մաս-մաս կը կատարուի[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Կ․ Մ․ Հարությունյան, Բուսական աշխարհի արժեքավոր տեսակները, «Լույս» հրատարակչություն, Երևան, 1984