Ճակնդեղ
Շաքարի ճակնդեղ (Beta vulgaris L), թելուկազգիներու (Chenopodiaceae) ընտանիքին, «Պեթա» (Beta) ցեղին պատկանող մշակաբոյս։ Կը մշակուի շաքարի ստացման համար։
Տերեւները կը կազմեն արմատին կշիռքին 30-50%-ը։
Շաքարի ճակնդեղին տերեւները կը պարունակեն մեծ քանակութեամբ կենսանիւթեր։
Շաքարի ճակնդեղը առաջին անգամ հետազօտուած է ԺԶ. դարուն։
Ճակնդեղին մէջ բիւրեղային շաքարը գերմանացի գիտնական Անտրէաս Զիկիզմունտ Մարքկրաֆի կողմէ յայտնաբերուած է 1747-ին եւ միաժամանակ հաստատուած, որ ճակնդեղէն ստացուած շաքարը ոչինչով կը տարբերի շաքարեղէգէն ստացուած շաքարէն[1]։
Շաքարի ճակնդեղը լայն չափով սկսած է վերամշակուիլ ԺԸ. դարու վերջերէն։
2011-ի դրութեամբ, աշխարհի տարածքին շաքարի ճակնդեղի առաւել մեծածաւալ արտադրող երկիրներն են՝ Ֆրանսան, Միացեալ Նահանգները, Գերմանիան, Ռուսաստանը եւ Ուքրանիան[2]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Marggraf (1747) "Experiences chimiques faites dans le dessein de tirer un veritable sucre de diverses plantes, qui croissent dans nos contrées", Histoire de l'académie royale des sciences et belles-lettres de Berlin, էջ 79-90.
- ↑ «ՖԱՕՍՏԱՏ. Երկիրներ ըստ ապրանքատեսակի»։ Սնունդի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութիւն, ՄԱԿ։ 2010։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 6 Յունուար 2019-ին։ արտագրուած է՝ 27 Ապրիլ2014