Jump to content

Ակօս (ամսագիր, Պէյրութ)

«Ակօս», գրական-գեղարուեսաական երկամսեայ պարբերագիրք, 1953 թուականէն՝ ամսագիր։ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Հայ ճեմարանի շրջանաւարտներու միութեան հրատարակութիւն։ Լոյս տեսած է 1944-1960 Պէյրութի մէջ։ Պետական արտօնագիր ստացած է 1949-ին: Արտօնատէր՝ Եղիկ Գոնեալեան։ Խմբագիրներ՝ Գառնիկ Բանեան, Յարութիւն Գեղարդ (Գազանճեան), Աշոտ Նուրեան (Նահապետ Չոլագեան), Յակոբ ժամկոչեան, Շաքէ Տէր-Մելքոնեան։

Հրատարակած է արձակ եւ չափածոյ գեղարուեստական երկեր, թարգմանութիւններ միջազգային գրականութենէն, պատմաբանասիրական ուսումնասիրութիւններ, մշակութային լուրեր, լուսաբանած Հայ ճեմարանի եւ անոր շրջանաւարտներու միութեան գործունէութիւնը։ Աշխատակցած են Գարեգին Ա. կաթողիկոս Յովսէփեանը, Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, Գասպար Իփէկեանը, Յակոբ եւ Վահէ Օշականները, Համաստեղը, Սիմոն Վրացեանը, Վահան Նաւասարդեանը, Գաբրիէլ Լազեանը, Նշան Պէշիկթաշլեանը, Նիկողոս Սարաֆեանը, Շաւարշ Նարդունին, Բենիամին Թաշեանը, Կարօ Փօլատեանը, Նուպար Չարխուտեանը եւ այլք։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։