Jump to content

Համաստեղ

Համբարձում Կելէնեան
Ծննդեան անուն Համբարձում Կելէնեան
Ծնած է 26 Նոյեմբեր 1895
Ծննդավայր Փերչէնճ, Խարբերդի վիլայէթ
Մահացած է 1966[1][2][3][…]
Մահուան վայր Լոս Անճելըս
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Քոլումպիա Համալսարան
Հարուըրտ Համալսարան
Տեսակ պատմուածք
Մասնագիտութիւն Արձակագիր

Համաստեղ (Համբարձում Կելէնեան) (26 Նոյեմբեր 1895, Փերչէնճ, Խարբերդի վիլայէթ - 27 Նոյեմբեր 1966, Լոս Անճելըս), սփիւռքահայ արձակագիր, սփիւռքահայ գրականութեան հիմնադիրներէն մին։

Ծնած է Խարբերդի մօտ, ուր ստացած է իր նախակրթութիւնը։ Ապա յաճախած է Մեզրէի Կեդրոնական վարժարանը, որուն ընթացքը լրացուցած է 1911-ին։ Տարի մը ուսուցչութիւն ընելէ ետք, 1913-ի վերջերը, մեկնած է Միացեալ Նահանգներ, պանդուխտ հօրը մօտ։

1915-ին կը կորսնցնէ Հայաստան մնացած բոլոր հարազատները։

1917-ին իր առաջին փորձերը տուած է «Հայրենիք» օրաթերթին, սակայն Համաստեղ աւելի յայտնուած է, Ռուբէն Դարբինեանի խմբագրութեամբ 1922-էն սկսեալ լոյս տեսած «Հայրենիք» ամսագրին մէջ, ուր գիւղագիրը հոն կու տայ արձակ իր կարեւոր էջերը՝ պատմուածքները։ 1921-էն իսկ, «Հայրենիք» օրաթերթի մէջ հրատարակուած իր քանի մը պատկերներով եւ պատմուածքներով Համաստեղ իր հողին վրայ էր. իր գրականութեան նկարագիրը ամրօրէն ու վճռաբար գտած։

Մինչեւ 1955, Համաստեղ կու տայ պատմուածքներու իր անտարակուսելի որակը, որ մեր գրականութեան այսօր փոխանցուած է երկու առանձին հատորներով՝ «Գիւղը» (1924), «Անձրեւը» (1929), ինչպէս նաեւ «Քաջն Նազար եւ տասներեք պատմուածքներ» (1955

1931-ին «Հայրենիք» ամսագրի մէջ կը սկսի հրատարակել «Սպիտակ Ձիաւորը» վէպը, որուն երկու երրորդը լոյս տեսնելէ ետք երեք տարուան ընթացքին՝ յանկարծ կը կասի։ 1952-ին միայն կ՚աւարտէ եւ կը հրատարակէ երկու ստուար հատորներով, որոնք վիպական մեր գրականութեան մէջ Համաստեղը մօտիկ կը բերեն դիւցազնական խոյանքներէ թելադրուած գործի մը նուաճումին։ Պատմուածքներու երեք հատորներէ եւ «Սպիտակ ձիաւորը» երկհատոր վէպէն անկախ, կու տայ «Աղօթարան» (1957, արձակ բանաստեղծութիւն), «Այծետոմար» (1960, չափածոյ պատում) եւ «Առաջին սէր» (1966, յետ մահու հրատարակուած) գործերը, արձակ ու քերթուած։ Թերթերու եւ պարբերականներու մէջ ունի ցանուցիր էջեր։

Ան կը ճանչցուի որպէս «Մեծ Գիւ­ղա­գի­ր»ը։ Համաստեղ ամէնէն տիրական դէմքն է պատմուածքին՝ 1920–1970 յիսնամեակի մեր գրականութեան մէջ։

Մահացած է Լոս Անճելըս։

  • Գիւղը, Պոսթըն, 1924, 156 էջ:
  • Անձրեւ, հատ. Ա, Փարիզ, 1929, 228 էջ:
  • Սպիտակ ձիաւորը, հատ. 1, Լոս Անճելըս, 1952, 596 էջ:
  • Սպիտակ ձիաւորը, հատ. 2, Լոս Անճելըս, 1952, 656 էջ:
  • Գիւղը, Պէյրութ, 1955, 178 էջ:
  • Քաջն Նազար եւ 13 պատմուածքներ, Գահիրէ, 1955, 376 էջ:
  • Աղօթարան, Պէյրութ, 1957, 88 էջ:
  • Այծետոմար եւ ուրիշ բանաստեղծութիւններ, Գահիրէ, 1960, 220 էջ:
  • Պատմուածքներ եւ հեքիաթներ, ա. տ., 1963, 360 էջ:
  • Երկեր, հատ. Ա., Պէյրութ, 1966, 404 էջ:
  • Առաջին սէրը, Պէյրութ, 1966, 140 էջ:
  • Սպիտակ ձիաւորը, հատ. 1, Թեհրան, 1982, 596 էջ:
  • Սպիտակ ձիաւորը, հատ. 2, Թեհրան, 1982, 656 էջ:
  • Հայաստանի լեռներու սրնգահարը, Երեւան, 1989, 704 էջ:
  • Անձրեւ, Հալէպ, 1995, 269 էջ:
  • Գիւղը, Հալէպ, 1995, 260 էջ:
  • Անձրեւը, Վենետիկ, 1996, 104 էջ:
  • Գիւղը, Վենետիկ, 1996, 104 էջ:
  • Նամականի, Երեւան, 2003, 504 էջ:
  • Մոռացուած էջեր, հատ. Ա, Երեւան, 2005, 320 էջ:
  • Մոռացուած էջեր, հատ. Բ, Երեւան, 2005, 320 էջ:
  • Մոռացուած էջեր, հատ. Գ, Երեւան, 2005, 320 էջ:
  • Մոռացուած էջեր, հատ. Դ, Երեւան, 2007, 352 էջ:
  • Ընտիր պատմուածքներ, Պէյրութ, 2007, 197 էջ:
  • Հատընտիր պատմուածքներ, Պէյրութ-Երեւան, 2008, 197 էջ:
  • Առաջին սէրը, Պէյրութ, 2012, 160 էջ:
  • Պատմուածքներ, Երեւան, 2015, 200 էջ:
  • Սպիտակ ձիաւորը, Երեւան, 2017, 788 էջ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Swartz A. Open Library — 2007.
  2. Faceted Application of Subject Terminology
  3. (unspecified title) — 1995.
  • Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 259:
  • Դար Մը Գրականութիւն, Մինաս Թէօլէօլեան, Բ. հատոր, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ 1977, էջ 167-171:
  • Ծաղկաքաղ Սփիւռքահայ Գրականութեան, Պէյրութ 2009, էջ 92։

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]