Ալպերթ Այնշթայն
Ալպերթ Այնշթայն, թարգմանութեան այլ տարբերակով՝ Ալպերթ Էյնշթէյն (գերմ.` Albert Einstein, լսել [ˈalbɐt ˈaɪ̯nʃtaɪ̯n]) (14 Մարտ 1879 - 18 Ապրիլ 1955), ծնունդով գերմանացի տեսաբան բնագէտ՝ ֆիզիքոս, որ զարգացուց յարաբերականութեան ընդհանուր տեսութիւնը` բնագիտութեան՝ ֆիզիքայի երկու հիմնասիւներէն մէկը։ Այս նուաճումին համար Այնշթայնին յաճախ կը համարեն ժամանակակից բնագիտութեան՝ ֆիզիքայի հայր[21][22][23]։ 1921 թուականին նա արժանացել է ֆիզիկայում Նոբելյան մրցանակի «տեսական ֆիզիքայի մէջ իր աւանդի եւ յատկապէս իր՝ ֆոտոէֆեկտի օրէնքի բացայայտման համար»[24]։ Անոր հանրայայտ զանգուած-էներկիա համարժէքութեան բանաձեւը՝ , երկու անգամ համարուած է «աշխարհի ամենայայտնի հաւասարումը»։ 1921 թուականին ան արժանացաւ բնագիտութեան՝ ֆիզիքայի մէջ Նոպէլեան մրցանակի «տեսական բնագիտութեան՝ ֆիզիքայի մէջ իր աւանդին եւ յատկապէս իր` ֆոթոէֆեքթի օրէնքի բացայայտման համար»։ Վերջինս վճռական դեր խաղցաւ բնագիտութեան՝ ֆիզիքայի մէջ քվանդային մեքանիքայի հիմնադրման գործին մէջ։
Իր գործունէութեան շեմին Այնշթայնը կը կարծէր, որ Նիւթոնեան մեքանիքան այլեւս բաւարար չէ համապատասխանացնելու դասական մեքանիքայի օրէնքները ելեկտրամագնիսական դաշտի օրէնքներուն հետ։ Այս գաղափարն էր, որ ուղղորդեց զայն զարգացնելու իր յարաբերականութեան յատուկ տեսութիւնը։ Այնշթայնը հասկցաւ, որ յարաբերականութեան սկզբունքը կարելի է տարածել քաշողականութեան դաշտերուն վրայ, որուն հետեւեցաւ 1916 թուականին քաշողականութեան տեսութեան ստեղծումը, որուն մասին ան հրատարակեց Յարաբերականութեան ընդհանուր տեսութիւն յօդուածը։ Ան կը շարունակէր զբաղիլ վիճակագրական մեքանիքայի եւ քվանդային տեսութեան խնդիրներով, որոնք յանգեցան մասնիկներու տեսութեան եւ մոլեգուլներու շարժման անոր բացատրութեան։
1917 թուականին Այնշթայնը ուսումնասիրեց նաեւ լոյսի ջերմային յատկութիւնները, որոնք լոյսի ֆոթոնային տեսութեան հիմք հանդիսացան։ Ան յարաբերականութեան ընդհանուր տեսութիւնը կիրառեց որպէսզի կերպաւորէ տիեզերքի կառուցուածքը որպէս ամբողջութիւն։
1933 թուականին, երբ Ատոլֆ Հիթլերը եկաւ իշխանութեան, Այնշթայն կը գտնուէր Միացեալ Նահանգներ, ուրկէ ան այլեւս չվերադարձաւ Գերմանիա, հակառակ անոր, որ ան Պեռլինի Գիտութիւններու Ակադեմիայի փրոֆեսոր էր։
Բնակութիւն հաստատելով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, ան 1940 թուականին քաղաքացիութիւն ստացաւ։ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի նախօրէին Այնշթայն նախազգուշացուց նախագահ Ֆրենքլին Ռուզվելթը, որ Գերմանիան հնարաւոր է, որ կը զբաղի միջուկային զէնքի մշակումով եւ խորհուրդ տուաւ սկսիլ համապատասխան հետազօտութիւններ, որոնք ի վերջոյ յանգեցուցին Մենհեթըն նախագիծի ստեղծման։
Այնշթայն հիմնականին մէջ դաշնակից ուժերուն կողմնակից էր, բայց արմատապէս դէմ էր հիւլէի կորիզի՝ միջուկի տրոհման նոր յայտնագործութիւնը որպէս զէնք կիրառելու գաղափարներուն։
Յետագային բրիտանացի փիլիսոփա Պերթրան Ռասըլի հետ կը ստորագրէ Ռասըլ-Այնշթայնի մանիֆեսթը, որ կը պարզաբանէր միջուկային զէնքի կարեւորութիւնը։ Այնշթայն մինչեւ կեանքին վերջը կը համագործակցէր Փրինսթոնի` Նիւ Ճըրզիի Առաջատար ուսումնասիրութիւններու կաճառին՝ ինստիտուտին հետ:
Գիտնականը հրատարակած է աւելի քան 300 գիտական յօդուածներ եւ 150-էն աւելի ոչ գիտական աշխատութիւններ: Անոր մտաւոր ձեռքբերումները եւ ինքնատիպութիւնը «Այնշթայն» եւ հանճար բառերը դարձուցած են հոմանիշներ։
Գիտութեան մէջ անոր մեծագոյն նուաճումը յարաբերականութեան տեսութիւնն է, որ արմատապէս փոխեց մարդու պատկերացումները տարածութեան, ժամանակի եւ նիւթի՝ մաթերիայի մասին։ Գիտական պատմաբանները անոր յարաբերականութեան յատուկ տեսութիւնը կը դասեն ամենամեծ բնագիտական՝ ֆիզիքական տեսութիւններու շարքին՝ Այզաք Նիւթոնի մեքանիքայէն եւ Ճէյմս Մաքսուէլի ելեկտրատինամիքայէն ետք։ Այս երեք մեծ յայտնագործութիւնները դարձան ժամանակակից բնագիտութեան՝ ֆիզիքայի (1895-1904) հիմնաքարերը, որոնք ապահովեցին բնագիտութեան՝ ֆիզիքայի առաջատար դերը բնագիտութեան մէջ։ Հսկայական նշանակութիւն ունի նաեւ լոյսի ճառագայթման քվանդային տեսութիւնը։ Ան տեսականօրէն առաջադրած է լոյսի մասնիկի՝ ֆոթոնի գաղափարը, որ փորձով յայտնագործուեցաւ 1922 թուականին ԱՅ. Քոմփթոնի կողմից։ Լուսաէֆեքթի ուսումնասիրութեամբ զբաղած են շատ գիտնականներ (Հ. Հերց, ԱՅ. Սթոլեթով, Ֆ. Լենարտ եւ ուրիշներ), սակայն այդ ուշագրաւ երեւոյթի քվանդային տեսութեան մշակումը տուած է Այնշթայն։ Ան առաջադրած լուսաէֆեքթի հիմնական հաւասարումը, որ այլ բան չէ, քան էներկիայի պահպանման եւ փոխակերպման օրէնքը լուսաէֆեքթի գործընթացին մէջ։ Ծանօթանալով Այնշթայնի հետ՝ մեծագոյն սրախօս Պեռնարտ Շոուն դիմած է մեծագոյն գիտնականին. «դուք ութ հոգի էք, ընդամէնը ութ հոգի»։ Այնշթայն չէ հասկացած զայն, շփոթուեր է։ Շոուն շարունակեր է. «Փիւթակորաս, Պտղոմէոս, Արիստոտէլ, Գոբեռնիկոս, Կալիլէյ, Քեփլէր, Նիւթոն, Այնշթայն։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վաղ տարիներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ալպերթ Այնշթայնը ծնած էր 14 Մարտ 1879-ին, գերմանական՝ Ուլմ քաղաք, ոչ հարուստ հրեայ ընտանիքին մը մէջ։ Իր հայրը՝ Հերման Այնշթայնը (1847-1902) փոքր ընկերութեան համասեփականատէր էր, որ կը զբաղէր անկողնային մահիճներու եւ փետուրեայ լցօն անկողնային մահիճներու արտադրութեամբ։ Մայրը՝ Փաոլին Այնշթայն (1858-1920), կը պատկանէր այն սերունդին որոնք եգիպտացորենի առեւտուրով զբաղուող (Julius Derzbacher) Յուլիոս Տերցպախերի (1842 թ. մականունը փոխած են Քոխ) եւ (Jette Bernheime) Յեթը Պերնհայմերի հարուստ ընտանիքին[25]։ 1880 թ. ամրան անոնց ընտանիքը հաստատուեցաւ Միւնիխ, ուր Հերման Այնշթայնը եղբօր՝ Յակոբին հետ, հիմնեցին փոքր ընկերութիւն, որ զբաղուեցաւ ելեկտրական սարքերու առեւտուրով։ Միւնիխի մէջ ծնաւ Ալպերթի փոքր քոյրը՝ Մարիան (Մայա, 1881-1951)։
Ալպերթ Այնշթայնը նախնական կրթութիւնը ստացեր է տեղւոյն կաթողիկէ դպրոցէն։ 12 տարեկանին ամբողջութեամբ կը տրուի կրօնին, սակայն շուտով գիտահանրամատչելի գրականութիւն ընթերցելով, դարձաւ ազատամիտ եւ սկսաւ թերահաւատօրէն վերաբերիլ հեղինակութիւններուն[26]։ Մանուկ տարիքին անոր վրայ խորը տպաւորութիւն ձգած են կողմնացոյցը, Եուքլետէսի (յունարէն Eukleidēs) «Սկզբունքներ»-ը (1889) եւ Էմանուէլ Քանթի «Զուտ բանականութեան քննադատութիւն»-ը։ Բացի այդ, մօր նախաձեռնութեամբ, 6 տարեկանին սկսած է ջութակ նուագել սորվիլ։ Երաժշտութեամբ հրապուրուածութիւնը ուղեկցած է Այնշթայնին՝ ողջ կեանքին ընթացքին։ 1934-ին գտնուելով ԱՄՆ-ի Փրինսթըն քաղաքին մէջ, ան բարեգործական համերգ կու տայ, ուր ջութակով կը կատարէ Մոցարթի ստեղծագործութիւնները՝ նացիական Գերմանիայէն արտագաղթած գիտնականներու եւ արուեստագէտներու համար։
Ան իր գիտելիքներով փայլուն աշակերտ չէր դպրոցին մէջ (բացառութիւն էր թուաբանութիւնը եւ լատիներէնը): Այնշթայնին տհաճ էր աշակերտներու կողմէն նիւթի մեքենական սերտման արմատացած համակարգը (ըստ իրեն այն կը վնասէր ուսուցման եւ ստեղծագործական միտքին), ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու իշխող վերաբերմունքը աշակերտներու նկատմամբ, եւ այդ իսկ պատճառներով ան յաճախակիօրէն կը վիճէր ուսուցիչներուն հետ։
1894-ին Այնշթայններու ընտանիքը Միւնիխէն տեղափոխուեցաւ Իտալական Փաւիա (Pavia) քաղաք՝ Միլանի մօտ, ուր Հերման եւ Յակոբ եղբայրները հիմնեցին իրենց նոր ընկերութիւնը։ Ալպերթը բարեկամներու հետ որոշ ժամանակ մնաց Միւնիխ, որպէսզի աւարտէ (gymnasium) երկրորդական դպրոցի բոլոր 6 դասարանները։ Այդպէս ալ չստացաւ վկայական՝ 1895-ին եւ ան մեկնեցաւ ընտանիքին մօտ՝ Փաւիա։ Այնշթայնի՝ Արաուի (Aarau, Switzerland) վկայականը (մեծ մասամբ գնահատակաները ամենաբարձր 6 նիշերու աստիճանով էին):
1895-ի աշնան, Ալպերթ Այնշթայն մեկնեցաւ Զուիցերիա, Զուրիխի Գիտարուեստական բարձրագոյն դպրոցի ընդունելութեան քննութիւնները յանձնելու եւ բնագիտութեան (Physics) ուսուցիչ դառնալու համար։ Թուաբանութեան քննութիւնը հրաշալիօրէն իրեն օգնեց եւ միեւնոյն ժամանակ իրեն չօգնեցին բուսաբանութեան եւ ֆրանսերէնի քննութիւնները, եւ խոչընդոտ դարձան իրեն բարձրագոյն դպրոց ընդունման մէջ։ Սակայն դպրոցի տնօրէնը անոր խորհուրդ տուաւ դիմել Արաուի (Զուիցերիա) դպրոցի աւարտական դասարան, որպէսզի վկայական ստանայ եւ կրկին փորձէ։
Արաուի (cantonal high school) Քանթոնական դպրոցին մէջ, Ալպերթ Այնշթայնը, իր ազատ ժամանակը նուիրեց Ճէյմս Մաքսվելի ոլեկտրամագնիսական դաշտի տեսութեան ուսումնասիրութեան։ 1896-ի Սեպտեմբերին, ան յաջողութեամբ յանձնեց դպրոցի բոլոր աւարտական քննութիւնները, բացի ֆրանսերէնէն եւ վկայական ստացաւ, իսկ 1896-ի Հոկտեմբերին, ընդունուեցաւ Գիտարուեստական դպրոց՝ մանկավարժական կաճառ։ Այստեղ ան ընկերացաւ առաջին տարին ուսանող, մաթեմադիկոս Մարսէլ Կրոսմանի հետ (1878-1936), ինչպէս նաեւ ծանօթացաւ բժշկական կաճառի ուսանողուհի Միլեւա Մարիչին հետ, որ իրմէ մեծ էր 4 տարիով, եւ ով յետագային դարձաւ իր կինը։ Այդ տարի Այնշթայնը հրաժարեցաւ գերմանական քաղաքացիութիւնէն։ Որպէսզի Զուիցերիական քաղաքացիութիւն ստանար, անհրաժեշտ էր վճարել 1000 Զուիցերիական ֆրանք, սակայն թշուառ նիւթական վիճակը թոյլ տուաւ անոր վճարել այդ գումարը միայն 5 տարի ետք։ Այդ տարի հօր ընկերութիւնը վերջնականապէս սնանկացաւ, ծնողները տեղափոխուեցան Միլան, ուր Հերման Այնշթայնն արդէն առանց եղբօր բացաւ ելեկտրական սարքերու վաճառքով զբաղուող ընկերութիւն։
Գիտարուեստական դպրոցի ուսուցման ոճը եւ մեթոտաբանութիւնն էականօրէն կը տարբերուէր պրուսական դպրոցի ոսկրացած եւ իշխող ուսուցումէն. այդ պատճառով երիտասարդն աւելի դիւրին կը սորվէր։ Ան ունէր առաջնակարգ ուսուցիչներ՝ երկրաչափ Հերման Մինքովսքին (անոր դասախօսութիւններուն Այնշթայնը յաճախ կը բացակայէր, որուն համար յետագային զղջաց) եւ վերլուծաբան Ատոլֆ Ուրվիցը։
Գիտական գործունէութեան սկիզբ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1900 թուականին Այնշթայն աւարտեց Զիւրիխի (Zurich) արհեստագիտական (Technical) բարձրագոյն դպրոցը՝ ստանալով թուաբանութեան (mathematic) եւ բնագիտութեան (Physics) ուսուցիչի վկայական։ Ան յաջողութեամբ յանձնեց քննութիւնները, բայց ո՛չ փայլուն։ Շատ Փրոֆեսէօրներ բարձր կը գնահատէին ուսանող Այնշթայնի ընդունակութիւնները, սակայն ոչ ոք ցանկացաւ օգնել իրեն շարունակելու գիտական ասպարէզը։ Այնշթայն յետագային կը յիշէր.
Իմ «Փրոֆեսորները» Համալսարանի Ուսուցչապետները (professor) քամահրանքով կը վերաբերուէին ինձ հետ եւ չէին սիրեր ինձ իմ անկախութեան համար։ Այդ պատճառով ալ փակեցին իմ ճամբաս դէպի գիտութիւն[27]։ |
Թէեւ 1901-ին Այնշթայն ստացաւ Զուիցերիոյ (Switzerland) քաղաքացիութիւն, մինչեւ 1902-ի գարնան չկարողացաւ մշտական աշխատանք գտնել՝ նոյնիսկ որպէս դպրոցի ուսուցիչ։ Աշխատանք եւ գումար չունենալուն պատճառով ան երբեմն օրերով քաղցած կը մնար։ Այդ պատճառ դարձաւ լեարդի հիւանդութեան, որ գիտնականը տառապած է մինչեւ կեանքին վերջը։
Հակառակ անոր 1900-1902 թուականի զրկանքներուն, Այնշթայն ժամանակ կը գտնէր բնագիտութեան (Physics) ուսումնասիրութեան համար։ 1901-ին Պերլինի «Բնագիտութեան տարեգիրքեր» ամսագիրը հրատարակեց իր առաջին յօդուածը՝ «Մազականութեան Տեսութեան Հետեւանքները» (գերմ.՝ Folgerungen aus den Capillaritätserscheinungen), ուր ան վերլուծած էր հեղուկներու հիւլէններուն (անգլ.՝ Atoms) ձգողական ուժը՝ հիմնուելով մազականութեան տեսութեան վրայ։
Դժուարութիւնները յաղթահարելու համար օգնեց նախկին դասընկեր՝ Մարսէլ Կրոսմանը, որուն խորհուրդով Այնշթայնին ընդունեցին Պեռնի (Զուիցերիոյ քաղաք - անգլ.՝ Bern -Switzerland ) «Յայտնագործութիւններու արտօնագրման գրասենեակ»՝ որպէս երրորդ կարգի փորձագէտ, որուն համար ան տարեկան կը ստանար 3500 ֆրանք (ուսանող տարիներուն ան կ՝ ապրէր ամսական 100 ֆրանքով)։
Այնշթայն արտօնագրման գրասենեակ աշխատեցաւ 1902-ի Յուլիսէն մինչեւ 1909-ի Հոկտեմբերը։ Հիմնականօրէն կը զբաղէր յայտնագործութիւններու դիմումներուն փորձագիտական գնահատմամբ։ 1903-ին ան դարձաւ գրասենեակին մշտական աշխատակիցը։ Գործի բնոյթը Այնշթայնին առիթ կու տար, որ ողջ ազատ ժամանակը նուիրէ տեսական Բնագիտութեան «ֆիզիկայի» բնագաւառին ուսումնասիրութիւններուն։
1902-ի Հոկտեմբերին, Այնշթայն Իտալիայէն ստացաւ հօր հիւանդութեան մասին լուրը․ Հերման Այնշթայն մահացաւ որդւոյն ժամանումէն քանի մը օր ետք։
6 Յունուար 1903-ին Այնշթայն ամուսնացաւ 27-ամեայ Միլեւա Մարիչին հետ։ Իրենք ունեցան 3 երեխայ։ Այնշթայնի մայրը դէմ էր, որ իր որդին ամուսնանայ քրիստոնեայ կնոջ հետ, քանի որ իրենց ընտանիքը կը շարունակէր հետեւիլ հրէական աւանդոյթներուն։ Սակայն իրենք ամուսնացան[28]։
1905 թուական՝ «Հրաշքներու տարի»
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1905 թուականը Բնագիտութեան պատմութեան մէջ մտած է որպէս «Հրաշքներու տարի» (լատ.՝ Annus Mirabilis)[29]։ Այդ տարին Գերմանիոյ առաջատար «Բնագիտութեան տարեգիրքեր» ամսագիրը հրատարակեց Այնշթայնի 3 բացառիկ յօդուածները, որոնցմով սկիզբ դրուեցաւ նոր գիտական յեղափոխութեան.
- «Շարժուող մարմիններու Ելեկտրատինամիքան» (գերմ.՝ Zur Elektrodynamik bewegter Körper)։ Այս յօդուածէն սկսաւ յարաբերականութեան տեսութիւնը[30]։
- «Լոյսի առաջացման եւ փոխակերպման շուրջ Եւրիսթիքական մէկ տեսակէտին մասին» (գերմ.՝ Über einen die Erzeugung und Verwandlung des Lichts betreffenden heuristischen Gesichtspunkt)։ Այս այն աշխատութիւններէն մէկն է, որ նախադրեալներ ստեղծեց «քուանթային» քանակի, մասի (quantum)(الكم في الفيزياء) տեսութեան համար։
- «Անշարժ հեղուկի առկախեալ վիճակին մէջ գտնուող մասնիկներու շարժման մասին, որ պահանջուած է ջերմութեան մասնկային-շարժական տեսութեան կողմէն» (գերմ.՝ Über die von der molekularkinetischen Theorie der Wärme geforderte Bewegung von in ruhenden Flüssigkeiten suspendierten Teilchen), որ նուիրուած էր Պրոունեան (Brownian motion) շարժման եւ էականօրէն նպաստեց վիճակագրական բնագիտութեան առաջընթացին։
Յարաբերականութեան Յատուկ Տեսութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]19-րդ դարուն Ելեկտրամագնիսական երեւոյթներու նիւթական կրողը կը համարուէր ենթադրական միջավայրը կամ մթնոլորտը՝ եթերը։ Սակայն 20-րդ դարու սկիզբը պարզուեցաւ, որ այդ մթնոլորտի յատկութիւնները դժուար է համապատասխանեցնել դասական բնագիտութեան հետ։ Մէկ կողմէն լոյսի շեղումը կ՝ եզրակացնէր այն միտքը, որ եթերը բացարձակապէս անշարժ է, միւս կողմէն ալ Ֆիզոյի բնութեան փորձը կ՝ ենթադրէր, որ եթերը մասնակիօրէն շարժուն է։ Սակայն 1881 թուականին Ալպերթ Մայքըլսընի փորձերը ցոյց տուին, որ ոչ մէկ «եթերային քամի current » գոյութիւն ունի։
1892 թուականին Հենտրիք Լորենցը (անկախ իր կամքէն) եւ Ճորճ Ֆիցճերալտը ենթադրեցին, որ եթերը անշարժ է, իսկ ցանկացած մարմինի երկարութիւնը կը կրճատուի իր շարժումին ուղղութեամբ։ Սակայն չպարզուեցաւ եւ կամ չբացայայտուեցաւ այն հարցը, թէ ինչո՞ւ երկարութիւնը կը կրճատուի ճիշդ այն համեմատութեամբ, որպէսզի փոխհատուցէ «եթերային քամին» եւ թոյլ չտայ յայտնաբերելու եթերի գոյութիւնը։ Միաժամանակ կ՝ ուսումնասիրուէր այն հարցը, թէ համակարգողները փոխարկութիւններու ժամանակ Մաքսուելի հաւասարումները (Maxwell's equations) անփոփոխ են։ Ճշգրիտ բանաձեւերը առաջին անգամ գրած են Ճոզեֆ Լարմորը (1900 թուական) եւ Հենրի Փուանքարէն (ֆր.՝ Henri Poincaré) (1905 թուական)։ Վերջինս ապացուցեց իրենց խմբային յատկութիւնները եւ առաջարկեց անուանել անոնք Լորենցի փոխարկութիւններ (transformation تحويلات لورينتز )։
Փուանքարէն (ֆր.՝ Henri Poincaré) ցոյց տուաւ նաեւ յարաբերականութեան սկզբունքի ընդհանրացուած ձեւակերպումները, որ կ՝ ընդգրկէ Ելեկտրատինամիքան (electrodynamics)։ Բայց եւ այնպէս ան կը շարունակէր ճանչնալ եթերի գոյութիւնը, թէեւ ինք այն կարծիքին էր, որ այն երբեք չի յաջողիր գտնել։ 1900 թուականին բնագիտութեան համագումարի զեկոյցին մէջ Փուանքարէն առաջին անգամ կ՝ արտայատէ այն միտքը, որ դէպքերու միաժամանակութիւնը բացարձակ չէ եւ իրենցմով կը ներկայացուի պայմանադրութիւնը (convention)։ Խօսք եղաւ նաեւ լոյսի արագութեան վերջնականութեան մասին։ Այդպէս 20-րդ դարու սկիզբը գոյութիւն ունէր 2 անմիաբան շարժաբանութիւններ (kinematics) դասական՝ Կալիլիոյ (իտալ.՝ Galileo Galilei) (transformation) ձեւափոխութիւններով (تحويل جاليليو) եւ Ելեկտրամագնիսական՝ Լորենցի (Hendrik Antoon Lorentz)։ ձեւափոխութիւններ تحويل لورينتز։
Այնշթայն, խորհելով այդ թեմաներու շուրջ, ենթադրեց, որ առաջինը կը ներկայացնէ երկրորդի մօտաւոր արդիւնքը՝ փոքր արդիւնքները, իսկ այն, ինչ կը համարուէր եթերի յատկութիւններ, շարժման եւ ժամանակի առարկայական յատկութիւններու ապացոյց կամ փաստարկի ցուցարկումն է։ Այնշթայն հասաւ այն եզրակացութեան, որ անհեթեթ է եթեր հասկացութիւն օգտագործել միայն այն բանի համար, որ ապացուցուի անոր ուսումնասիրման անկարելիութիւնը եւ որ խնդիրը ուժականութեան մէջ չի կայանար, այլ աւելի խորը՝ շարժաբանութեան մէջ է (kinematics)։ «Շարժուող մարմիններու Ելեկտրատինամիքան (electrodynamics) » յօդուածով ան առաջարկեց 2 կանխադրոյթ՝ յարաբերականութեան ընդհանուր սկզբունք եւ լոյսի արագութեան հաստատունութիւն։ Անոնցմէ դիւրիւթեամբ դուրս կը բերուի լորենցեան կրճատումը, Լորենցի փոխարկութեան կամ ձեւափոխութեան բանաձեւերը, համաժամանակութեան յարաբերականութիւնը, եթերի ոչ անհրաժեշտ ըլլալը, արագութիւններուն գումարման նոր բանաձեւը, արագութեան աճին զուգընթաց անշարժութեան կամ անգործունէութեան (inertial) յաւելումը եւ այլն։ Իր միւս յօդուածին մէջ, որ լոյս տեսաւ տարուան վերջը, յայտնուեցաւ E=mc^2 բանաձեւը, որ կը բացայայտէ զանգուածի եւ ուժի կամ ուժգնութեան կապը (تكافؤ الكتلة والطاقة)։
Գիտնականներու մէկ մասը անմիջապէս ընդունեց այդ տեսութիւնը, որ աւելի ուշ ստացաւ «յարաբերականութեան յատուկ տեսութիւն» անուանումը։ Մաքս Փլանք (1906) եւ ինքը՝ Այնշթայն (1907), կառուցեցին «ռելաթիվիսթական տինամիքան եւ թերմոտինամիքան» յարաբերականութեան ուժականութիւնը եւ ջերմուժականութիւնը (relativistic dynamics and thermodynamics)։ Այնշթայնի նախկին ուսուցիչ Հերման Մինքովսքին 1907 թուականին ներկայացուց յարաբերականութեան տեսութեան շարժաբանութեան մաթեմատիկական կամ քանակական օրինակը քառաչափ ոչ Եւկլիտեսեան ( non-Euclidean اللاإقليدية) տարածութեան տեսքով եւ մշակեց այդ տարածութեան անփոփութիւններու (invariant) տեսութիւնը (այդ ուղղութեամբ առաջին արդիւնքները հրապարակեց Հենրի Փուանքարէն (Henri Poincaré, 1905)։
Սակայն բաւական թիւով գիտնականներ «նոր ֆիզիքան» համարեցին յեղափոխական։ Այն կը մերժէր եթերը, բացարձակ տարածութիւնը եւ բացարձակ ժամանակը, եւ կը վերանկատէր նիւթոնեան (Mewtonian mechanics) մեքանիքան, որ շուրջ 200 տարի կը ծառայէր բնագիտութեան որպէս հիմնասիւն եւ անփոփոխօրէն կը հաստատուէր նկատողութիւններով։ Յարաբերականութեան տեսութեան մէջ ժամանակի հաշուարկումը տարբեր համակարգերուն մէջ տարբեր ձեւի կ՝ ընթանար, անշարժութեան կամ անգործունէութեան (inertial frame عطالية) եւ ժամանակի երկարութիւնը (Time dilation تمدد الزمن أو الإبطاء الزمني) կախուած են արագութիւնէն, լոյսէն աւելի արագ շարժում անհնար է, առաջացնելով «երկւորեակներու տարակերպը կամ յարակածիքը(Paradox)». այս բոլոր անսովոր հետեւանքները անընդունելի էին գիտական հասարակութեան պահպանողական մասին համար։ Գործը կը բարդանար նաեւ այն հարցով, որ յարաբերականութեան յատուկ տեսութիւնը սկիզբէն չէր ենթադրեր ո՛չ մէկ նոր տեսանելի արդիւնքներ, իսկ Ուոլթըր Քաուֆմանի (1905-1909) փորձերը շատերը մեկնաբանեցին, որպէս յարաբերականութեան յատուկ տեսութեան անկիւնաքարի մերժում։ Որոշ Բնագէտներ արդէն 1905 թուականէն ետք փորձեցին մշակել այլընտրանքային տեսութիւններ (օրինակ՝ Ուոլթըր Ռիցը 1908), սակայն աւելի ուշ պարզուեցաւ այդ տեսութիւններուն եւ փորձերուն ո՛չ ուղղելի, կամ ո՛չ ուղղիչ անհամապատասխանութիւնները[31]։
Շատ ականաւոր բնագէտներ հաւատարիմ մնացին դասական մեխանիքային եւ եթերի տեսութեան, այդ գիտնականներէն՝ Հենտրիկ Լորենցը, Ճոզեֆ Ճոն Թոմսընը, Ֆիլիփ Լենարտը, Օլիվըր Լոճը, Ուոլթըր Ներնսթը եւ Ուիլհըլմ Ուինը։ Այսուհանդերձ, անոնցմէ մէկ քանիսը (օրինակ՝ Լորենցը) չէին մերժեր յարաբերականութեան յատուկ տեսութեան արդիւնքները, սակայն այդ բոլորը Լորենցի տեսութեան շրջանակներուն մէջ կը մեկնաբանէին՝ նախընտրելով դիտել Այնշթայն-Մինքովսքիի «տարածութիւն-ժամանակ տեսութիւնը», որպէս զուտ մաթեմաթիկական հնարք մը։
Յօգուտ յարաբերականութեան յատուկ տեսութեան (special theory of relativity النظرية النسبية الخاصة կամ the invariant theory نظرية اللاتغير ), ճշգրտութեան փաստացի որոշիչն էր՝ կատարուած փորձերը ստուգելու համար այդ տեսութիւնը։ Աստիճանաբար կուտակուեցան նաեւ այդ տեսութեան փորձերով հաստատուած հաստատումներ։ Անոնց վրայ հիմնուած են նաեւ դաշտի «քուանթային» քանակի, մասի (quanta) տեսութիւնը (quantum, الكم في الفيزياء), արագացուցիչներու տեսութիւնը. նկատի առնելով աշխարհային տեղորոշումը համակարգի նախագծման եւ աշխատանքի ժամանակ[32]։
Քանակական Տեսութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Անդրմանիշակագոյն աղէտ» (ultraviolet Catastrophe) անունով պատմութիւն մտած խնդիրին լուծման համար, ինչպէս նաեւ տեսութեան ու փորձի համապատասխան համադասութեան համար, Մաքս Փլանք 1900 թուականին ենթադրեց, որ նիւթի կողմէն լոյսի կլանումը եւ ճառագայթումը կը կատարուի մասերով եւ ճառագայթուող մասի ուժգնութիւնը կամ զօրութիւնը կախուած է լոյսի յաճախականութենէն։ Որոշ ժամանակ այս վարկածը նոյնիսկ անոր հեղինակը կը դիտէր որպէս պայմանական չափաբերական կամ մաթեմաթիկական հնարք, սակայն Այնշթայն իր երկրորդ յօդուածին մէջ առաջարկեց երկար ճանապարհ ունեցող այդ տարբերակին ընդհանրացումը եւ յաջողութեամբ այն կիրառեց (photoelectric effect) լուսելակտրական ներգործութեան յատկութիւնները բացատրելու համար։ Այնշթայն թեզ մը ներկայացուց, ըստ որուն, ոչ միայն լոյսի ճառագայթումը կը կատարուի մասերով, նաեւ տարածումն ու կլանումը։ Աւելի ուշ «քուանթային» քանակական, մասի (quantum)(الكم في الفيزياء) այդ մասերն ստացան ֆոթոն (Photon فوتون) անունը։ Այդ աւարտաճառը իրեն թոյլ տուաւ բացատրել լուսելակտրական ներգործութեան 2 հանելուկները՝ թէ ինչո՞ւ ֆոթոններու հոսքը չի յառաջանար լոյսի իւրաքանչիւր յաճախականութեան ժամանակ, այլ՝ որոշակի շեմքէն սկսած, որ կախուած է միայն մետաղի տեսակէն, իսկ թռչող էլեքթրոններու (electrons) ուժգնութիւնը եւ արագութիւնը կախուած էին ո՛չ թէ լոյսի (intensity) ուժգին ելեկտրական հոսանքէն, այլ միայն յաճախականութենէն։ Այնշթայնի՝ լուսելակտրական ներգործութեան տեսութիւնը բարձր ճշգրտութեամբ կը համապատասխանէր փորձերու միջոցով ձեռք բերուած տուեալներուն, որոնք ալ 1916 թուականին իր փորձերով հաստատեց Ռոպըրթ Միլլիքենը (Robert Millikan)։
Սկիզբը բնագէտներուն մեծամասնութիւնը միեւնոյն տեսակէտը չունէին, նոյնիսկ Փլանք ( Max Planck - Max Karl Ernst Ludwig Planck) եւ Այնշթայն ստիպուած էր համոզել «քուանթային» քանակական, մասի (quantum)(الكم في الفيزياء) ճշմարիտ ըլլալու փաստը։ Սակայն աստիճանաբար փորձերով ապացուցուած տուեալներ ձեռք բերուեցան, որոնք համոզեցին թերահաւատներուն Ելեկտրամագնիսական ուժգնութեան որոշակի (discrete) ըլլալու փաստը[33]։ Այդ բանավէճի վերջակէտը դրաւ Քոմփթոնի էֆեքթը (Compton effect - Debye developed a theory to explain the Compton effect) (1923 թ.)։
1907 թուականին Այնշթայն հրապարակեց ջերմութեան «քուանթային» քանակական տեսութունը (հին տեսութիւնը ցած ջերմաստիճանի պայմաններուն բաւականին կը տարբերէր փորձառական տուեալներէն)։ Աւելի ուշ՝ 1912 թուականին, Փիթըր Տեպայը (Peter Debye - Peter Joseph William Debye ), Մաքս Պորնը (Max Born) եւ Թեոտոր ֆոն Քարմանը (Theodore von Kármán) ճշդեցին Այնշթայնի ջերմունակութեան տեսութիւնը, որպէս արդիւնք հասան փորձառական տուեալներու հետ գերազանց համապատասխանութեան[34]։
Պրաունեան Շարժում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1827 թուականին Ռոպըրթ Պրաունը մանրադիտակով ուսումնասիրեց եւ նկարագրեց ջուրին մէջ լողացող ծաղկեփոշիի քաոսային՝ Պրաունեան (Brownian motion) շարժումը[35]։ Այնշթայն, հիմնուելով մասնիկներու «Molecules» տեսութեան վրայ, մշակեց նման շարժման վիճակագրա-մաթեմաթիկական օրինակ «mathematical model» եւ ըստ իր օրինակին կարելի եղաւ նաեւ ճշգրիտ գնահատել մասնիկներու «Molecules» չափերը եւ իրենց քանակութիւնը միաւոր ծաւալին մէջ։ Միեւնոյն ատեն նման արդիւնքներու հասաւ նաեւ Մերիան Սմոլուքովսքին (Marian Smoluchowski), որուն յօդուածը տպագրուեցաւ Այնշթայնի յօդուածէն քանի մը ամիս ետք։ Այնշթայնը «Մասնիկներու չափերու նոր սահմանում»-ի մեքենականութեան վերաբերեալ (to determine the mechanisms) վիճակագրական աշխատութիւնը (statistical work) ներկայացուց գիտարուեստական (technical) բարձրագոյն դպրոցին մէջ որպէս ատենախօսութիւն եւ նոյն թուականին՝ 1905-ին, ստացաւ բնագիտութեան (physics) ոլորտէն ներս՝ բնագիտութեան դոկտորի կոչում, որ համարժէք է գիտութիւններու թեկնածու աստիճանին։ Յաջորդ տարի Այնշթայն զարգացուց իր տեսութիւնը նոր յօդուածով՝ «Պրաունեան շարժման տեսութիւն»ով եւ յետագային այդ թեմային բազմաթիւ անգամ անդրադարձաւ։
Շուտով (1908-ին) Ժան Փապթիսթ Բերրինիի (Jean Baptiste Perrin) չափումները «measurements» ամբողջովին հաստատեցին Այնշթայնի օրինակի համապատասխանութիւնը, որ դարձաւ մասնկային-շարժողական տեսութեան «molecular-kinetic theory» առաջին փորձարարական ապացոյցը, որ այդ տարիներուն կ՝ ենթարկուէր աշխոյժ քննադատութեան եւ դրական քննադատողներուն կողմէն։
Մաքս Պորնը Max Born 1949 թուականին գրած է[36] «Կը կարծեմ, որ Այնշթայնի այս ուսումնասիրութինները աւելի կը համոզեն ֆիզիքոսներուն բնագէտներուն, որ աթոմները եւ մասնիկները իրողութիւն են, ջերմունակութեան տեսութեան «theory of heat» եւ բնութեան օրէնքներուն մէջ՝ հաւանականութեան հիմնարար դերին մասին, քան միւս բոլոր աշխատանքները»։ Վիճակագրական «ֆիզիքայի» բնագիտութեան վերաբերեալ Այնշթայնի աշխատանքները աւելի յաճախ կը մէջբերուին, քան իր յարաբերականութեան տեսութեանը նուիրուծ աշխատութիւնները[37]։ Այնշթայնի կողմէն դուրս գրուած «ծաւալման ազդակիցի կամ համարտադրիչի բանաձեւը» (Diffusivity or diffusion coefficient formula الانتشار) եւ «տարածման կամ ցրման համակարգողներու» հետ անոր կապը կիրառելի դուրս եկաւ խնդիրներու լուծման ընդհանուր դասին մէջ, «Ծաւալման Մարքովեան ընթացքներուն կամ եղանակներուն» (Markov process - In probability theory and statistics, a Markov process named after the Russian mathematician Andrey Markov), ելեկտրատինամիքայի մէջ եւ այլն[37]։
Աւելի ուշ «Ճառագայթման թուային «quantum» «كم» տեսութիւն»ով (1917 թ.) Այնշթայն, ելլելով վիճակագրական նկատառումներէն, առաջին անգամ ենթադրեց ճառագայթման նոր տեսակի առկայութիւնը, որ կը կատարուէր արտաքին Ելեկտրամագնիսական դաշտի ազդեցութեան տակ (ստիպողական ճառագայթ)։ 1950-ական թուականներուն սկիզբները առաջարկուեցաւ ստիպողական ճառագայթման սկզբունքով գործող ռատիոալիքներու «radioawaves» ընդաձակողը՝ մազերը, իսկ յետագայ տարիներուն այն նաեւ լոյսի ընդաձակողներու՝ լէյզըրներու «laser» տեսութեան հիմք հանդիսացաւ։
Պեռն-Զիւրիխ-Փրակա-Զիւրիխ-Պերլին (1905-1914)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1905 թուականին Այնշթայնի կատարած աշխատանքները թէեւ ոչ անմիջապէս, սակայն իրեն բերաւ համաշխարհային ճանաչում։ 1905 թուականի Ապրիլ 30-ին ան Զիւրիխի համալսարան ուղարկեց իր դոկտորական ատենախօսութեան յօդուածը՝ «Մոլեքուլներու չափերու նոր սահմանում» թեմայով։ Գրախօսներն էին Փրոֆէսօրներ Քլիայները եւ Պուրխարտը։ 1906 թուականի Յունուար 15-ին ան ստացաւ բնագիտութեան բնագաւառի գիտութիւններու դոկտորի աստիճան։ Ան նամակագրական կապի մէջ կը մտնէ եւ կը հանդիպի համաշխարհային ճանաչում ունեցող բնագէտներու հետ, իսկ Փլանքը Պերլինի մէջ յարաբերականութեան տեսութիւնը կը ներառէ իր ուսումնական դասընթացքի մէջ։ Թէեւ 4 տարիէն աւելի (մինչեւ 1909 թուականի Դեկտեմբերը) Այնշթայնը կը շարունակէ իր աշխատանքը արտօնագրման պաշտօնական գրասենեակին մէջ, բայց նամակներուն մէջ իրեն կը դիմեն «պարոն Փրոֆէսօր»ով, 1906 թուականին պաշտօնն (ան դարձաւ 2-րդ դասի փորձագէտ) ու աշխատավարձքը բարձրացրացուցին։ 1908 թուականի Հոկտեմբերին Այնշթայնին հրաւիրեցին Պեռնի համալսարան՝ իր կամաւոր եւ ընտրողական «optional» դասընթացներ կարդալու, սակայն առանց որեւէ վճարումի։
1909 թուականին ան Զալցպուրկի մէջ կը մասնակցի բնագէտներու համագումարին, ուր հաւաքուած էին գերմանական բնագիտութեան ողջ ընտրանին, եւ այստեղ ան առաջին անգամ հանդիպեցաւ Փլանքին։ Նամակագրութեան 3 տարիներու ընթացքին անոնք արագ մտերմացան եւ պահեցին այդ ընկերութիւնը մինչեւ կեանքի վերջ։
Համագումարէն ետք Այնշթայն վերջապէս ստացաւ անկախ «freelance» (առանց մշտական գործատէրի) փրոֆէսօրի վարձատրուող պաշտօն՝ Զիւրիխի համալսարանին մէջ (1909 թուական, Դեկտեմբեր), ուր իր հին ընկերը՝ Մարսէլ Կրոսմանը երկրաչափութիւն կը դասաւանդէր։ Աշխատավարձքը քիչ էր, մանաւանդ 2 զաւակ ունեցող ընտանիքի մը համար, եւ 1911 թուականին Այնշթայն առանց տատամսելու ընդունեց Փրակայի գերմանական համալսարանի բնագիտութեան ամպիոնը ղեկավարելու հրաւէրը։ Այդ ժամանակաշրջանին Այնշթայնը շարունակեց թերմոտինամիքային, յարաբերականութեան եւ քուանթային տեսութեան վերաբերեալ յօդուածներու շարքի հրատարակութիւնը։ Փրակայի մէջ ան կը վերսկսի ձգողականութեան տեսութեան ուսումնասիրութիւնները՝ իր առջեւ նպատակ դնելով ստեղծել ձգողականութեան (gravitation (gravity)) յարաբերականութեան տեսութիւն եւ իրագործել բնագէտներու հին երազանքը, այն է՝ այդ բնագաւառէն հանել Նիւթընեան հեռազդեցութիւնը։
1911 թուականին Այնշթայն մասնակցեցաւ քուանթային բնագիտութեան նուիրուած Սլովենիա առաջին վեհաժողովին (Պրիւքսէլ Bruxelles)։ Այնտեղ տեղի ունեցաւ իր միակ հանդիպումը Փուանքարէի հետ, որ կը շարունակէր մերժել յարաբերականութեան տեսութիւնը, բայց Այնշթայնին հետ յարգանքով կը վերաբերէր[38]:
Յարաբերականութեան Ընդհանուր Տեսութիւն (1915)
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ռընէ Տեքարթ յայտարարած էր, որ բոլոր գործընթացները տիեզերքի մէջ կը բացատրուին տարբեր տեսակի առարկաներու փոխազդեցութեամբ, եւ գիտութեան տեսանկիւնէն այդ մերձ-ազդեցութեան թեզը բնական էր։ Սակայն համաշխարհային ձգողականութեան Նիւթընեան տեսութիւնը կը հակասէր մերձ-ազդեցութեան թեզին․ այնտեղ ձգողական ուժը կը փոխանցուէր անհասկնալիօրէն պարապ տարածութեան մէջ եւ շատ արագ: Իր էութեամբ Նիւթընեան ձեւաւորումը զուտ թուաբանական էր, առանց որեւէ ֆիզիքական բովանդակութեան: 2 դարերու ընթացքին իրավիճակը շտկելու եւ առեղծուածային հեռազդեցութենէն ազատելու, ձգողականութեան տեսութիւնը իրական ֆիզիքական բովանդակութեամբ լեցնելու փորձեր կ'ընէին. առաւել եւս որ Մաքսուելէն ետք ձգողականութիւնը բնագիտութեան մէջ մնաց հեռազդեցութեան միակ «ապաստարանը»: Յատկապէս անբաւարար դարձաւ իրավիճակը յարաբերականութեան յատուկ տեսութեան հաստատումէն ետք, որովհետեւ Նիւթընի տեսութիւնը Լորենց-Ինվարրիանթ չէր: Սակայն մինչեւ Այնշթայնը ոչ ոք կրցաւ շտկել իրավիճակը:
Այնշթայնի հիմնական գաղափարը պարզ էր․ ձգողականութեան նիւթական կրողը նաեւ ինքը տարածութիւնն է (աւելի ճիշտ՝ տարածութիւն-ժամանակը): Այն փաստը, որ ձգողականութիւնը կարելի է դիտել որպէս քառաչափ ոչ եւկլիտեան տարածութեան երկրաչափութեան յատկութիւններու դրսեւորում, անոր արդիւնքն է, որ ձգողականութեան դաշտին վրայ բոլոր մարմինները կը ստանան նոյն արագացումը (Այնշթայնի համարժէքութեան սկզբունք): Քառաչափ տարածութիւն-ժամանակը այսպիսի մօտեցման դէպքին չի հանդիսանար նիւթական գործընթացներու համար ոչ «հարթ եւ անտարբեր հարթակ»․ այն ունի ֆիզիքական բաղադրիչներ՝ առաջին հերթին՝ չափողականութիւն եւ կորութիւն, որոնք կ'ազդեն այդ գործընթացներուն վրայ եւ իրենք ալ կախուած են ատկէ: Եթէ յարաբերականութեան յատուկ տեսութիւնը ոչ կորսուած տարածութեան տեսութիւն է, ապա յարաբերականութեան ընդհանուր տեսութիւնը, ըստ Այնշթայնի, պէտք է դիտարկէր աւելի ընդհանրացուած դէպք՝ փոփոխական կորութեամբ տարածութիւն-ժամանակը: Տարածութիւն-ժամանակի կորուստի պատճառը առարկայական առկայութիւնն է եւ որքան շատ ըլլայ անոր ուժը, այնքան շատ ալ կը կորսնցնէ: Նիւթընեան ձգողականութեան տեսութիւնը իրմէ կը ներկայացնէ նոր տեսութեան մօտեցում, որ կը ստացուի, եթէ միայն հաշուի առնուի «ժամանակի կորութիւնը», այսինքն՝ ժամանակային բաղադրիչի փոփոխութիւնը՝[39] (տարածութիւնն այս մօտաւորութեան դէպքին մէջ եւկլիտեան է): Ձգող զանգուածներու շարժման ընթացքին տեղային կէտերու փոփոխութիւնները կը կատարուին վերջաւոր արագութեամբ: Հեռազդեցութիւնը այդ պահէն կ'անհետանայ բնագիտութենէն:
Այս գաղափարներու թուաբանական ձեւաւորումը բաւական աշխատատար էր եւ քանի մը տարի տեւեց (1907-1915): Այնշթայնը ստիպուած էր տիրապետել թենզօրային վերլուծութեանը եւ ստեղծել անոր քառաչափ ընդհանրացումը; անկէ իրեն օգնեցին խորհրդատուութիւնները եւ համատեղ աշխատանքը նախ Մարսել Կրոսմընի հետ, ով ձգողականութեան տեսութեան վերաբերեալ Այնշթայնի գրած առաջին յօդուածներու համահեղինակն էր, յետոյ այդ տարիներու «թուանագէտներու արքայ» Դաւիթ Հիլպըրթի հետ խորհրդատուական նամակագրութիւնը: 1915 թուականի Այնշթայնի յարաբերականութեան ընդհանուր տեսութեան գլխաւոր հաւասարումները, որոնք կ'ընդհանրացնէին Նիւթընեան տեսութիւնները, գրեթէ միաժամանակ հրատարակուեցան Այնշթայնի եւ Հիլպըրթի յօդուածներուն մէջ:
Ձգողականութեան նոր տեսութիւնը կանխատեսեց հին ժամանակ անյայտ 2 ֆիզիքական երեւոյթներ, որոնք հաստատուած էին ուսումնասիրութիւններու ընթացքին, ինչպէս նաեւ ճշգրտօրէն եւ լիովին բացատրեց Փայլածու մոլորակի Փերիհելիոյ դարաւոր տեղաշարժը, որ երկար ժամանակ աստղագէտներուն դիւրիմացութեան մէջ ձգեց: Ատկէ ետք յարաբերականութեան տեսութիւնը դարձաւ ժամանակակից բնագիտութեան՝ համընդհանուր ճանաչում ստացած հիմքը: Բացի աստղա-բնագիտութենէն, յարաբերականութեան ընդհանուր տեսութիւնը կիրառկուեցաւ նաեւ համաշխարհային տեղորոշման համակարգին մէջ (GPS), ուր աշխարհագրական կէտերու որոշման հաշուարկային ճշտութիւնը զգալիօրէն կը գերազանցէ յարաբերապաշտական ուղղումները եւ անոնք հաշուի կ'առնուին[40]:
Ծանօթագրութւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 https://www.ige.ch/de/ueber-uns/einstein.html
- ↑ 2,0 2,1 Bibliothèque nationale de France data.bnf.fr: open data platform — 2011.
- ↑ 3,0 3,1 Մակտյուտոր մաթեմատիկայի պատմության արխիվ — 1994.
- ↑ 4,0 4,1 4,2 Эйнштейн Альберт // Большая советская энциклопедия: [в 30 т.] / под ред. А. М. Прохорова — 3-е изд. — М.: Советская энциклопедия, 1978. — Т. 29 : Чаган — Экс-ле-Бен. — С. 578–579.
- ↑ Winter FD Jr. Einstein: His Life and Universe by Walter Isaacson. // Baylor University Medical Center Proceedings — Taylor & Francis, 2007. — Vol. 20, Iss. 4. — P. 431–432. — ISSN 0899-8280; 1525-3252 — doi:10.1080/08998280.2007.11928340
- ↑ http://www.einstein-bern.ch
- ↑ 7,0 7,1 7,2 7,3 7,4 7,5 7,6 Գերմանիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
- ↑ 8,0 8,1 8,2 https://www.einstein-website.de/z_information/verschiedenes.html
- ↑ JSTOR — 1995.
- ↑ http://www.einsteinsommerhaus.de/index.php?id=539&no_cache=1
- ↑ http://www.einsteinsommerhaus.de/index.php?id=539
- ↑ https://newspapers.ushmm.org/events/albert-einstein-quits-germany-renounces-citizenship
- ↑ Brian, Dennis (1996), Einstein: A Life, New York: John Wiley & Sons, p. 127, ISBN 0-471-11459-6
- ↑ https://www.library.ethz.ch/en/Resources/Digital-library/Einstein-Online/Einstein-s-Studies-at-the-Polytechnic-Institute-in-Zurich-1896-1900
- ↑ Այնշթայն Ա., Կլյայներ Ա. (unspecified title) — 1905. — doi:10.3929/ETHZ-A-000565688
- ↑ 16,0 16,1 Sieben Jahre «Schusterhandwerk»
- ↑ Albert Einstein und das IGE
- ↑ (unspecified title)
- ↑ http://www.dichistoriasaude.coc.fiocruz.br/iah/pt/verbetes/acadbrci.htm
- ↑ http://www.abc.org.br/membro/albert-einstein/
- ↑ Zahar, Élie (2001), Poincaré's Philosophy. From Conventionalism to Phenomenology, Carus Publishing Company, Chapter 2, p.41, ISBN 0-8126-9435-X.
- ↑ Վայթեկեր Ե. (1955)։ «Ալպերթ Այնշթայն։ 1879-1955»։ Թագաւորական Միութեան կրթաթոշակառուներու կենսագրական յիշողութիւնները 1: 37–67։ JSTOR 769242։ doi:10.1098/rsbm.1955.0005
- ↑ David Bodanis, E = mc2։ A Biography of the World's Most Famous Equation (New York: Walker, 2000).
- ↑ «The Nobel Prize in Physics 1921»։ Nobel Foundation։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 12 July 2015-ին։ արտագրուած է՝ 2007 թ․ մարտի 6
Նոպելեան յանձնաժողովի «for his services to Theoretical Physics, and especially for his discovery of the law of the photoelectric effect» ձեւակերպումը յաճախ կը շփոթեցնէ ընթերցողին՝ ֆոտոէֆեկտի օրէնքները վերագրելով Այնշթայնին։ Իրականութեան մէջ ան, Մաքս Փլանքի կողմէ 1900 թ. առաջադրուած լոյսի քվանտային բնոյթի թեզի հիման վրայ, առաջինն է, որ տեսականօրէն բացայայտած է Ալեքսանդր Ստոլետովի ֆոտոէֆեկտի օրէնքներու քվանտային բնոյթը։
- ↑ Այնշտայն. Գիտություն եւ կրոն Archived 2011-07-22 at the Wayback Machine.(անգլերէն)
- ↑ title=Einstein: Science and Religion. Դառնալով ազատամիտ եւ գիտնական
- ↑ Վ. Լվով «Ալբերտ Այնշտայնի կյանքը»
- ↑ «Այնշտայնի եւ Մարիչի կյանքի պատմութիւնը»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-07-22-ին։ արտագրուած է՝ 2015-09-23
- ↑ page=1306822.html Դիրկ Սոլտաու «Ալբերտ Այնշտայն»[permanent dead link]
- ↑ «Շարժվող մարմինների էլեկտրադինամիկան»
- ↑ Բ. Սպասսկի «Ֆիզիկայի պատմություն», ք. Մոսկուա, 1977 թ., 2-րդ հատոր, էջ 183-187
- ↑ Նեյլ Էշբի «Հարաբերականությունը գլոբալ տեղորոշման համակարգում»
- ↑ Մաքս Բորն «Այնշտայնը եւ լույսի քվանտները», 1956 թ.
- ↑ Պ. Կուդրյավցեւ «Ֆիզիկայի պատմություն. քվանտային տեսության զարգացումն Այնշտայնի կողմից
- ↑ Բ. Սպասսկի «Ֆիզիկայի պատմություն», 1977 թ, հատոր 2, էջ 74
- ↑ Մ. Բոռն «Ֆիզիկան իմ սերնդի կյանքում» Հոդվածների ժողովածու, 1963 թ., էջ 361
- ↑ 37,0 37,1 Ա. Սուխանով «Կարդալով Այնշտայն՝ վիճակագրական թերմոդինամիկայի աղբյուրները», 2009 թ., Փետրուարի 10
- ↑ Ա. Տյապկին «Պուանկարե», 1982 թ, էջ 408
- ↑ Լ․ Լանդաու, Ե․ Լիֆշից «Դաշտի տեսություն»
- ↑ Մ. Քլիֆորդ «Այնշտայնի հարաբերականությունը եւ առօրյա կյանքը»
|