Զիւրիխ

Զիւրիխ (գերմաներէն՝ Zürich, լատիներէն՝ Turicum)` քաղաք Զուիցերիոյ հիւսիս-արեւելքը։ Երկրի ամէնաբնակեցուած քաղաքային համախմբումն է` 1,09 միլիոն մարդ։
Մինչեւ 19-րդ դար քաղաքի անունն էր Թուրիքում։
Արեւելեան Ֆրանսայի թագաւոր Լիւտուիկ Բ Գերմանացին (գերմ.` Ludwig der Deutsche, 804/805 — 28 Օգոստոս 876) Թուրիքումի տարածքին մէջ կը հիմնէ դղեակ, աւելի ուշ` 853 թուականին Զիւրիխի մարզի տարածքին մէջ կը հիմնէ Ֆրամիւնսթըր վանքը, իր դստեր համար։
Զիւրիխը տրանսպորտային կարեւորագոյն հանգոյց է. անոր օդակայանն ու երկաթուղային կայարանը ամէնէն ընդարձակն ու ամէնաբանուկն են Զուիցերիոյ մէջ։
Քաղաքի ներկայ տարածքին մէջ մարդիկ մշտական բնակութիւն հաստատած են արդէն աւելի քան երկու հազար տարի։ Բնակավայրը հիմնադրած են հին հռոմէացիները, մեր թուարկութենէն առաջ 15 թուականին, թէեւ հնագիտական պեղումներու արդիւնքով պարզուած է, որ մարդկային ամէնավաղ բնակավայրերն այստեղ յայտնուած են աւելի քան 6.400 տարի առաջ։ Միջին դարերուն Զիւրիխն անկախ եւ արտօնեալ քաղաքի կարգավիճակ ձեռք բերած է, իսկ 1519 թուականին դարձած է բողոքական ռեֆորմացիայի առաջին կեդրոնը Եվրոպայի մէջ։
Քաղաքին մէջ կը գործեն բազմաթիւ թանգարաններ ու պատկերասրահներ, այդ կարգին՝ Զուիցերիայի ազգային թանգարանը, Զիւրիխի Կունստհաուսը։ Schauspielhaus Zürich-ն ալ ամէնայարգի թատրոններէն մէկն է ամբողջ գերմանախօս աշխարհին մէջ։
Չնայած համեմատաբար քիչ բնակչութեան (բուն քաղաքին մէջ ընդամէնը 409 հազար մարդ կ'ապրի), Զիւրիխը կը համարուի աշխարհի ֆինանսական կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը. տնտեսական ու դրամատնային բազմաթիւ ընկերութիւններ գրասենեակներ ունին այստեղ։ Մեծ թիւ կը կազմեն նաեւ գիտահետազօտական հիմնարկութիւնները։
Monocle ամսագիրը 2012 թուականին հրապարակած «Կեանքի որակի մակարդակ» ցանկին մէջ Զիւրիխին յատկացուցած է առաջին տեղը աշխարհի մէջ։ 2006-էն 2008 թուականներուն իրականացուած ուսումնասիրութիւններուն հիման վրա՛, Զիւրիխը ճանչցուած է ապրելու տեսակէտէն աշխարհի ամէնալաւ քաղաքներէն մէկը եւ Եւրոպայի ամէնահարուստ քաղաքը բնակչութեան մէկ հոգիին ինկող համախառն ներքին արդիւնքի ծաւալի տեսակէտէն[1]։
Ծանօթագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ (հայերեն) Ցյուրիխ, 2024-04-05, https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%91%D5%B5%D5%B8%D6%82%D6%80%D5%AB%D5%AD, վերցված է 2025-03-29