Jump to content

Լոյս

Լոյսի սփռումը:

Լոյս, արեւուն լոյսը ճերմակ կ'երեւի, սակայն իրականութեան մէջ՝ բազմաթիւ գոյներէ կը կազմուի։ Լոյսը մեզի կը հայթայթէ անհրաժեշտ ջերմութիւնը եւ ուժանիւթը։ Առանց լոյսի, կեանք գոյութիւն պիտի չունենար աշխարհի վրայ։

Երբ որ լոյսը իյնայ անթափանց մարմնի մը վրայ, շուք մը կը գոյանայ մարմինին ետեւը, հո՛ն, ուր լոյսը չի կրնար թափանցիլ։

Լոյս որ եկեղեցիի պատուհանէն կը թափանցէ

Սպիտակ երեւցող լոյսը իրականութեան մէջ կը պարունակէ Ծիածանին բոլոր գոյները։ Երբ սպիտակ լոյսի ճառագայթախուրձ մը պրիսմակի մը մէջէն անցնի, կը տարբաղադրուի զայն կազմող բոլոր գոյներով։ Գունաւոր առարկաները կը ներծծեն որոշ գոյներ եւ կը ցոլացնեն իրենց գոյնը։ Օրինակի համար, կանաչ բոյս մը կը ներծծէ արեւու լոյսին մէջ գտնուող կարմիրն ու կապոյտը եւ կը սփռէ կանաչը։[1], [2],[3]

Ծիածան կամ Ծիրանի Գօտի

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արեւուն լոյսը, հակառակ ճերմակ երեւնալուն, կ՛ամփոփէ ծիածանին բոլոր գոյները։ Երբ տեղ մը կ՛անձրեւէ եւ մօտակայ շրջանի մը մէջ արեւը կ՛երեւի, ճառագայթները կը տարբաղադրուին անցնելով կաթիլներու ընդմէջէն եւ կը ստանան կարմիր, նարնջագոյն, դեղին, կանաչ, կապոյտ, լեղագոյն եւ մանիշակագոյն գոյները։ Այսպիսով, երկինքի մէջ կը յայտնուի գունաւոր հսկայ կամար մը, որ կը կոչուի Ծիածան կամ Ծիրանի Գօտի:[3]

Մութին մէջ բոլոր գոյները մոխրագոյն կ'երեւին։ Լոյսի ներկայութեանը կը տեսնենք բոլոր գոյները։ Ապրանքները տեսանելի են, որովհետեւ լոյսը կը պատկերացնէ։ Օդը անտեսանելի է, որովհետեւ լոյսը չի փայլեցներ։[3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Մշակութային Իմ Առաջին Հանրագիտարան, Արամ Սեփեթճեան եւ Լեւոն Թորոսեան, 2001-2002, էջ 12-13